ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՆԿՈՏՐՈՒՆ ԿԱՄՔՆ ՈՒ ՈԳԻՆ
-Յակոբիկ, երբ մեծնաս ի՞նչ պիտի դառնաս:
-Զոհուած ազատամարտիկ,- հպարտութեամբ ու զիլ ձայնով մը պատասխանեց փոքրիկ Յակոբիկ, առանց հասկնալու իր խօսքերուն իմաստը:
Մօր ամբողջ մարմնով անցաւ սարսուռ մը: Լուսապայծառ դէմքը մթագնեցաւ: Որդիին նման պատասխանի արգասիքի պատճառը հեռատեսիլն է: Գրեթէ ամէն օր, հայկական հեռուստաալիքներով կը ցուցադրուին զանազան հաղորդաշարեր, վաւերագրական ժապաւէններ՝ նուրիուած զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին: Յակոբիկ օրուայ հոլովոյթին այնքան շատ կ՚իմանայ այս խօսքերը, որ ի վերջոյ, առանց հասկնալու որոշած էր դառնալ զոհուած ազատամարտիկ: Բաց աստի, ուրախութեան թէ տխրութեան սեղաններէն միշտ կը հնչէ զոհուածներու կենացը, որուն կը յաջորդէ խաղաղութեանը:
Տասնհինգ տարի անց, Յակոբ դարձած Յակոբիկը երկու տարիով զօրակոչուեցաւ հայկական բանակ: Յակոբը շատ ոգեւորուած ու պատրաստակամ էր հայրենիքին իր պարտքը հատուցանելու, մինչդեռ մօր սիրտէն կը հոսէր արիւն: Որդին չվշտացնելու համար հազիւ կը զսպէր կոկորդն խեղդող արցունքները: Ա՜խր երկու տարի՝ 24 ամիս, 52 շաբաթ, 730 օր ու 17520 ժամ, խեղճ մայրն ինչպէս պիտի ապրէր առանց իր մինուճարին:
Շարժավարը աշխատցուց շարժիչը: Ահաւասիկ եկաւ ժամը: Նորակոչիկները հրաժեշտ տալով իրենց ծնողքին ու հարազատներուն, կամաց-կամաց կը մօտենային հանրաշարժին: Ամէնուր ամուր գրկախառնութիւններ, յորդող արցունքներ, ժամանակը կանգնեցնելու մեծ փափաք, սիրոյ խոստովանութիւններ... սա սրտաճմլիկ տեսարանը ակամայ կը մղկտացնէ մարդուս սիրտն ու հոգին:
-Մա՛մ, բնաւ չտխրիս: Երկու տարին ինչ է, ակնթարթի մը պէս պիտի անցնի, աչքդ չթարթած պիտի վերադառնամ:
-Այո՛ զաւակս, իրաւացի ես: Գիտես բնաւ չեմ նկատած, թէ ինչպէս անցան սա տասնը-ութ տարիները: Կարծես տակաւին երէկ էր, որ դուն վար չէիր իջներ իմ գիրկէն, գիշերները՝ փոքրիկ թաթիկդ իմ ափի մէջ փայփայած քեզի համար հեքիաթ կը պատմէի,- ժպտախառն տամուկ աչքերով պատասխանեց մայրը:
Անցան ամիսներ.
-Ես՝ Յակոբ Արշակեանս, ծառայութեան անցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ, հանդիսաւոր կ՚երդուեմ՝ անձնուրիաբար ծառայել հայրենիքիս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ յանուն անոր չխնայել կեանքս, ենթարկուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեանն ու օրէնքներուն, անվերապահօրէն կատարել հրամանատարներուս հրամանը, պահպանել ռազմական գաղտնիքը:
Ու եթէ դրժեմ իմ երդումը, թող պատժուիմ օրէնքի բոլոր խստութեամբ:
Երդւում եմ:
Այդ օրը շարքային Յակոբ Արշակեանն ու զինակից ընկերները մարտական դրօշակի ներքոյ, հրամանատարութեան ու հարազատներու ներկայութեամբ առաջին անգամ ըրին իրենց կեանքի ամենապատասխանատու երդմնակալութիւնը:
Երդման արարողութեան ատեն Յակոբի կողմէ արտասանուած իւրաքանչիւր բառ լոկ խօսքեր չէին: Անոնք սրտաբուխ էին ու գիտակցուած: Առհասարակ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին Յակոբ յաջողած էր լաւ ծառայողի անուն հռչակել, հրամանատարութեան կողմէ քանի մը անգամ արժանացած էր գովասանքի:
Սակայն ծառայութեան տարին տակաւին չբոլորած տեղի ունեցաւ անսպասելին. հակառակորդը գիշերով անցաւ յարձակման: Տեղի ունեցան կատաղի մարտեր, որու ընթացքին մեր զինուորները փայլեցան իրենց մարտական պատրաստուածութեամբ: Աւա՜ղ, անխուսափելի էին զոհերը: Մարտի դաշտին մէջ հերոսաբար ինկաւ նաեւ Յակոբը՝ իր մօր Յակոբիկը: Չկրցաւ պահել մօրը տուած խոստումը՝ ետ չվերադարձաւ, փոխարէնը անմահացաւ իր սխրագործութիւններով, յետմահու արժանանալով մարտական բարձր շքանշաններու:
Մինչ աչքերը կեանքին փակելը ան քմծիծաղով մը արտասանեց՝ զոհուած ազատամարտիկ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան