ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԽԱՐԻՍԽՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼ ՈՐՊԷՍԶԻ ՏՈԿԱՅ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԸ
Մեծ պատրանքներ չունենանք Սփիւռ-քի գոյատեւման մասին: Ան դատապարտուած է գերեզման մտնելու օր մը: Եւ այս՝ ի մեծ դժբախտութիւն անշուշտ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ հայ Սփիւռքը այսօր իր շնչած չափով՝ բարիք մըն է հայ հոգեկան վերելքին համար, թանկագին այն նպաստով, զոր այնուամենայնիւ անոր կրնայ բերել դեռ:
Միակ բանը, որ կախուած է մեզմէ՝ հայ Սփիւռքը դիմացնել է հնար եղածին չափ երկար: Իսկ այդ կարելի է միայն մէկ ճամբով, մեզ հայ պահելով գաղութներու մէջ, կապուած մնալով, չլքելով մեր դատը:
Ամենէն առաջ չմոռնանք երբեք, թէ մեծագոյն աւիշը, որ կ՚օգնէ գաղութնե-րը դիմացնելու՝ անոնց կապն է Հայրե-նիքին հետ: Երկար դարեր գաղութները տոկացին՝ իրենց հոգիին մէջ գրկած Արարատն ու Էջմիածինը: Անիէն սերած ըլլալու մտածումն անգամ բաւ եղաւ՝ որպէսզի գաղութներ հպարտ նային օտարին: Հիմա, որ աշխարհի բիւր հե-ղեղները կը սպառնան անոնց բեկորներուն՝ նոյն այդ կապը լաստ մըն է ալիք-ներուն դէմ քիչ մը աւելի երկար կուրծք տալու համար: Սփոփիչ է անշուշտ տես-նել հայ Հայրենիքն ու Սփիւռքը իրարու կը մօտենան օրէ օր եւ այս շնորհիւ հայ-րենի իշխանութիւններուն կողմէ ստեղծուած Սփիւռքի նախարարութեան, եւ արդէն փլած է զարհուրելի պատուարը, որ խորթ կը դարձնէր հայը հայուն: Սակայն չկենանք ճամբան: Թօթափենք ամէն նախապաշարում ուրկէ ալ ան գայ:
Աշխարը մեզմէ խլեց տարաւ շատ բան: Ու ամէն օր մեզմէ կը խլէ կը տանի միշտ բան մը: Միակ ինչքը, որ դեռ կը մնայ մեզի հոգեկան գանձն է, զոր աւանդ ձգեց մեզի մեր պատմութիւնը, եւ զայն ի նորոյ ստեղծելու մեր կիրքը: Նոր օրերու բարբառով մշակոյթ կը կոչենք մենք զայն, ու կը փորձենք ապաւէն ընել զայն մեզի՝ մեր այս յուսահատ վայրկեաններուն մէջ: Այնպէս կը հաւատանք, թէ ան էր, որ դարերը իրարու կապեց ու զանոնք հասցուց մեզի: Թէ ան է, որ դարձեալ Սփիւռքի մէջ գա-ղութները իրարու կը կապէ: Եւ թէ վերջապէս ան է միակ կապը՝ գաղութները իրենց ծոցին մէջ եւս զիրար կապելու:
Եթէ հայ մշակոյթը կոչուած է յաւերժացնելու մեր ժողովուրդը հայրենի հողին վրայ՝ զայն տէր դարձնելով դարա-ւոր իր աւանդութիւններուն եւ հնարաւոր ընելով, որ նոր աւանդութիւններ ստեղծէ ան գալոց դարերուն համար, հայ Սփիւռքի մէջ ան զուրկ է արդէն իր սրբազան աւիշէն:
Հայ աւանդութիւնները մեծ մասամբ չքացան ժամանակին հետ հայ Սփիւռքի մէջ, շատ տեղ չդիմացաւ հայ լեզուն, հայ եկեղեցին հին օրերու գուրգուրանքով ապաւէն չի տար այլեւս մեր կա-րօտներուն: Վերջին մէկ դարը խամրե-ցուց մեր մէջ ինչ որ տարբեր էինք՝ միասին դիմանալու համար կեանքի նոր փոթորիկներուն: Ատեն մը բաւ էինք սեպեր, որ մարդիկ եկեղեցի երթան Կիրակիէ Կիրակի, հայ լեզուն խօսող մը ըլլայ իրենց տունէն ներս, իրենց դռնէն հայ թերթ մը մտնէ: Եւ սակայն շատ տեղ շատ տեսաւ մեզի այդքան մը Սփիւռքն ալ:
Դարմա՞ն, ի՞նչ դարման, երբոր գի-տենք, թէ հայ դպրոցներ, որ դեռ կը շնչեն զանազան գաղութներու մէջ, կամ հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի պատմութեան դասեր, զորս շաբթուան մէջ օր մը կամ Կիրակիէ Կիրակի բռնի կ՚աւանդենք տեղ տեղ հայ մանուկներուն՝ վաղանցուկ սփոփանք մըն են լոկ մեր արդէն խռնչած խիղճերուն համար: Այո՛, փառք տանք Պէյրութի, բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ գտնուող Հալէպի եւ Իրանի մեր դպրոցներուն, երկրորդական մեր կրթարաններուն եւ ճեմարաններուն: Երախտապարտ ըլլանք նաեւ երիտասարդական խլրտումներուն, մշակութային եւ մարզական միութեանց ծոցին մէջ: Խոնարհինք ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի, ՆՍՄՄ-ի եւ Համազգայինի միութիւններուն ալ առջեւ: Այո՛, բարիք մըն են բոլոր անոնց ջանքերը: Յետո՞յ: Որքա՞ն պիտի դիմանայ ասոնց ներարկած աւիշը: Անոնց հասունցած սերունդը որքա՞ն փարած պիտի մնայ հայ ժողովուրդի յուզումներուն, որքա՞ն ձուլուած պիտի մնայ անոր ճակատագիրին հետ, երբ աշխարհը թաթը դրած է բոլորիս վրայ: Հապա՞ անոնք, այն խեղճ տղաքը, որոնք կ՚ապրին հոծ հայ համայնքներէ հեռու, հայ բառին ու հայ տառին անհաղորդ:
Այնուամենայնիւ չյուսահատիլ: Շարունակել նախ, ինչ որ կ՚ըլլայ, բայց ոչ այսպէս ամէն մէկս մեր գլխուն, իրարմէ անտեղեակ, յաճախ զիրար խաչաձեւելով: Ցնո՞րք է արդեօք առաջարկել հանդիպում մը գոնէ անգամ մը՝ հայ Սփիւռքի մէջ կրթական ցանց մը ստեղծելու սիրոյն, հանդիպում՝ որուն մասնակցելու գան բոլոր անոնք, որոնք իրենք զիրենք մտահոգուած կը կարծեն մեր վաղուան սերունդով, հանդիպում՝ որուն մարդիկ գան ոչ թէ քնացնելու համար իրենց խղճմտանքը ատեն մը եւս, փայլուն տեղեկագիրներ ծափահարելու կամ մարդոց սնապարծութիւնը գգուելու համար, այլ միաբանելու համար միակ մտատանջութեան մը մէջ, դիմացնել վաղուան սերունդը օտար ափերու վրայ:
Նման հանդիպում մը եթէ հրաշք ալ չգործէ իսկոյն, առիթ կը դառնայ որպէսզի մարդիկ վայրկեան մը եղբայրական վտանգին առջեւ ձեռք ձեռքի տան իրարու:
Ու տակաւին որքան բաներ կան այդ առթիւ մտածելիք: Եւ այստեղ կ՚ուզեմ անդրադառնալ անոնցմէ մէկուն:
Մեր կարծիքով, կամ աւելի ճիշդ մեր հաստատ համոզումով, ազգապահպանման հիմնական ազդակը միայն մէկ է, ո՛չ երկուք.- հայերէն լեզուն: Սակայն ես այն համոզումը ունիմ նաեւ, որ բռնի հայ լեզու սորվեցնելէ առաջ մեր նոր սերունդին, պէտք է անոր նախ իր անցեալը սիրցնել: Պէտք է իր պապերը ճանչցնել անոր ու փառաւոր այն էջերը, զորս մեզի թողուց մեր պատմութիւնը: Եթէ ան կապուած չի զգար իր հոգին հայ աւանդութեանց հետ՝ անոր համար է, որ չի հպարտանար անոնցմով, որովհետեւ չի ճանչնար զանոնք:
Ու չէ՞ք կարծեր, որ նման հանդիպում մը առիթ մը կրնայ ըլլալ նաեւ՝ նոյնքան նուիրական մտատանջութեան մը անդրադառնալու:
Դարերը իրենց աւանդութիւններով, անհետացած սերունդներն ու իրենց աճիւնը, հայոց ալեւոր հսկան ու աւերակները՝ որոնց կը հսկէ, դատարկ տեսիլքներ պիտի մնան լոկ՝ եթէ անոնք կերպարանք չառնեն մեր հոգիներուն ու մեր հոգերուն մէջ:
Հայկական դատը շաղախն է Սփիւռքի գոյատեւման:
Ըստ մեր համեստ կարծիքին, այս տուեալներով կարելի է խարիսխներ ստեղծել Սփիւռքի գոյատեւման պայքարին մէջ:
ՕՀԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ