ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերու սահմանումին, Մեծ պահքի երկրորդ կիրակին «Արտաքսման կիրակի» կը կոչուի: Անունը արդէն իմաստը ցոյց կու տայ, արտաքսում, վտարում, վռնտել, դուրս հանել: Արտաքսման կիրակին խորհրդանիշն է մեր Նախածնողներուն՝ Ադամին ու Եւային դրախտէն վռնտուելուն, իրենց Աստուծոյ կողմէ տրուած պատուիրանին չհնազանդելուն պատճառով: Խորհրդանիշ կ՚ըսեմ, որովհետեւ Ադամէն ու Եւայէն սկսած մինչեւ մեր օրերը իւրաքանչիւր մարդ ենթակայ է նոյն արտաքսումին: Շատեր կրնան համաձայն չըլլալ, բայց եթէ գէթ պահ մը ուշադրութիւն դարձնենք մենք մեր վրայ եւ փորձենք առողջ կերպով ինքնաքննութիւն մը կատարել մեր ապրած կեանքին, պիտի նկատենք, որ ո՛չ թէ մէկ անգամ մենք արտաքսուած ենք, այլ՝ բազմաթիւ անգամներ: Մեր նախածնողները արտաքսուեցան դրախտէն, այն երանական վայրէն, ուր Աստուած զիրենք գոյացուց, որպէսզի Իր ներկայութեան ապրէին երանական կեանք մը: Իսկ մենք, անգամ մը ծնելով մեր ֆիզիքական ծնողներէն, երկրորդ անգամ ալ կը ծնինք Սուրբ Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն՝ դառնալով Աստուծոյ որդիներ, Քրիստոսի եղբայրներ ու քոյրեր եւ Սուրբ Հոգիի շնորհակիրներ: Երբ Սուրբ Երրորդութեան անդամները կը դառնանք, բնականաբար պէտք է ապրինք այնպէս՝ ինչպէս վայել է այդ Սուրբ Ընտանիքին, սակայն, ըլլալով մարդ ու մնայուն կերպով ենթակայ ըլլալով չարին յարձակումներուն, երբեմն կը տկարանանք, առիթ տալով սատանային խաբելու մեզ եւ մոլար ճամբաներով տանելու, որով ինքնաբերաբար մենք մեզ վռնտած կ՚ըլլանք այդ Սուրբ Ընտանիքի ներկայութենէն՝ դրժելով մեր բուն էութիւնը՝ բարութիւնն ու Աստուածանմանութիւնը:
Ըստ Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայրերու կարգադրութեան, Արտաքսման կիրակի օրը հետեւեալ Ճաշու ընթերցուածները կը կարդացուին բոլոր Հայ եկեղեցիներէն ներս: Ղուկասի Աւետարանէն 4.43-5.11: Եսայի մարգարէի մարգարէութենէն 33.2-22: Պօղոս առաքեալի Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 12.1-13.10: Մատթէոսի Աւետարանէն 5.17-48:
Առնենք Ղուկասի Աւետրանին եւ Պօղոս առաքեալի Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին հատուածները ու փորձենք ամփոփ խորհրդածութիւններ կատարել իւրաքանչիւր հատուածին: Իսկ մնացած երկու հատուածները քաջալերելի է, որ ընթերցողները բանան Աստուածաշունչը ու կարդան:
Այսպէս Ղուկասի Աւետարան 4.43-5.11.
«Յիսուս անոնց ըսաւ.
-Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ պէտք է Աստուծոյ Արքայութիւնը աւետեմ, որովհետեւ ճիշդ ասոր համար Աստուած զիս ղրկեց։
Եւ Յիսուս Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։
Յիսուս Գեննեսարէթի լիճին եզերքը կեցած էր, երբ ժողովուրդը սկսաւ Իր շուրջ խռնուիլ՝ լսելու համար Աստուծոյ խօսքը։ Անիկա երկու նաւակներ տեսաւ լիճին եզերքը. իսկ ձկնորսները նաւակէն դուրս ելած՝ իրենց ուռկանները կը լուային։ Յիսուս մտաւ նաւակներէն մէկուն մէջ, որ Սիմոնին կը պատկանէր, եւ խնդրեց որ ցամաքէն քիչ մը հեռացնէ նաւակը։ Եւ նաւակին մէջ նստած՝ սկսաւ ժողովուրդին ուսուցանել։
Երբ Իր խօսքը վերջացուց, Սիմոնին ըսաւ.
-Քիչ մը աւելի խորը տար նաւակը եւ ձուկ որսալու համար ձեր ուռկանները նետեցէք։
Սիմոն պատասխանեց.
-Վարդապե՛տ, ամբողջ գիշերը յոգնեցանք եւ ոչինչ որսացինք, բայց Քու խօսքիդ համար ուռկանները նետենք։
Ուռկանները նետեցին եւ մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնեցին մէջը, այնքան՝ որ իրենց ուռկանները կը պատռտէին։ Նշան ըրին իրենց գործի ընկերներուն, որոնք միւս նաւակին մէջ էին, որպէսզի իրենց օգնութեան գան։ Անոնք եկան եւ երկու նաւակները ա՛յնքան լեցուեցան, որ այլեւս պիտի ընկղմէին։ Երբ Սիմոն Պետրոս տեսաւ ասիկա, ինկաւ Յիսուսի ծունկերուն առջեւ եւ ըսաւ.
- Հեռացի՛ր ինձմէ, Տէ՜ր, որովհետեւ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ։
Քանի ինք եւ իրեն հետ եղողները շատ վախցած էին, տեսնելով իրենց բռնած մեծ քանակութեամբ ձուկերը։ Նոյն վիճակին մատնուած էին Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, որոնք Սիմոնի գործընկեր էին։
Յիսուս ըսաւ Սիմոնի.
-Մի՛ վախնար, ասկէ ետք մարդիկ պիտի որսաս՝ կեանքի համար։
Անոնք նաւակները ցամաք հանեցին եւ ամէն ինչ ձգելով՝ հետեւեցան Յիսուսի»։
Աւետարանական այս հատուածը մեզի երկու պատգամներ կը փոխանցէ.
Առաջինը՝ կը կայանայ մեր Տիրոջ հետեւեալ խօսքին մէջ. «Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ պէտք է Աստուծոյ Արքայութիւնը աւետեմ, որովհետեւ ճիշդ ասոր համար Աստուած զիս ղրկեց». գիտենք, որ մեր Տէրը Հրէաստանի մէջ եւ անոր շրջակայքին մէջ կատարեց Իր քարոզութիւնը, սակայն Իր նպատակը այն էր, որ ամբողջ աշխարհը լսէ Իր քարոզութիւնը, Իր բերած բարի լուրը: Արդարեւ, մենք մեր անհնազանդութեան պատճառով արտաքսուեցանք դրախտէն՝ Աստուծոյ անմիջական ներկայութենէն, այստեղ սակայն, մեր Տիրոջ բերանէն կը լսենք այն երանելի խօսքը, թէ Աստուած Իր Միածինը ղրկած է, որպէսզի բոլոր արտաքսուած մարդիկը լսեն Աստուծոյ Արքայութեան մասին ու վերադառնան իրենց Հօր գիրկը:
Երկրորդը՝ կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, թէ հակառակ մեր կատարած բազմաթիւ անարդիւնք փորձերուն ու աշխատանքներուն տարբեր ոլորտներու մէջ, բայց երբ մենք մեզ խոնարհեցնենք ու լսենք մեր Տիրոջ խօսքը ու Անոր կամքը առաջնահերթ համարենք մեր կեանքին մէջ, հակառակ անցեալի մեր անարդիւնք փորձերուն՝ Տիրոջմով մեր սպասածէն շատ աւելիին կը հասնինք ու կ՚ունենանք, ինչպէս տեսանք Պետրոսի եւ իր ընկերակիցներու պարագան, թէ ինչ առատ քանակութեամբ ձուկ որսացին՝ երբ հնազնադեցան իրենց Վարդապետի խօսքին:
Հռոմայեցիներու նամակ 12.1-13.10.
«Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը։ Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ։
Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրդ. մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ։ Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք։ Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք։ Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ։ Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք։ Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք։ Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք։ Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժանողը առատօրէն թող բաշխէ։ Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի։ Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ։
Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ։ Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք։ Եղբօր պէս զիրար սիրեցէք գորովանքով։ Յարգելու մէջ զիրար գերազանցեցէք։ Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու։ Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք։ Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք։ Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք։ Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք։ Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք։ Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք։
Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է։ Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք։ Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ», իսկ ուրիշ տեղ կ՚ըսէ. «Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրենց. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»։ Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին։
Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են։ Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ՚ըլլայ, եւ հակառակողները իրենքզիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն։ Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն։ Դուն կ՚ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ։ Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած։ Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները։ Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար։ Ատոր համար է նաեւ, որ իշխանութեանց տուրք կը վճարէք, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ՝ շարունակեն իրենց այդ դերը կատարել։ Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք։
Ոեւէ մէկուն որեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն զիրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ՚ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը։ Որովհետեւ Աստուծոյ պատուիրանները, «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ ցանկար» եւ միւս բոլորը, խտացած են սա միակ պատուիրանին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Ով որ իր ընկերը կը սիրէ, չարիք չ՚ըներ անոր։ Ուրեմն՝ սիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը լման գործադրել»:
Առաքեալին հետեւեալ խօսքերը, թէ «Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը։ Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ», ցոյց կու տան այն փաստը, որ հակառակ մեր անհնազանդութեան ու դրախտէն արտաքսուելուն, որու պատճառը առաջին Ադամն էր, Աստուած, Երկրորդ Ադամով՝ Իր Միածին Որդիին միջոցով Իր անչափ ողորմութեան շնորհիւ մեզի առիթ տուաւ վերստին դառնալու դէպի Իր գիրկը՝ վայելելու Իր քաղցր ներկայութիւնը, սակայն Առաքեալը այդ ողորմութեան դիմաց մենք պէտք է մենք մեզ որպէս կենդանի զոհեր մատուցենք Աստուծոյ ու նախընտրենք բարին, լաւը եւ ընդունելին:
Ապա Առաքեալը կու տայ առաքինի մարդու եւ Աստուծոյ զաւակի մը յատկութիւնները: Այսպէս Աստուծոյ զաւակն ու առաքինի մարդը պէտք է՝
Մեծամիտ չըլլայ, այլ՝ համեստ:
Այն գիտակցութիւնը ունենայ, որ ինք այլեւս առանձին չէ, այլ՝ «Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք», սակայն իւրաքանչիւրս ունինք Աստուծմէ մեզի տրուած յատուկ շնորհք մը, որուն պէտք է գիտակցինք ու ըստայնմ մեր կեանքը ապրինք:
Անկեղծ սէր ունենայ, չարը ատէ ու բարիին կառչած մնայ:
Յարգելու մէջ միշտ պիտի փորձէ գերազանցել իր եղբայրներն ու քոյրերը:
Առանց ծուլանալու եռանդագին պէտք է աշխատի:
Աստուծոյ հանդէպ ջերմեռանդ սէր պէտք է ունենայ ու այդ սիրով ծառայէ Տիրոջ:
Յոյսով ուրախանայ, նեղութիւններու համբերէ ու յարատեւ աղօթէ:
Հիւրասէր ըլլայ ու կարիքաւորներուն օգնէ:
Զինք հալածողները օրհնէ անիծելու փոխարէն:
Բոլորին հետ ըլլալ այնպէս ինչպիսին են, այսինքն՝ ուրախացողներուն հետ ուրախանայ ու լացողներուն հետ լայ:
Ինքզինք իմատուն չհամարէ:
Չարիքին չարիքով չհակադարձէ:
Բոլորին հետ խաղաղ ապրի:
Վրէժխնդիր չըլլայ:
Չարէն չպարտուի, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին:
Հնազանդի պետական իշխանութիւններուն, «որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են»:
Ոեւէ մէկուն պարտական պէտք չէ մնայ, բացի՝ սիրոյ պարտաւորութենէն, որովհետեւ «սիրել՝ կը նշանակէ Աստուոյ Օրէնքը լման գործադրել»:
Վերեւը բերուած յատկանիշները բոլորն ալ կը ծառայեն հաւատացեալին, որպէսզի իր արտաքսուած վիճակէն կարենայ վերադառնալ դէպի երանութիւն, դէպի Սուրբ Ընտանիք, դէպի Երկինքի Արքայութիւն, որուն կանչուած ենք բոլորս: Հրաւէրին դրական պատասխանը կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս: Իսկ դրական պատասխան ունենալու համար Քառասնօրեայ պահեցողութեան այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է: Հետեւաբար օգտագործե՛նք այս առիթը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 փետրուար 2020, Վաղարշապատ