«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ «Մարալ»ի թէ՛ բուն կազմը եւ թէ մանկապատանեկան կազմը գեղարուեստասէրներուն ներկայացան՝ հերթական անգամ արդարացնելով իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ յայտնի կրթական մշակ Հերա Իսքէնտէրօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Մարալցիները տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ՝ մինչ բոլորը առիթն ունեցան ըմբոշխնելու հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնն ու պարերը։

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան՝ իրենց ընտանիքներով։

Երեկոյթի աւարտին բոլոր հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին մարալցիներու արձանագրած փայլուն յաջողութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019