ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՄԱՍԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԿԻՒՄՐԻԻ ՀԱՄԱՐ
Հայկական արդի երաժշտութեան երիտասարդ աստղերէն Տիգրան Համասեան շաբաթավերջին շատ յատկանշական ու եզակի համերգով մը հանդէս եկաւ Կիւմրիի մէջ։ 1988-ի երկրաշարժով ցնցուած ու տակաւին վէրքերը վերջնականօրէն չսպիացած այս պատմական քաղաքէն ներս, Տիգրան Համասեան լքուած տնակային աւաններէն մէկուն մէջ սարքեց իր համերգը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան այս նախաձեռնութեամբ միացաւ լուսանկարիչ Հայկ Բարսեղեանի ծրագրին։
Աշխարհի հեղինակաւոր բեմերը նուաճած Տիգրան Համասեան նման համերգով մը հանդէս եկաւ՝ բարձրաձայնելու համար Կիւմրիի տնակներուն մէջ բնակող ընտանիքներուն խնդիրները։ Քաղաքի Մանուշեան փողոցի վերջնամասին՝ «Ֆանթաններ» կոչուող տնակային աւանի խրճիթներէն մէկուն մէջ նուագեց ան։ Իր նպատակն էր ուշադրութիւն հրաւիրել այն իրողութեան վրայ, թէ երկրաշարժէն 27 տարի վերջ տակաւին շուրջ երեք հազար ընտանիք Կիւմրիի մէջ կ՚ապրի վակոն-տնակներու մէջ։ Լուսանկարիչ Հայկ Բարսեղեանի կողմէ վերջին տարիներուն երկրաշարժի տարելիցներուն առթիւ կազմակերպուած, «Ամօթի օր» անուանեալ ցուցահանդէսներուն ժամանակ փոխանցուած պատգամը Տիգրան Համասեանի այս համերգով բիւրեղացաւ առաւել եւս։ Արդարեւ, այդ տնակներէն ներս ապրող մարդոց իրական կեանքը, դիմագրաւած պայքարը իսկապէս արժանի է բոլորի ուշադրութեան՝ որպէսզի նոր շարժում մը ծնունդ առնէ այդ երեւոյթներու յաղթահարման առաջադրութեամբ։ Արուեստագէտներու նախաձեռնութեամբ սկսած է նաեւ նուիրահաւաքման արշաւ մը։ Մինչեւ 20 Մարտ եթէ 190 հազար տոլար հանգանակուի, ապա տասներեք ընտանիք պիտի դառնայ բնակարանատէր։
Համերգի կազմակերպիչները անօթեւանութեան խնդիրը աւելի տեսանելի դարձնելու համար ընտրած էին ձեռնարկի իւրօրինակ ձեւաչափ մը։ Համերգի բոլոր մասնակիցները հետիոտն հասան այն տնակը, ուր տեղի ունեցաւ Համասեանի նուագահանդէսը։ Սա նախատեսուած էր՝ որպէսզի իրականութիւնը ցոյց տալու ձեւ մը։ Բոլոր անոնք, որոնք հնարաւորութիւն չունեցան այդ տնակին մէջ գտնուելու, Տիգրան Համասեանին ունկնդրեցին դուրսը՝ ձայնային սարքաւորումներու միջոցաւ։ Ամբողջ համերգը ձայնագրուեցաւ։ Դրամահաւաքն ալ կազմակերպուեցաւ տեղւոյն վրայ։
Համերգի ընթացքին Տիգրան Համասեան իր զգացումներն ու մտորումները բաժնեց նաեւ ունկնդիրներուն հետ։ Ան ընդգծեց, թէ մանկութիւնը անցուցած է Կիւմրիի մէջ ու քաղաքը խոր ազդեցութիւն գործած էր իր վրայ։ Ան Կիւմրիի մէջ ծնած էր երկրաշարժի տարիներուն եւ այնտեղ ապրած՝ մինչեւ 1999-ը։ «Իմ ծնողները այնպէս ըրած են, որ ես չզգամ այն, ինչ որ կայ իրականութեան մէջ։ Մարդիկ արդէն մօտաւորապէս երեսուն տարիէ ի վեր կ՚ապրին այս ժամանակաւոր կացարաններուն մէջ, ինչ որ ամօթ է ու պէտք է արդէն ի վերջոյ մարդիկ տնակներէն տեղափոխուին տուն։ Ես կը յուսամ, որ այս նախաձեռնութիւնը կը պսակուի յաջողութեամբ եւ տասներեք ընտանիք տուն կ՚ունենայ։ Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք», ըսաւ Համասեան։
Համերգին ներկայ էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան։ Կիւմրիի Փոխ-քաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեան ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը՝ մաղթելով յաջող ընթացք։ Քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի որոշմամբ՝ Տիգրան Համասեանը պարգեւատրուեցաւ քաղաքապետարանի ոսկէ մետայլով։