ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՀԱՆՐԱՀՌՉԱԿԵԼ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐԸ

Ի սկիզբ բանիս պէտք է ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ ներկայիս չկայ գրական շարժում,- եւ սա բաւականէ ի վեր,- թէեւ, ի՜նչ խօսք, ունինք մի քանի նոր ուժեր: Կան նաեւ հիները, որոնք իրենց տալիքը տուած են, սակայն կը շարունակեն ստեղծագործել: Թէ՛ հիները, այլ խօսքով՝ վաստակաւորները, ու թէ՛ նորերը ունին ընդհանուր խնդիր մը: Թէկուզ տաղանդաւոր, անոնք «չեն յաջողիր» դուրս գալ իրենց պարտադրուած մութ անկիւնէն ու հարկադրուած կը մնան գրելու ընդամէնը որոշ թիւով ընթերցողներու համար: Սխալ չհասկնանք: Իրենց գործերուն ու անունին անծանօթները ոչ թէ պարզ ու հասարակ, այսինքն՝ գիր ու գրականութեան հետ կապ չունեցող հայն է, այլ նոյնինքն ընթերցասէրը: Ցաւալի երեւոյթ մըն է իսկապէս:

Սակայն ինչո՞ւ հայ գրողին ճակատագիրը այսպիսին է:

Թոյլ տուէք բացատրել:

Հայ գրողը իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը լիուլի կը կատարէ. եւ ի՞նչ է այս պարտականութիւնը,- գիրք գրել: Ան,- խե՜ղճ հայ գրողը, ինչպէս սովոր ենք հառաչելու տիւ ու գիշեր,- իր աշխատանքային ժամերէն ետք տուն կու գայ՝ բոլորովին ուժասպառ ու, կարելի է ըսել, ոչինչ ընելու կարող, մէկդի դրած հանգիստն ու առողջութիւնը՝ կը նստի գրասեղանին առջեւ ու կը սկսի գրել... իր կոչումի՜ն համար (միջանկեալ ըսեմ, որ հոս երկրորդական է՝ լա՞ւ է գրածը, թէ՞ ոչ): Չերկարենք: Գիրքը ուշ կամ կանուխ լոյս կը տեսնէ, գէշ-աղէկ շնորհանդէս մըն ալ տեղի կ՚ունենայ. այսքանը՝ շատ բարի:

Սակայն, ինչպէս գիտէք, արուեստագէտ մը՝ գրող, նկարիչ, երգիչ եւ այլն, կարելի չէ, որ հանրաճանաչ դառնայ,- չի՛ կրնար դառնալ,- եթէ իր աշխատածին չափ չաշխատին ուրիշներ եւս... իրե՛ն համար: Ան պէտք ունի քաջալերանքի ու մա՛նաւանդ գովազդի, կը կրկնեմ՝ գ-ո-վ-ա-զ-դ-ի՛: Պ. Սեւակ կ՚ըսէ. «Լաւ ապրանքը ինքն է ծախուում, ու վատն է, որ պիտի գովես»: Սա բացարձակապէս չի վերաբերիր հայ գիրքին, որովհետեւ լաւը, այո՛, պէտք ունի գովուելու, իսկ վատը՝ ջախջախուելու ու ոչնչացուելու:

Ինչո՞ւ լաւ գիրքն ալ պէտք ունի գովազդի:

Որովհետեւ հայ ընթերցողը ուրկէ՞ պիտի գիտնայ, թէ, նախ եւ առաջ, լոյս տեսած է նոր գիրք մը, ուրկէ՞: Պահ մը մոռնանք՝ լաւորա՞կ է, թէ՞ թափթփուկ: Զայն սիրելու համար պէտք է առաջին հերթին տեղեակ ըլլալ անոր գոյութեան, չէ՞ք կարծեր: Եւ քանի որ այսօր ՍՓԻՒՌՔԻ ընթերցող շրջանակները (ընդհանուր կը խօսիմ՝ առանց նկատի առնելու բացառութիւնները) համարեա կ՚անգիտանան մեր գրական անդաստանի բազմաբոյր ու բազմերանգ ծաղիկները, ուրեմն կարելի է իսկոյն հետեւցնել, որ «ուրիշներ», ինչպէս վերը յիշեցի, բաւականաչափ չեն աշխատիր հայ գրողին համար՝ կարծելով, թէ իրենք որեւէ ընելիք չունին, եւ անոր տաղանդը առանձին բաւարար է նկատուելու, կարդացուելու ու սիրուելու համար:

Մինչդեռ անոնք չարաչար կը սխալին:

Նախքան որ բուն ըսելիքիս անցնիմ, փակագիծ մը բանալով նշեմ, որ Հայաստանի մէջ գէթ մասամբ լուծուած է հեղինակի հանրահռչակման խնդիրը. այո՛, ոչ ամբողջապէս, սակայն այնքան մը, որ կարելի է հիացիկ գոչել՝ «Հայրենի գրողը առնուազն անծանօթ մը չէ իր երկրին մէջ», «Հայրենի գրողը, համեմատած սփիւռքահայ գրողին հետ, ունի ընթերցողներու որոշ խումբ մը», «Ուրախալի է, որ հայրենի գրողին շուրջ կայ հետաքրքրութիւն, ինչը լոկ երազ է սփիւռքահայ գրողին համար» եւ այլն: Անշուշտ պէտք չէ միամտաբար կարծել, թէ հոն գրողը ըստ արժանւոյն կը գնահատուի. սա ուրիշ բան է: Սակայն հաստատապէս կրնանք ըսել, որ անոր այժմու վիճակը մի քանի մղոններով կը գլէ-կ՚անցնի սփիւռքահայ գրողինը, ինչ որ լա՛ւ նախանշան է: 

Ուրեմն, չերկարելու համար, ի՞նչ կայ ի Հայաստան, որ, ցաւօք, կը պակսի ի սփիւռս:

1) ՄԱՄՈՒԼ

Բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ գրական հանդէսներ,- աւելին ալ պէտք չէ,- կամ ընդհանրապէս օրաթերթեր ու ամսագիրներ, որոնց համար, ի՜նչ խօսք, դեռեւս չէ մեռած գրականութիւնը, եւ անոնք շաբաթական թէ ամսական յաւելուածով մը կը փորձեն զայն ապրեցնել, հոգի ու շունչ տալ անոր եւ ինչ-որ չափով նպաստել գրական շարժումի մը ձեւաւորումին, եւ անոնք մեծ մասամբ կը յաջողին:

Սա մեծապէս ողջունելի է:

Անշուշտ կան օրաթերթեր ու ամսագիրներ,- նկատի ունիմ բացառապէս ոչ-գրական հրատարակութիւնները,- որոնք թէեւ լոյս չեն ընծայեր գրական յաւելուածներ, սակայն իրենց տեսադաշտէն դուրս չէ մնացած գրականութիւնը, իմա՝ հայրենի գրականութիւնը (վնաս չէ): Անոնք պարբերաբար հարցազրոյց կը վարեն գրողներու հետ, մեծապէս հետաքրքրական ու շահեկան նիւթեր կը պատրաստեն անոնց մասին՝ չսպասելով յատուկ առիթի մը, ինչ որ իրօք կը նպաստէ, որ խեղճ ու կրակ հայ գրողը դուրս գայ իր «պատեանէն», եւ անոր խօսքը ուժ ու կշիռ ստանայ ընթերցո՛ղ շրջանակներու մէջ (թէպէտեւ տակաւին շատ ու շատ կանուխ է զինք հեղինակութիւն համարել՝ բառիս բուն իմաստով):

Այս բոլորէն կ՚արժէ օրինակ առնել:

Այսօր սփիւռքը կը տառապի գրական հրատարակութեանց պակասէն: Կայ ու կը մնայ Պէյրութ լոյս տեսնող «Բագին»ը, որ, կարելի է ըսել, կը ճգնի գրեթէ առանձին կատարել քանի մը հանդէսի գործը: Բացի այդ՝ կար,- ու դժբախտաբար այլեւս չկայ,- «Կամար»ը, որ նոյնպէս կարեւոր բաց մը կը գոցէր: Մոնթրէալի մէջ կը շարունակուի «Հորիզոն գրական»ը, որ կոկիկ հրատարակութիւն մըն է: Չմոռնանք նշելու Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը (թէեւ վստահ չեմ՝ կը հրատարակուի՞, թէ՞ դադրած է):

Մեր յարգանքը բոլորին, սակայն այսքանը բաւարար չէ՝ սփիւռքահայ գրողին փառք ու հռչակ ապահովելու համար: Մանաւանդ որ օրաթերթերն ու ամսագիրները չեն բարեհաճիր անդրադառնալ մեր ժամանակակից գրողներուն՝ սա կամ նա ձեւով:

Ու տեղին հարցում մը. մամլոյ, այսպէս ըսած, «առաքելութիւնը» միայն օրուան չոր ու ցամաք լուրերը հաղորդե՞լն է: Ո՛չ, այս չէ. ասկէ շատ աւելին է:

Չշեղիմ հիմնական նիւթէն: Վերադառնամ վերջին ըսածիս ու այնտեղէն շարունակեմ յառաջ ընթանալ: Ըսի՝ «չեն բարեհաճիր անդրադառնալ մեր ժամանակակից գրողներուն՝ սա կամ նա ձեւով»:

Ա՛րդ, ինչպէ՞ս պէտք է «անդրադառնան» անոնք:

Բացատրեմ:

ա) ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ. կայ հարց ու պատասխանի աւանդական ձեւը, որուն բոլորս ալ ծանօթ ենք: Միայն թէ կ՚արժէ հարցումները աւելի հետաքրքրական դարձնել, եւ չկարծէք, թէ կարելի չէ: Ըսե՞մ, թէ ինչպէ՛ս,- փոխանակ նոյն հարցումները տաքցնել-ուղղելու գրողին (օր.՝ անոր գրական գործունէութեան մասին. ե՞րբ սկսաւ գրել, ինչո՞ւ, ո՞վ քաջալեր հանդիսացաւ իրեն եւ այլն)՝ լաւ չ՚ը՞լլար, որ անգամի մը համար զրուցավարը կարդայ հեղինակին բոլո՜՜՜ր, բոլո՜՜՜ր գործերը ու ինքնիրեն պատրաստէ հարցարան մը՝ ուղղուած անոնց թէ՛ դրական ու թէ՛ բացասական, իմա՝ քննադատելի կողմերուն, տեսնելու համար, թէ հեղինակը ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէ անոնց:

բ) ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ. Խրախուսելի է, որ օրաթերթերն ու ամսագիրները (անոնք, որոնք գրական յաւելուած չունին) շաբաթակա՛ն յատուկ բաժին մը յատկացնեն գրականութեան ու մեզի բերեն լուրեր մեր... գրողներէն: Ներկայիս ինչո՞վ կը զբաղին անոնք, նոր գիրքի մը վրայ կ՚աշխատի՞ն. եթէ այո՛, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր նիւթը եւ այլն (իրապէս հազարումէկ բան կայ հարցնելու): Պատկերացուցէ՛ք, որ,- թէեւ կը կասկածիմ, բայց ինչեւէ,- բոլոր օրաթերթերն ու ամսագիրները (կամ անոնց մէկ մասը) գործադրեն տուեալ առաջարկը ու այսուհետեւ ամէն շաբաթ լուր մը ստանանք սա կամ նա գրողէն: Ի՜նչ հրաշալի կ՚ըլլայ, այնպէս չէ՞: Եւ գիտէ՞ք, չէ՞, որ երբ տաղանդաւոր մարդոց մասին տեւաբար խօսուի, անոնք ինքնաբերաբար վեր կը բարձրանան ու մէկէնիմէկ կը յայտնուին հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

Ասոնք ընդամէնը օգտակար առաջարկներ են: Եթէ քիչ մը եւս մտածենք, կը տեսնենք, որ ուրիշներ ալ կան: Սակայն գործադրել-չգործադրելը կախեալ է նոյնինքն խմբագիրէն: Ան ինչե՜ր չի կրնար փոխել, ինչե՜ր:

Ճիշդ այս պատճառով հարկ է ո՛եւէ մէկը չնստեցնել այդ աթոռին:

Մե՜ղք է:

2) ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ, ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ԱՅԼՆ

Հայաստանի մէջ, երբ գրող մը գիրք հրատարակէ, գրական շրջանակները անմիջապէս կը կազմակերպեն հանդիպում-քննարկում մը. սա՝ շնորհանդէսէն զատ: Կը հնչեն թեր ու դէմ կարծիքներ. ամենակարեւորը՝ դէմ: Անկարելի է, որ գիրք մը քննադատելի կէտեր չունենայ, չի՛ կրնար ըլլալ: Նոյնիսկ մեր կողմէ ընդունուած, դասականացած ու այլեւս մեզի սիրելի դարձած գիրքեր ունին,- կրնա՛ն ունենալ,- թերութիւններ ու վիճելի-սրբագրելի հատուածներ: Սա շատ բնական է:

Արդարեւ, սփիւռքի մէջ նման երեւոյթներ կը համարուին ոչ այլ ինչ, քան ամօթանք ու անարգանք: Հոն մտայնութիւնը բոլորովին ուրիշ է՝ «եղածը չկորսնցնենք»: Մինչդեռ սա բացէ ի բաց սխալ է: Այսպէ՛ս է, որ եղածը կը կորսնցնենք, այո՛: Որովհետեւ այսպիսով կը սպաննենք համընդհանուր խանդավառութիւնը: «Ա՜հ, բոլո՞ր գործերն ալ լաւ են, եղա՜ւ». կը բանաս գիրքը ու կը սկսիս կարդալ: Մեծ հիասթափութիւն կ՚ապրիս, քանզի, ո՛չ, այնքան ալ լաւ չէ ան: Ինչո՞ւ կը փորձենք թէ՛ լաւը ու թէ՛ վատը պարտադրել ընթերցողին:

Սա, ի հարկէ, ձեւ մըն է հայ գրողն ու անոր գործը հանրահռչակելու բիւրաւոր ձեւերէն:

Նոյն ծիրէն ներս...

Գրական ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան առիթէ-առիթ, ինչ որ մեծ նշանակութիւն չունի ընդհանրապէս եւ չ՚ունենար ընթերցասէրներուն համար, ինչպէս կը տեսնենք: Ինչո՞ւ,- քանզի անոնք կը կազմակերպուին ի պաշտօնէ ու առ ի պարտականութիւն եւ ո՛չ թէ ինքնեկ մղումով մը: Սա ակնյայտ է:

Իրողութիւնը այն է, որ ձեռնարկներու թեման ալ սահմանափակ է: Սովորաբար,- շատ քիչ բացառութեամբ,- կ՚անդրադառնանք մեր դասական գրողներուն ու անոնց գործերուն: Սա անհրաժեշտ է, սխալ չհասկցուիմ: Անոնք մեր անփոխարինելի արժէքներն են: Սակայն, ըստ երեւոյթին, լրիւ կը մոռնանք, որ այսօր ալ կան հեղինակներ, որոնք կը սպասեն մեր բոլորին գուրգուրանքին. չեմ ըսեր՝ գնահատանքին, որովհետեւ գուրգուրալ չի նշանակեր գնահատել անպայման, այլ անոր հետ մէկտեղ՝ կարծիք յայտնել եւ ուղղութիւն ցոյց տալ, որուն կարիքը ունին անխտիր բոլոր գրողներն ալ՝ տաղանդաւորէն մինչեւ անտաղանդը:

Որպէսզի միակերպ ու մասամբ ալ ձանձրալի չըլլան գրական ձեռնարկները, ըստ իս՝ անոնց այժմէական շունչ ու ոգի տալու, քիչ մըն ալ խանդավառութիւն ստեղծելու նպատակով անհրաժեշտ է, զոր օրինակ, կազմակերպել դասախօսութիւններ՝ պարզապէս ներկայացնելու համար մեր այսօրուան ուժերը՝ նոր թէ հին, մէկ խօսքով՝ հրապարակի վրայ եղողները:

Խնդիրը այն է, որ,- մոռնանք պարզ ու հասարակ սփիւռքահայը,- ընթերցողն իսկ շատ անգամ տեղեակ չէ ժամանակակից գրողներուն ոչ միայն գործին, այլ նաեւ գոյութեան: Քանզի զանոնք ոչ ոք կը ներկայացնէ իրենց. անոնք ճամբայ իյնալով՝ փողոց առ փողոց պիտի չվազեն «ապրանքին» ետեւէն, այլ ճիշդ հակառակը:      

3) ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐ

Մամուլին չափ ու թերեւս այնտեղէն ալ աւելի մենք հոս ընելիք ունինք:

Գաղտնիք չէ, որ ներկայիս ընկերային ցանցերը՝ «Ֆէյսպուք»ն ու «Ինսթակրամ»ը, մէյ մէկ տիտաններ են, որոնք յաջողած են իրենց ափերուն մէջ առնել ամբողջ աշխարհը: Մարդ, տունը նստած, կրնայ շատ հանգիստ գիտնալ, թէ հազարաւոր քիլօմեթր հեռու բնակողը ի՛նչ կ՚ընէ, ինչո՛վ կը զբաղի եւ անգամ ի՛նչ կ՚ուտէ:

Կան զուտ գրական էջեր, ի հայրենիս, որոնք «ընթեռնելի» յօդուածներ կը պատրաստեն մեր ժամանակակից հեղինակներուն մասին (անշուշտ հայրենի հեղինակներուն, որովհետեւ իրենց համար «սփիւռքահայ» եզրը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի): Օրինակ՝ որո՞նք են մեր այսօրուան ուժերը՝ բանաստեղծ թէ արձակագիր, անոնցմէ ո՞վ ինչ գործեր հրատարակած է, յատկանշական հատուածներ անոնց ստեղծագործութիւններէն, կարճ (հարցա)զրոյց գրական այս կամ այն թեմային շուրջ եւ այլն. այս ու նման բազմաթիւ շահեկան նիւթեր կարելի է գտնել արհեստավարժօրէն գործող այդ էջերուն մէջ:

Սփիւռքը պարտի հետեւիլ այս օրինակելի քայլին:

Առնենք ընթերցասէր մը, որ ծանօթ չէ, անունն իսկ լսած չէ այսինչ,- ան կրնայ ըլլալ ո՛եւէ մէկը,- տաղանդաւոր բանաստեղծին: Ֆէյսպուքեան էջ մը, որուն հետեւորդներէն է ինք, կատարած է, ուրեմն, հրապարակում մը՝ համառօտ ներկայացնելով անոր կենսագրութիւնն ու գործերը: Առաջին անգամն է, որ ան կը լսէ այս բանաստեղծին անունը, ուստի երկար կանգ չ՚առներ հոն գրուածին վրայ: Եւ ահա երկրորդ անգամ՝ նորէն նոյն անունը. պահ մը կը խորհի՝ «նախապէս ալ հանդիպած եմ այս անունին. ըստ երեւոյթին, տաղանդաւոր է»: Ու ընդամէնը այսքան. աւելի խորքին չ՚երթար: Սակայն երբ երրորդ անգամ ալ նոյնը կը պատահի, ա՛լ վերջ. իր մէջ ինքնաբերաբար ցանկութիւն կ՚արթննայ կարդալու այս բանաստեղծին գործերէն գոնէ մի քանին: Այսքան:

Ու մնացեալը պատմութիւն է:

Խօսեցանք «Ֆէյսպուք»ի ու «Ինսթակրամ»ի մասին: Հիմա անցնինք «Եութիուպ»ին:

Առաջին երկուքին չափ «Եութիուպ»ն ալ տիտան մըն է:

Տեսողական մշակոյթը, ինչպէս գիտենք, կը գերիշխէ այսօր: Սեպենք, թէ քաղաքական գործիչ էք եւ պատգամ մը պիտի յղէք հանրութեան: Զայն առաջին հերթին փորձեցէ՛ք գրաւոր, ապա տեսերիզով մը: Ո՞ր մէկը աւելի ազդեցիկ կ՚ըլլայ (թող սխալ մեկնաբանութեանց տեղիք չտայ այս հարցումը. միտքս ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ցոյց տալ տեսողական նիւթի մը անմիջական ազդեցութիւնը դիտորդին վրայ):

Սակայն եկէ՛ք-տեսէ՛ք, որ հայ ժամանակակից հեղինակներուն առընչուող ընդամէնը հատուկենտ նիւթեր կան «Եութիուպ»ի վրայ, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է: Շեշտելով ըսեմ, որ նկատի չունիմ երկրորդական ու երրորդական հեղինակները, այլ յառաջատարները: Չկա՞ն,- ի հարկէ կան ու, անտարակոյս, արժանի են մեր ուշադրութեան:

Ինչպէս կը նկատէք, այնքան աշխատանք կայ, սակայն...

Նախաբանիս մէջ նշեցի, որ հայ գրողը անթերի կը կատարէ իր պարտականութիւնը, որ է՝ գիրք գրել: Միւսներուն՝ ալարկոտներուն, որոնք «անգործ-անբան» նստեր են, հետեւեալը ըսեմ. դժուա՞ր է հայ գրողին պէս ըլլալ պարտաճանաչ:

Ինչո՞ւ, բացատրեցէ՛ք:

Ե՛ս բացատրեմ:

Որովհետեւ չէք հաւատար, որ միասնաբար կարելի է ինչ-որ բան փոխել մեր գրական իրականութեան մէջ: Կը նախընտրէք խաւարին մէջ նստիլ, քան աջ ու ձախ լոյսի նշոյլ մը փնտռել ու դուրս գալ անկէ:

Եւ, վստահ եղէ՛ք, այնքան ատեն որ շարունակէք այս մտայնութեամբ ապրիլ, խեղճ ու կրակ հայ գրողին վիճակուած ճակատագիրը պիտի մնայ անփոփոխ. այսինքն՝ գրել-արարել-ստեղծագործել տարինե՜ր, տարինե՜ր շարունակ, աչքի լոյս թափել իւրաքանչիւր բառ ու տողի վրայ, գրականութիւն պահել, սակայն անծանօթ մը ըլլալ հայ ընթերցողին համար:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021