արդեօք ընկերային ցանցերը վնասակա՞ր են

Փաստեր եւ անծանօթը: Գիտութիւնը ի՞նչ կ՚ըսէ ընկերային ցանցերու՝ «Ֆէյսպուք»ի, «Թուիթըր»ի եւ «Ինսթակրամ»ի ազդեցութեան մասին՝ քու մտային առողջութեանդ վրայ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Պի. Պի. Սի.»: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

Երեք միլիառ մարդ, աշխարհի բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը, կը գործածէ առցանց ընկերային կայքեր՝ միջին հաշուով օրական երկու ժամ յատկացնելով ատոնց: Իւրաքանչիւր վայրկեան կէս միլիոն «թուիթ»ներ եւ նկարներ կը փոխանակուին:

Ընկերային ցանցը մեր կեանքին մէջ այսքան գործօն ներկայութիւն դարձնելով, կրնա՞յ ըլլալ, որ մենք կը զոհենք մեր մտային եւ մարմնական առողջութիւնը, նոյնպէս՝ մեր ժամանակը: Փաստը իսկապէս ի՞նչ կը նշէ:

Քանի ընկերային ցանցը յարաբերաբար նոր է մեզի համար, վերջնական եզրակացութիւնները սահմանափակ են: Գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնը հիմնականին մէջ կ՚ապաւինի անհատական զեկոյցներու, որոնք յաճախ կրնան թերի ըլլալ, եւ ուսումնասիրութիւններուն մեծամասնութիւնը կը հիմնուի «Ֆէյսպուք»ի վրայ: Այսինքն ասիկա արագ զարգացող ուսումնասիրութեան դաշտ մըն է, եւ որոշ տուեալներ սկսած են ի յայտ գալ:

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՑԱՐԴ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ

•Ճնշուածութիւն

Մարդիկ ընկերային ցանցերը կը գործածեն գրեթէ ամէն բանի համար՝ յաճախորդներու սպասարկութենէն մինչեւ քաղաքականութիւն, բայց ասոր մէջ անպատեհութիւնը այն է, որ  մեր հաղորդածները յաճախ կը նմանին ճնշուածութեան անվերջանալի շարքի մը: 2015-ին Ուաշինկթընի մէջ  մասնագէտներ փորձեցին ճշդել, թէ ընկերային ցանցը ճնշուածութիւնը կ՚աւելցնէ՞, թէ՞ կը մեղմացնէ: 1800 անձերու հետ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ կիները այրերէն աւելի ճնշուած են: Ի յայտ եկաւ, որ «Թուիթըր»ը «յատկանշական սատարողն» է, որովհետեւ անոր միջոցով աւելի տեղեակ կ՚ըլլաս այլոց ճնշուածութեան: Բայց «Թուիթըր»ը նոյնպէս կը գործէ որպէս դիմադրողականութեան կառուցամեքենայ. կիները որքան աւելի գործածեն ատիկա, այնքան նուազ ճնշուած կ՚ըլլան: Նոյն ազդեցութիւնը չէ գտնուած տղամարդոց մօտ:

Եզրակացութեան մէջ կ՚ըսուի, որ ընկերային ցանցերու գործածութիւնը կ՚առըն-չըւի «աւելի ցած մակարդակի ճնշուածութեան»:

•Տրամադրութիւն

2014-ին Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները ներկայացնելով՝ մասնագէտները ըսած են, որ «Ֆէյսպուք»ը 20 վայրկեան գործածած անձերու տրամադրութիւնը աւելի ցած եղած է անոնցմէ, որոնք պարզապէս միայն համացանց մտած են: Ըստ մասնագէտներու, մարդիկ այդպէս զգացած են, որովհետեւ տեսած են, որ ատիկա ժամանակի մսխում է:

«Լաւ կամ վատ տրամադրութիւնը նոյնպէս կրնայ տարածուիլ ընկերային ցանցերու մէջ մխրճուածներուն միջեւ», կը նշէ  Գալիֆորնիոյ համալսարանին պատրաստած ուսումնասիրութիւնը, որ 2009-2012  թուականներուն, «Ֆէյսպուք»ը օգտագործած 100 միլիոն անձերու մէկ միլիառ արձանագրութիւններու զգացական վիճակը քննած է:

Անձրեւոտ եղանակը 1 առ հարիւրով աւելցուցած է ժխտական տրամադրութիւնը, եւ այդ քաղաքին մէջ բնակողին գրութիւնը ազդած է անոր բարեկամներուն վրայ, որոնց քաղաքներուն մէջ չէր անձրեւեր: Աւելի լաւ լուրը այն է, որ ուրախ արձանագրութիւնները աւելի ուժգին ազդեցութիւն ունին: Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ուրախ արձանագրութիւնը տրամադրութեան մէջ իսկական փոփոխութիւն կը յառաջացնէ՞:

•Հոգ, Անձկութիւն

Ուսումնասիրողները բացայայտած են, որ ընկերային ցանցերը կը հրահրեն ընդհանուր հոգ, անձկութիւն, որոնք կը յատկանշուին մտահոգութեան եւ անհանգստութեան զգացողութիւններով, քնանալու եւ կեդրոնանալու դժուարութիւններով: Թէեւ յստակ չէ, թէ ընկերային ցանցերը ինչպէ՛ս հոգ եւ անձկութիւն կը պատճառեն: Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու կարիք կայ:

•Ընկճուածութիւն

Մինչ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ հաստատած են ընկճուածութեան եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան միջեւ կապ մը, ոմանք աշխատանք կը տանին գտնելու համար, թէ ընկերային ցանցերը ինչպէ՛ս կրնան լաւի աղբիւր ըլլալ:

700 աշակերտներ ներառած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ ընկճուածութեան նշանները՝ ցած տրամադրութիւնը, յուսալքումը, ինքզինք անարժէք զգալու երեւոյթը կ՚առընչուին առցանց գործունէութեան որակին: Ուսումնասիրողները ընկճուածութեան աւելի բարձր մակարդակի նշաններ գտած են անոնց մօտ, որոնք աւելի ժխտական գործունէութիւն ունեցած են ընկերային ցանցերու մէջ:

Նոյնպիսի ուսումնասիրութիւն մը (1700 անձերու հետ), որ իրականացուած է 2016-ին, գտած է  ընկճուածութեան եւ անձկութեան եռապատիկ վտանգ այն անձերուն մօտ, որոնք ամենէն շատ ընկերային ցանցեր գործածած են: Ասոր պատճառը այլ անձերու կեանքերուն աղաւաղուած պատկերացումը ունենալը եւ ընկերային ցանցի վրայ ժամանակ մսխելու զգացումն է: Սակայն գիտնականները այժմ կ՚աշխատին յայտնաբերել, թէ ընկերային ցանցերը ինչպէ՛ս կրնան օգնել ախտորոշելու ընկճուածութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժամանակին բուժել մարդիկը: «Մայքրոսոֆթ»ին համար ուսումնասիրութիւն կատարողները աշխատած են 476 անձերու հետ եւ վերլուծած՝ անոնց «թուիթ»ներու ընկճուած լեզուն, բառերը, արտայայտութեան ոճը եւ զգացումները: Ասկէ անոնք մշակած են դասակարգում մը, որ կրնայ նախատեսել ընկճուածութիւնը՝ նախքան անոր ախտանշաններու յառաջացումը 10 անձերէն 7-ին պարագային:

•Քուն

Մարդիկ վարժուած էին իրենց գիշերները անցընել մթութեան մէջ, բայց այժմ մենք ամբողջ օրը եւ ամբողջ գիշերը շրջապատուած ենք արհեստական լուսաւորումներով: Ըստ ուսումնասիրութեանց, ասիկա կրնայ արգելք ըլլալ մարմինին՝ արտադրելու մելաթոնին հորմոնը, որ կը դիւրացնէ քնանալը, իսկ բջիջայիններու եւ շարժական համակարգիչներու պաստառներէն արձակուած կապոյտ լոյսը ամենէն վատն է: Այլ խօսքով, եթէ դուք գիշերը գլուխը բարձին կը ստուգէք ձեր «Թուիթըր»ը եւ «Ֆէյսպուք»ը, դուք կ՚ուղղուիք դէպի անկայուն, անհանգիստ քուն մը:

•Մոլութիւն

Հակառակ կարգ մը ուսումնասիրողներու պնդումներուն, թէ «Թուիթըր»ին թերեւս աւելի դժուար է դիմադրել, քան՝ ծխախոտին եւ խմիչքին, մտային առողջական խանգարումներու տարեկան ախտորոշումներու ցուցակին՝ մոլութիւններու շարքին չէ ներառուած ընկերային ցանցը:

Ատիկա կը նշանակէ, որ ընկերային ցանցը աւելի արագ կը փոխուի, եւ գիտնականները չեն կրնար անոր հետ քայլ պահել: Ուրեմն զանազան խումբեր սկսած են ուսումնասիրել ընկերային ցանցի գործածութեան առընչուած նոպայական վերաբերմունք. օրինակ՝ Հոլանտայէն գիտնականներ ստեղծած են իրենց սեփական աստիճանաչափը՝ ճշդելու համար հաւանական մոլութիւնը:

Իսկ եթէ ընկերային ցանցի մոլութիւն գոյութիւն ունի, ատիկա պիտի ըլլայ մէկ տեսակը համացանցի մոլութեան, որ ընդունուած խանգարում է: Այս հարցին մասին 2011 թուականին Բրիտանիոյ «Նոթինկհամ թրենտ» համալսարանի դասախօսներ Տարիա Կուս եւ Մարք Կրիֆիտս ստուգեցին նախապէս կատարուած 43 ուսումնասիրութիւններ եւ եզրակացուցին, որ ընկերային ցանցի մոլութիւնը մտային առողջական խնդիր է, որ «կրնայ» արհեստավարժ բուժումի կարիքը ունենալ: Անոնք յայտնաբերեցին, որ ընկերային ցանցի չափէն աւելի գործածութիւնը կ՚առնչուի յարաբերութեան խնդիրներու, ուսումնական վատ արդիւնքներու եւ աւելի նուազ մասնակցութեան ցանցէն դուրս ընկերային-հանրային կեանքին: Անոնք նոյնպէս յայտնաբերեցին, որ ընկերային ցանցի մոլութեան աւելի դիւրին ենթարկուողները ոգելից ըմպելիներու մոլիներն են, չափազանց արտահայեաց, որոնք իսկական կեանքին մէջ իրենց սակաւ յարաբերութիւնները փոխարինելու համար ընկերային ցանցը կը գործածեն:

•Ինքնարժեւորում

Կիներու պարբերաթերթերը եւ ատոնց զանազան նպատակներու համար գործածութիւնը, նոյնպէս՝ «Ֆոթոշոփ» եղած բնորդուհիները, շատոնց նկատուած են երիտասարդ կիներու մէջ ինքնարժեւորում հրահրող մեղսակիցներ: Բայց այժմ ընկերային ցանցերը իրենց զտիչներով, լուսաւորումներով եւ հնարամիտ անկիւններով սկսած են այդ պարբերաթերթերը գերազանցել: Ասիկա հիմնական մտահոգութիւնն է ընկերաբաններու եւ բարեսիրական խմբակներու:

Ընկերային ցանցերը գործածողներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը անատակ, անհաւասար կը զգայ ինքզինք: Ըստ ուսումնասիրութեան մը (1500 անձերու), 18-34 տարեկաններու կէսը կ՚ըսէ, թէ ընկերային ցանցը գործածելով՝ ինքզինքը հմայիչ, գրաւիչ չի զգար:

2016-ին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ այլ անձերու ինքնանկարները (սելֆի)  դիտելը նուազեցուցած է ինքնարժեւորումը, որովհետեւ գործածողները իրենք զիրենք կը համեմատեն նկարներուն հետ մարդոց, որոնք շատ երջանիկ կ՚երեւին: Նոյնպէս կը նշուի, որ կիներ իրենք զիրենք ժխտականօրէն կը բաղդատեն այլ կիներու ինքնանկարներուն հետ:

Բայց միայն ինքնանկարները չեն, որոնք կը խախտեն ինքնարժեւորումը: Շուէտի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը (1000 կիներու հետ) յայտնաբերած է, որ կիներ, որոնք աւելի ժամանակ կը յատկացնեն «Ֆէյսպուք»ի, աւելի նուազ երջանիկ եւ աւելի նուազ ինքնավստահ կը զգան: Ուսումնասիրողները կ՚եզրակացնեն. «Երբ «Ֆէյսպուք» գործածողները իրենց կեանքը կը բաղդատեն այլոց աւելի յաջող թը-ւացող ասպարէզին եւ երջանիկ յարաբերութիւններուն հետ, կրնան կարծել, որ իրենց կեանքը նուազ յաջող եւ երջանիկ է»:

Բայց փոքր ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ քո՛ւ սեփական դիմագիծդ, կեանքդ եւ ոչ ուրիշներունը դիտելը, տեսնելը կրնայ բարձրացնել անձնականութիւնդ եւ ինքնավստահութիւնդ: Նիւ Եորքի «Քոռնել» համալսարանին մէջ ուսումնասիրողներ 63 ուսանողներ բաժնեցին խումբերու: Ոմանք նստան համակարգիչի մը առջեւ, որ զետեղուած էր հայելիի մը դիմաց, իսկ այլ խումբեր նստան իրենց «Ֆէյսպուք»ի սեփական էջին եւ տուեալներուն դիմաց: Ըստ ուսումնասիրողներուն, «Ֆէյսպուք»ը ինքնարժեւորումի վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած է՝ բաղդատած ինքնավստահութիւնը բարձրացնող այլ գործունէութիւններու: Հայելիները եւ նկարները, կը բացատրեն ուսումնասիրողները, կը մղեն մենք մեզ բաղդատելու ընկերային չափանիշներու հետ, մինչ «Ֆէյսպուք»ի մեր սեփական տուեալներուն նայիլը կը բարձրացնէ մեր ինքնարժեւորումը, որովհետեւ աւելի դիւրին է մենք մեզ աշխարհին ներկայացնելը հակակշռելը:

•Բարեկեցութիւն (Well-Being)

2013 թուականին իրականացուած ուսումնասիրութեամբ, մասնագէտներ 79 մասնակիցներու, 14 օրերու ընթացքին, օրական 5 անգամ կարճ գրութիւններ ուղարկեցին՝ հարցնելով, թէ ի՛նչ զգացած են եւ որքան գործածած «Ֆէյսպուք»ը՝ վերջին հարցումէն ետք: Անոնք, որոնք շատ ժամանակ յատկացուցած են ցանցին, վատ զգացած են աւելի ուշ, եւ իրենց կեանքէն հաճոյք զգալը աւելի նուազած է ժամանակի ընթացքին:

Սակայն այլ ուսումնասիրութիւններ ալ կը նշեն, որ ոմանց համար ընկերային ցանցի գործածութիւնը միջոց մըն է իրենց բարեկեցութիւնը բարձրացնելու: Պէտք է, որ զգացական անկայուն վիճակի մէջ եղող անձեր աւելի յաճախ գրեն իրենց զգացումներուն մասին, եւ ասիկա կրնայ օգնել անոնց աջակցութիւն ստանալու՝ ժխտական փորձառութիւններէ ետք:

Ամէն պարագայի, ընկերային ցանցի ազդեցութիւնը բարեկեցութեան վրայ՝ երկդիմի է: Յստակ փաստ է, որ ընկերային ցանցը աւելի ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է  անոնց վրայ, որոնք առանձնացած, կղզիացած կեանք մը կ՚ապրին:

•Յարաբերութիւններ

Եթէ դուք երբեւիցէ խօսած էք ընկերոջ մը հետ, որ անջատած է հեռաձայնը «Ինսթակրամ»ի համար, կրնաք մտածել, թէ ընկերային ցանցը ի՛նչ կ՚ընէ յարաբերութիւններուն:

Զգացական յարաբերութիւնները նոյնպէս անձեռնմխելի չեն: 2009 թուականին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը 17-24 տարեկան անձերու  հարցուց, թէ  որեւէ նախանձ կը զգա՞ն, երբ «Ֆէյսպուք»ի մէջ իրենց մտերիմը, կամ կողակիցը հակառակ սեռէն բարեկամ մը աւելցնէ: «Ֆէյսպուք»ի վրայ այրերէն աւելի ժամանակ յատկացնող կիներ ըսած են, որ նախանձի զգացումներ ունեցած են: Ուսումնասիրողները եզրակացուցած են, որ «Ֆէյսպուք»ի մթնոլորտը կը ստեղծէ այս զգացողութիւնը եւ կ՚իջեցնէ յարաբերութիւններու որակը:

•Նախանձ

600 չափահասներու ուսումնասիրութեան մը ընթացքին անոնց մէկ երրորդը ըսաւ, որ ընկերային ցանցը իրենց մէջ ժըխ-տական զգացումներ կը յառաջացնէ, գըլ-խաւորաբար՝ յուսալքում եւ յուսախաբութիւն, որոնց հիմնական պատճառը նախանձն է: Ասիկա հրահրուած է իրենց կեանքերը այլոց հետ համեմատելով, եւ գլխաւոր պատճառը մարդոց ճամբորդութիւններու նկարներն են:

•Առանձնութիւն

Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէր, որ 19-32 տարեկան անձերու  շարքին, անոնք, որոնք շատ ժամանակ կը յատկացնեն ընկերային ցանցին,  երկու անգամ աւելի հաւանական է, որ ընկերային կեանքին մէջ առանձին մնան, այլոց հետ յարաբերութիւն մշակելու  դժուարութիւն ունենան:

Ընկերային ցանցին վրայ յաւելեալ ժամանակ անցընելը, ըստ ուսումնասիրողներու, կրնայ խախտել դէմ դիմաց հաղորդակցութիւնները, գործունէութիւնը, եւ կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մարդիկ ընկերութենէ մերժուած, արտաքսուած զգան:

•Եզրակացութի՞ւն

Յստակ է, որ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ բաւարար չափով տուեալներ չկան, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերական եզրակացութիւններու յանգիլ: Սակայն իրողութիւնը մէկ ուղղութիւն կը մատնանշէ. ընկերային ցանցը մարդոց վրայ կ՚ազդէ տարբեր ձեւերով, ըստ նախապէս գոյութիւն ունեցող պայմաններու եւ անհատական կացութիւններու:

Ինչպէս ուտելիքի, բախտախաղի եւ արդի ժամանակներու բազմաթիւ այլ փորձութիւններու պարագային, ընկերային ցանցի չափազանց գործածութիւնը ոմանց համար հաւանաբար յանձնարարելի չէ: Բայց միեւնոյն ատեն սխալ պիտի ըլլայ ըսելը, որ ընկերային ցանցը ամբողջ աշխարհի մէջ գէշ բան մըն է: Յստակօրէն մեր կեանքերուն մէջ նոյնպէս բարիք կը բերեն ընկերային ցանցերը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018