ՏԽՈՒՐ ՔԱՂԱՔԻ ԼՈՒՍԱԲԱՑԸ

Երբեմնի խինդդ կորսուեցաւ: Անառակ զաւակներդ որոշեցին քու գալիքդ: Պայքարող տեսակդ քու գրկիդ մէջ կը հանգչի խաղաղութեամբ: Այս տեսակը չվերացաւ՝ կ՚ապրի: Սակայն, ակամայ, կը թուի, թէ այդ տեսակի մէջ մարեցաւ պայքարի ջիղը:

Հայրենիք դուն ցաւէն կ՚ոռնաս, իսկ մենք կը շարունակենք ապրիլ մեր միապաղաղ կեանքով: «Ինձմէ զատ ամէնքը յանցաւոր են: Ես բան մը չըրի: Ես օրինաւոր քաղաքացի մըն եմ՝ շատ սրտցաւ: Գիշեր ու զօր իմ մտքին հայրենիքս է», այս է իւրաքանչիւրի մտքին: Շատեր կը սպասեն շրջապտոյտի, հրաշքի մը, ինչ որ կը յապաղի: Վերեւներէն կ՚ակնկալեն պատասխանատու, վճռական քայլ մը: Բեկումը միայն վերեւները կրնան մտցնել:

Ճշմարտութիւնը մէկ հատ է: Ես ու մենք մորթապաշտ ու եսասէր դարձած ենք: Ոչ մէկը յանուն հայրենիքի փրկութեան պատրաստ է ինքնազոհութեան: Սէրը կը պահանջէ զոհողութիւն, խաղաղութիւնը նոյնպէս ունի գին՝ կեանքի:

Սեղանի շուրջ բոլորուած ատեն կը սիրենք փիլիսոփայել: Դիւրութեամբ կը գտնենք յանցաւորները: Կ՚արտայայտենք իմաստուն միտքեր, որոնք կը շրջանցեն մեր անձերը՝ ուրիշը թող ընէ: Հայրենիքի փրկութիւնը կը վստահինք երկրորդ անձին, սակայն ոչ մենք մեզի. «Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չազատեցան դաւաճան իշխանութիւններէն... ինչո՞ւ բան մը չեն ձեռնարկեր... Մի՞թէ չեն գիտեր ուղիները... Ինչո՞ւ ձեռքերը ծալած կը հետեւին Արցախի ու Հայաստանի փլուզումին, ոչնչացումին»: Ես նոյնպէս քարկոծողներէն մին էի: Ապտակ մը ստիպեց զիս տեսնելու, զգալու սեփական փոքրոգութիւնը, ոչնչութիւնը, եսասիրութիւնը, թուլամորթութիւնը, սեփական վախը:

Սեղանի մը շուրջ ընկերներով հաւաքուած, նորէն կը քննադատէինք մեր շուրջինները, յանցաւորները կը խարազանէինք: Ակամայ առերեսուեցայ իրականութեան, ճշմարտութեան. «Իրավիճակը տակաւին օրհասական չէ, ընկերնե՛ր: Տեսէք այսօր օրերէն կիրակի է: Լոյս բացուեցաւ խաղաղութեամբ: Քաղաքը կ՚ապրի, մենք ալ քաղաքի մէջ: Երկինքը պարզկայ է: Խանութները լեցուն են ուտելիքներով: Մեր գրպաններու պարունակութիւնը կը բաւէ մեր որովայնները յագեցնելու, նոյնիսկ աւելիին: Մենք կրնանք մեզի թոյլ տալ այցելել սրճարաններ, ճաշարաններ: Թէպէտ դուրսը ցուրտ է, սակայն տունը տաք: Թեթեւ կը հագուինք: Ունինք բնական կազ, լոյս, տաք ու պաղ ջուր: Սառնարանները ուտելիքով լեցուն են: Մեր սեղանները լեցուն են: Իսկ մենք կուշտ փորով, թեթեւ հագուած, գեղեցիկ տունի մը մէջ նստած կը քննադատենք բոլորը, բացի մենք մեզմէ: Մեզմէ ո՞վ պատրաստ է ինքզինքը զոհաբերելու յանուն հայրենիքին. ո՛չ մէկը: Ամէնքս երկրորդ անձէ մը կը սպասենք այդ քայլը: Մենք պատրաստ չենք մեր անձերը, մեր ընտանիքները, ինքզինքնիս ֆիզիքապէս ենթարկելու վտանգի: Կը նշանակէ, թէ մորթապաշտ ենք: Նոյնիսկ պատրաստ չենք յանուն հայրենիքի զրկուելու աստուածատուր լոյսէն, բարեկեցիկ կեանքէն:

Ցանկութեան պարագային նոյնիսկ այս օրերուն կրնանք հասնիլ Արցախ: Կրնանք հաստատուիլ, ապրիլ Արցախի մէջ: Սակայն մեզմէ ո՞վ պատրաստ է հանդերձ ընտանեօք յայտնուիլ շրջափակումի մէջ. ո՛չ մէկը: Մենք նոյնիսկ պատրաստ չենք Աստուծոյ դառնալու: Տէրը ճանչնալու, սիրելու, Անոր կամքով ու պատուիրաններով ապրելու: Մենք պատրաստ չենք մեղքէ հրաժարելու, բարին ճանչնալու եւ սիրելու: Մենք պատրաստ չենք մեր բոլոր հոգերը Տիրոջ յանձնելու, մեր կեանքը, մեր ուղին անոր վստահելու: Մենք կառչած ենք մարդոցմէ: Եւ մարդոցմէ կը սպասենք հրաշքներ. սպասելով ալ պիտի մնանք, մինչեւ չդառնանք դէպի Աստուած: Մինչեւ չընկղմինք մեր սեփական մեղքերու յատակը, մինչեւ հայրենիքը մեզի համար չդառնայ վեհագոյն հասկացողութիւն մը: Մենք հայրենիքը պիտի սկսինք սիրել ոչ միայն մեր մտքի մէջ, այլեւ օրինակով, վճռական քայլերով: Այդժամ պիտի յաջողինք ու կերտենք նոր յաղթանակներ: Այդժամ մեր պահանջները պիտի ըլլան արդար: Այդժամ պիտի ըլլանք արդարամիտ ու սրտցաւ:

Այսօր մեր պայքարը միայն մեր ուղեղներու մէջ է: Այսօր ես յանուն Արցախի կը ձեռնարկեմ ոչինչ: Այսօր ես յանուն հայու արժանապատուութեան վերականգնումի կ՚ընեմ ոչինչ:

Ժամանակն է բողոքելու փոխարէն՝ գործելու:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023