ԵՐԳ, ՇՈՒՐՋՊԱՐ, ԿՈՄԻՏԱՍ

«Մրրօ» հայ ազ­գագ­րա­կան եր­գա­րուես­տի կեդ­րոն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսաւ «Գու­թան 2016» փա­ռա­տօ­նը։ Ժո­ղովր­դա­կան եւ ազ­գագ­րա­կան եր­գե­րու եւ պա­րե­րու փա­ռա­տօն մըն է այս մէ­կը, ո­րու մեկ­նար­կը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։ Փա­ռա­տօ­նի բա­ցու­մը Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան՝ հոծ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ։ «Գա­ֆէս­ճեան» ար­դի ա­րուես­տի կեդ­րո­նի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց­ման ձեռ­նար­կը։ Բա­ցօ­թեայ ե­րե­կոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցան ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով եւ պա­րա­խում­բե­րու ե­լոյթ­նե­րով։ Այս առ­թիւ մաս­նա­ւո­րա­պէս վեր­յի­շուե­ցաւ Մեծն Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տը, ո­րու մե­ծա­դիր դի­ման­կա­րը սփռուե­ցաւ պաս­տա­ռի վրայ եւ ա­նոր ա­ռջեւ տե­ղի ու­նե­ցան կա­տա­րում­ներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016