ԴԺՈՒԱՐ ՕՐԵՐ, ԿԱՄՔ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Փարիզի մէջ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան անցուցած է դժուար եւ ծանր օրեր: Ինչպէս ան կը նկարագրէ իր յուշագրութեան մէջ, դժուարութիւնները ի յայտ եկած են ուսումնառութեան երկրորդ տարուան ընթացքին: Ապագայի մեծ լեզուաբանը նոյնիսկ փողոցային մանր առեւտուր ըրած է` իր գոյութիւնը պաշտպանելու համար:
Կը ներկայացնենք Աճառեանի յուշագրութեան վերջին հատուածը, ուր ան մտերմիկ կերպով կը նկարագրէ ուսանողի իր դժուար կեանքը: Աճառեանի 145-ամեակին առթիւ անոր գիրքերուն եւ գործին անդրադառնալը եւս մէկ անգամ տուրք է հայ եւ համաշխարհային լեզուաբանութեան մէջ անփոխարինելի ներդրում ունեցած մեծ պոլսեցիին:
ԾԱՆՐ ՕՐԵՐ
Երբ առաջին տարին վերջացաւ, դրամս ալ վերջացաւ: Պետրոս Փարեանին հետ համաձայնած էինք, որ երկրորդ տարին պիտի ուղարկէր ինձմէ առած գումարը: Բայց այդ օրերուն տեղի ունեցած էր Պանք Օթոմանի գրաւումը, որուն մասնակցած էր նաեւ ընկերս եւ դռան առջեւ զոհուած: Այլեւս անկարելի էր դրամ ստանալ:
Պոլիսի մէջ մեծ կոտորած տեղի ունեցաւ եւ մէկ շաբթուան մէջ 70000 հայ փախաւ հոնկէ: Ես, բոլորովին զուրկ նիւթական միջոցներէ, որոշեցի վերադառնալ Պոլիս՝ հակառակ աննպաստ պայմաններուն: Դիմեցի թրքական դեսպանատունը եւ վիզա ստացայ: Բայց ի վերջոյ չգացի: Դեսպանատունը լրտես մը ունէինք, որ կարեւոր գաղտնիք մը յայտնեց: Դեսպանը երկու տեսակ ստորագրութիւն ունի եղեր. մէկը կը ցուցնէ եղեր թէ անցագիրին տէրը անմեղ մարդ է, միւսն ալ կը նշանակէ եղեր թէ վնասակար անձ է եւ պէտք է ձերբակալուի: Իմ անցագիրիս ստորագրութիւնը երկրորդ տեսակէն էր:
Պէտք է լուծում մը գտնէի:
Նախ որոշեցի լրագիր ծախել փողոցը. ամէն մէկ թերթէ մէկ սանթիմ շահ կար: Բայց տեսայ, որ դժուար է յաղթել մրցակիցներուս:
Սէն-Միշէլ եւ Սէն-Ժերմէն պողոտաներու անկիւնը կօշիկի ներկարար մը կար, որ կէսօրին երկու ժամ դադար կ՚առնէր: Ներկի տուփը շղթայով կը կապէր ու կ՚երթար տուն: Ես անոր առաջարկեցի, որ դադարի ատեն ես իր տեղը նստիմ եւ հաւաքուած գումարը բաժնուինք: Ընդունեց, բայց այս գործն ալ չյաջողեցաւ:
Թարգմանական աշխատանք մըն ալ ըրի: Փաստաբանական գրութիւն մը կար, որ թրքերէնէ ֆրանսերէնի պէտք էր թարգմանել: Ես երկու ժամի չափ աշխատեցայ այդ գրութեան վրայ: Հարցուցին, թէ որքա՞ն կ՚ուզեմ: Ամչցայ եւ միայն 5 ֆրանք ուզեցի: Անիջապէս տուին:
Ֆրանսացի ընկեր մը ունէի Ֆէյէ անունով: Ան ըսաւ.
-Ապո՛ւշ, քանի՞ մարդ կարելի է գտնել Փարիզի մէջ, որ դատական լեզուն հասկնայ եւ թրքերէն ու ֆրանսերէն գիտնայ միաժամանակ: Ինչո՞ւ 50 ֆրանք չուզեցիր:
Ամէն պարագայի տակ, 5 ֆրանքը մէկ շաբթուան ուտելիքի դրամ էր ինծի համար:
Շարժանկարի նոր սրահ մը բացուած էր:
Ներկայացայ կառավարիչին եւ առաջարկեցի յայտարարութիւններ ցրուել: Ընդունեց:
-Միայն զգո՛յշ եղէք,- ըսաւ,- արագ քալող եւ գէշ հագուած մարդոց մի՛ տաք. անոնք շարժանկար չեն դիտեր:
Ես անձրեւին տակ բաժնեցի յայտարարութիւնները: Կառավարիչը մէկ ֆրանք տուաւ եւ արտօնեց որ շարժանկարը դիտեմ: Առաջին անգամն էր որ կը ցուցադրուէր, ես ալ առաջին անգամ կը տեսնէի:
Անկողինս ու վերմակս, որ հետս Պոլիսէն բերած էի, ծախեցի եւ ելայ պանդոկի սենեակէս: Օտէոն թատրոնի կողքին, ութերորդ յարկի վրայ, ձեղնայարկի խցիկ մը վարձեցի: Պատուհան չունէր եւ յատակը քար էր: Մահճակալ, բան չկար: Թերթեր փռեցի գետինը, մէկ-երկու գիրք դրի գլուխիս տակ եւ առանց հանուելու կը քնանայի քարին վրայ:
Ինծի ըսած էին, թէ կարելի է դիմել փարիզահայ քանի մը հարուստներու եւ օգնութիւն խնդրել:
Որոշեցի առաջին անգամ երթալ Մարկոսեան մականունով հարուստի մը: Ընտանիք չունէր, ինքը բացաւ դուռը:
-Ո՞վ կուզէք,- հարցուց:
-Պարոն Մարկոսեանը:
-Պարոն Մարկոսեանը հոս չէ,- ըսաւ,- Անգլիա գնաց, հազիւ մէկ ամիսէն կու գայ:
-Շնորհակալ եմ, պարոն Մարկոսեան,- պատասխանեցի եւ գացի:
Երկրորդ հարուստը, որուն դիմեցի, Իսկենտէր անունով կաթոլիկ վաճառական մըն էր: Հասկցաւ որ ուսանող եմ եւ սիրով ընդունեց զիս: Երբ նպատակս յայտնեցի, ըսաւ.
-Մէկ անգամէն մէկ հարուստէ դրամ ստանալ անկարելի է: Պէտք է ցուցակ մը կազմէք, ամէն մէկէն ամսական գումար մը ստանալու համար:
Խելացի միջոց էր առաջարկածը:
-Խնդրեմ, ցուցակի առաջին անունը դո՛ւք եղէք,- ըսի:
-Ո՜չ,- պատասխանեց,- ինձմէ հարուստ մարդիկ շատ կան: Իմ տուածս փոքր գումար մը պիտի ըլլայ, անոր նայելով ուրիշները աւելի փոքր գումար պիտի ստորագրեն:
Հասկցայ որ խաբել կ՚ուզէր զիս: Ձգեցի գացի: Վիճակս շատ ծանր էր: Օրական կտոր մը հաց կ՚ուտէի 5 սանթիմի եւ երկու պզտիկ ստեպղին՝ դարձեալ 5 սանթիմի: Ամենէն սննդարար եւ ամենէն աժան ուտելիքն էր ստեպղինը: Տեւական անօթի էի, բայց դասերս կը շարունակէի անխափան:
ՊԻՍՏԱԿԱՎԱՃԱՌ
Պոլիս սովորութիւն մը կար. ափրիկեան պիստակը, որ «ամերիքան ֆստըխի» կը կոչէին, կը բովէին արեւածաղիկի կուտի պէս եւ կ՚ուտէին: Ֆրանսացիները «քաքաուէթ» կը կոչեն այս պտուղը: Մարդիկ չէին ուտեր զայն, հում-հում հաւերուն կու տային: Ես որոշեցի բովել պիստակը եւ փողոցները ծախել:
Ֆրանսացի բարեկամէս՝ Ֆեյէէն, 1 ֆրանք փոխ առի, հայ բարեկամ մըն ալ 2 ֆրանք տուաւ: Զամբիւղ մը պիստակ գնեցի եւ պզտիկ տոպրակներ: Տունը կրակ վառեցի եւ պիստակը բովեցի: Յետոյ տոպրակներու մէջ լեցուցի, զամբիւղին մէջ տեղաւորեցի եւ գացի ծախելու: Հայ բարեկամս՝ Յովհաննէսը, հետս էր:
Կեցայ Սէն-Միշէլ պողոտային վրայ եւ պատրաստուեցայ պոռալու՝ «քաքաուէ՛թ»: Անցորդները երկու կողմերէս կ՚անցնէին, բայց ես չէի կրնար պոռալ: Ձայնս կոկորդիս մէջ կը խեղդուէր:
-Մի՛ ամչնար, մի՛ վախնար,-քաջալերեց զիս Յովհաննէսը,- օր մը այս բանը հպարտութեամբ պիտի յիշես:
Նշանաւոր Սուֆլէ սրճարանին առջեւն էինք: Չօպանեանը եւ մի քանի ուրիշ ուսանողներ նստած էին հոն:
Անոնք դրամ ունէին, որովհետեւ գիտէին օգտուիլ հարուստներէն:
-Հրաչեա՛յ,- կանչեց Չօպանեանը,- դուն Մարկոսեանին գացեր ես, բայց ան քեզ չէ ճանչցեր: Նորէ՛ն գնա, պիտի օգնէ քեզի:
-Ես օգնութեան պէտք չունիմ,- ըսի,- իմ օգնողս ա՛ս է: Եւ պիստակի զամբիւղը երեսին դիմաց բարձրացուցի:
Կարծես նոր ուժ մը եկաւ վրաս եւ պոռացի. «Քաքաուէ՛թ»:
Ուսանողներէն մէկը, որ ինծի պէս սամաթիացի էր, կռնակս ծեծեց՝ գործածելով մեր սովորական հպարտանքի դարձուածքը.
-Ախպարըմ սամաթիալը տըր (եղբայրս սամաթիացի):
Պողոտայի երկու կողմը «քաքաուէ՜թ» պոռալով գացի Սէն գետի միւս կողմը: Ամէն սրճարանի առջեւ կը կենայի եւ ցոյց կու տայի պիստակներս: Օրինակի համար կը կոտրէի քանի մը հատը եւ կ՚ուտէի միջուկը:
-Կը խմցնէ, կ՚ըսէի:
Հանդիպեցան հարաւ ամերիկացիներ, որոնք կը սիրէին այդ պտուղը եւ քանի մը տոպրակ գնեցին՝ իւրաքանչիւրը 10 սանթիմի: Այդ գիշեր ես շահեցայ 7 ֆրանք, ինչ որ մեծ դրամագլուխ էր ինծի համար: Ուրախ սիրտով վերադարձայ, պարտքերս վճարեցի եւ պատրաստուեցայ յաջորդ օրուան:
Առաջին եւ վերջին անգամն է որ 7 ֆրանք շահեցայ: Երկրորդ օրը 5 ֆրանք ունեցայ: Շահս հետզհետէ պակսեցաւ եւ վերջապէս հասաւ 20 սանթիմի...
Առտուն ժամը 8-ին համալսարան կ՚երթայի, ուր կը մնայի մինչեւ գիշերուան ժամը 10: Համալսարանը տաք էր եւ շատ ճոխ գրադարան ունէր: Մեր ուզած գիրքը մեր ձեռքով կ՚առնէինք ու կը կարդայինք: Ժամը 10-ին գործի կը սկսէի եւ սրճարանէ սրճարան կ՚երթայի մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:
Իմ թշուառութեանս պատճառը ցուրտը եւ անձրեւն էին: Ոչ ոք դուրսը կը նստէր եւ ես իրաւունք չունէի ներսը առուտուր ընելու: Կը պատահէին նաեւ հետաքրքրական միջադէպեր:
Օր մը ֆրանսացի բանուորներ ելան դէմս եւ հարցուցին.
-Ի՞նչ կը ծախես:
-Քաքաուէթ,- պատասխանեցի,- եւ մէկ-երկու հատիկ տուի որ ուտեն:
-Ինչո՞ւ այս գործը կ՚ընես:
-Ուսանող եմ, ցերեկները կ՚ուսանիմ, գիշերները քաքաուէք կը ծախեմ:
-Դուն եուբի՞ ես։
-Ի՞նչ ըսել է եուբի:
-Հրեայ:
-Ո՛չ, ես հայ եմ:
Այս խօսքիս վրայ ուրախացան, պո՜ւմ, պո՜ւմ, պո՜ւմ պոռացին:
Պանքի դէպքը նոր տեղի ունեցած էր եւ հայերու յեղափոխական համբաւը տարածուած էր ամէն կողմ:
-Բայց ձեր վարպետները մե՛նք ենք, Պասթիյը մե՛նք գրաւեցինք:
Անոնք քանի մը տոպրակ պիստակ գնեցին եւ հեռացան:
Ուրիշ օր մը տեսայ անգլիացի մը, որ գարեջուր կը խմէր: Մօտեցայ եւ պիստակ առաջարկեցի:
-Ի՞նչ բան է այդ:
-Կերէ՛ք, խմելու ախորժակ կը բանայ:
-Կերաւ, յետոյ սկսաւ հետաքրքրուիլ ինձմով:
-Ո՞վ էք դուք:
-Ուսանող եմ Սորպոնի մէջ եւ օրապահիկս շահելու համար քաքաուէթ կը ծախեմ:
-Ի՞նչ ազգի կը պատկանիք:
-Armenian (հայ):
-Անգլիացին ոտքի ելաւ, ձեռքս սեղմեց եւ ըսաւ.
-Պրաւ՛օ:
-Տոպրակ մը գնեց եւ 1 ֆրանք տուաւ:
-Ո՛չ,- ըսի,- մէկ տոպրակի գինը 10 սանթիմ է:
-Այն ատեն 10 տոպրակ տուէք:
-Ո՛չ, դուք մէկ տոպրակ կ՚ուզէիք. աւելի չեմ տար:
Մարդը լաւ կարծիք կազմեց հայերու մասին:
ԿԻՍԱԿՈՒՐՈՒԹԻԻՆ
Ամիսներ շարունակ լաւ սնունդ չառնելով՝ շատ նիհարցած էի, վիզս տանձի կոթ դարձած էր: Օր մըն ալ գլուխս ցաւիլ սկսաւ եւ աչքիս վիճակը վատթարացաւ:
Սիլվէն Լեւիի սանսկրիտի դասն էր: Յանկարծ գիրերը վերէն վար կախուեցան, երկուքի բաժնուեցան: Ուսուցիչիս ըսի, որ լաւ չեմ տեսներ: Թերեւս ան մտածեց որ դասս չեմ գիտեր:
Անկէ ետք ամէն օր նոյն բանը կը կրկնուէր: Նախ գլուխս ժամ մը կը ցաւէր, ապա աչքս կէս-կէս կը տեսնէր ժամ մը կամ աւելի, յետոյ ժամի մը չափ ալ սիրտս կը խառնուէր:
Ընկերներէս մէկը՝ բժիշկ Յովհաննէս Սըքըեանը, զիս ակնաբուժի տարաւ: Այդ ժամանակ Փարիզ երկու նշանաւոր ակնաբուժ կար՝ Փանաս եւ Կալիսովսքի: Ասոնց այցագինը 250 ֆրանք էր, բայց ես, իբրեւ ուսանող, անվճար պիտի քննուէի: Ասոնցմէ մէկը ծեր էր, միւսը՝ երիտասարդ: Հիմա չեմ յիշեր՝ ո՛րն էր երիտասարդը, որը՝ ծերը:
Նախ գացինք երիտասարդին: Բոլոր ուսանողները հաւաքուեցան շուրջս եւ դիտեցին աչքս: Բժիշկը հիացաւ ձախ աչքիս գործողութիւններուն վրայ եւ անցաւ աջ աչքիս: Քննեց եւ յուսահատ շեշտով ըսաւ.
-Ձեր աչքը անբուժելի է: 10 տարի ետք դուք բոլորովին պիտի կուրնաք: Ձգեցէ՛ք գիրքն ու գրիչը, գացէ՛ք ձեր հայրենիքը եւ հովիւութիւն ըրէք:
Սըքըեանը տեսաւ որ տխրեցայ, զիս տարաւ ծեր ակնաբուժին:
Այս վերջինին ալ ուսանողները թափուեցան վրաս եւ բժիշկին ցուցումներով սկսան քննել աչքս: Ծեր բժիշկը նոյնպէս գովեց ձախ աչքիս գործողութիւնները, յետոյ ըսաւ.
-Դուք, ինչպէս կ՚երեւի, աղքատ ուսանող էք. շատ գէշ սնուած էք եւ ձեր աչքը տկարացուցած: Այս հիւանդութիւնը կը կոչուի հեմիոբիա, կիսակուրութիւն: Լաւ սնունդ առէք՝ կ՚անցնի:
Ես յայտնեցի թէ միւս բժիշկը յուսահատական խօսքեր ըսած էր ինծի: Ծերունին նորէն առաւ գործիքները եւ երկար զննեց աչքս:
-Ո՚չ,- ըսաւ, անպայման բժիշկը ժամանակ ունեցած չէ լաւ քննելու: Վտանգաւոր բան չկայ:
Իրաւունք ունէր: Ատեն մը ետք, երբ իմ նիւթական կացութիւնս բարելաւուեցաւ, աչքիս ցաւը թեթեւցաւ: Նախ ամէն օրուան տեղ շաբաթը անգամ մը պատահեցաւ դէպքը, յետոյ՝ երկու շաբաթը անգամ մը, յետոյ՝ ամիսը անգամ մը եւ վերջապէս բոլորովին դադրեցաւ:
Տարիներ ետք, դարձեալ աչքի ցաւ ունեցայ: Հաշուեցի որ երիտասարդ բժիշկին ըսած 10 տարին լրացած էր: Կնոջս ըսի, թէ աչքս պիտի կուրնայ: Երկուքս ալ սկսանք լալ: Բայց աչքս չկուրցաւ ու մինչեւ հիմա կը ծառայէ ինծի:
ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ
Պիստակի գործս շատ գէշ վիճակի մէջ էր. 6 ժամ թափառելէ ետք, հազիւ 20 սանթիմ կը շահէի: Ցուրտը եւ անձրեւն ալ հետզհետէ կը սաստկանային: Անել այս կացութեան մէջ էի, երբ լիւքսամպուրկցի ուսանող մը յարմար կարգադրութիւն մը ըրաւ. խօսած էր յունարէնի դասախօս Փսիքարիի եւ հնչիւնաբան աբբա Ռուսլոյի հետ, որոնք ինծի գործ հայթայթեցին:
Փսիքարին կ՚աշխատէր բառարանի մը վրայ, որ պիտի խմբէր յունարէնէն փոխ առնուած բառերը բոլոր լեզուներուն մէջ: Եւրոպական լեզուները բառաքաղած էր, կ՚ուզէր թրքերէն սորվիլ՝ թրքական բառարանէն յունարէն բառերը հաւաքելու համար: Ուրախութեամբ ընդունեցի այդքան մը թրքերէն սորվեցնել իրեն: Ժամականս 5 ֆրանք էր:
Աբբա Ռուսլօն ուրիշ աբբայի մը քով ղրկեց զիս, ան ալ յայտնեց թէ ֆրանսացի զինուորական կցորդ մը կ՚ուզէ թրքերէն սորվիլ եւ անոր հասցէն տուաւ:
Այս կցորդը շատ ուրախացաւ, երբ իմացաւ որ պոլսեցի եմ: Յոյս ունէր պաշտօնով Պոլիս երթալու եւ այդ պատճառով կ՚ուզէր սորվիլ տեղական լեզուն եւ գաղափար ունենալ քաղաքին եւ անոր բնակիչներուն մասին:
-Միայն 40 օր ժամանակ ունիմ,-ըսաւ,- դուք կրնա՞ք 40 օրուան մէջ թրքերէն սորվեցնել ինծի:
-Այո, եթէ դուք սորվիք:
Անմիջապէս գործի անցանք: Ժամական կը ստանայի 5 ֆրանք: Երբեմն ալ օրը 2 դաս կ՚ընէինք եւ 10 ֆրանք կը շահէի: Աշակերտս շատ խելացի էր: 40 օրը չէր լրացած եւ ինք արդէն վարժուած էր խօսելու: Բայց կառավարութիւնը ծրագիրը փոխեց եւ զինք կ՚ուզէր ղրկել Չինաստան: Մեր դասերը վերջ գտան:
Փսիքարին զինուորականին պէս ընդունակ չէր: Ժամանակի մեծ մասը հաճելի խօսակցութեամբ կ՚անցընէր: Մեր դասերը 3 ամիս տեւեցին: Չեմ կարծեր որ ան մեծ բան սորվեցաւ:
Այս միջոցին մեր Կեդրոնականի աշակերտներէն մէկը՝ Վաղարշակ Մեսրոպեան, այնքան լաւ քննութիւն տուաւ որ իսկոյն ընդունուեցաւ հիւանդանոց, իբրեւ ներքին բժիշկ: Սենեակին պէտք չունէր այլեւս: Ինծի փոխանցեց զայն իր կահ-կարասիով: 20 ֆրանքով տէր դարձայ փառաւոր մահճակալի մը՝ թանձր անկողինով, սեղանի մը, աթոռի մը, հայելիի մը, վառարանի մը եւ կերակուրի ամաններու: Մէկական ֆրանքի երկու հատ ալ Վենիւսի արձան գնեցի եւ զարդարեցի:
Հազիւ սենեակի կարգադրութիւնը ըրած էի, երբ ընկերս՝ Կարապետ Պասմաճեանը, որ Գուիտոն Լուսինեանի քարտուղարն էր, պաշտօնէն հրաժարեցաւ եւ Լուսինեանը զիս իր տեղը պաշտօնի կանչեց ամսական 100 ֆրանք վճարումով:
Գուիտոն Լուսինեանը նախկին Մխիթարեան վարդապետ Ամբրոսիոս Գալֆայեանն էր: Եղբայրը՝ Խորէն եպիսկոպոս Գալֆայեան եւ կ՚ըսէին, որ հայերէն ձեռագիրի մը յիշատակարանին մէջ գտած են, թէ իրենք Լեւոն Զ. Լուսինեանի տոհմէն են: Ֆրանսացի Նափոլէոն Գ. կայսրը առանձին հրովարտակով ճանչցած էր Գուիտոնը իբրեւ «թագաւորական իշխան Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Երուսաղէմի»:
Այս շրջանին Լուսինեանը կը բնակէր Փարիզի Նէօի արուարձանը: Ան կազմած էր ֆրանսերէն-հայերէն բառարան մը, որ տպագրութեան մէջ էր: Քարտուղարին գործն էր մաքուրի քաշել իր գործը եւ տպագրուած էջերը սրբագրել: Շաբաթը քանի մը անգամ կ՚երթայի ձեռագիրը առնելու, մաքրագրելու եւ ետ իրեն տանելու:
Այս ձեւով վերջացան իմ ուսանողութեան դառն օրերը: Ամսական 100 ֆրանքով ես կրնայի շատ հանգիստ ապրիլ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ