Օ­ՐԻ­ՆԱԿ ՄԱՐ­ԴՈՑ

Թոռ­նի­կը կը ձայ­նէր մեծ­մօր. «Ե­կո՛ւր եաեա(x), տե՛ս քեզ շատ յու­զող պատ­կեր մը կայ հա­մա­կար­գի­չին մէջ»։ Երբ մեծ­մայ­րի­կը ակ­նո­ցը ա­ռած, մօ­տե­ցաւ թոռ­ա­նը՝ պար­զուած տե­սա­րա­նը իս­կա­պէս յու­զիչ եւ կեր­պով մը դաս­տիա­րա­կիչ էր մար­դոց հա­մար։

Հոն կ՚ե­րե­ւար պզտիկ խա­ւա­քար­տէ տնակ մը՝ փո­ղո­ցի ան­տէր շուն եւ կա­տու­նե­րու հա­մար, որ­պէս­զի ա­նոնք գո­նէ քիչ մը պատս­պա­րուին ցուր­տէն եւ անձ­րե­ւէն։ Այդ փոք­րիկ տան մէջ կա­յին շուն մը եւ կա­տու մը, ո­րոնք ճա­րա­հատ հոն ա­պաս­տա­նած էին՝ գի­շե­րը ան­ցը­նե­լու հա­մար։ Այդ շուն եւ կա­տուն, ո­րոնք հի­նէն ի վեր ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներ ըլ­լա­լով կը ճանչ­ցուէին, կրցեր էին ամ­բողջ գի­շեր մը միա­սին ապ­րիլ պզտիկ խա­ւա­քար­տեայ տնա­կի մը մէջ, վրա­դիրք բա­ւա­կան դժուար պայ­ման­նե­րու տակ։ Ա­նոնք երբ քիչ մը շար­ժե­ցան, յայտ­նի ե­ղաւ, թէ եր­կուքն ալ նոյն գի­շե­րուան ըն­թաց­քին ի­րենց շատ փա­փուկ վի­ճա­կին բե­րու­մով, հա­մե­րաշ­խա­բար ծնած էին ի­րենց ձա­գե­րը։

Հի­մա ա­նոնք իբ­րեւ եր­ջա­նիկ մայ­րեր կաթ կու տա­յին ի­րենց ձա­գե­րուն, ա­ռանց մտա­ծե­լու փո­ղո­ցի ցուր­տը եւ ի­րենց ան­տէ­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնք հե­ռու կը մնա­յին ա­ւան­դա­կան շուն-կա­տուի թշնա­ման­քէն, կար­ծես կը ջա­նա­յին օ­րի­նակ ըլ­լա­լ մար­դոց՝ ո­րոնք ա­մէն օր ի­րա­րու վնաս հասց­նե­լով կամ սպան­նե­լով ան­մեղ մար­դիկ, կամ ալ քան­դե­լով պատ­մա­կան շէն­քեր, ա­ղօ­թա­տե­ղի­ներ, հին քա­ղա­քակր­թու­թեանց մնա­ցորդ­ներ ա­ռանց խղճա­հա­րու­թեան կը ջա­նա­յին ի­րենց կամ­քը գոր­ծադ­րել։

Ա­հա­ւոր ռմբա­կո­ծում­ներ պատ­ճառ կը դառ­նա­յին, որ մար­դիկ պար­տա­ւո­րուին թո­ղուլ եւ հե­ռա­նալ ի­րենց տու­նե­րէն, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րէն՝ ի­րենց կեան­քը ա­զա­տե­լու յոյ­սով եւ շատ ան­գամ ալ կը մա­հա­նա­յին ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով։ Մարդն է որ մար­դուն ար­ժա­նի կը տես­նէր այս տա­ռա­պան­քը վասն մո­լե­ռան­դու­թեան։ Չ՚ու­զեր ըն­դու­նիլ թէ ու­րիշ մը տար­բեր հա­ւատ­քի, ցե­ղի պատ­կա­նի. կար­ծես թէ պար­տա­ւոր ըլ­լայ ա­մէն մարդ նո՛յ­նը ըլ­լալ կամ ը­նէ ի­րեն պէս։ Ա­ռա­ւել ցա­ւա­լի է տես­նել, թէ շատ ան­գամ այդ ո­ճիր­նե­րը եւ բռնու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով։ Կար­ծես Աս­տուած կ՚ար­տօ­նէ, որ մար­դիկ զի­րար սպան­նեն։ Ո՞ւր մնաց տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ խիղ­ճը, որ տրուած է մար­դոց, որ­պէս­զի «մարդ»ը զա­տո­րո­շուի ա­նա­սու­նէն։

Ա­հա պար­զուած տե­սա­րա­նը ցոյց կու տայ, թէ նեղ պայ­ման­նե­րու մէջ ո­խե­րիմ թշնա­մու­թիւ­նը կրնայ իր տե­ղը թո­ղուլ խա­ղա­ղու­թեան։ Պատ­կե­րի այդ շու­նը եւ կա­տուն կեն­դա­նի օ­րի­նակն էին միաս­նու­թեան ո­գիին, ո­րով ա­նոնք կա­րո­ղա­ցան ի­րենց ձա­գե­րը ծնիլ միա­տեղ ա­ռանց ի­րա­րու հետ կռուե­լու եւ գու­ցէ այդ մի­ջո­ցին ի­րենց ձա­գե­րուն ալ ոչն­չաց­ման պատ­ճառ ըլ­լա­լով։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը հի­մա ա­նոնք իբ­րեւ եր­ջա­նիկ մայ­րեր կ՚ապ­րէին միա­սին, ա­ռանց զի­րար յօ­շո­տե­լու կամ ճանկռ­տե­լու։

Ար­դեօք նոյ­նը կա­րե­լի չէ՞ մար­դոց հա­մար ալ։

Այս աշ­խար­հը կը բա­ւէ ամ­բողջ մար­դոց եւ կեն­դա­նի­նե­րուն, ե­թէ կա­րե­նան հա­մե­րաշխ ապ­րե­լու եւ ի­րա­րու ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու կամ­քը ցու­ցա­բե­րեն։

(x) Եաեա, տղոց մեծ­մայ­րե­րուն տուած ա­նու­նը

Զ. ՍՕ­ՆԱ

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016