ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (18)
Կապոյտ մզկիթի շէյխը ներս հրաւիրեր էր Ֆարզատ քեռին ու Զանան, թէյ խմելու։ Թեհրանէն եկած անկոչ հիւրերը մտեր էին ներս, անցեր շէյխի տաքուկ կացարան, կտրուեր Երեւանի փետրուարեան պաղէն։
-Ահա, նստեցէք, թէյն արդէն կրակին է...
Քեռին յատակին դրուած բարձերէն մէկուն վրայ տեղաւորուեցաւ անմիջապէս։ Զանան ոտքը կոտրելէն ի վեր առաջին անգամ պիտի նստէր այդպէս ծալապատիկ։ Ամօթէն բան մը չըսաւ, եւ կամաց փորձեց տեղաւորուիլ։ Ցաւն անխուսափելի էր սակայն. բերնէն հանած փոքր հառաչանքը չվրիպեցաւ շէյխին ուշադրութենէն։ Վերջինս հարցական նայուածքով մը ընկերոջ՝ Ֆարզատին նայեցաւ։ Գլխով-աչքով-ձեռքերով «կը պատմեմ» մը փոխանցեց քեռին, եւ շէյխը հեռացաւ սուլել սկսած թէյնիկի ուղղութեամբ։
Զանան հանգիստ չէր։ Մտքէն չէր անցած, որ մզկիթ պիտի բերէր զինք քեռին։ Երեւան գալը բոլորովին այլ պատկերացուցած էր ինք. իր ծանօթ աշխարհէն, ծանօթ մարդոցմէ եւ անցեալէն կտրուիլ, նորոգուիլ ուզած էր. այդ փնտռտուքով ճամբայ ելած...
-Երկա՞ր պիտ՚ մնանք։
-Նոր եկանք, Զանա...
Վերադարձաւ շէյխը, թէյնիկն ու երեք բաժակներ ձեռքին։ Նախ վերջինները տեղաւորեց ցած սեղանիկին վրայ, յետոյ դանդաղ ու շքեղ շարժումով մը լեցուց զանոնք հետզհետէ մթագնող հեղուկով։ Նստաւ հիւրերուն քով, բաժակը վերցուց, տարաւ շրթներուն, թեթեւ ձայնով մը քաշեց ումպ մը տաք հեղուկէն, եւ, անյարմար լռութիւնը կտրելով, ու ակնյայտօրէն արդէն անհամբեր, դիմեց Ֆարզատ քեռիին.
-Եղբայր, չըսե՞ս սա տղան ով է, ի՞նչ է եղեր...
-Քրոջս տղան է Հասան... Զանան է՝ Պամէն...
Քաղաքի անունը լսելով՝ ցնցուեցաւ շէյխը. սկսաւ կռահել, բայց թոյլ տուաւ, որ Ֆարզատը շարունակէ։
-Բոլորը գացին, ինքը մնաց... ես այդ օրը հոն էի. ժամ մը ետք հասայ աղէտէն եւ գտայ զինք։ Ի՞նչ ընէի, որո՞ւն ձգէի... հետս տարի Թեհրան...
-Ճիշդ ըրեր ես... Ալլահին կամքն էր երեւի...
-Մնաց մեր մօտ ամիս մը... յետոյ, երբ իմացաւ, որ Երեւան գամ պիտի... առաջարկեց հետս գալ ու... մնալ։ Մնալ այստեղ։
Շէյխ Հասանը առաջին անգամ ըլլալով աչքերովը լաւապէս զննեց Զանան։
-Ինչո՞ւ...
-Եթէ կարենաս՝ իրեն հարցուր, իրմէ իմացիր... ես չհասկցայ... բայց, այս ալ ըսեմ ու ձգեմ, որ կարծիքդ տաս... առաջին պահէն յօժարեցայ։ Միտքս բնականաբար դուն եկար... ի հարկէ, քու մասին չէր գիտեր, մզկիթի մասին իսկ չէր լսեր... բայց մտածեցի, որ բան մը կար, թաքուն դրդապատճառ մը թերեւս, որ զինք հոս՝ քու մօտ կը մղէր...
Շէյխը լսեց Ֆարզատ քեռին մինչեւ վերջ, մէկ կողմէն մօրուքը շոյելով։ Թէյի բաժակը տարաւ բերնին, ումպ մը եւս առաւ. նշանակալից նայեցաւ Զանային, ու
-Ալլահին կամքն էր երեւի...
ԵՐԱՄ
•շարունակելի
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024