ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵՆՍԱԿԵՐՊ

Աւագ շաբթուան օրերը, թերեւս տարուան ընթացքին եկեղեցւոյ պատգամներուն եւ ծէսերուն աւելի մօտ ըլլալու առիթներ են: Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող այս շաբաթը, յիրաւի հիասքանչ է իր խորհուրդով եւ բոլոր օրերուն մեզի ընծայած առիթներով:

Հայաստանի մէջ եկեղեցիները այս շաբթուան բոլոր օրերուն լեցուն են հաւատացեալներով։ Անոնք մանաւանդ եկեղեցիներ այցելեցին Ծաղկազարդի տօնին, իսկ յաջորդ օրը ունկնդրեցին անպտուղ թզենիի չորացման մասին պատմութիւնը, որուն ալ յաջորդեց Տասը կոյսերու առակը եւ այդպէս յաջորդաբար հաւատացեալներ հոծ խումբերով եկեղեցիներու մէջ հաղորդակից դարձան Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի յատկանշական շրջանին: Եկեղեցիներէն ներս նոյնպէս պատշաճօրէն յիշատակուեցան օծումի եւ մատնութեան խորհուրդները եւ յառաջիկայ օրերուն հաւատացեալները տակաւին ներկայ պիտի ըլլան Ոտնլուայի, Խաւարումի եւ միւս արարողութիւններուն:

Եկեղեցիներուն մէջ նկատելի է, որ հաւատացեալ ժողովուրդը արարողութիւններէն ետք կը խմբուի հոգեւոր հովիւներուն շուրջը եւ օրուան խորհուրդներուն առընչուող բազում հարցումներ կ՚ուղղէ անոնց: Եկեղեցւոյ հայրերը համբերատարօրէն կը պատասխանեն բոլոր հարցումներուն: Հակառակ անոր որ հոգեւոր կեանքին առումով մեծ քարոզչական աշխատանք կը տարուի Հայաստանի անկախութենէն ետք, սակայն նկատելի է, որ բոլորին չէ, որ հասու են այդ կեանքի մանրամասնութիւնները, խորհուրդները եւ պատգամները: Մարդիկ, վերադառնալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդներուն, կը փափաքին ամբողջութեամբ ընկալել, հասկնալ եւ կատարել ամէն ինչ, որ մեր եկեղեցին դարերով պահած եւ այս օրերուն հասցուցած է:

Հարցումներու, տատամսումներու նոյն տարափը նկատելի է նաեւ առցանց հարթակներուն վրայ: Ստեղծուած են պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական առցանց ոստայններ, ուր հաւատացեալներ իրենց հարցումները կ՚ուղղեն հոգեւոր հայրերուն, վերջիններս՝ յենլով Սուրբ Գիրքի ուսուցումներուն, մեր եկեղեցւոյ ծիսակարգին եւ մեր աւանդութիւններուն վրայ՝ կը պատասխանեն հարցումներուն:

Հարցում-պատասխանի այդպիսի հարթակ մըն է Արարատեան Հայրապետական թեմի «Քահանայ» կայքէջը, ուր կրնաս հետաքրքրութեամբ ուսումնասիրել մարդիկը յուզող բոլոր հարցումները եւ հարցումներուն կից տեսնել գոհացուցիչ պատասխաններ:

Աւագ շաբթուան այս օրերուն նաեւ մեր ընթերցողներուն համար Ծաղկաքաղ մը պատրաստեցինք այդտեղ տեղադրուած հարցում-պատասխաններէն, որոնք առաւելաբար կը վերաբերին հոգեւոր կենսակերպին:

Հարցում- Պահքը խախտելու պարագային կարելի՞ է շարունակել:

Պատասխան- Այո: Անշուշտ, նախընտրելի է պահքը չխախտել, սակայն եթէ խախտած էք, ապա անպայման կրկին շարունակեցէք պահել զայն:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Շմաւոն Քահանայ Ղեւոնդեան

Հարցում- Մեծ պահքի վերջին շաբթուան ընթացքին արտօնուած է միայն սեւ հաց եւ ջո՞ւր:

Պատասխան- Աւագ շաբթուան ընթացքին, որ կը յաջորդէ Մեծ պահքին, պահեցողութեան պայմանները չեն փոխուիր. այս ընթացքին նոյնպէս պէտք է խուսափիլ կենդանական ծագումով կերակուրէ (եթէ, ի հարկէ, խոստովանահօր կողմէ ուրիշ ցուցմունքներ չկան): Այս ընթացքին նոյնպէս անհրաժեշտ է ջերմօրէն աղօթել եւ մասնակցիլ ամէն օր տեղի ունեցող եւ յատուկ իմաստ ունեցող արարողութիւններուն: Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն մասնակցիլը յատկանշական է անով, որ անոնց միջոցաւ խորհրդաբար մասնակից կը դառնանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ապա վկայ կ՚ըլլանք Անոր հրաշափառ Յարութեան:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Սմբատ Քահանայ Սարգսեան

Հարցում- Ես 21 տարեկան եմ, ուսանողուհի, երեք տարի պահած եմ բոլոր պահքերը (շաբաթապահք, Չորեքշաբթի, Ուրբաթ օրերու պահք), սակայն երբեմն տկարութիւն զգացած եմ: Մայրս կ՚ըսէ, որ թերեւս անհրաժեշտ չէ պահել բոլոր պահքերը: Թերեւս իմ պարագային բաւարար կրնա՞յ ըլլալ միայն Մեծ պահքը:

Պատասխան- Ս. Եսայի Անապատականը կ՚ըսէ. «Մարմինը հոգիին ծառան է, եթէ չկերակրես՝ քեզի չի ծառայեր»: Այս մէկը կը նշանակէ, որ պէտք է կերակրենք մեր մարմինը չափաւոր կերպով: Խիստ պահեցողութիւնը միայն վանականներուն վայել առաքինութիւն մըն է, սակայն հոգեւորականի հսկողութեամբ կարող են պահել նաեւ ապաշխարողները: Վանականները ունին իրենց խոստովանահայրը եւ ինքնագլուխ չեն պահք պահելու մէջ: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մեզի համար չէ, որ կ՚ապրինք, այլ՝ մեր հարազատներուն: Եթէ տկարանանք, ոչ միայն մեզի համար վատ կ՚ըլլայ, այլ նաեւ՝ մեր հարազատներուն, որոնց մասին մենք պարտաւոր ենք հոգ տանիլ: Ուստի պէտք է պահել բոլոր պահքերը, սակայն՝ չափաւոր:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Սմբատ Քահանայ Սարգսեան

Հարցում- Ծանօթներէս մէկը աշխատանքի բերումով կը մեկնի արտասահման, կը մտահոգուի, որ թերեւս հոն չգտնէ պահքի սնունդ: Եթէ չեմ սխալիր, հիւանդներն ու ճամբորդները կրնան պահք չբռնել: Արդեօք ատիկա ճի՞շդ է:

Պատասխան- Պահեցողութեան ժամանակ որոշ առողջական հարցեր ունեցող քրիստոնեաներ, խորհրդակցելով քահանային եւ բժիշկին հետ, կարող են հրաժարիլ պահեցողութենէն ամբողջութեամբ կամ մասամբ: Իսկ ճամբորդներու պարագային, եթէ առողջ են, կարելի չէ խախտել Մեծ պահքը: Իսկ եթէ աշխատանքի մէջ են եւ չեն կարողանար պահքի սնունդ ապահովել, ստիպուած կը խախտեն, ապա թող վերադարձին շարունակեն պահքը:

«Քահանայ» կայքէջի խմբագրակազմ

Օրհնութեամբ՝
Տ. Սմբատ Քահանայ Սարգսեան

Հարցում- Ինչպէ՞ս պէտք է ընտրել անհատական խոստովանահայր մը:

Պատասխան- Անհատական խոստովանահայր ընտրելու ժամանակ անհրաժեշտ է լաւ ճանչնալ քահանան, վստահիլ անոր, ապա համարձակօրէն զայն դարձնել անհատական խոստովանահայր: Կարելի չէ անընդհատ փոխել խոստովանահայրը:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Ղազար Քահանայ Պետրոսեան

Հարցում- Ընկերուհիս շատ հաւատացեալ չէ, չի մասնակցիր եկեղեցական արարողութիւններուն, բայց կ՚ուզէ պահք պահել 40 օր: Միթէ անիկա անիմաստ չէ՞:

Պատասխան- Պահքը ունի յատուկ նպատակ, ինչ որ կը թելադրէ Սուրբ Եկեղեցին: Պահքին իմաստը մեղքէն հրաժարիլն է: Եթէ ոեւէ մէկը ուրիշ նպատակով կը պահէ պահքը, ապա կրնայ պահել որեւէ ժամանակ, քանի որ ան կապ չունի Մեծ պահքին հետ: Սուրբ Եկեղեցին Մեծ պահքի բոլոր կիրակիները յատուկ կը նկատէ, եւ անոնց առընչուող յատուկ խրատներ ունի: Առանց այդ խրատներուն եւ ցուցմունքներուն պահքը անիմաստ է:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Սմբատ Քահանայ Սարգսեան

Հարցում- Քրիստոնէութեան մէջ մեծ տեղ կը տրուի խոնարհութեան: Ինչո՞ւ:

Պատասխան- Խոնարհութիւնը քրիստոնէութեան մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկն է: Յիշենք եօթը մահացու մեղքերէն առաջինը՝ հպարտութիւնը: Այս մեղքին հակադիր առաքինութիւնը խոնարհութիւնն է: Արուսեակին հպարտութեան պատճառով աշխարհ մտաւ մեղքի: Տեղի ունեցաւ մարդուն անկումը: Իսկ Աստուածածինի խոնարհումով մարդը նորէն բարձրացաւ, արժանացաւ երկնային առաքինութեան: Խոնարհութիւնը Տիրաւանդ առաքինութիւն է: Վերջին ընթրիքի ժամանակ Քրիստոս լուաց աշակերտներուն ոտքերը, անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի տուի խոնարհութեան օրինակ»: Ուրիշ առիթով աշակերտները Յիսուսին հարցուցին. «Ո՞վ է մեզմէ մեծը»: Եւ Յիսուս պատասխանեց. «Ան, որ բոլորին ծառան է» (Մատթ. 20:26-28): Եթէ մեր Տէրը, Ուսուցիչը, Վարդապետը, Աստուածը այսպէս է, ուրեմն մեզի ալ պատշաճ է ըլլալ խոնարհ, հեզ: Միայն խոնարհն է, որ կարող է ընդունիլ աստուածային լոյսին շնորհքը: Մինչեւ մարդ իր անձը չխոնարհեցնէ, չի կրնար Աստուծոյ ընդառաջ երթալ: Քրիստոնէական եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը յատկանշուած են մանաւանդ խոնարհութեամբ, օրինակ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ հայոց դարձէն, եկեղեցիներ հիմնելէն յետոյ գնաց ճգնութեան, չէր ուզեր մեծարուիլ, պալատներու մէջ ապրիլ, կաթողիկոսական պատիւ ընդունիլ: Հեռացաւ եւ ճգնութեամբ խոնարհեցաւ Աստուծոյ առջեւ:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Գրիգոր Քահանայ Յովհաննիսեան

Հարցում- Ե՞րբ կարելի է ծոմ պահել, եթէ փափաք կայ զատկուան Ս. Հաղորդութիւնը ստանալ:

Պատասխան- 3 օր շարունակ կը մատուցուի Ս. Պատարագ.

1. Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ

2. Ս. Յարութեան՝ Զատկի Ս. Պատարագ

3. Մեռելոցի Ս. Պատարագ

Եթէ անձը առողջ է, ապա կարելի է Ուրբաթ երեկոյէն սկսեալ պահել ծոմ եւ Շաբաթ երեկոյեան՝ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագին մասնակցելով՝ ստանալ Ս. Հաղորդութիւն, այնուհետեւ վայելել զատկուան ուտելիքները: Եթէ երկարատեւ ծոմապահութիւնը բարդ է, ապա կարող էք ծոմ պահել Շաբաթ առաւօտէն եւ հաղորդուիլ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագին:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Շահէ Քահանայ Հայրապետեան

Հարցում- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը ինչպէ՞ս կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ եւ ի՞նչ կը խորհրդանշէ:

Պատասխան- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ աջ ձեռքի պատկերով կը պահուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը, ճկոյթ մատի կամ ձեռքի ուրիշ մասունքներով:

Սաղմոսներուն եւ մարգարէութիւններուն մէջ աջ ձեռքը Աստուծոյ ստեղծագործ ուժի պահպանութեան եւ շնորհաբաշխութեան աղբիւրն է, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հրաշագործութեան խորհրդանիշը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցաւ Աստուած Իր հրաշագործ ներկայութիւնը բերաւ մեր կեանքէն ներս: Անիկա կը խորհրդանշէ նաեւ եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Անոր համար, զանազան առիթներով՝ մանաւանդ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած տօնին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը թափօրով կը բերուի եկեղեցի՝ ժողովուրդը բարեպաշտ յարգանքին եւ աղօթքներուն մասնակից ըլլալու համար: Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան ժամանակ Ս. Լուսաւորիչի Աջով կը խառնեն Սուրբ Միւռոնը: Ըստ աւանդութեան՝ անոր կը յաջորդէ Սուրբ Միւռոնին եռալը՝ խորհրդանշելով Սուրբ Հոգիի շնորհներուն առատ բաշխումը հաւատացեալներուն:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Տաթեւ Արք. Սարգսեան

Հարցում- Մեծմայրս այս տարի մահացած է, եւ մեր ազգականները չեն արտօներ Ս. Զատիկին կարմիր հաւկիթ ներկել: Միթէ ասիկա ճի՞շդ է:

Պատասխան- Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Յիսուսին Արիւնը, որ հոսեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար: Ուստի հաւկիթը կարմիր ներկելը հոգեւոր ուրախութիւն է եւ մարդոց սուգին չի հակասեր:

Յարգանքով՝
«Քահանայ» կայքէջի խմբագրակազմ

Հարցում- Ի՞նչ ընենք, երբ իմանանք, որ մեր մտերիմներէն մէկը կը բամբասէ:

Պատասխան- Նման պարագայի անմիջապէս պէտք է լսած բանը պարզել այդ մտերիմ մարդուն հետ: Լաւ կ՚ըլլայ հանդիպիլ անոր, հարցնել այդ մասին եւ պարզել լսած տեղեկութեան իսկութիւնը:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Մխիթար Քահանայ Ալոյեան

Հարցում- Ինչո՞ւ քահանաները կը ծառայեն բանակի մէջ: Միթէ եկեղեցին պատերազմը կ՚ընդունի՞:

Պատասխան- Բանակը նախեւառաջ քաղաքացիական հասարակութենէն տարբերող իւրայատուկ կառոյց մըն է՝ հիմնուած խիստ, անվերապահ հնազանդութեան վրայ: Տիրոջ քով եկած հարիւրապետը ըսաւ Անոր. «քանի որ ես ալ իշխանութեան տակ եղող մարդ եմ, ինծի ենթակայ զինուորներ ունիմ. ասոր կ՚ըսեմ ՝ գնա՛, եւ կ՚երթայ, եւ ուրիշին՝ եկուր եւ կու գայ, ծառայիս՝ ըրէ՛ այսինչը եւ կ՚ընէ» (Մատթ. 8.9)։ Զինուորին կեանքը խիստ սահմանափակուած է կանոններով, որոնց համաձայն սահմանուած են ամենէն պարզ գործողութիւնները՝ տեղաշարժիլը, սնուիլը եւ այլն: Բանակին մէջ, ինչպէս վանքին մէջ, կը գործեն սեփական կամքէն հրաժարելով՝ հրամանատարին անվերապահ հնազանդութեան օրէնքով: Հակառակ անոր որ զինուորը «ճատրակի խաղաքարի» պէս է, «սուրի կամ թնդանօթի միս», սակայն չի դադրիր անձ ըլլալէ, որովհետեւ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ: Զինուորին, ինչպէս իւրաքանչիւր անձի, ներքին ազատութիւնը կը կայանայ ճշմարիտի եւ սուտի, բարիի եւ չարի, հաւատարմութեան եւ դաւաճանութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու բարոյական ազատութեան մէջ: Զինուորական ծառայութիւնը անհնար է պատկերացնել առանց հայրենիքի հանդէպ սիրոյ, առանց զինուորականներու մէջ հայրենասիրական զգացումներու դաստիարակութեան, որոնք չեն կրնար չառընչուիլ մերձաւորի նկատմամբ սիրոյն հետ: Բանակի պայմաններուն մէջ մարդը մանաւանդ յոյժ կը զգայ ծնողքի, ընկերներու, սիրելիի հանդէպ կապուածութիւնն ու սէրը: Զինուորական համայնքին մէջ սիրոյ լաւագոյն դրսեւորումներէն են փոխօգնութիւնը, ընկերական, եղբայրական զգացումները, ենթականերուն հանդէպ հրամանատարի հայրական վերաբերմունքը: Սիրոյ բարձրագոյն արտայայտութիւնը անձնազոհութեան պատրաստակամութիւնն է, պատրաստակամութիւնը՝ զոհուելու յանուն հոգեւոր բարձր գաղափարներու՝ հաւատքի եւ Հայրենիքի. «Աւելի մեծ սէր ոչ ոք ունի, քան ան, որ մէկը իր կեանքը տայ իր բարեկամներուն համար» (Յովհ. 15.13), «Եթէ կ՚ապրիք, Տիրոջ համար կ՚ապրիք, եւ եթէ կը մեռնիք, Տիրոջ համար կը մեռնիք» (Հռոմ. 14.8)։ Կրօնական եւ բարոյական արժէքներուն հետամուտ ըլլալը ընդունակ է բարձրացնելու զինուորը՝ հերոսութեան եւ նահատակի սրբութեան բարձր աստիճանի:

Պատերազմի ողբերգական իրադարձութիւնները անոր մասնակից մարդոց կեանքին մէջ անխուսափելիօրէն կը ստեղծեն աններդաշնակութիւն, ներքին հոգեկան երկփեղկուածութիւն, մանաւանդ անոնց, որոնք սպաննած են զինուորականներ կամ այլք: Բանակին մէջ քահանային պարտաւորութիւնն է օգնել զինուորին յաղթելու չարին հետ այդ ներքին հոգեւոր պատերազմը: Քահանան պարտաւոր է օգնել զինուորին հոգեւոր-բարոյական տեսանկիւնէն ճիշդ գնահատել այն գործը, որ ինքը կ՚ընէ, որպէսզի ան բարոյապէս արդարացի եւ սուրբ գործ նկատուի:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Սմբատ Քահանայ Սարգսեան

Հարցում- Եթէ ընտանիքին մէջ նոր ննջեցեալ կայ, Զատիկին հաւկիթ կը ներկե՞ն:

Պատասխան- Նախ «հին կամ նոր ննջեցեալ» հասկացողութիւն չկայ: Բոլոր ննջեցեալները կը գտնուին Աստուծոյ հովանիին տակ, անկախ, թէ ե՛րբ մահացած են:

Սուրբ Յարութեան տօնին, ամէն ինչէ անկախ, հաւկիթը կարմիր կը ներկեն: Հաւկիթը կը նկատուի յարութեան եւ նոր կեանքի սկզբնաւորման խորհրդանիշ: Հետեւաբար չկայ նման կանոն մը, որ Զատիկին, եթէ ընտանիքին մէջ ննջեցեալ կայ, ապա հաւկիթ չեն ներկեր, քանի որ հաւկիթ ներկելը սուգի հանդէպ անարգանք չէ:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Շահէ Քահանայ Հայրապետեան

Հարցում- Ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայ Եկեղեցին ահաբեկիչներուն:

Պատասխան- Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսպիսի կարեւոր աղօթք մը ունի. «Եւ եւս խաղաղութեամբ զՏէր աղաչեսցուք»: Խաղաղութեան համար կ՚աղօթենք Աստուծոյ: Հայ Եկեղեցին երկրի վրայ այն կառոյցն է, որ ամէն օր քանի մը անգամ Աստուծմէ կը խնդրէ խաղաղութեան պահպանում: Քանզի շատ լաւ գիտէ խաղաղութեան գինը, որով բազմաթիւ բարեկարգութիւններ կ՚ըլլան եւ բարի պտուղներ կը ծլարձակին: Իսկ խաղաղութեան կորուստէն կը յառաջանան մահ, արիւնահեղութիւն:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Ղազար Քահանայ Պետրոսեան

Հարցում- Ինչպէ՞ս կարելի է որոշել՝ աղօթքը լսելի՞ է, թէ՞ ոչ: Ո՞րն է աղօթքի լսելիութեան չափանիշը:

Պատասխան- Աստծուցմէ նիւթական բարիքներ պէտք չէ խնդրել, այլ աղօթքի մէջ ըլլալ չափաւոր եւ խնդրել այն բաները, որոնք հնարաւոր են: Օրինակ, եթէ ես Անկէ շատ դրամ խնդրեմ լաւ ապրելու համար, այդ մէկը կրնայ եւ լսելի չըլլալ: Կամ, եթէ առողջական ծանր վիճակի մը մէջ եմ եւ իմ մահս անխուսափելի է, հնարաւոր է, որ իմ աղօթքս՝ երկարատեւ կեանքի խնդրանքով, չլսուի: Եթէ հիւանդ մարդը աղօթքով խնդրէ Աստուծմէ՝ պահել ինքզինք այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ ան առօրեայ կեանքին մէջ ուրիշի օգնութեան կարիքը չունենայ, ինքը հոգայ իր հոգերը, դիմանայ ցաւերուն, այդ աղօթքը լսելի կ՚ըլլայ: Ամէն պարագայի, նախեւառաջ պէտք է խնդրել Աստուծոյ արքայութիւնն ու Անոր բարի կամքը (տես՝ Մատթ. 6:10, 33). նման աղօթքը միշտ ալ լսելի է:

Յաճախ յուսահատութեան պահեր կ՚ունենանք, բայց պէտք չէ յուսահատիլ եւ հրաժարիլ աղօթքէն, այլ՝ միշտ աղօթել:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Դաւիթ Արք. Սահակեան

Հարցում- Ես կը դժուարանամ կարդալ Աստուածաշունչը, որովհետեւ ան բարդ լեզուով մը գրուած է: Ինչո՞ւ այդպէս է, եթէ ան ուղղուած է ողջ մարդկութեան։

Պատասխան- Աստուածաշունչը գրուած է մարդոց համար: Դժուարութիւնները հիմնականին մէջ յառաջ կու գան հոգեւոր կեանքի սխալ գիտակցութենէն, թիւր պատրաստուածութենէն։ Աստուածաշունչը գեղարուեստական գիրք չէ, ան մշտական ընթերցանութեան, ուսումնասիրութեան, հոգեւոր կրթութեան նիւթ է, այնպէս որ մէկ անգամ ընթերցելով հնարաւոր չէ զայն հասկնալ։ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ պատգամն է մարդկութեան, եւ դժուար է անմիջապէս հասկնալ զայն։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչի մասնագէտները իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին կը կարդան, բայց կը դժուարանան ամբողջութեամբ մեկնաբանիլ։ Այնպէս որ, պէտք չէ վախնալ կամ սարսափիլ չհասկանալէ: Կարդացէք նաեւ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու մեկնութիւնները, եւ շատ բաներ Ձեզի համար պարզ կը դառնան:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան

Հարցում- Հնարաւո՞ր է, որ մարդ չհաւատայ Աստուծոյ, սակայն բարի ըլլայ:

Պատասխան- Հնարաւոր է: Դասախօս մը ունէինք, որ Հին կտակարան կը դասաւանդէր: Անգամ մը անոր հարցուցինք, թէ արդեօք Քրիստոսի անունը, անոր վարդապետութիւնը, փրկութեան ճանապարհը չգիտցող, չմկրտուած մարդիկ պիտի չփրկուի՞ն: Ան հետաքրքրական պատասխան տուաւ, թէ անոնք իրենց կատարած գործերուն համաձայն պիտի դատուին: Ով որ լսած է Քրիստոսի անունը եւ ոչ քրիստոնէական կեանքով կ՚ապրի, ուրի՛շ դատաստան պիտի ունենայ անոնց համեմատ, ինչպէս՝ չեն լսած եւ հնարաւորութիւն չեն ունեցած քրիստոնէութիւնը ճանչնալու:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Անուշաւան Վարդապետ Ժամկոչեան

Հարցում- Ի՞նչ տարբերութիւն կայ հաւատքի եւ ներշնչանքի միջեւ:

Պատասխան- Հաւատքն ու ներշնչանքը աստուածպաշտութեան պարագային իրարու հետ եզր անգամ չունին: Ներշնչանքը սեփական ուժերով իր մարմինի հաշւոյն կատարուող գործողութիւնն է, իսկ Աստուծոյ հաւատալով՝ մարդը կը փորձէ վստահիլ ոչ թէ ոեւէ անզօր էակի, այլ՝ Ամենազօրին, Ով որ կարող է անոր կեսակերպին մէջ գործնական մասնակցութիւն ունենալ:

Աղօթարար՝
Վարազդատ Սարկաւագ Քոչարեան

Հարցում- Եթէ ննջեցեալի քառասունքը կը համընկի Ս. Յարութեան տօնին, ինչպէ՞ս վարուիլ:

Պատասխան- Մեռելոցի օրը թող դառնայ քառասունքի արարողութեան եւ ննջեցեալներու յիշատակի օր:

Օրհնութեամբ՝
Տ. Շահէ Քահանայ Հայրապետեան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018