ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՍԱՐՍԱՓԸ՝ ՊՈՉԱՄԲԱՐՆԵՐ
Հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ, վերջին տարիներուն, խախտած է մարդուն եւ բնութեան կապը. նոր սարսափ ի յայտ եկած է մեր երկրին մէջ, որ հանքերուն շահագործման հետեւանքով բնութեան մէջ թափուող վնասակար եւ մահաբեր նիւթերուն պատճառած անդառնալի հետեւանքներն են: Ատոնք ծանր մետաղներ են, որոնք բնութեան մէջ մնալով, դանդաղ մահուան կը դատապարտեն մարդն ու բնութիւնը, եւ այս հարցը այլեւս անվիճելի է…
Քարեր եւ թանկարժէք մետաղներ պարունակող հանքերուն շահագործումը, անխօս, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման կարեւոր եւ հիմնական ճիւղերէն մէկն է, սակայն կշիռքին միւս նժարին վրայ մարդն է՝ իր առողջութեամբ եւ բնութիւնը՝ իր անաղարտութեամբ… Առողջապահական եւ բնապահպանական այս սարսափը օր ըստ օրէ կ՚ահագնանայ: Երկրին քաղաքական օրակարգին հարցը դարձած է այլեւս եւ ուրիշ հարցեր ետին մղած… Խնդիրը լիովին պատկերացնող բազմաթիւ մարդիկ կորսնցուցած են քունն ու հանգիստը: Տեսանիւթեր կը նկարահանուին Հայաստանի ողնաշարը կոտրող հանքարդիւնաբերութեան վնասակար հետեւանքներուն մասին, բազմաթիւ մասնագիտական յօդուածներ կը գրուին, բնապահպաններ եւ անոնց միացող մտահոգ մարդիկ գիշերներ կը լուսցնեն ամենամեծ հանքավայրը դառնալ պատրաստուող Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրին քով, որ օտար ներդրողներուն չարտօնեն սկսիլ հանքի մը շահագործման եւս…
Ամուլսարը Վայոց ձորի մարզին մէջ է, բայց մինչ Ամուլսարը մօտակայ Սիւնիքի մարզը վաղուց արդէն խեղդուած է հանքարդիւնաբերութեան վտանգներու ճիրանին մէջ, եւ այդպէս Հայաստանի մէջ շուրջ 400 շահագործուող մեծ ու փոքր հանքեր իրենց մագիլներուն մէջ առած են երկիրը: Շատ չէ՞ 400 գործող հանք՝ պզտիկ երկրի մը համար… Ճիշդ է, որ անոնցմէ միայն մօտաւորապէս 25-ը մետաղական հանքեր են, բայց միւս հանքերն ալ, եթէ մետաղական թափօններու վնաս չեն հասցներ, խիտ փոշին, խլացնող աղմուկը, որ կ՚արձակեն շրջակայ բնութեան վրայ, արդէն բաւական է զանոնք նոյնպէս վտանգաւոր նկատելու: Ասոնք միայն գործող հանքերն են, բայց օգտակար հանածոներով հարուստ մեր երկրի հանքերուն թիւը աւելի քան 600 է…
Հայաստանի մարզերը երթալով կարելի է տեսնել ճանկռտուած, բռնութեան ենթարկուած սարերն ու ժայռերը… Ծանր, փորող, քանդող ինքնաշարժները, վերամբարձ կռունկները, բեռնատարները այլեւս սարերուն եւ ձորերուն անբաժան մասը դարձած են… Հայաստանի բնութիւնը ժխորի մը մէջ է:
Հակառակ հանքային արդիւնաբերութեան մէջ ներդրում կատարած մարդոց բոլոր պնդումներուն՝ թէ Հայաստանի հանքերը շահագործելու ժամանակ կը կիրարկուին անվտանգ միջոցներ, բայց եւ այնպէս, մասնագէտները ապացուցած են, որ միջազգային չափանիշներէն շատ հեռու են գործածուող բոլոր միջոցները, եւ բնութիւնն ու մարդը ուղղակիօրէն անպաշտպան մնացած են այս հսկայ ալիքին դէմ, որ անկասելի է:
Երկրին հարուստ ընդերքը եւ որոշ մարդոց հարստանալու մոլուցքը պարզապէս փորձանք դարձած են երկրին միլիոնաւոր բնակչութեան համար: Մտահոգութիւնը դուրս եկած է նաեւ Հայաստանի սահմաններէն, սփիւռքը (մանաւանդ՝ երիտասարդներ) նոյնպէս այս հարցով իր տեսակէտները ունի՝ ի նպաստ Հայաստանի բնութեան պաշտպանութեան… Անաղարտ բնութեան, լեռնային գետերու, մաքուր օդի եւ համեղ միրգերու Հայաստան հայրենիքին պատկերը խճանկարի պէս կը փլուզուի ողջ հայութեան աչքին առջեւ… Ճշմարտութիւնն այլեւս անթաքցնելի է…
Հայաստանի ընդերքը տակաւին խորհրդային տարիներուն հետազօտուած է: Գործող ամենահին հանքավայրը Քաջարանի պղնձա-արճճաքարային հանքն է, որ 1931 թուականին հետազօտուած եւ 1945 թուականին շահագործուած է: Քաջարանի հանքավայրին մէջ, պաշտօնական տուեալներով, առկայ է պղինձ-արճճաքարի հետազօտուած 2.24 միլիառ թոն հանքաքար, որ կը կազմէ համաշխարհային արճճաքարի պաշարներուն 7 առ հարիւրը, իսկ հանքին արտադրանքը՝ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան շրջանառութեան 60 առ հարիւրը: Նկատի առնելով հանքանիւթին հաստատուած պաշարները եւ տարեկան 18 միլիոն թոն հանքանիւթի արտադրութիւնը՝ Քաջարանի այս հանքը կարող է գործել 100-120 տարի եւս:
Քաջարանէն զատ, դարձեալ խորհրդային տարիներուն, Հայաստանի ընդերքէն յայտնաբերած են հարուստ օգտակար հանածոներ՝ երկաթ, զինկ, կապար, արծաթ, պաղլեղածին, ոսկի: Մանաւանդ ոսկիին փայլը կուրցուցած է շատերը... Ամուլսարը Հայաստանի ոսկիի ամենամեծ հանքն է, ուր «Լիտիան» հետախուզական ընկերութիւնը աննախադէպ ներդրումներ կատարած եւ աներեւակայելի ծաւալով գործի մը սկսած է: Ամուլսարի շուրջ է այսօր Հայաստանի մեծ աղմուկը, բայց Ամուլսարը առիթ է պաշտպանութեան տակ առնելու նաեւ միւս հանքավայրերը եւ անոնց մօտ բնակավայրերը… Հայաստանի մէջ երբեւէ եղած ամենամեծ ներդրումային ծրագիրն է Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրին շահագործումը, որ տակաւին շինարարութեան փուլին մէջ գտնուելով արդէն իսկ երկրին ամենամեծ հարկատուներէն մին է: Յետագայ տարիներուն նախատեսուած տնտեսական օգուտին հեռանկարը կը խամրի անոր բերած մեծ վնասին դիմաց… Բնութեամբ եւ մարդուն առողջութեամբ մտահոգուողներուն անշուշտ չեն հետաքրքրեր բարձր ամսականները, որոնք կը տրուին այդ ասպարէզին մէջ, շահոյթը, որ կը ստանայ Հայաստանի տնտեսութիւնը, հեղինակութիւնը, որ Հայաստանը ձեռք կը ձգէ միջազգային հանքային արդիւնաբերական ընտանիքին մէջ ունեցած իր յաջողութիւններով: Մեր կորսնցելիքը, անշուշտ, աւելի է, քան ձեռք ձգածը… Շահը ներկայի համար է, կորուստը՝ ապագայի, դարերու…
Հանքերու շահագործման ժամանակ ի յայտ եկող պոչամբարները ուրիշ սարսափ մըն են: Անոնց մասին լսելով՝ ահի ու սոսկումի զգացումը երկար ժամանակ չի լքեր մարդը: Իսկ բաւական է մէկ անգամ տեսնել պոչամբար մը, զգալ անոր լուացող-ախտահանիչ հեղուկի հոտ յիշեցնող ժահը, պատրաստ է գլխացաւը… Ասիկա այն կառոյցն է, ուր կը զատուին եւ կ՚ամբարուին հանքերէն կորզուած նիւթերը՝ քիմիական վերամշակումի ենթարկելէն ետք եւ այդ վերամշակումէն յառաջացած թունաւոր, վտանգաւոր թափօններն ու հանքաջուրերը։ Հանքավայրերուն մօտ տարածքներուն կառուցուած պոչամբարները աղէտ են՝ աղէտին կողքին: Անոնք առաջին հայեացքէն նման են խորհրդաւոր, կանաչ-կապոյտ լիճերու, որոնք կը փայլին արեւու տակ: Բայց անոնց մէջ կենարար ջուրի փոխարէն հեղուկ թոյներն կան՝ բաց երկինքի տակ: Պոչամբարները մինչեւ հանքավայրի շահագործման աւարտը այդպէս բաց կը գործեն, իսկ յետոյ կը գոցուին՝ թաղուելով հողային հաստ շերտով, որուն վրայ յետոյ բուսականութիւն կ՚աճեցուի: Բոյսերը անոնց վրայ կը տնկուին՝ այդպէսով իբր թէ կանխելով կուտակուած վտանգաւոր նիւթերու ներթափանցումը բնական միջավայր: Բայց այդ մէկը միայն երջանիկ խաբէութիւն մըն է… Թունաւոր մետաղները հողին տակ ուրիշ ձեւերով կը գործեն իրենց աւերը…
Մեր փոքրիկ Հայաստանին մէջ այսօր 23 պոչամբար կայ: Անոնցմէ 8-ը արդէն փակուած են, իսկ 15-ը՝ գործող: Թունաւոր, ծանր մետաղներով լեցուած այդ կառոյցները շատ մօտ են բնակավայրերուն, ինչ որ միջազգային չափանիշի խախտում է: Պոչամբարներուն հիմնական մասը կը գտնուի Սիւնիքի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ: Մասնագէտները փաստած են, որ պոչամբարները միջազգային չափանիշներուն չեն համապատասխաներ նաեւ իրենց նախագիծերով. ատոնց նախագիծերը կը նկատուին անընդունելի՝ Հայաստանի պէս երկրի մը համար, ուր երկրաշարժներու վտանգ կայ, եւ բնական աղէտներու ժամանակ պոչամբարներու փլուզման կամ ուրիշ վթարի մը պարագային հնարաւոր պիտի չըլլայ խուսափիլ մարդկային զոհերով ուղեկցող աղէտներէ: Միջազգային չափանիշերը կը պահանջեն, որ մարդոց, կենդանիներուն, շէնքերուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար պոչամբարները պէտք է ունենան պաշտպանիչ գօտի, պէտք է առանձնացած ըլլան առողջապահական գօտիով: Ասոնք անհրաժեշտութիւն են, որոնք չկան Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի ամենամեծ պոչամբարը այսօր Սիւնիքի մարզին մէջ է: Արծուանիկի պոչամբարն է, որ նաեւ աշխարհի ամենամեծ պոչամբարներէն մէկն է: Այս պոչամբարին ներկայ ծաւալը կը կազմէ հանրապետութեան բոլոր պոչամբարներուն շուրջ 75 առ հարիւրը: Արծուանիկի պոչամբարին մէջ կը կուտակուին Զանգեզուրի պղնձա-արճճային գործարանի հարստացուցիչ բաժինին թափօնները:
Ծաւալով երկրորդը Թեղուտի պոչամբարն է` կառուցուած 2014 թուականին: Ան նախատեսուած է շատ մեծ ծաւալով արդիւնաբերական աղբի համար: Երկու տարի առաջ Թեղուտի պոչամբարին արտահոսքերուն պատճառով մօտակայ Շնող գետը եւ ատով ոռոգուող հողատարածքները աղտոտած էին, գիւղացիները բողոքի ելած էին, բայց ոչ մէկ արդիւնք ունեցաւ բողոքը, ինչպէս ժամանակին արձագանգ չունեցաւ Թեղուտի հանքավայրին շահագործման համար Թեղուտի անտառը հատելուն դէմ բողոքը…
Վերջին տուեալներով՝ հանրապետութեան միայն 21 պոչամբարներուն մէջ աւելի քան 1 միլիառ թոն արդիւնաբերական թափօն կուտակուած է եւ Հայաստանի պոչամբարներէն ներս կուտակուած թափօնները նկատուած են երկրորդ եւ երրորդ վտանգաւորութեան: Ուսումնասիրողները նշած են, որ Սիւնիքի եւ Լոռիի մարզերու որոշ բնակավայրերուն մէջ ծանր մետաղներու ու մկնդեղի քանակը զգալիօրէն կը գերազանցէ արտօնուած միջազգային չափանիշերը: Մասնաւորապէս այսպիսի եզրայանգման եկած են Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հանրային առողջապահութեան բաժնի առողջապահական ծառայութիւններու հետազօտման եւ զարգացման կեդրոնի աշխատակիցները՝ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ: Ախթալայի մէջ ապրող աւելի քան 84 առ հարիւր, իսկ Ալաւերտիի մէջ ապրող աւելի քան 75 առ հարիւր երեխաներու մարմիններուն մէջ կապարը գերազանցած է սահմանային մակարդակը: Այս թիւերը աճած են Լոռիի մարզին մէջ գտնուող Ախթալայի բազմամետաղային հանքավայրի շահագործման հետեւանքով: Հոս նոյնպէս հսկայական պոչամբար կայ… Իսկ Քաջարան քաղաքին եւ ատոր մօտ Լեռնաձոր գիւղին մէջ ալ հետազօտուած տասնեօթ երեխայի մազերուն մէջ ծանր մետաղներ յայտնաբերուած է: Այս պարագային նոյնպէս կը մատնանշուի պոչամբարի ազդեցութեան մասին եւ այս անգամ՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ուսումնասիրութեան մէջ:
Պոչամբարներուն տարածքները, հողին տակ թաղուելէ ետք գիւղացիներուն կողմէ կը գործածուին իբրեւ արօտավայր եւ այգի: Այդ հողերուն վրայ գիւղացիները պտուղ եւ բանջարեղէն կ՚աճեցնեն եւ իրենց անասունները կ՚արածեն: Ծանր մետաղներու սահմանային մակարդակ յայտնաբերուած է նաեւ պոչամբարներու տարածքներուն վրայ աճեցուած բանջարեղէնին մէջ, փոխուած են բանջարեղէնի գոյնն ու համը:
Հայաստանի Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի վիճակագրական բաժանմունքին հաւաքագրած տուեալները կը փաստեն, որ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան գլխաւոր տարածքաշրջաններու՝ Սիւնիքի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ մեծ տարածուածութիւն ունի թոքի քաղցկեղը: Ատոր յառաջացման պատճառներուն մէջ, կարգ մը գործօններու մէջ կը մատնանշուի նաեւ հանքարդիւնաբերութեան գործօնը: Մասնագէտներու վկայութեամբ, Լոռիի եւ Սիւնիքի որոշ համայնքներէն ներս յայտնաբերուած ծանր մետաղները, մասնաւորապէս՝ մկնդեղը, որ զառիկն է, մարդոց քով հիւանդութիւններու յառաջացման պատճառ կրնայ դառնալ: Ապացուցուած է, որ զառիկը կրնայ յանգեցնել նաեւ սիրտի, արիւնատար, մարսողական, շնչառական համակարգերու հիւանդութիւններու յառաջացման: Ծանր մետաղներով յագեցած բնակավայրերուն մէջ մեծ է մեռելածնութեան, հրէշածնութեան եւ այլ շեղումներու վտանգը…
Արհաւիրքի նմանող այս պատկերը հետզհետէ աւելի ցայտուն կը դառնայ, եւ օր ըստ օրէ աւելի պարզ կ՚երեւին հանքարդիւնաբերութեան պատճառած վնասներուն չափն ու սահմանը…
Եթէ խորհրդային տարիներուն եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք տեղեկատուութեան պակասին պատճառով բնակչութիւնը շատ տեղեկացուած չէր հանքերու շահագործման վնասներուն մասին, այսօր արդէն տեղեկատուութիւնը բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը տարածուի եւ հանքավայրին մօտ ապրող ամենահեռաւոր գիւղի բնակիչն ալ տեղեակ է այս դանդաղ կործանումին մասին: Բայց հանքերը նաեւ աշխատատեղիներ են մօտակայ գիւղերուն մէջ ապրողներուն համար, Հայաստանի հանքավայրերուն մէջ աշխատողներուն համար այսօր բարձր ամսականներ սահմանուած են, ուստի օրուան հացը այս ձեւով վաստկելու համար մարդիկ յաճախ լուռ կը մնան կամ անոնց դժգոհութիւնը պահուտած է… Վախերով լեցուն անելանելի դրութիւն է անոնց կեանքը, եւ այս մէկը այն բացայայտ տխրութիւնն է, որ տեսանելի է բոլոր կողմերէն:
Բնութեան ու մարդուն հասցուած անդառնալի վնասներէն զատ, հանքավայրերը նաեւ հարստութիւնը երկրէն հոսեցնելու ապօրինութեան աղբիւրներ են: Ամուլսարի ոսկիի հանքէն կորզուելիք 73.3 թոն ոսկին, օրինակ, օտարերկրեայ ներդրող ընկերութիւնը դուրս պիտի տանի, մինչդեռ, ըստ Հայաստանի մայր օրէնքին՝ Սահմանադրութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ընդերքը եւ ջրային պաշարները կը պատկանին ամբողջ ժողովուրդին: Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը Ամուլսարը շահագործելու իր համաձայնութիւնը տուած է՝ զուգահեռ ուսումնասիրելով հարցը, կրկին ու կրկին փորձաքննութեան ենթարկելով հնարաւոր վտանգները: Ամուլսարի հանքը ամենամեծ բնապահպանական աղէտը կը միտուի ըլլալ երկրին համար, քանի որ հանքավայրի շահագործման մէջ կիրարկուելիք կապտաթթուն կը պղտորէ եւ կը թունաւորէ Հայաստանի ջուրի բոլոր աւազանները: Այսօր Ամուլսարի շահագործման դէմ արշաւը այլեւս անկասելի է, եւ Ամուլսարը առիթ է զսպելու տարիներ շարունակ Հայաստանի ընդերքը թալանող, երկրի բնական հարստութեամբ յղփացած մարդոց ոսկիի տենդը, պատասխանատուութեան կանչելու բնութիւնը ապականող, երկիրը անխնայ շահագործող եւ ժողովուրդը հարստահարող մարդիկը: Կրկին պայքարի ճամբայ ելած է Հայաստանի առողջ դատող երիտասարդութիւնը, մտաւորականութիւնը: Ամուլսարը փորձաքար է բոլորին համար: Ասիկա վճռորոշ հարց մըն է, որուն շուրջ լուրջ լարում կայ: Երէկ Ամուլսարի պաշտպանութեան համար կազմուած խումբը յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր կ՚ըսուի. «Ամուլսարը բոլորիս կարիքն ունի, մենք պատրաստ չենք զոհել Ջերմուկը, պատրաստ չենք վտանգի տակ դնել Սեւանայ լիճը: Մենք պատրաստ չենք մեր տունը ձգել, մենք պիտի չլքենք մեր հայրենիքը, մենք հոս պիտի մնանք, բայց ոչ որպէս խոնարհ եւ հիւանդ, այլ որպէս հպարտ ու առողջ հայ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ