ՏՈՒՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Երկու ամիս առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հայ անուանի գործիչ Վարդան Գրիգորեան՝ կեանքի հետաքրքրական ուղի անցած պատմաբանը, ակադեմիկոսը, ուսուցիչն ու հանրային գործիչը, որ իր հարուստ կեանքի փորձառութիւնը նկարագրած է «Տուն տանող ճանապարհը» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ: Տարիներ առաջ անգլերէնով լոյս տեսած այս յոյժ հետաքրքրական գիրքը Վարդան Գրիգորեանի մահէն մէկ ամիս առաջ հայերէնով լոյս տեսաւ Հայաստանի մէջ եւ ան իր կեանքի ճանապարհին մասին գրած գործը տեսաւ նաեւ հայերէնով տպագրուած:
Գունեղ ու պատկերաւոր նկարագրութեամբ, ուսանելի ու յուզիչ այս յուշագրութեան մէջ Վարդան Գրիգորեան կը պատմէ իր անցած ճանապարհը՝ Թաւրիզի մէջ հայ քրիստոնեայի մը թշուառ մանկութենէն մինչեւ աշխարհի կրթուած քաղաքացի, աղքատ տղու մը ապրած կեանքէն մինչեւ աշխարհի նշանաւոր մարդոցմէ մէկը դառնալը…
Վարդան Գրիգորեան իր ծննդավայր Թաւրիզին մասին գիրքին յառաջաբանին մէջ կը նկարագրէ, որ այդ հինաւուրց քաղաքը փոթորկոտ ու փառահեղ անցեալ մը ունեցած է: Ինք ծնած է քաղաքին աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ. մանկութիւնը անցած է եկեղեցւոյ, դպրոցի, ամերիկեան շարժանկարներու ու աւելի մեծ աշխարհի հանդէպ սիրով ու անյագ ընթերցանութեամբ: Գրիգորեան շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը պատմէ Թաւրիզէն Լիբանանով Գալիֆորնիայով, Թեքսասով, Փենսիլվանիայով, Ռոտ Այլընտով եւ բազում այլ վայրերով Նիւ Եորք հասնելու իր պատմութիւնը, թէ ինչպէս այդ ամբողջ ճանապարհին, գիտելիքի ծարաւ ունենալով եւ անվերջ գիտելիք ստանալով, ի վերջոյ, հասած է աշխարհի նշանաւոր կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահի պաշտօնին: Կազմակերպութիւն մը, որ իր առաքելութիւնը հռչակած է գիտելիքի տարածումը աշխարհի տարածքին։ «Ասիկա այն կեանքն է, որ երբեք չէի սպասեր, որ կ՚ունենամ», իր աղքատութենէն ու զրկանքներէն մինչեւ յաջողութիւններ հասած կեանքին մասին կը գրէ Վարդան Գրիգորեան:
Գիրքը իրանահայ երիտասարդի մը բացառիկ յաջողութեան պատմութիւնն է, որ կ՚ամփոփէ Գրիգորեանի կեանքի բանաձեւը՝ բաց ըլլալ գիտելիքի առջեւ եւ անվերջ կրթուիլ:
Այս գիրքին մէջ բազմաթիւ յայտնի ու անյայտ անուններ ու վայրեր կան: Հեղինակը իր զանազան աշխատանքներուն բերումով ճանչցած է անցեալ դարու շատ նշանաւոր մարդիկը, որոնց մէկ մասին հետ մտերմացած է, եւ այդ ծանօթութիւնները նկարագրած է ամենայն ջերմութեամբ եւ սիրով:
Յուզիչ է անոր առաջին այցը Խորհրդային Հայաստան, ուր հանդիպած է Իրանէն ներգաղթած ազգականներուն, խորհրդային գրողներուն, մտաւորականներուն ու պարզ մարդոց: Խիստ տպաւորիչ են Վարդան Գրիգորեանի անցուցած տարիները Լիբանանի մէջ, ուր ան առանձնակի մտերմութիւն ունեցած է Սիմոն Վրացեանին հետ, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է Գրիգորեանի պատմաբան ըլլալուն վրայ: Բոլոր վայրերուն մէջ Վարդան Գրիգորեան փնտռած է մտաւորականը, գիրը, գրականութիւնը եւ մանաւանդ՝ գրադարանը, որ Գրիգորեանին համար միշտ եղած է առասպելական վայր մը, գրեթէ հաւասար սրբավայրի:
Ահա թէ ինչու, յետագային, աշխատելով Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին մէջ եւ ըլլալով անոր տնօրէնը, յիրաւի կոչուած է «Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի փրկիչ»ը, փրկելով գրադարանը անկումէ եւ զայն դարձնելով Ամերիկայի գլխաւոր պատկերներէն մէկը, Նիւ Եորքի դէմքը:
Վարդան Գրիգորեանի «Տուն տանող ճանապարհը» գիրքը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայած է Հայաստանի «Նիւմեգ» հրատարակչութիւնը, որ վերջին տարիներուն համաշխարհային նշանակութեամբ գիրքեր կը թարգմանէ հայերէնի, շեշտը դնելով օտարագիր հայ հեղինակներու գործերուն վրայ: Հրատարակչութեան տնօրէն Արտակ Ալեքսանեան կ՚ըսէ, թէ Վարդան Գրիգորեան ընթերցած է հայերէնի թարգմանուած բոլոր էջերը, հաւանութիւն տուած է թարգմանութեան, գիրքին կողքին եւ ի վերջոյ, գիրքը հրատարակուած է: Հեղինակին մահէն մէկ ամիս առաջ գիրքը հայ ընթերցողին սեղանին էր: Գիրքը հայերէնի թարգմանած է երիտասարդ թարգմանչուհի Աստղիկ Սարգսեան, որ նշած է, թէ տպաւորուած է աղքատ մանկութենէն մինչեւ մեծ հռչակի հասած հայուն ճակատագրով:
Բոլոր բնագաւառները, ուր աշխատած է Վարդան Գրիգորեան, հաւասարապէս կարեւոր եղած են հասարակութեան զարգացման համար. թէ՛ ակադեմական միջավայրի մէջ, թէ՛ գրադարաններու ցանցէն ներս եւ թէ իր բոլոր դասախօսութիւններուն ընթացքին ու հեղինակած գիրքերու մէջ Վարդան Գրիգորեան կարեւորութիւն տուած է հասարակութեան զարգացման եւ կրթուած ու յառաջադէմ երիտասարդութեան գոյութեան՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ: Այդ գաղափարները ան լաւագոյնս դրսեւորած է մանաւանդ «Քարնեկի» հաստատութեան նախագահը եղած ժամանակ: Այս հաստատութեան հիմնադիրին՝ Էնտրու Քարնեկիին գաղափարախօսութեան մաս կազմած է հասարակութեան բարգաւճումը՝ ամենալայն իմաստով:
1889 թուականին Քարնեկին հրատարակած է «Հարստութեան աւետարան» յայտնի յօդուածը, որով կոչ կ՚ընէր հարուստներուն՝ իրենց հարստութիւնը գործածել հասարակութեան բարգաւաճման համար, յօդուածը նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ բարեգործութեան եւ դրամահայթաթման մեծ ալիք բարձրացուցած է: Ատկէ տարիներ անց, երբ ծագումով սկովտացի ամերիկացի արդիւնաբերող, մեծահարուստ Էնտրու Քարնեկիի անունը կրող հիմնարկը գլխաւորեց Վարդան Գրիգորեան, ան յառաջ տարաւ նոյն գաղափարները: Ան հիմնադրամին համար այնպիսի ամուր կապեր հաստատեց եւ այնքան գումար հայթայթեց, որ կ՚ըսեն, թէ հիմնադրամը այլեւս գումարի կարիք չունի:
Գրիգորեան յայտնի եղած է լաւ գաղափարներու իրագործման համար դրամահաւաքի իր բացառիկ հմտութիւններով: 2007-ին «Financial Times»ը զայն կոչած է «Միջոց հայթայթող հանճար»:
Իր գիրքին մէջ Գրիգորեան անդրադարձած է նաեւ Քարնեկիին.
«Պատանի ժամանակ, Քարնեկիի մասին լսելէ ետք, մեծագոյն յարգանքով լեցուեցայ անոր հանդէպ: Նկատի առի, որ իմ ու այդ մարդուն կեանքերը շատ նման են՝ երկուքս ալ աղքատ ընտանիքներէ էինք, երկուքս ալ կը սիրէինք կարդալ, սակայն չէինք կրնար մեզի արտօնել գիրք գնել կամ վարձով վերցնել. երկուքս ալ երիտասարդ տարիքին մեկնած էինք օտար երկիր բախտ որոնելու, երկուքս ալ գիտէինք՝ հոգւով ու սրտով, որ մեզ կը փրկէ եւ կ՚ուղղորդէ միայն կրթութիւնը: Անշուշտ, ես հպարտ էի, յաղթական տրամադրութիւն ունէի, որ Թաւրիզէն եկած տղան, որ այնքան աղքատ էր, չէր կրնար սեփական գիրքը ունենալ, կամ վարձել, հասաւ աստիճանի մը, որ կարողացաւ հարիւրաւոր գիրքեր տրամադրել Նիւ Եորքի բնակիչներուն։
«Գիրքը ինծի համար կը շարունակէ մնալ մարդուն ամենաբացառիկ ստեղծագործութիւններէն մէկը, քանի որ անիկա ընծայ է, գիտելիքի ընծայ։ Եւ ինչպէս ալ որ ան յայտնուի քու ձեռքիդ, գտածոյ գանձ մըն է»։
«Ճանապարհ դէպի տուն» գիրքին բոլոր խորագիրները հետաքրքրական են: «Երախտագիտութեան խօսք»ին մէջ Գրիգորեան երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր կնոջ՝ Քլէրի Գրիգորեանին, առանց որուն կարելի չէր անցնիլ այն ճանապարհը, որ անցած են երկուքը, իրենց երեք տղաքը՝ Վահէն, Ռաֆֆին եւ Դարեհ Արտաշէսը մեծցնելով բարձր արժէքներով: Բայց իր ապրած կեանքին համար Վարդան Գրիգորեան ամենէն շատ պարտական է իր մեծ մօր՝ Ոսկի Միրզայեանին, որ սնած է, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, իր մարմինը, սիրտն ու հոգին.
«Մեծ մայրս կ՚աշխատէր բազմաթիւ բարեկեցիկ հայերու տուներուն մէջ, կը մաքրէր, հաց կը թխէր, կ՚եփէր, կը լուար ու կը գործէր, որպէսզի կարողանայ պահել իր երեխաներն ու կրթութիւն տալ անոնց: Հակառակ որ մեծ մայրս մոլեռանդ քրիստոնեայ էր եւ յաճախ եկեղեցի կ՚երթար, ան շուարած էր իր գլխուն եկած փորձանքներէն: Կորսնցուցած էր ամուսինը, եօթը երեխաներէն վեցը մահացած էին: Կորսնցուցած էր իր տունն ու գիւղը, մահացած էր թոռը: Որքան կը մեծնայի, այնքան կը մտածէի, որ կա՛մ զայրացած էր Աստուծոյ վրայ, կա՛մ շշմած էր Անոր ըրածէն եւ կը շարունակէր ապրիլ՝ հակադրուելով Անոր: Մեծ մօրս լուռ կռիւը Աստուծոյ հետ էր. եթէ Աստուած է դէպքերուն հեղինակը, կամ գոնէ Անոր համաձայնութեամբ այս աշխարհին մէջ կ՚ըլլայ ամէն բան, ապա Ան կրնար իր երեխաներէն գոնէ մի քանին պահպանել, քանի որ ինք այդքան մեղաւոր մարդ մը չէր, որ նման դաժան պատուի արժանանար:
«Մեծ մայրս իր վիշտը ծածուկ կը կրէր: Երբեք չէր բողոքեր, իր երեխաներուն համար կու լար այն ժամանակ միայն, երբ առանձին կ՚ըլլար: Անոր տառապանքը ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէր»:
ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ. ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
• «Գրադարանը որպէս վայր, ուր գիրքերը կրնան ազատօրէն տրամադրուիլ մեծերուն եւ երեխաներուն, բոլորին երեխաներուն նկատմամբ մարդուն դրսեւորած հոգածութեան առհաւատչեան են:
Գրադարան հիմնելու եւ պահպանելու գործը ներդրում է ոչ միայն մեր, այլեւ ապագայ սերուդներու կեանքին մէջ: Գրադարանը ժառանգութիւն է, հայելի դէպի անցեալ եւ պատուհան դէպի ապագայ»:
• «Իմ կարծիքովս, գրադարանը միակ հանդուրժող պատմական հաստատութիւնն է, քանի որ ան կ՚արտացոլէ մեր հասարակութեան, մարդկութեան պատմութիւնը: Անիկա հաստատութիւն մըն է, ուր ձախերն ու աջերը, սատանան եւ Աստուած, մարդկային ձեռնարկումները, ձեռքբերումներն ու ձախողումները կը պահուին դասակարգուած, որպէսզի մարդկութեան սորվեցնեն, թէ ի՛նչն է անհրաժեշտ ընդօրինակել եւ ին՛չը պէտք չէ կրկնել:
«Գրադարանը նաեւ մարդկութեան շարունակութեան նկատմամբ ունեցած հաւատքի դրսեւորում է: Գրադարանէն ներս կը պահուի հասարակութեան հաւաքական, բայց նաեւ խտրական յիշողութիւնը: Ան յարգանքի տուրք կը մատուցէ անցեալին, ապագային համար վկայութիւն կու տայ ներկայի մասին, հետեւաբար, հնարաւորութիւն կը ստեղծէ դատողութիւններ ընելու թէ՛ անցեալի, թէ՛ ապագայի վերաբերեալ»:
• «Գրադարանին գոյութիւնը եւ բարեկեցութիւնը հասարակութեան, համայնքին, համալսարանին, դպրոցին, քոլէճին, քաղաքին եւ երկրին կեանքին մէջ հսկայական նշանակութիւն ունին: Եւ իսկապէս, գրադարանը մեր հասարակութեան առանցքն է: Ան տեղեկատուութեան ազատ փոխանակման վճռորոշ բաղադրիչն է, նոյնինք ժողովրդավարութեան հիմքն է: Թէ՛ ուղիղ, թէ՛ խորհրդանշական իմաստով գրադարանը միտքի եւ ընտրութեան ազատութեան պահապանն է, որ զայն կը դարձնէ մեր սահմանադրութեան առաջին ուղղման խորհրդանիշը:
«Այլապէս, ի՞նչ հետեւանքներ կը թողու այնպիսի քաղաքական համակարգ մը, որուն օրօք ժողովուրդին մեծ մասը անտեղեակ է իր անցեալին, ժառանգութեան, երազանքներուն ու աւանդոյթներուն, եւ ի՞նչ կը մնայ մեր ժողովրդավարութեան նպատակներէն»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան