ԱՊՐԻԼ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ…

Հա­յաս­տա­նի մէջ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Իմ Հա­յաս­տա­ն» ա­րուես­տի փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն Սփիւռ­քի զա­նա­զան հա­մայնք­նե­րէն հայ մշա­կոյ­թի նուիրեալ­ներ, եր­գիչ­ներ, ե­րաժշ­տա­կան խում­բեր ու նուա­գիչ­ներ: Փա­ռա­տօ­նի նպա­տակն է՝ ընդ­լայ­նել Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք կա­պե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, նաեւ նպաս­տել հայ մշա­կոյ­թի եւ մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման, ա­ջակ­ցիլ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ձե­ւա­չա­փե­րու ձե­ւա­ւոր­ման, Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րու մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու խո­րաց­ման, սա­տա­րել հա­մա­տեղ ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման եւ ի­րա­կա­նաց­ման, օ­ժան­դա­կել ժա­մա­նա­կա­կից հայ ա­րուես­տի զար­գաց­ման ու գո­վազդ­ման, նպաս­տել մշա­կոյ­թի մար­զին մէջ հա­մա­հայ­կա­կան մաս­նա­գի­տա­կան նե­րու­ժի յայտ­նա­բեր­ման ու հա­մախմբ­ման:

Ա­մէն ան­գամ փա­ռա­տօ­նին ի յայտ կու գան նոր ա­նուն­ներ, ո­րոնք, փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն սկիզբ ա­ռած զգա­ցա­կան կա­պը կը շա­րու­նա­կեն մշա­կու­թա­յին եւ այլ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեանց տես­քով:

Այս տա­րի «Իմ Հա­յաս­տա­ն» փա­ռա­տօ­նը նուի­րուած էր Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի 25-ա­մեակ­նե­րուն եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նիին տակ:

Տա­կա­ւին ա­միս­ներ ա­ռաջ սկիզբ ա­ռած փա­ռա­տօ­նը կազ­մա­կեր­պած էր զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ, ինչ­պէս՝ պա­րա­րուես­տի օ­րեր, աս­մուն­քի հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօն, խմբեր­գա­յին ա­րուես­տի օ­րեր, տու­տու­կի եւ հայ­կա­կան այլ նուա­գա­րան­նե­րու փա­ռա­տօն, «Հայ եր­գի օ­ր» կո­չու­մով ե­րե­կոյ մը:

Պա­րա­րուես­տի օ­րե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի քսան­հի­նե եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած քա­ռա­սու­նութ պա­րա­խում­բեր:

Տասն օր շա­րու­նակ Սփիւռ­քէն ժա­մա­նած պա­րա­խում­բե­րը ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի, Շի­րա­կի, Լո­ռիի, Ա­րա­գա­ծոտ­նի, Ա­րա­րա­տի, Գե­ղար­քու­նի­քի, Ար­մա­ւի­րի, Կո­տայ­քի, Վա­յոց ձո­րի, Տա­ւու­շի մար­զե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ: Փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ մաս­նա­գի­տա­կան դա­սեր՝ Սփիւռ­քէն ժա­մա­նած պա­րու­սոյց­նե­րուն հա­մար:

Յատ­կան­շա­կան է, որ «Իմ Հա­յաս­տա­ն» փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուող Աս­մուն­քի հա­մա­հայ­կա­կան հին­գե­րորդ փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի տե­ղի ու­նե­ցաւ Շու­շիի մէջ։ Խմբեր­գա­յին ա­րուես­տի օ­րե­րուն կը մաս­նակ­ցէին Ռու­սաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Լի­բա­նա­նի, Ե­գիպ­տո­սի, Էս­թո­նիոյ, Սու­րիոյ, Ի­րա­նի, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի, Հա­յաս­տա­նի երգ­չա­խում­բեր, ո­րոնք հան­դէս ե­կան հայ­կա­կան եր­գե­րով ու հե­ղի­նա­կա­յին կա­տա­րում­նե­րով:

Տու­տու­կի եւ հայ­կա­կան այլ նուա­գա­րան­նե­րու փա­ռա­տօ­նին մաս­նա­կից սփիւռ­քա­հա­յեր եւ հա­յաս­տան­ցի­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին հնա­գոյն հայ­կա­կան նուա­գա­րան­ներ, ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով փաս­տե­լով, որ այդ նուա­գա­րան­նե­րու շուն­չը կը փոր­ձեն պա­հել նաեւ Սփիւռ­քի մէջ:

Փա­ռա­տօ­նի ա­ւար­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէն էր «Հայ եր­գի օ­ր­»ը, որ նուի­րուած էր Կո­մի­տա­սին. Սեպ­տեմ­բեր 26-ին Սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ հա­մախմ­բուած էին տաս­նեակ կա­տա­րող­ներ՝ Թուր­քիա­յէն, Պարս­կաս­տա­նէն, Լի­բա­նա­նէն, Շուէ­տէն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ար­ցա­խէն եւ այլ եր­կի­նե­րէն ժա­մա­նած:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ նոյն­պէս ներ­կայ էր Հայ եր­գի օ­րուան եւ կա­տա­րեց հար­ցազ­րոյց­ներ մաս­նա­կից­նե­րուն հետ: Կը ներ­կա­յաց­նենք ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ «Իմ Հա­յաս­տա­ն» փա­ռա­տօ­նի յատ­կան­շա­կան այս ձեռ­նար­կէն: Ինչ­պէս ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ­-ին տե­ղե­կա­ցուց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան պետ Է­վե­լի­նա Պաղ­տա­սա­րեա­ն, մինչ փա­ռա­տօ­նին սկսի­լը Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան Սփիւռ­քէն ժա­մա­նած խումբ մը աշ­խա­տա­կից­ներ՝ փոխ-նա­­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այ­ցե­լած են Կո­մի­տա­սի ա­նուան պան­թէոն, ուր ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղած են Մեծ Վար­դա­պե­տի շիր­մա­քա­րին:

Սե­նե­կա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան փա­ռա­տօ­նա­յին հա­մեր­գին ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին մե­տայլ­ներ եւ հա­ւաս­տագ­րեր շնոր­հեց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն եւ ե­լոյթ ու­նե­նա­լով, մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սաւ.

«Կը կար­ծեմ, որ մենք այ­սօր ա­կա­նա­տեսն ու ունկն­դի­րը ե­ղանք ջերմ, հո­գե­թա­թախ ե­րե­կո­յի մը. հա­ճե­լի հպար­տու­թեամբ լսե­ցինք, տե­սանք մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ­նե­րը: Ե­րե­կոն փայ­լուն էր, ե­րե­կոն կա­յա­ցաւ, ե­րե­կոն ան­մո­ռաց էր: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն քե­զի, սի­րե­լի՛ Կո­մի­տաս: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն, որ կաս, որ դար­ձար հայ եր­գի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը: Կո­մի­տաս ո՛չ միայն վար­դա­պետ էր, ո՛չ միայն եր­գիչ էր, ո՛չ միայն մեր բա­նա­հիւ­սու­թեան, խա­զե­րու բա­ցա­յայ­տողն էր, այլ նաեւ ման­կա­վարժ էր, նկա­րիչ, բա­նաս­տեղծ. այս­քան տա­ղանդ մէկ մար­դու մէջ խտա­ցած էր, որ­պէս­զի իր­մով հիա­նանք, զար­մա­նանք ոչ միայն մենք՝ հա­յերս, այլ աշ­խար­հի շատ ու շատ ժո­ղո­վուրդ­ներ: Կո­մի­տա­սը հա­մաշ­խար­հա­յին մե­-ծու­թիւն է: Կո­մի­տա­սը նուա­ճեց աշ­խար­հը. վկան այ­սօր բե­մին վրայ շուէ­տա­ցի եր­գի­չի կո­մի­տա­սեան կա­տա­րումն է: Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մի առ մի յի­շեց փա­ռա­տօ­նին մաս­նա­կից բո­լոր եր­գիչ­նե­րուն մա­սին, նշե­լով ա­նոնց կա­տա­րած հայ­րե­նա­նուէր աշ­խա­տան­քը՝ ի­րենց ապ­րած եր­կի­րնե­րուն մէ­ջ»:

Հա­մեր­գէն ետք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­Կ հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ հա­մեր­գին մաս­նա­կից պոլ­սա­հայ եր­գիչ, պա­րի­թոն՝ Ար­թուր Պաղ­տա­սա­րեա­նին հետ:

Ար­թուր Պաղ­տա­սա­րեան ծնած է 1983 թուա­կա­նին, Իս­թան­պուլ։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է Գա­րա­կէօ­զեան, Տա­տեա­ն եւ ա­պա՝ Սա­հա­կեան-Նու­նեա­ն վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Եօթ տա­րե­կա­նին սկսած է եր­գել ե­կե­ղե­ցա­կան երգ­չա­խում­բե­րու մէջ։ 1996 թուա­կա­նին Սիր­վարդ Գա­րա­մա­նու­կի ա­նուան մրցոյ­թին ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցած է։ Ա­նոր ա­ռա­ջին ու­սուց­չու­հին ե­ղած է եր­գա­հան-դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Տի­կին Սիր­վարդ Գա­րա­մա­նու­կ։ 2001 թուակա­նին Գա­րա­մա­նու­կի խոր­հուր­դով ըն­դու­նուած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի եր­գե­ցո­ղու­թեան բա­ժին՝ Վա­լե­րի Յա­րու­թիւ­նեա­նի դա­սա­րա­նը։ 2006 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է ե­րաժշտա­նո­ցը՝ մա­գիստ­րո­սի, ու­սու­ցի­չի, հա­մեր­գա­յին եր­գի­չի եւ մե­ներ­գի­չի կո­չում­նե­րով, եւ նոյն թուա­կա­նին ըն­դու­նուած է աս­պի­րան­տու­րա­յի մաս­նա­գի­տա­կան բա­ժին։

2006 թուա­կա­նին մաս­նակ­ցած է Տա­թե­ւիկ Սա­զան­դա­րեա­նի ա­նուան մրցոյ­թին եւ ստա­ցած՝ յա­տուկ մրցա­նակ, իսկ 2007 թուա­կա­նին՝ Կո­մի­տա­սի ա­նուան հա­մա­հայ­կա­կան մրցոյ­թին՝ ար­ժա­նա­նա­լով ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին։ 2007 թուա­կա­նին ստա­ցած է մե­ներ­գի­չի կո­չում եւ վե­րա­դար­ձած է Իս­թան­պուլ։ Ե­րեք տա­րի ղե­կա­վա­րած է ման­կա­կան երգ­չա­խումբ ու դա­սա­ւան­դած է դաշ­նա­մու­րի ան­հա­տա­կան դա­սեր։ 2010-2012 թուա­կան­նե­րուն Գեր­մա­նիոյ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին հրա­ւէ­րով ղե­կա­վա­րած է Հես­սէ­նի Հայ հա­մայք­նե­րու երգ­չա­խում­բե­րը եւ ե­ղած է հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ե­րա­ժիշ­տը։ 2010 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կած է իր ա­ռա­ջին գիր­քը՝ «Սոլ­ֆէ­ժի դա­ս­»ը։

Ար­թուր Պաղ­տա­սա­րեան բազ­մա­թիւ հա­մերգ­ներ ու­նե­ցած է դաշ­նա­կա­հար­ներ՝ Մար­գա­րիտ Սարգ­սեա­նի եւ Է­տվին Կա­լի­պեա­նի հետ՝ Հա­յաս­տան, Թուր­քիա եւ Գեր­մա­նիա։ 2013 թուա­կա­նի 9 Դեկ­տեմ­բե­րին Իս­թան­պու­լի Սեն թ՚Ան­թուան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կազ­մա­կեր­պած է հո­գե­ւոր հա­մերգ՝ նուի­րուած եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Շնորհք Պատ­րիար­ք Գա­լուս­տեա­նի ծննդեան 100-ա­մեա­կին:

«Իմ Հա­յաս­տա­ն» փա­ռա­տօ­նին ան ար­դէն կը մաս­նակ­ցի երկ­րորդ ան­գամ:

-Ի՞նչ են Ձեր զգա­ցում­նե­րը՝ այս փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­լու առ­թիւ:

-Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի կա­պը ի­րա­րու հետ հաս­տա­տող փա­ռա­տօն մըն է ա­սի­կա եւ Կո­մի­տա­սի ծննդեան օ­րուան հետ կա­պե­լով՝ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը «Հայ եր­գի օ­ր» կո­չեց զայն: Շատ ու­րախ եմ, որ մաս­նա­կից եմ, ո­րով­հե­տեւ Կո­մի­տա­սը պէտք է բարձր պա­հենք, ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի մէջ, այլ նաեւ՝ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին:

-Զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն ե­կած եր­գիչ­նե­րու հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ի՞նչ տուաւ Ձե­զի:

-Ան­ցեալ տա­րի Տու­տու­կի փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցայ եւ հոն ծա­նօ­թա­ցայ Չի­նաս­տա­նէն եւ Ռու­սաս­տա­նէն ե­կած տու­տու­կա­հար­նե­րու հետ, շատ ու­րախ էի, կա­պը պահ­պա­նուած է ա­նոնց հետ, կը տե­ղե­կա­նամ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ի­րենք ալ իմ գոր­ծե­րէս տե­ղեակ են: Քիչ ա­ռաջ ալ Ի­րա­նէն հրա­ւէր մը ստա­ցանք, այս­պի­սի կա­պեր կը հաս­տա­տուին նա­խա­րա­րու­թեան շնոր­հիւ:

Ան­ցեալ շա­բաթ այս փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­նա­հա­մերգս, ո­րու ըն­թաց­քին եր­գե­հո­նով ներ­կա­յա­ցու­ցի հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ ե­րաժշ­տու­թիւն, իսկ 16 Սեպ­տեմ­բե­րին Փրոֆ. Մար­գա­րիտ Սար-գը­սեա­նի կազ­մա­կեր­պած հա­մեր­գին, որ Նի­կոլ Գա­լան­տե­րեա­նի եր­գե­րուն նուի­րուած էր, իբ­րեւ մե­նա­կա­տար մաս­նակ­ցած եմ, իսկ հա­մերգն ալ կը կո­չուէր «Ան­յայտ ու յայտ­նի եր­գեր Նի­կոլ Գա­լան­տե­րեա­նէ­ն»:

-Հա­մերգ­նե­րը ինչ­պի­սի՞ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտան:

-Իմ մե­նա­հա­մեր­գը, որ եր­գե­հո­նով էր, շատ տար­բեր էր: Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րա-ժըշ­տու­թիւն հնչեց, լե­ցուն էր սրա­հը, իսկ Գա­լան­տե­րեա­նի եր­գե­րու հա­մեր­գին օ­րը տե­ղա­տա­րափ անձ­րեւ տե­ղաց, ճամ­բա­նե­րը փակ էին, բայց սրա­հը լի էր եւ ու­րախ եմ ա­տոր հա­մար, որ Գա­լան­տե­րեա­նին նուիր-ւած Մար­գա­րիտ Սարգ­սեա­նի ծրա­գի­րը, որ­քան գի­տեմ, հին­գե­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով, կը կա­յա­նայ: Կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք մըն է, որ­պէս­զի բո­լո­րը ծա­նօ­թա­նան Գա­լան­տե­րեա­նի եր­գե­րուն եւ այդ ա­ռու­մով մեծ աշ­խա­տանք տա­րուած է, ու­րախ եմ, որ մաս­նակ­ցե­ցայ:

-Ի՞նչ կ­­՚ը­սէք Հա­յաս­տա­նի հան­դի­սա­տե­սին մա­սին:

-Շա­տոնց ծա­նօթ եմ Հա­յաս­տա­նի հան­դի­սա­տե­սին, քա­նի որ հոս ու­սա­նած եմ, եօ­թ տա­րի հոս բնա­կած եմ: Սփիւռ­քին նա­յե­լով մա­կար­դա­կի շատ մեծ տար­բե­րու­թիւն կայ, բայց դժբախ­տա­բար այդ ալ ար­դէն, կը տես­նեմ, որ յե­տըն­թա­ցի մէջ է:

-Իսկ Պոլ­սոյ մէջ ո­րո՞նք են Ձեր եր­գե­րու ունկն­դիր­նե­րը, ե­րի­տա­սարդ­նե՞­րը, թէ՞ ա­ւագ սե­րուն­դը:

-Քիչ են ունկն­դիր­ներս, ո­րով­հե­տեւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ իմ կա­տա­րած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ժո­ղո­վուր­դի ընդ­հա­նուր ճա­շա­կէն քիչ մը տար­բեր է:

-Իսկ չի՞ յու­սա­հա­տեց­ներ այդ մէ­կը:

-Ոչ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կ­­՚ու­զեմ, որ մեր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը տա­րա­ծուի եւ մնամ այդ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ: Տա­րի­նե­րէ ի վեր Կո­մի­տա­սի մա­հուան օ­րը՝ 22 Հոկ­տեմ­բե­րին, մթու­թեան մէջ Կո­մի­տա­սի մա­սին կը պատ­մեմ ժո­ղո­վուր­դին, մար­դիկ կը մտնեն սրահ եւ մթու­թեան մէջ կ՚ունկնդ­րեն Կո­մի­տա­սի հայ­կա­կան, քրդա­կան եւ թրքա­կան եր­գե­րուն, ո­րոնք կը հնչեն զա­նա­զան ազ­գե­րու ե­րա­ժիշտ­նե­րու կա­տա­րու­մով: Ա­յո՛, ժո­ղո­վուր­դը քիչ մը պա­րե­լու եւ զուար­ճա­նա­լու ե­րաժշ­տու­թիւն կ՚ու­զէ, բայց պէտք է մենք մեր բարձր ա­րուես­տը՝ մեր Կո­մի­տա­սը, Սա­յաթ Նո­վան, Կա­րա Մուր­զան, Գա­լան­տե­րեա­նը պա­հենք, որ մեր մշա­կոյ­թը բարձր մնայ ու­րիշ ազ­գե­րէ, պէտք չէ ա­նոնց մա­կար­դա­կին հաս­նի:

-Իսկ ի՞նչ ծրա­գիր­ներ ու­նիք յա­ռա­ջի­կա­յին:

-Յա­ռա­ջի­կա­յին, ինչ­պէս ը­սի՝ Հոկ­տեմ­բե­րին Կո­մի­տա­սին նուի­րուած ձեռ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ։ Գա­լան­տե­րեա­նի հա­մեր­գը թե­րեւս կա­յա­նայ Ի­րա­նի մէջ։ Եր­գե­հո­նա­հար Է­տվին Կա­լի­պեա­նի հետ կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք այդ ծրա­գի­րը, որ կը փա­փա­քինք նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ տա­նիլ: Եւ­րո­պա ար­դէն տա­րած ենք, կ՚ու­զենք նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ մեր եր­գե­հո­նա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը տա­րա­ծել, որ­պէս­զի մար­դիկ տե­ղե­կա­նան հայ եր­գե­հո­նա­յին ե­րաժշ­տու­թեան բարձր մա­կար­դա­կին մա­սին: Օ­տար­ներ տես­նեն, որ ոչ միայն Պախն ու Հեն­տե­լը կայ, մենք ալ կանք, այդ պատ­ճա­ռով պէտք է մտա­ծել ա­ւե­լի շատ տա­րա­ծե­լու մա­սին:

-Իսկ չէ՞ք մտա­ծեր փո­խադ­րուիլ ո­րե­ւէ եր­կիր, ուր հան­դի­սա­տե­սը ա­ւե­լի ար­հես­տա­վարժ է, ուր ա­ւե­լի մեծ դաշտ կ՚ու­նե­նաք գոր­ծե­լու, ի վեր­ջոյ, եր­գի­չը միշտ մեծ բե­մե­րու կը ձգտի:

-Ես Ե­րե­ւան ու­սա­նած եմ, բայց վե­րա­դար­ձած, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ մե­զի նման ե­րա­ժիշտ­նե­րը լքեն Սփիւռ­քի հայ հա­մայնք­նե­րը, եր­թան, ար­դէն կրնաք պատ­կե­րաց­նել, որ սա­կա­ւա­թիւ դա­սա­կան եր­գիչ­ներ ու­նե­ցող հա­մայք­նե­րու մէջ ի՞նչ կը տի­րէ այդ ա­ռու­մով, այս­պի­սի փա­ռա­տօն­նե­րուն ո՞վ պի­տի գայ:

Թուր­քիան ես Սփիւռք չեմ նկա­տեր, ան հա­յե­րու կեդ­րոնն է, Կո­մի­տա­սը այն­տեղ ստեղ­ծա­գոր­ծած է, եւ ե­թէ ես ձգեմ եւ իմ հա­ճոյ­քին հա­մար գամ եւ եր­գեմ Հա­յաս­տա­նի մէջ, իմ կար­ծի­քով սխա­լած կ՚ըլ­լամ:

-Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն ալ պի­տի մաս­նակ­ցի՞ք այս փա­ռա­տօ­նին:

-Ա­յո, պատ­րաստ եմ, բայց լաւ կ՚ըլ­լար, որ այդ մաս­նակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ար­հես­տա­վար­ժի եւ սի­րո­ղա­կա­նի մի­ջեւ քիչ մը տար­բե­րու­թիւն դրուի եւ իս­կա­պէս ար­հես­տա­վարժ­ներ հրա­ւի­րուին՝ նոյն բե­մին վրայ ար­հես­տա­վարժն ու սկսնա­կը միա­սին չյայտ­նուին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016