ԱՆԳՂԸ ԵՒ ԱՂՋՆԱԿԸ

1993 թուականի մարտին, լուսանկարիչ-լրագրող Քեւըն Քարթըր գործուղղուեցաւ Սուտան։ Այոտ կոչուած գիւղի մօտ ան զուգադիպեցաւ փոքր աղջնակի* մը, որ ՄԱԿ-ի սննունդի օգնութեան կեդրոն հասնելու ճանապարհին կանգ առած էր յոգնութենէ ու անօթութենէ։ Իսկ փոքր երեխայի ետեւը կանգնած էր անգղ մը, որ կարծէք անոր մահուան կը սպասէր։ Յարմար դիրքը գտնելէն վերջ Քարթըր լուսանկարեց այդ պահը։ Քարթըր այդ ժամանակ չէր գիտեր, թէ աշխարհի ամենավիճայարոյց լուսանկարներէն մին լուսանկարած է։ 

Արհեստավարժ լուսանկարիչը իր ասպարէզը ի գործ դնելու ժամանակ առհասարակ խտրականութեան, սովի եւ դաժանութեան պահեր կ՚որսար աշխարհի բազում երկիրներու մէջ։ «Անգղը եւ աղջնակը» կոչուած այս լուսանկարը, որ յայտնի է նաեւ «Պայքարող աղջիկը» անունով, լոյս տեսած է «The New York Times» պարբերականի 26 մարտ 1993 թուակիր թիւին մէջ։ Հրատարակութենէն վերջ, օրուայ մը ընթացքին հարիւրաւոր մարդիկ հեռաձայնեցին խմբագրատուն, որպէսզի տեղեկութիւն ստանան աղջկան կացութեան մասին։ Տեղեկացուեցաւ, որ աղջնակը փրկուած էր անգղի ճիրաններէն, բայց անոր վերջնական ճակատագիրը անյայտ էր։ Այնուհետեւ Քարթըրին ուղղուեցան բազմաթիւ մեղադրանքներ, թէ ինչո՛ւ ան օգնութիւն չէր ցուցաբերած աղջնակին։ Բուռն քննադատութեան առարկայ դարձած էր Քարթըր։ Վերջինս այս արարքով, բնականաբար, իր վրայ քաշած էր կայծակները, որովհետեւ ան այդ ցաւալի պահը որսացած էր, փոխանակ իր միջոցներով դժբախտ աղջնակը ազատելու՝ անգղի ճիրաններէն։ Ան անսրտօրէն առանձին թողած էր այդ խեղճ, անօթի փոքրիկը՝ սնունդի օգնութեան հասնելու ճանապարհին։ Լայնատարած արձագանգի եւ երեխայի վիճակի վերաբերեալ հարցումներու պատճառով՝ «The New York Times» 1993 թուականի մարտի 30-ին հրատարակեց խմբագրական մը, որու մէջ տեղ տրուած էր լուսանկարիչի յայտարարութիւններուն։ Ըստ այդ յայտարարութիւններուն, աղջնակը վերականգնած ու անգղը հեռանալէն յետոյ շարունակած էր ճամբան, սակայն յայտնի չէր, որ այդ անոք երեխան սննունդի օգնութեան կեդրոն հասա՞ծ էր, թէ ոչ։ 

Այդ ժամանակ, մանաւանդ, Ափրիկէի մէջ պաշտօնավարող լրագրողներուն յորդորուած էր չդպչիլ մարդոց՝ խուսափելու համար փոխանցիկ հիւանդութիւններով վարակուելու վտանգէն։ Քարթըր վերոյիշեալ պահը լուսանկարելէ եւ անգղի հեռանալէն յետոյ, փոխանակ աղջկան օգնելու եւ զայն ճամբար տեղափոխելու, անմիջապէս շտապած էր իր լուսանկարը հասցնել լրատուական գործակալութիւններու։ Քարթըր իրեն դէմ ուղղուած հակազդեցութիւններուն ու արձագանգներուն պատասխանեց՝ ըսելով, որ ինք բուժաշխատող մը չէ եւ այդ ժամանակ լրագրողները կը զգուշացնէին, որպէսզի մարդոց չդպչին համաճարակներու վտանգի պատճառով։

Քարթըր այս պատկերին դիմաց անդրդուելի մնացած էր, որովհետեւ յիշեալ կերակրման կեդրոնին մէջ ամէն օր մէկ ժամուան ընթացքին շուրջ 20 մարդ կը մահանար, հետեւաբար այս փոքրիկն ալ բացառութիւն պիտի չկազմէր։

1994-ին Քարթըր ստացաւ Փուլիցերի մրցանակը։ Իսկ նոյն տարուայ յուլիսի 27-ին ան ինքնասպան եղաւ։ Իր ինքնաշարժին մէջ մեկուսանալով մահացաւ ածխածին մոնոքսիտի թունաւորումէ։ Ինքնասպանութենէն առաջ գրած նամակին մէջ ան յայտնած էր, որ ինքզինք շատ վատ զգացած էր, հոգեպէս ճնշուած եւ մղձաւանջները զինք հանգիստ չէին թողած, անընդհատ կը յիշէր սուտանցի աղջնակը, պատերազմի հետեւանքով մահացողները եւ զանոնք յօշոտելու պատրաստ «անգղերը»։

Քարթըրի այդ ընթացքը տակաւին քննարկման առարկայ է։ Քննադատողներու շարքին կան նաեւ աշխարհահռչակ պատերազմական թղթակիցներ, լրագրողներ։ Անոնցմէ ոմանք կը պնդեն, որ շատ լաւ կը հասկնան Քարթըրը եւ կ՚ըսեն, թէ այն անձը, որ Սուտանի պատերազմի ընթացքին նման պահ մը լուսանկարելու առիթը ունեցած է, աշխարհի ուշադրութիւնը կը դարձնէ այս ռազմին վրայ, այս ձեւով ալ կը նպաստէ օժանդակութիւններու աճին։ Իսկ, ըստ Քարթըրը մեղադրողներուն՝ անոր միակ խորհուրդը եղած է լուսանկարը առաքել լրատուամիջոցներու։

Լրագրողը գուցէ այդ պահուն չփրկեց փոքրիկ երեխան, սակայն այս լուսանկարով այնքան տպաւոիչ նկարագրեց աշխարհի սարսափելի վիճակը, ինչ որ կարելի չէ պատմել գիրքերով կամ երկարապատում յօդուածներով։ 

Այս լուսանկարով ես կ՚անդրադառնամ այն դառն իրողութեան, թէ մարդկութեան դէմ ամենահզօր զէնքը պատերազմն է եւ պատերազմները ծնունդ կու տան ցաւերու, տառապանքներու, գաղթի, փախստականութեան, սովի… Ցաւալի է, թէ մարդոց շահագործումը, կողոպուտը, թալանը, ոճրագործութիւնները, պատերազմական յանցագործութիւնները, իրաւունքներու ոտնահարումը եւ այլն, նոյնիսկ 21-րդ դարուն աւելի տագնապալի մակարդակներու կը հասնին։ Տմարդի, ամօթալի փառամոլութիւնը, եսապաշտութիւնը, անտարբերութիւնը, դրամասիրութիւնը, ընդհանրապէս ագահութիւնը բազում մարդիկ կը զրկեն իրենց բնակավայրերէն, ընտանիքէն, նոյնիսկ իրենց իսկ կեանքէն։

Չէ՞ որ «մեծ ձուկը կ՚ուտէ փոքր ձուկը»…։ «Ուժեղ»ը կա՛մ կը ջախջախէ, կ՛ամ կ՚ոչնչացնէ տկարները եւ կամ անոնք իրեն կախեալ վիճակի կ՚ենթարկէ։ Մարդուն կը մնայ միայն պայքարիլ ամբողջ ուժով, որպէսզի չանհետանայ, չոչնչանայ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ


*2011 թուականին լուսանկարի մէջ երեւցող երեխայի հայրը բացատրեց, թէ «Պայքարող աղջնակը» իրականութեան մէջ տղեկ մըն էր եւ ան խնամուած՝ ՄԱԿ-ի սննունդի օգնութեան կեդրոնին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, խեղճ երեխան 2007 թուականին մահացած է բարձր ջերմի հետեւանքով։

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021