ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ԴԵՐԸ (Բ.)

Մամուլը պատասխանատու է հասարակութիւնը առարկայականօրէն լուսաբանելու եւ իրազեկելու՝ մտահոգիչ իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ ամբողջ մարդկութեան հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներու մասին։ Մամուլի միւս պարտականութիւնն է ղեկավարները կամ իշխանութիւնները քննադատել եւ հաւանական հարցերու մասին նախազգուշացնել, հասարակութիւնը խորհելու մղող քննարկումներ ընել։ 

Բացի իրազեկելու իրաւունքէն, մամուլը նաեւ վերահսկելու եւ քննադատելու իրաւունք եւ պարտականութիւն ունի։ Բռնապետական վարչակարգեր հիմնուած են քաղաքացիներու «նախիրի բնազդի» վրայ եւ արդիւնքին յիշեալ վարչակարգի անվտանգութեան ծառայութիւններու առաջնահերթ նպատակն է հետեւիլ «նախիրին» եւ հեռացնել՝ նախիրի բնազդէն շեղող անհատները։ Նման վարչակարգերու ներքեւ իշխանութիւնը չի հանդուրժեր նոյնիսկ ամենաչնչին քննադատութեան։ Այնտեղ, ուր կը գերիշխէ բացարձակ պետութեան ըմբռնումը, մամուլին արգիլուած է քննադատել իշխանութեան ներկայացուցիչները կամ անոնց քաղաքականութիւնը, մինչդեռ ամբողջատիրական վարչակարգերու մէջ մամուլը վերածուած է՝ իշխանութեան ծառայութեան գործիքի։

Ժողովրդավարական պետութիւններու երաշխիքն է իրենց քաղաքացիներու «քննադատական» ներդրումը։ Իսկ քաղաքացիի մը ձայնը՝ մամուլն է։ Ուստի, ազատական ժողովրդավարական երկիրներու մէջ մամուլը թէ՛ կարծիքի զանազանութեան եւ թէ՛ համաձայնութեան կարեւոր բաղադրիչ մըն է։ 

Մամուլի ազատութիւնը ընդունուած է որպէս հաւաքական ազատութիւն եւ ընկերային իրաւունք։ Մամուլի ազատութեան ընդունումը որպէս ընկերային իրաւունք եւ հաւաքական ազատութիւն ծնունդ տուած է որոշ իրաւական արդիւնքներու։ Այս ըմբռնման համաձայն, որպէսզի այս ազատութիւնը իսկապէս գոյութիւն ունենայ, պէտք է ըլլայ հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ եւ հաւասար հնարաւորութիւններ այս իրաւունքէն օգտուելու համար: Այսինքն՝ այդ ազատութենէն օգտուելու հնարաւորութիւնը պէտք է հաւասարապէս տրուի բոլոր մարդոց անխտիր։ 

Այսօր, ընկերային եւ փորձագիտութեան ոլորտներէն ներս տեղի ունեցող նորարարութիւններու զուգահեռ՝ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցած են մամուլի մօտ։ Մամուլի թեքնիք զարգացումները, մամուլի սարքերու եւ մեքենաներու արդիականացումը, նորութիւններու եւ լուրերու տարածման ելեկտրոնային եւ մեքանիք գիւտերը ծնունդ տուած են անհատական արժէքներու խախտման հաւանականութեան եւ ի յայտ եկած են խախտումներու նոր ձեւեր: Շատ փոքր եւ դիւրազգայուն տեսալսողական ձայնագրման սարքերու եւ տեսախցիկներու մատչելիութիւնը թոյլ տուած է հեշտութեամբ մտնել մարդոց ամենագաղտնի տարածքները եւ հաւաքուած տեղեկութիւնները փոխանցել ուրիշներուն:

Լրագրութեան ոլորտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու արդիւնքին երկրի ամենահեռաւոր անկիւններու իրադարձութիւնները կարճ ժամանակի ընթացքին հասանելի դարձան լայն զանգուածներուն։ Հնարաւոր է նաեւ դիւրութեամբ վերընթերցել նախապէս հրատարակուած յօդուած մը։ Այդ իսկ պատճառով մամուլի միջոցով անձնական իրաւունքներու ոտնահարումը միւս անիրաւութիւններու համեմատ առանձնայատուկ նշանակութիւն եւ կշիռ ունի։

Մամուլի միջոցով անձնական իրաւունքներու ոտնահարումը կը յառաջանայ այնպիսի արժէքներու դէմ, ինչպէս՝ մասնագիտական ​​կամ անձնական պատիւ կամ արժանապատուութիւն, անհատական վարքագիծը, անձնական եւ գաղտնի բնակավայրը…

Որպէսզի մամուլի ազատութիւնը գերազանցէ անձնական իրաւունքները, լուրերը պէտք է ըլլան ճշմարիտ, նաեւ ճիշդ հեռարձակումը պէտք է ունենայ լրատուութեան որակ, ճշմարտացի լուրերու մատուցման ժամանակ պէտք է պահպանուին առարկայական չափանիշները, էութեան եւ ձեւաչափի համաչափութիւնը՝ լուրերու մատուցման ձեւի առումով: Հրապարակում մը կրնայ օրինական համարուիլ՝ միայն այս բոլոր պայմաններու համատեղ գոյութեան պարագային: Եթէ ​​հրապարակումը կը հակասէ այս հիմնական սկզբունքներէն որեւէ մէկուն, ապա անօրինականութիւն կը յառաջանայ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022