ՎԵՐՋԱԿԷՏԻՆ ՄՕՏ
Նիկոլ Փաշինեան, վերջերս, բացէ ի բաց ակնարկեց այն մասին, որու կապակցութեամբ ամիսներ շարունակ կ՚աղմկէր գետը՝ Արցախը Մայր Հայաստանին կապող միակ ուղին՝ Բերձորը պիտի յանձնէ: Ողջամիտ ու սրտցաւ մասնագէտներ, փորձագէտներ երկար ժամանակ կը պատռէին իրենց կոկորդները՝ հնչեցնելով սթափութեան, միասնութեան կոչեր, աւա՜ղ ապարդիւն: Այն, ինչի մասին կը զգուշացնէին, կը թուէր անիրական, սարերու ետեւը:
Այժմ սարերը անցանք. ժամն է հասած.
-Սո՛ւս: Կամա՛ց, ժողովուրդը կը քնանայ: Անտարբեր հատուածն ալ կը զբաղի իր գործերով՝ մի՛ անհանգստացնէք:
Եւ այսպէս՝ Փաշինեան պիտի մնայ: Ո՛չ մէկը պիտի կարենայ զայն հեռացնել, նոյնիսկ «հրէշ, կաշառակեր, մարդասպան, ամենակարող ու ամենահարուստ» պիտակներու տակ, տասնամեակներ շարունակ ժողովուրդին ներկայացուցուած Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը:
Չկայ երրորդ ուժ՝ այդ պատրանք մըն է: Ունինք երկրորդ ուժ: Եւ այդ ուժը Ռոպերթ Քոչարեանն է, որ դժուար թէ կարենայ գալ իշխանութեան: Եթէ նոյնիսկ կարենայ՝ աւերակներու վրայ պիտի թագաւորէ:
Հայաստանը տակաւին կայ՝ կ՚ապրի ու կը շնչէ: Հիւանդ է, սակայն ոչ մահամերձ: Իսկ մենք տակաւին անդունդի եզրին չենք: Արցախը նոյնպէս տակաւին կայ՝ կ՚ապրի ու կը շնչէ: Լուրջ հիւանդ է, սակայն մահամերձ չէ: Բայց կը պատրաստուին շուտով կտրել պորտալարէն՝ յանձնելով Բերձորը իր շրջակայ գիւղերով հանդերձ:
2020 թուականի սեպտեմբերի 27-էն, նոյեմբերի 9-էն ու 2021 թուականի յունիսի 20-էն վերջ, այսօր հերթական մղձաւանջներով լի գիշերն է: Հետաքրքիր է, Բերձորի յանձնումը քանի՞ հայու քուն փախցուցած է: Բնաւ խորհեցա՞ք, վերջին պատերազմէն վերջ, յոյսով ու հաւատքով Աղաուն ու շրջակայ գիւղեր վերադարձած մարդոց մասին: Ի՞նչ կը զգան, ինչպիսի՞ ապրումներու մէջ են այժմ...
Պահ մը կրնա՞ք խորհիլ, եթէ այսօր Բերձորի յանձնումի բօթը այսքան ցաւոտ է, խենթացուցիչ, վաղը Ստեփանակերտի, միւս օրը Երեւանի յանձնումը որքան ցաւոտ պիտի ըլլայ:
Ուրկէ՞ պիտի գտնենք յիմարանոց մը՝ ցաւէն խենթացածներս բուժուելու համար:
Ճիշդ չէ այս բոլորի մէջ մեղադրել միայն Փաշինեանը՝ ան միակ մեղաւորն ու պատասխանատուն չէ: Գլխաւոր մեղաւորն ու պատասխանատուն հայ ժողովուրդն է, ազգը՝ ես եւ դուն, բոլոր հայերը:
Նիկոլը բաւական ազնիւ է այս հարցին մէջ: Ան իր իրական դէմքը ցուցուց 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի, լոյս 10-ի գիշերը: Սակայն ոչ միայն շարունակեց ապրիլ, այլեւ իշխել՝ վերածելով երկիրը միապետութեան, բռնապետութեան:
Տեղի ունեցած բոլոր արհաւիրքներէն վերջ, առանց Աստուծոյ ճամբայ ելած ենք: Մեր կարճամտութեամբ կ՚ուզենք սատանայի «հախ»էն գալ՝ պիտի չստացուի: Պիտի կորսնցնենք: Պիտի կորսնցնենք ամէն բան՝ սկսեալ Արցախէն, Բերձորէն: Ամէն բան երազ է, լոկ փափաք:
Պիտի կորսնցնենք Արցախը, այնուհետեւ Սիւնիքը եւ այսպէս շարունակ: Հայոց դարպասը՝ Արցախը կորսնցնելէ վերջ, պիտի կորսնցնենք Հայաստանը: Այլեւս պիտի չունենանք պետականութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այսօր մենք կ՚ապրինք հայոց պատմութեան ամօթալի ու ծանրագոյն ժամանակաշրջաններէն մին:
Ամէն բան ակնբախ է ու մեր ձեռքին: Իսկ մենք՝ մեր բոլոր ուժերը բանեցնելու փոխարէն, կը զիջենք՝ անկիրթ, անհայրենիք, անհաւատ, տգէտ ու տխմար հատուածին, ամբոխին, որու միակ մտորումը՝ իր ստամոքսի պարունակութիւնն է:
Մարդկային յիշողութիւնը շատ կարճ է, ինչպէս որ հաւինը: Հաւը վայրկեաններու ընթացքին կը մոռնայ, իսկ մարդը՝ ամիսներու, տարիներու: Դար մը առաջ ու աւելին կորսնցուցինք մեր պատմական հայրենիքի զգալի հատուածները: Այսօր ո՞վ կը յիշէ այդ մասին եւ կ՚ըլլայ պահանջատէր՝ ոչ մէկը:
Վաղը նոյնը պիտի ըլլայ տակաւին երէկ կորսնցուցածի հետ:
Վերադարձ նախնական կէտի՝ ոչ վաղ անցեալի 1980-ականներ:
Քանզի մենք չկրցանք գնահատել, չփայփայեցինք մեր ունեցածը, Աստուծոյ շնորհապարտ չեղանք, մեզի ընծայած յաղթանակի ու հնարաւորութիւններու համար: Փոխարէնը դրախտը համարեցինք դժոխք: Անդադար գանգատեցանք մեր աստուածատուր հայրենիքէն ու անօրինութիւններ գործեցինք՝ Բերձորի յանձնումով Աստուած մեզ կը վերադարձնէ զերոյական կէտի: Արցախն ու արցախցին կրկին պիտի յայտնուին շրջափակումի մէջ: Իսկ հակառակորդը, սովորութեան համաձայն պիտի սեղմէ օղակը: Իսկ այդ պահին կա՛մ նորէն պիտի հառնենք, կամ կորսուինք ընդմիշտ:
Կ՚ուզեմ ըսել՝ սթափէ հայ մարդ, հայ ազգ, հայ ժողովուրդ: Սակայն պիտի չըսեմ, գիտեմ՝ անիմաստ է:
Վաղը միւս օր, եթէ փողոց ելլող ըլլայ, պայքարի միջոցի մը ձեռնարկող ըլլայ, նորէն պիտի միանամ, քաջ գիտակցելով անգամ, թէ անարդիւնաւէտ է: Յանուն իմ մեծագոյն սիրոյն՝ Հայաստանի ու Արցախի, պիտի ընեմ այն ամէնը, ինչ որ կրնամ:
Տէր իմ, եթէ կարելի է, անգամ մը եւս ներէ մեզ, մեր մեղքերը: Անէացուր մեր ժողովուրդի վրայի անտարբերութեան, մոլորութեան քօղը, սթափեցուր մեզ: Մի՛ թոյլատրեր, որ կորսնցնենք ափ մը մնացեալ մեր երկիրը, որ Դուն պարգեւած ես մեզի՝ անարժաններուս:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024