ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 5.1-10:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 6.18-7.11:
Մատթէոսի Աւետարանէն 19.3-12:Մատթէոսի Աւետարանէն 19.3-12:

Այսօրուան ճաշու ընթերցումներէն երկուքը՝ Պօղոս առաքեալին նամակէն ու Մատթէոսի Աւետարանէն առնուած հատուածները ամուսնութեան մասին կը խօսին: Առ այդ, այսօրուան մեր սիւնակը պիտի յատկացնենք ամուսնութեան մասին խօսելու:

Նախ կարդանք այդ երկու հատուածները եւ ապա խորհրդածենք.

Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ այսպէս կը գրէ.

«Ձեր նամակին մէջ ինծի գրած էիք նաեւ այն մասին, թէ մարդ լաւ կ՚ընէ՝ եթէ բնաւ չամուսնանայ։ Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը։ Որովհետեւ կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը։ Երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ։ Եթէ կ՚ուզէք աղօթքի նուիրուիլ, կրնաք փոխադարձ համաձայնութեամբ ժամանակ մը իրարմէ հեռու մնալ. բայց յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր կենակցութեան, որպէսզի չըլլայ որ սատանան ձեզ փորձութեան մղէ՝ ձեր անժուժկալութենէն օգտուելով։ Հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք։ Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս։

Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ՚ըսեմ.- աւելի լաւ կ՚ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ։ Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.- ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ։ Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ» (Ա. Կր 7.1-12):

Իսկ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

«Փարիսեցիներ Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան Անոր եւ հարցուցին.

-Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ որեւէ պատճառով իր կինը արձակելու։

Յիսուս պատասխանեց.

-Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. “Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան”»։ Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց։

Փարիսեցիները դարձեալ հարցուցին.

-Հապա ինչո՞ւ Մովսէս օրէնք սահմանեց՝ բաժանման թուղթ տալ կնոջ եւ արձակել զայն։

Յիսուս պատասխանեց.

-Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար։ Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ։

Աշակերտները ըսին Յիսուսի.

-Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդուն եւ կնոջ համար, աւելի լաւ է չամուսնանալ։

Յիսուս ըսաւ.

-Բայց ամէն մարդ չի կրնար առանց ամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է։ Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար։ Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն» (Մտ 19.3-12):

Մեր օրերուն ամունութեան մասին խօսիլը շա՜տ կարեւոր է եւ այժմէական, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք ներկայ մարդկութեան վերաբերմուքնը եւ մօտեցումը ամուսնութեան: Արդարեւ, այսօրուան մարդուն համար ամուսնութիւնը շատո՜նց դադրած է Պսակի Սուրբ Խորհուրդ մը ըլլալէ եւ վերածուած է սովորութեան մը, աւելի ճիշդ՝ պարտականութեան մը, որու ամենէն յատկանշական պահը կամ վայրկեանը նկարուելու «արարողութիւն»ն է, այն ալ գեղեցիկ եւ աչքին հաճելի նկարներ նկարուելու… Սա՛ պարզապէս ողբերգութիւն կարելի է համարել, քանի որ ամուսնութիւնը, աւելի ճիշդ Պսակի Սուրբ Խորհուրդը շա՜տ աւելի վեր է, քան այդ տեսակի շուկայական եւ արտայայտչական ու երեւութապաշտական մօտեցումներէ եւ ընկալումներէ:

Վերը մէջբերուած Աւետարանական երկու հատուածներուն մէջ յստակօրէն նկարագրուած է ամուսնութեան ճի՛շդ ընկալումն ու ինչութիւնը: Համաձայն այդ հատուածներուն՝

ա. Պսակի Սուրբ Խորհուրդով իրարու միացած այրն ու կինը մէկ մարմին կը դառնան, եւ այլեւս՝ «կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը» (Ա. Կր 7.4):

բ. Այրն ու կինը ամուսնանալէ ետք իրարմէ երկար ժամանակ պէտք է հեռու մնան՝ բացի փոխադարձ համաձայնութեամբ աղօթքի նուիրելու համար:

գ. Ամուսնանալէ ետք որեւէ մէկ պատճառով իրարմէ պէտք չէ բաժնուին, իսկ եթէ բաժնուին ալ երկրորդ անգամ չամուսնանան, որպէսզի մեղքի մէջ չիյնան, որովհետեւ՝ «ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ» (Մտ 19.9):

դ. Ամուսնացող զոյգերը այլեւս երկու չեն՝ այլ մէկ մարմին են, մէկ ամբողջութիւն են, եւ այլեւս ո՛չ ոք իրաւունք ունի բաժնելու զանոնք, որ Աստուած միացուց (տե՛ս Մտ 19.6):

Անդրադառնանք առանձին-առանձին.

ա. Պսակի Սուրբ Խորհուրդով իրարու միացած այրն ու կինը մէկ մարմին կը դառնան, եւ այլեւս՝ «կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը» (Ա. Կր 7.4). այս կէտն ու չորրորդ կէտը գրեթէ նոյնանման են, չնչին տարբերութեամբ մը, եթէ կարելի է տարբերութիւն որակել: Այս կէտով յստակ կերպով կը հասկնանք, թէ ամուսնացող զոյգերը, այլ խօսքով՝ Սուրբ Պսակի Խորհուրդով Աստուծոյ օրհնութեամբ միացող զոյգերը այլեւս առանձնաբար իրենք իրենց մարմիններուն տէրերը չեն, ինչպիսին էին մինչեւ իրենց ամուսնութիւնը, այլ՝ այլեւս երկու փոխադարձաբար իրարու մարմիններու տէրերն են, եւ պարտաւոր են մէկը միւսին պէտքերը բաւարարելու թէ՛ մարմնական եւ թէ՛ մանաւանդ հոգեւոր:

Ընդհանրապէս երբ կ՚ըսուի ամուսինները պարտաւոր են իրարու պէտքերը բաւարարելու, մարդոց մտածումը անմիջապէս ֆիզիքականին կ՚երթայ, ինչը շա՜տ բնական է, որովհետեւ ա՛յդպիսին է մարդուն կազմախօսութիւնը: Սակայն, ֆիզիքականէն աւելի ու առաջ, զոյգերը պարտաւոր են իրարու հոգեւոր պէտքերը բաւարարելու. ինչպէ՞ս կարելի է այդ. զիրար սիրելով, յարգելով, փոխադարձ հասկացողութեամբ, միասնաբար Աստուածաշունչ կարդալով, աղօթելով, հոգեւոր խորհրդածութիւններ կատարելով, զրուցելով, հոգեւոր գրականութիւն կարդալով, եկեղեցի երթալով՝ Սուրբ Պատարագի եւ այլ արարողութիւններու մասնակցելով…, որովհետեւ իրենք չե՛ն ամուսնացած մի՛ միայն իրարու մարմնական պէտքերը բաւարարելու, այլ այս կերպով թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ իրենց զաւակները որպէս անուշահոտ պատարագ մատուցելու Հայր Աստուծոյ, այլ խօսքով, իրենց կազմած օճախը, ընտանիքը՝ որ Աստուծոյ օրհնութեամբ միացած ու կազմուած է վերածուելու «փոքրի եկեղեցիի» մը, ինչպէս կ՚ըսէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսը:

բ. Այրն ու կինը ամուսնանալէ ետք իրարմէ երկար ժամանակ պէտք չէ հեռու մնան՝ բացի փոխադարձ համաձայնութեամբ աղօթքի նուիրելու համար. այսօրուան կեանքի պայմաններու բերումով յաճախ կը լսենք, կ՚իմանանք, թէ ամուսիններ իրենց ընտանիքները պահելու համար կը պարտադրուին հեռու երկիրներ երթալ, աշխատիլ եւ գումար ուղարկել, որպէսզի իրենց կիներն ու զաւակները կարենան պահել:

Շա՜տ զգայուն նիւթ մըն է, որու մասին յաճախ ծայրայեղ որակումներ եւ եզրակացութիւններ կը տրուին: Բարոյական գետնի վրայ իւրաքանչիւր ծնողի համար իր զաւակներն ու կինը բարօր կեանքով մը ապահովելը առաջնահերթութիւն է, եւ մարդիկ իրենց կարելին կ՚ընեն, որպէսզի այդ բարօրութիւնը ապահովեն, եւ երբեմն ալ կը դիմեն հեռանալու քայլին, այլ երկիր մը երթալու եւ այնտեղ աշխատելու… Բնական երեւոյթ է: Աւելին, բնական երեւոյթ է բոլոր անոնց համար, որոնք որոշակի հասունութիւն ու կայունութիւն մը ունին որպէս անհատ նախ եւ առաջ, եւ երկրորդ որպէս ամուսին ու զաւակներու հայր: Չնայած երբեմն նոյնիսկ այդ հասունութեան ու կայունութեան առկայութեան պարագային ալ անբնական երեւոյթներու ու պատմութիւններու ականջալուր կը դառնանք:

Գաղտնիք չէ, յատկապէս Հայաստանի պարագային, թէ այդ քայլին դիմող անհատներէն շատերը, որոնց մեծամասնութիւնը Ռուսաստանի ճամբան բռնած է, բացակայութեան որոշ ժամանակէ մը ետք կա՛մ հիւանդութիւններով կու գան, կա՛մ ալ կը պարզուի, որ արդէն երկրորդ ընտանիք կազմած են… Երեւոյթ մը, որ շատեր բնական կը համարեն՝ ինչը անտրամաբանական ու անբարոյական է, իսկ անդին որոշներ անբնական կը համարեն, որովհետեւ տրամաբանութեան համաձայն, մարդ եթէ այլ երկիր մը գացած է իր կինն ու զաւակները պահեու համար, ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշ կին մը առնել ու անկէ ալ զաւակներ ունենալ… Իսկ հիւանդութիւններու պարագան որ մատնանշեցինք, ընթերցողին համար պարզ է, թէ ինչ հիւանդութիւններու մասին է խօսքը:

Ամուսիններուն իրարմէ հեռանալը անպայմանօրէն ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ երկուքին համար ալ, որովհետեւ անգամ մը որ միացան, այլեւս իրարու տէր են՝ ինչպէս վերը նշեցինք, եւ այլեւս պարտաւոր են իրարու պէտքերը բաւարարելու: Իսկ բացակայութեան պարագային բնական է, որ թէ՛ այրը եւ թէ՛ կինը կարիք պիտի զգան, եւ սատանան օգտագործելով այս մէկը, զանոնք դիւրութեամբ մեղքի մէջ կը նետէ:

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան ամուսինները իրարմէ հեռու չմնալու մասին այսպէս կը գրէ.

«Եւ մի՛ զրկէք զմիմեանս (երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ). այս բառերն ալ կը բարձրացնեն ամուսնութեան նշանակութիւնը: Արդարեւ ինչ որ ուրիշին է, զայն չտալը զրկում մըն է: Եթէ կինն է տէրը իր այրին եւ այրին մարմնին եւ այրը՝ իր կնոջ մարմինին, ապա ուրեմն մէկին կամ միւսին իր պարտքը չհատուցանելը, այսինքն իր ամուսնական յարաբերութեան մէջ թերանալը զրկանք մըն է միւսին: Երեք պարագաներու մէջ միայն կ՚արտօնուի ժուժկալութիւնը.

1. Փոխադարձ համաձայնութեամբ (ի միաբանութենէ):

2. Բարի նպատակաւ (զի ուխտիցն պարապիցէք):

3. Ժամանակի մը համար. (առ ժամանակ մի):

Մշտական կուսութիւն ուխտել առանց հաստատապէս գիտնալու թէ ունի՞ պահանջուած շնորհքը՝ ինքզինքը ստոյգ վտանգի ենթարկել է» («Մեկնութիւն Թղթոյն Առ Կորնթացիս Առաջին», Շնորհք Վրդ. Գալուստեան, Իսթանպուլ 2014, էջ 261):

գ. Ամուսնանալէ ետք որեւէ մէկ պատճառով իրարմէ պէտք չէ բաժնուին, իսկ եթէ բաժնուին ալ երկրորդ անգամ չամուսնանան, որպէսզի մեղքի մէջ չիյնան, որովհետեւ՝ «ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ» (Մտ 19.9). այսօր ամուսիններուն իրարմէ բաժնուիլը կարծէք նորոյթի վերածուած է, կամ ապրանք մը, իր մը, ժամացոյց մը, հեռախօս մը, համակարգիչ մը, ինքնաշարժ մը գնելու մտայնութեամբ է որ մարդիկ իրարու հետ կ՚ամուսնանան, եւ որոշ ժամանակ մը գործածելէ ետք մէկ կողմ կը ձգեն եւ կամ կը թափեն…: Դժբախտաբար նոյն մտայնութիւնը սկսած է գործել ամուսնութեան պարագային, որով ամուսնալուծութիւններուն թիւը օր-օրի ահաւոր կերպով կ՚աճի: Օրերս համացանցի վրայ կարճ գրութեան մը հանդիպեցայ, որ այս նիւթին հետ առընչութիւն ունի, որով զայն ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ. «Ծերուկի մը հարցուցած են.

-Հայրիկ, ի՞նչ ըրած ես որ ամուսնութիւնդ 60 տարի պահպանած ես։

Ան պատասխանած է.

-Ես այն սերունդին կը պատկանիմ, որ երբ բան մը կը կոտրուի, կը նորոգենք զայն եւ ո՛չ թէ կը նետենք, կամ կը փոխենք»: Դժբախտաբար, այսօրուան սերունդը հին սերունդէն չէ՛ սորված այս բարի սովորութիւնը: Բնականաբար, չկա՛յ զոյգ մը, որ իր ամուսնական կեանքին մէջ խնդիրներ ու դժուարութիւններ չունենայ, բայց այդ չի՛ նշանակեր, որ առաջին կամ երկրորդ հանդիպած դժուարութեան կամ նեղութեան մէկը միւսը թափեն, մտածելով թէ հանգիստ կեանք մը ապրին…, ասիկա պարզապէս անտրամաբանական պիտի ըլլար, աւելին՝ անյարգալից վերաբերմունք նախ եւ առաջ իրենք իրենց անձերուն:

Մէկ կողմէն զիրար կը ձգեն, միւս կողմէն կը տեսնես, թէ նոր ամուսին մը կամ կին մը գտած է, ու անոր հետ ամուսնացած… Այս երեւոյթը շատ վտանգաւոր է, որու արամտները Արեւմուտքէն կու գայ, ուր ամուսնութիւնը ո՛չ թէ Սուրբ Խորհուրդ մըն է, այլ՝ վերածուած է պայմանագրութեան մը, այսինքն, այր մը եւ կին մը պայմանագրութիւն մը կը կքնեն իրարու միջեւ՝ միասին երկու կամ երեք, կամ չորս տարի ապրելու համար… եւ երբ այդ պայմանագրութիւնը իր աւարտին հասնի, ազատ են այլեւս, եւ կ՚երթան ու ուրիշ մը կը փնտռեն… Այս երեւոյթը անասնականութիւն կարելի է կոչել պարզապէս:

Աւետարանը այս ուղղութեամբ յստակ է, ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ. կարճ, պարզ ու յստակ: Լուսահոգի Զարեհ Սրբազանը այս մասին այսպէս կը գրէ. «Նախ ըսեմ, որ պոռնկութիւնը սեռային մարմնաւոր անհաւատարմութիւնն է: Շնութիւնը՝ սեռային հոգեկան անհաւատարմութիւնը: Երկուքն ալ մահացու մեղանչումներ են:

Այս առիթով, Յիսուսի միտք բանին այն է, թէ ամէն ամուսնացեալ զոյգ Աստուծոյ միացուցածն է. անոնք երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Թէ՛ այրը եւ թէ՛ կինը իրենց ուխտին կատարելապէս հաւատարիմ պէտք է ըլլան» («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Մոնթրէալ 2016, էջ 355):

դ. Ամուսնացող զոյգերը այլեւս երկու չեն՝ այլ մէկ մարմին են, մէկ ամբողջութիւն են, եւ այլեւս ո՛չ ոք իրաւունք ունի բաժնելու զանոնք, որ Աստուած միացուց (տե՛ս Մտ 19.6):

Փարիսեցիները երբ կ՚ուզեն փորձել Տէր Յիսուսին հետեւեալ հարցումը հարցնելով՝ «մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ որեւէ պատճառով իր կինը արձակելու», «Իրեն ուղղուած հարցումին Յիսուս կը պատասխանէ վերիշեցնելով Ծնունդներու Գիրքին ըսածը, թէ՝ “Աստուած սկիզբէն արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան”: Յստակօրէն, Յիսուս այրն ու կինը կը տեսնէ իբր մէկ մարմին: Այսինքն՝ այրն ու կինը ունին նոյն պատկերն ու նմանութիւնը, անոնց հոգիները հարազատ, սերտ եւ մտերիմ են իրարու:

Աստուած ուզեց որ այրը իր կնոջ մէջ տեսնէ իր սեփական պատկերն ու նմանութիւնը, անոր մէջ տեսնէ իր հոգիին հարազատը, անոր սերտ ու մտերիմ էակը:

Յիսուս այս վերյիշեցումով ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ ծրագրին մէջ ամուսնալուծում չկայ: Աստուած կ՚ատէ ամուսնալուծումը (Մղ 2.16):

Յիսուս այսպէս ոչ միայն կը մեկնէ, այլ նաեւ ճշմարտութիւնը պատուէրով մը կը վերահաստատէ: Պատուէրն է. “Ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց”» («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Մոնթրէալ 2016, էջ 354):

Աւարտենք Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանի ամուսնութեան մասին կատարած սա գեղեցիկ նկարագրութեամբ.

«Ամուսնութիւն.

Պատուական է ամուսնութիւնը։

Նուիրական այն վայրկեանը, որ իրարու կը միացնէ երկու մարմնեղէն գլուխներ, իրարու կը միացնէ նաեւ երկու գեղեցիկ հոգիներ, երկու սիրող սիրտեր, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած պիտի անցնին կեանքի դժուարութիւններէն եւ յաջողութիւններէն, միասին պիտի բաժնեն կեանքի ժպիտը ու արցունքը. եւ իբրեւ ճշմարիտ ռահվիրաներ, ճամբայ պիտի բանան իրենց կազմելիք ապագայ ընտանիքի անդամներուն առջեւ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 յուլիս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2023