«ՄԱՐԶԱՆՔԸ ԵՒ ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»

Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մէջ Մա­յիս 27-Յու­նիս 12 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ պի­տի բա­ցուի «Մար­զան­քը եւ հայ  մարմ­նա­մար­զու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ» խո­րագ­րեալ ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Փարիզի 6-րդ թաղամասի «Մուազան» ցուցասրահին մէջ։

Ըստ «Նոր Յա­ռաջ»ի, այս բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէ­սին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին ինք­նա­տիպ լու­սան­կար­ներ, բա­ժակ­ներ, մե­տայլ­ներ, մար­զա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու որ­մազդ­ներ, թեր­թեր եւ հայ­կա­կան մար­զա­կան կեան­քին ա­ռըն­չուող այլ փաս­տա­թուղ­թեր՝ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, ո­րոնց մեծ մա­սը Ճօ­լօ­լեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ նուի­րուած է:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է որ­պէս լրա­ցում Հայկ Դե­մո­յեա­նի գիր­քին, եւ կը բաղ­կա­նայ 18 պաս­տառ­նե­րէ. մարմ­նա­մար­զու­թեան եւ մար­զան­քի զար­գա­ցու­մը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, հայ  մարմ­նա­մար­զու­թեան եւ մար­զան­քի զար­գա­ցու­մը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, մար­զա­կան շար­ժու­մը եւ մարմ­նակր­թու­թիւ­նը Իզ­մի­րի մէջ, մարմ­նա­մար­զու­թեան եւ մար­զան­քի զար­գա­ցու­մը պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի եւ Կի­լի­կիոյ մէջ, հայ կի­նե­րը եւ մարմ­նակր­թու­թիւ­նը, Հայ­կա­կան ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը (1911-1914), հայ մար­զիկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը 1912-ի Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն, մար­զան­քը եւ ազ­գայ­նա­կան մրցակ­ցու­թիւ­նը, Մեծ Ե­ղեռ­նի ըն­թաց­քին ան­հե­տա­ցած հայ մար­զիկ­նե­րը, հայ­կա­կան մար­զան­քը Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տէն յե­տոյ, մարմ­նա­մար­զու­թիւ­նը եւ մար­զան­քը հայ­կա­կան որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ, հայ սկաու­տա­կան շարժ­ման ծնուն­դը եւ ա­նոր զար­գա­ցու­մը:

Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, հայ մար­զա­կան պատ­մու­թիւ­նը սկսած է 19-րդ դա­րա­վեր­ջին: 20-րդ դա­րու սկիզ­բը Իզ­մի­րի եւ Պոլ­սոյ մէջ ստեղ­ծուած են ֆութ­պո­լի հայ­կա­կան ա­ռա­ջին խում­բե­րը: Շա­ւարշ Քրի­սեան, Մկրտիչ Մկրեան եւ այլ մար­զիկ­ներ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած են հայ­կա­կան մար­զան­քի տա­րած­ման գոր­ծին մէջ, Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն ներս:

Հայ մար­զիկ­ներ՝ Վահ­րամ Փա­փա­զեա­նի եւ Մկրտիչ Մկրեա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Սթոք­հոլ­մի 5-րդ Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն ե­զա­կի դրուագ մը հան­դի­սա­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մար­զա­կան պատ­մու­թեան մէջ: Ա­նոնք ե­ղան օս­մա­նեան դրօ­շին տակ մրցող ա­ռա­ջին մար­զիկ­նե­րը:

Շա­ւարշ Քրի­սեան հրա­տա­րա­կեց Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մար­զա­կան ա­ռա­ջին ամ­սա­գի­րը՝ «Մարմ­նա­մարզ»ը (1911-1914):

1911-1914 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ, տաս­նեակ­նե­րով ա­կումբ­ներ, մար­զա­կան եւ մարմ­նակր­թա­կան խում­բեր կը կազ­մա­կեր­պէին Հայ­կա­կան ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղեր, ուր մար­զիկ­նե­րը կը հաս­տա­տէին մրցա­նիշ­ներ եւ յաղ­թա­կան­նե­րը կը ստա­նա­յին ար­ծա­թեայ մե­տայլ­ներ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016