ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԵՒ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ «Նայիրի» հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։ Այս ուղեցոյցը օգտակար հրատարակութիւն մըն է՝ աշակերտներու, ուսուցիչներու, գրողներու, խմբագիրներու, հայերէնի մասնագէտներու եւ պարզ ընթերցողներու համար, որոնք կարող են դիւրութեամբ որոնել ու գտնել իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւնը, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։
Ուղեցոյցը կարելի է անվճար ներբեռնել nayiri.com-էն:
Ուղեցոյցին մէջ «Երկու խօսք»ով հանդէս եկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, «Ներածական»ը գրած է Վրէժ-Արմէն Արթինեան, իսկ «Յառաջաբան»ը՝ ինք՝ Արմենակ Եղիայեան: Կը ներկայացնենք ուղեցոյցին մէջ զետեղուած այդ գրութիւնները, որոնք ամբողջական պատկերացում կու տան կատարուած աշխատանքին մասին:
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ
Արմենակ Եղիայեան, իր բժշկական ասպարէզին զուգահեռ, ամբողջ կեանք մը նուիրած է հայերէն լեզուին:
Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը պտուղն է տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին եւ ուսումնասիրութիւններուն: Արեւմտահայերէնը, որ հիմնականօրէն սփիւռքեան լեզու մըն է, դժբախտաբար չունի իր գործածութիւնը օրինակարգող լեզուական առձեռն բաւականաչափ ուղեգիրքեր: Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով, կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ: Ան լուսարձակի տակ կ՚առնէ արեւմտահայերէնի հարուստ քերականութիւնը, կը բացատրէ եւ կը լուսաբանէ, դիմելով բազմազան օրինակներու եւ տեսակաւոր լեզուական կիրարկումներու:
Բոլոր կենդանի լեզուներու քերականութիւնն ու բառապաշարը յարափոփոխ են: Արմենակ Եղիայեանի այս ուղեցոյցը կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով: Լեզուական անհրաժեշտ գործիք մը ըլլալէ անդին, ան հաստատուն հիմք մը կը հանդիսանայ ի շահ հետագայ լեզուական զարգացումներու:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ գործակցեցաւ բժ. Եղիայեանին հետ այս ծրագիրը իրականացնելու համար: Շնորհակալ ենք, որ ան ուղեցոյցը տրամադրեց առցանց հրատարակութեան նպատակով: Շնորհակալ ենք նաեւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանէն եւ Յարութիւն Քիւրքճեանէն, որոնք կատարեցին մանրամասն խմբագրական աշխատանք մը, միշտ յարգելով հեղինակին մօտեցումները: Կը գնահատենք Սէրուժ Ուրիշեանին կարեւոր ներդրումը ծրագրի թեքնաբանական մասը յանձն առնելուն եւ ուղեցոյցին առցանց հասանելիութիւնը ապահովելուն համար, ինչպէս նաեւ Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեանի եւ Նունէ Խուդավերդեանի ներդրումը՝ ուղեցոյցի էջադրումին եւ գեղարուեստական ձեւաւորումին համար: Շնորհակալութիւն Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանին, որ ղեկավարեց ծրագիրը եւ համադրեց աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Շողեր Մարկոսեանին, որ հետեւեցաւ աշխատանքի ընթացքին՝ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ:
Ուղեցոյցին հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի լայնածաւալ աշխատանքներուն, ի նպաստ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան եւ անոր զարգացման յատուկ կրթական ծրագրերուն:
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՏՆՕՐԷՆ
ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ
Իր տեսակին մէջ եզակի գործ մըն է, որ կը դրուի հայ ընթերցողին առջեւ, կը դրուի համացանցի ճամբով ու մանաւանդ՝ անվճար, այլեւ կը դրուի գեղագիտական բարձր ճաշակով ձեւաւորուած ու էջադրուած։
Արդարեւ բժ. Արմենակ Եղիայեանի այս «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը ամբողջ կեանքի մը հետեւողական հետապնդումներուն արգասիքն է, որ կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս ինք կը նշէ իր «Յառաջաբան»ին մէջ։ Այս տարողութեամբ ու մանրամասնութիւններով նման աշխատասիրութիւն դժուար ըլլայ գտնելը արեւմտահայերէնի պարտէզին մէջ։
Քերականութեան գիրք մը չէ ան պարզապէս, ու իր երեք բաժինները՝ «Ուղղագրութիւն», «Ուղղախօսութիւն» եւ «Ոճ եւ ոճաբանութիւն» ի մի կը բերեն բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնար ա՛լ աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու դուռ բանալ։ Իրապէս ալ, ցանկացողը կրնայ դիմել իր յղումներուն ու աղբիւրներուն, եթէ ուզէ աւելի խորանալ։
Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է յատկապէս ոճաբանութեան բաժինը, որ կրնայ գեղեցիկ խօսքի դաստիարակչական մատեանի մը վերածուիլ։
Իր ներկայացման թուայնացած ձեւով ու առցանց բնոյթով, այս գործը կը ներկայացնէ երկու յաւելեալ նկատառելի առաւելութիւն։
Առաջին՝ ընթերցողը, կամ օգտատէրը՝ ան ըլլայ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, կրնայ դիւրութեամբ որոնել ու գտնել իր ուզած տեղեկութիւնը ու խորանալ իր կարիքին համաձայն, կարդալով բացատրութիւններն ու մատուցուած բազում օրինակները, յաճախ նաեւ երթալով մինչեւ տուեալ գրելաձեւին կամ եզրին պատմութիւնը կամ արմատները։
Երկրորդ՝ այս գործը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նորանոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական։ Կրնայ նաեւ ունենալ տուեալ հարցերուն շուրջ կարծիքներ փոխանակելու հարթակ մը։ Եւ դեռ այլ դիւրութիւններ։
Համոզուած եմ, որ ան մեծապէս պիտի գնահատուի արեւմտահայերէնը սիրող, արեւմտահայերէն խօսող ու գրող հասարակութեան կողմէ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մերօրեայ ճիգերուն հիմնական թիրախը պարտի նախընտրաբար ըլլալ լեզուի միօրինակութեան իրականացումը։ Տրուած ըլլալով, որ արեւմտահայ աշխարհաբարը չէ ունեցած պետական լեզուի կարգավիճակ, ինչպէս նաեւ լեզուաբանական կաճառ մը, որ կարգաւորէր զայն, ան ժամանակի ընթացքին ենթակայ դարձած է ուղղագրական, բառային, ձեւաբանական, շարահիւսական, գրողական եւ այլ կարգի բազմաձեւութիւններու եւ աղաւաղումներու, յատուկ՝ բոլոր այն լեզուներուն, որոնք զրկուած են կեդրոնական ուղղիչ մարմինի մը հեղինակաւոր վերահսկողութենէն: Այս տեղատուութիւնը աւելի շեշտուած է մեր պատմութեան յետեղեռնեան փուլին, երբ հայ գաղութները, իմա՝ դպրոց, մամուլ, գրական ու այլ բնոյթի հրատարակչականներ եւ ազգային զանազան հաստատութիւններ, սկսած են գործել ու գոյատեւել անջատաբար, ընդհանրապէս իրարու անհաղորդ ու իրարմէ անկախ, իսկ երբեմն ալ՝ իրարամերժ տրամադրութեամբ:
Բազմաձեւութեան վերացումը, թիրախ ունենալով լեզուական ընդունելի միութիւն մը, մեր մէջ միշտ ալ բախած է ու կը շարունակէ բախիլ զօրաւոր դիմադրութեան մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր գրող այսպէս կամ այնպէս կառչած է իր գիտցածին. քող գրողը դժուար պիտի ընդունի քօղ գրել եւ փոխադարձաբար, կամ ծրագիրներ ըսելու վարժուած բերանը պիտի չյօժարի ծրագրեր ըսելու, իսկ այսպիսիներուն զուգահեռ կիրարկութիւնն ալ մերժելի է լեզուական միութեան տեսակէտէ: Պատկերացուցէք պահ մը, որ նոյն դպրոցին մէջ երկու ուսուցիչներ կառչած ըլլան այս եւ նման տարբերակներու կամ թէ դասագիրքերէն մէկը որդեգրած ըլլայ ասոնցմէ առաջինը, միւսը՝ երկրորդը: Այսօր նման կացութիւններ կը պարզուին դպրոցէ-դպրոց, թերթէ-թերթ, գրողէ-գրող եւ անշուշտ գրասենեակէ-գրասենեակ, պաշտօնեայէ-պաշտօնեայ, գաղութէ-գաղութ եւ այլն: Արեւելահայերէնը, բաղդատած արեւմտահայերէնին, ունի այն առաւելութիւնը, որ կ՚ուսուցուի միայն մէկ ձեւով, այլ հարց՝ թէ կիրարկութեան մէջ անմիօրինակութիւնները այնտեղ եւս ընդմիշտ բացակայ չեն:
Այս մտահոգութիւններէն առաջնորդուած եւ տարիներու հետեւողական աշխատանքով, ձեռնարկեցինք ներկայ Ուղեցոյցի շարադրութեան, որ, առ ի չգոյէ պետականութեան, ակադեմիայի կամ լեզուի որեւէ կարգի բարձրագոյն խորհուրդի, ենթադրուած է ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք ու միակերպ ուսուցման ու կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին:
Առ այս՝ հիմնուած ենք տասնամեակներու մեր դիտարկումներուն եւ արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն նմուշներու սերտողութեան, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի կառոյցին, գրաւոր ու բանաւոր արտայայտութեանց նուիրուած լաւագոյն ուսումնասիրութեանց վրայ՝ առանց մոռնալու ստացուած արդիւնքները անցընել արեւմտահայերէնի գիտակ սրտցաւ բարեկամներու քննարկումին ալ բովէն: Կը մնայ, որ այս ճիգերուն շնորհիւ բիւրեղացած արդիւնքները մատչելի ու ընդունելի դարձուին սփիւռքի բոլոր խաւերուն, բոլոր անոնց, որոնք պատասխանատու են հայերէնի կիրարկումին ու յաւերժացումին, իմա՝ դպրոց, մամուլ, գրողներ, հրատարակչատուներ, բառարանագիրներ, գրասենեակներ եւ այլն: Վասնզի ամէն միութիւն կ՚ենթադրէ կամաւոր հրաժարումը կարգ մը նախասիրութիւններէ եւ իւրացումը կարգ մը ցաւցնող ընտրութիւններու: Եթէ ամէն ոք պիտի շարունակէ կառչիլ իր գիտցածին ու յատկապէս նախընտրածին, ապա որեւէ միութիւն չ՚իրագործուիր:
Այս բոլոր տուեալները աչքի առաջ ունենալով՝ համազգային բնոյթի հանրօրէն ընդունուած ուղեցոյց մը, որ իբրեւ օրինագիրք պիտի ծառայէ ամէն կարգի զառածումներու եւ շփոթներու, այն նուազագոյնն է, որ կրնայ սփիւռքահայութեան բեկորներուն ապահովել լեզուական տարրական միութիւն մը եւ դառնալ անոր պաշտպանութեան մէկ տոկուն կռուանը:
Անգամ մը, որ այս աշխատասիրութիւնը ստանայ իր վերջնական ձեւաւորումը, փափաքելի է, որ անոր հիմնական դրոյթները իրենց կիրարկութիւնն ու ցոլացումը գտնեն դպրոցական բառարանի մը մէջ, որ ցաւագինօրէն բացակայ եղած է արեւմտահայ դպրոցէն եւ որ պէտք է ըլլայ արեւմտահայերուս հետագայ թիրախներէն մէկը: Ան իր ուղղագրական, ուղղախօսական, քերականական, կէտադրական ու այլ
ենթաբաժիններով մէկտեղ պարտի հանդիսանալ արեւմտահայ դպրոցականի օրինագիրքը, որուն պիտի դիմեն բոլոր անոնք՝ մանուկ, պատանի թէ չափահաս, դպրոցական թէ արտադպրոցական, աշակերտ, ուսուցիչ թէ արհեստաւոր, որոնք կ՚ուզեն ստուգել բառերու ուղղագրութիւնը, բայերու խոնարհումը, գոյականներու հոլովումը, ինչպէս նաեւ գրողական ընթացիկ ոճերու եւ ասոյթներու ուղիղ ձեւերը: Ակնկալելի է, որ այս միջոցառումներուն շնորհիւ մեր այլազան հատուածները կամաց-կամաց սկսին միանման մտածել, գրել եւ ուսուցել հայերէնը, եւ հետզհետէ վերանան վերոնշեալ բազմաձեւութիւնները:
Լեզուի մը մեծագոյն առաքինութիւնը անոր ճշգրտութիւնը չէ,- ինչ որ երբեմն յարաբերական հասկացութիւն է,- այլ անոր միօրինակութիւնը, միաձեւութիւնը, ուր իւրաքանչիւր բառ ազգին բոլոր զաւակներուն կողմէ կը գրուի նոյն ձեւով եւ կ՚ունենայ նոյն նշանակութիւնը: Այլ խօսքով՝ նախընտրելի է սխալ բայց միաձեւ գրել ու խօսիլ, քան «ճիշդ», սակայն բազմաձեւ: Այլ հարց, մենք հաւաքաբար պիտի փորձենք որոնել թէ՛ ճիշդ, թէ՛ միաձեւ խօսելու եւ գրելու միջոցները:
Այս աշխատութիւնը յառաջ տարուած է հիմնուելով հին թէ նոր հայերէնի բոլոր արտայայտութիւններուն՝ յատկապէս արեւմտահայ վերջին 150 տարուան գրական երկերու, մամուլի, դասագիրքերու, դպրոցական հանդէսներու, այլեւ շարադրութիւններու, անհատական բնոյթի գրութիւններու, ցուցանակներու, գրաւոր ազդերու, տոմսակներու եւ այլնի վրայ: Ընտրութիւններն ու առաջարկները կատարուած են նկատի ունենալով մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի արդի փուլը եւ անոր ցուցաբերած ուղղութիւնը ժամանակի ընթացքին եւ մեկնելով մասնաւորաբար մանկավարժական մտահոգութիւններէ, դուրս ձգելով անկէ բացառութիւններ, որոնք գործածողներս ժամանակի ընթացքին անհեռատեսօրէն կուտակեր ենք: Առ այս՝ անոնք կրնան անհատական նախասիրութիւն չվայելել անպայման, բայց կ՚ըլլան աւելի հեշտ ուսուցելի, ընկալելի ու կիրարկելի: Չմոռնանք, որ եթէ հայերէնը կարգ մը շրջաններու, օրինակ՝ Միջին Արեւելքի մէջ, աւելի լայն եւ դիւրին ընկալում ունի,- թէեւ այս պերճանքն ալ հիմա սկսած է խնդրոյ առարկայ դառնալ,- ապա հեռաւոր գաղութներու մէջ շատ դժուարացած է անոր ընկալումն ալ, ուսուցումն ալ, եւ չենք կրնար այնտեղ հասնող սերունդները հրապուրել կամայական, բարդ ու մանուածապատ բառաձեւերով ու կանոններով: Ինչպէ՞ս կարելի է պահանջել լոսանճելըսածին անգլիախօս հայէ մը,- որ բախտով հայկական դպրոց կ՚երթայ ու կ՚ուզէ հայերէն սորվիլ,- իւրացնել սա՛պիսի յարացոյց մը՝ ամառ-ամրան-ամառնային-ամարանոց-ամառուան, որ շատ աւելի աճպարարական բնոյթ ունի ռ/ր կամայական ու անհիմն հնչիւնափոխութիւններով:
Շեշտենք այս եւս, որ ուղեցոյցը պէտք չէ շփոթել աւանդական քերականութեան ձեռնարկով, որ կ՚ընդգրկէ լեզուն կանոնակարգող բոլոր երեւոյթներուն համադիր ամբողջութիւնը. ան կը հիմնուի լեզուն ճիշդ կիրարկելու տեսակէտէ եւ համաժամանակեայ կտրուածքով ներկայացող երեւոյթներու վրայ: Առ այս՝ ան կայուն, մանաւանդ քարացած ու անփոփոխ բովանդակութիւն չի կրնար ունենալ. պարտի քայլ պահել ժամանակին հետ, եւ ըստ այսմ ալ՝ տրամաբանական միջոցէ մը ետք վերանայուի, վերաթարմացուի՝ ըստ օրուան կարիքներուն, ապա ունենալու համար իր հերթական վերահրատարակութիւն(ներ)ը:
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ