ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Գ.)

Է) ԳԻՐՔԻՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ

Չորս աւետարաններուն մէջ, Ղուկասու աւետարանը ամենէն երկար պարունակութիւն ունեցող աւետարանն է։ Ղուկասն է որ ամենէն աւելի տեղեկութիւն կու տայ Յիսուսի մանկութեան մասին՝ քաղելով զանոնք բերանացի աւանդութիւններէ։

Միայն Ղուկաս է, որ պատմագիրի մը բծախնդրութեամբ կը զետեղէ կարեւոր դէպքեր ծանօթ անձնաւորութիւններու ծառայութեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Անոր նպատակը եղած է Յիսուսի կեանքին դէպքերը պատմել կանոնաւոր դասաւորումով։

Ղուկաս աւետարանը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս Փրկիչը Իսրայէլի եւ մանաւանդ ամբողջ մարդկութեան։ Ղուկասի աւետարանը յատուկ կերպով կ՚արտացոլացնէ Աստուծոյ սէրը՝ մանաւանդ խոնարհ դասու մարդոց հանդէպ։ Անոր նպատակը եղած է Յիսուսի խօսքերը հասցնել բոլոր մարդոց, խօսելով Աստուծոյ շնորհքին ու փրկութեան մասին։

Առանձնացնել Ղուկասու աւետարանին յատկանիշները, կրնանք ըսել՝

- Ղուկասի աւետարանը մասնաւոր շեշտ կը դնէ աղօթքի վրայ։ Անոր մէջ Յիսուս Տէրունական աղօթքը կը սորվեցնէ Իր աշակերտներուն (Ղկ 11.2-4)։ Նաեւ զՔրիստոս կը տեսնենք աղօթքի մէջ, յատկապէս կարեւոր որոշումներ առնելէ առաջ. օրինակ՝ Իր մկրտութեան պահուն (Ղկ 3.21), աշակերտներ ընտրելէ առաջ (Ղկ 6.12), Գեթսեմանիի մէջ ինքզինք զինուորներուն ձեռքը յանձնելէ առաջ (Ղկ 22.41), եւ այլն։ Ղուկա-սու աւետարանին մէջ Յիսուսի աղօթք ընելը յիշուած է 11 անգամ։ Միայն այստեղ կը գտնենք երեք խորիմաստ առակներ աղօթքի շուրջ. կէս գիշերին իր դրացիէն հաց ուզող մարդը (11.5-10). անիրաւ դատաւորը (18.1-8) եւ փարիսեցին ու մաքսաւորը, որոնք կ՚աղօթեն տաճարին մէջ (18.9-14)։

- Ղուկաս միակ աւետարանիչն է, որ աւելի տեղեկութիւն կու տայ Յիսուսի մանկութեան մասին։

- Ղուկաս միակն է, որ մեզի կը ներկայացնէ Քրիստոսի ազգաբանութիւնը՝ երթալով մինչեւ Ադամ։

- Ղուկաս իր աւետարանով ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս մեր սրտերուն ու հոգիներուն խաղարարն ու սփոփիչն է։

- Ղուկասի աւետարանը մասնաւոր շեշտ կը դնէ Ս. Հոգիին ու Անոր ներգործութեան վրայ։ Բազմաթիւ են Ս. Հոգիի մասին եղած ակնարկութիւնները, ուղղակի եւ անուղղակի կերպով (Տե՛ս 1.35, 41, 67, 2.25-27, 4.14, 18, 10.21, 12.10, 12, 24.49)։

- Մատթէոս զՔրիստոս կը ներկայացնէ որպէս թագաւոր, Մարկոս՝ սպասաւոր, Յովհաննէս՝ Աստուծոյ Որդի, իսկ Ղուկաս՝ Մարդու Որդի (Տե՛ս Ղկ 19.10)։

- Ղուկասի աւետարանը մասնաւոր տեղ կու տայ երգի ու փառաբանութեան եւ սաղմոսերգութեան։ Օրինակ՝ Մարիամի Փառաբանական Երգը (Ղկ 1.46-47), Զաքարիայի Օրհներգութիւնը (1.67-79), Հրեշտակներու Օրհնաբանութիւնը (Ղկ 2.14) եւ ի վերջոյ Սիմէոն Ծերունիի Փառաբանութիւնը (Ղկ 2.29-32)։

- Ղուկասի աւետարանը տիեզերական աւետարանն է, որ իր պատգամը կ՚ուղղէ բոլոր մարդոց, առանց ցեղի, ազգութեան կամ քաղաքացիութեան խտրութեան։ Այլ խօսքով՝ ան խտրութիւն չի դներ հրեային ու հեթանոսին միջեւ, յոյնին եւ բարբարոսին, փարիսեցիին ու մաքսաւորին, ծառային ու տիրոջ, ինչպէս ինք պիտի ըսէր. «Որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի փառք ըլլալու» (Ղկ 2.32)։

- Ղուկասի աւետարանը մասնաւոր տեղ ունի մանուկին ու կնոջ համար։ Հոն կը տեսնենք Նայինի որբեւայրիին մեռած տղուն կեանքի վերադառնալը (7.11-17)։ Միայն Ղուկաս կու տայ Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան նկարագրութիւնը ու լայն տեղ կը յատկացնէ Յիսուսի ծննդեան նկարագրութեան։

- Այս աւետարանը մասնաւոր տեղ ունի լքեալին, նախատուածին, հարըս-տահարուածին, բեռնաւորուածին, անտեսուածին ու մասնաւորապէս աղքատին համար։ Օրինակ՝ զՔրիստոս կը տեսնենք Իր առաքելութեան սկիզբը Նազարէթի ժողովարանին մէջ, ուր ան կը յայտնէ իր այս նպատակը (4.16-19)։ Ան կը կանչէ Զաքէոս մաքսաւորը եւ կ՚առաջարկէ անոր հիւրը ըլլալ (19.1-10)։ Միայն Ղուկաս գրած է աղքատ Ղազարոսին ու հարուստ մեծաւորին առակը (16.19-31)։ Միայն Ղուկաս կը յիշէ Տիրոջ պատուէրը որ կ՚ըսէ. «Երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու ու կոյրերը…» (14.13)։ Մէկ խօսքով՝ ան կը դատապարտէ հարստութիւնը եւ կը ջատագովէ աղքատները, ինչպէս ինք կ՚ըսէ. «Երանի աղքատներուդ, որովհետեւ ձերն է Աստուծոյ արքայութիւնը»։ «Բայց վայ ձեզի՝ հարուստներուդ, որովհետեւ ձեր հանգիստն ու վարձատրութիւնը արդէն իսկ ստացաք» (Ղկ 6.20, 24)։

- Ղուկաս իր աւետարանին կը սկսի եւ կը վերջացնէ ուրախութեամբ (Ղկ 1.46-47, 24.52-5)։ Մէկ խօսքով՝ ան ցոյց կու տայ, որ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը մարդկութեան ուրախութեան ու ցնծութեան պատճառ հանդիսացաւ։

- Ղուկասի աւետարանը լայն տեղ կ՚ընծայէ Յիսուսի առակներուն, ընդհանրապէս տալով առակին պատմուելուն առիթն ու դրդապատճառը։ Այս աւետարանին մէջ կը գտնենք քսաներեք առակներ, որոնցմէ տասնութը կարելի չէ գտնել միւս աւետարաններուն մէջ։ Միթէ կարելի՞ է մէկդի դնել ու աննկատ թողուլ Բարի Սամարացիին, Անառակ Որդիին, Անմիտ Հարուստին առակները, ու տակաւին շատ ուրիշ առակներու մէջ նկարագրուած ազդու պատկերները։ Անոնք դուրս կ՚ելլեն կրօնական ու վարդապետական սահմաններէն ու կը դպչին մարդկային սրտին ամենէն նուրբ լարերուն, եւ կու տան Աստուծոյ խօսքին ազդու պատգամը։

- Այս աւետարանին մէջ կը գտնենք կարգ մը նկարագրութիւններ հիւանդներու, կամ անոնց հիւանդութեան մասին, բժշկական տեսանկիւնէն դիտուած, տրուած ըլլալով որ հեղինակը բժիշկ մըն էր (Տե՛ս Կղ 4.14)։ Օրինակ՝ փոխանակ «բորոտ» ըսելու, Ղուկաս կ՚ըսէ «բորոտութիւնով լեցուն» (5.12)։ Արիւնահոսութեան հիւանդութիւնով տառապող կնոջ հիւանդութեան վերաբերեալ Մարկոս աւետարանիչ հետեւեալը կ՚ըսէ, թէ «Անիկա բժիշկներու ձեռքէն շատ նեղութիւն քաշած էր, իր ամբողջ ունեցածը վատներ էր, բայց օգուտ չէր տեսած, ընդհակառակը, հիւանդութիւնը աւելի վատթարացեր էր» (Մր 5.26), մինչ Ղուկաս կ՚ըսէ, թէ ան «տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր եւ հակառակ որ իր ամբողջ ունեցածը բժիշկներու ծախսեր էր՝ ո՛չ մէկը կրցած էր զինք բժշկել» (Ղկ 8.43)։ Ղուկաս միակ աւետարանիչն է որ յիշած է սոյն խօսքը, «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ» (Ղկ 4.23)։ 

Վերջապէս, Էրնեստ Ռինօ նախքան իր քրիստոնեայ դարձը հետեւեալ գողտրիկ խօսքը ըսած է. «Անոր (Ղուկասի) Աւետարանը աշխարհիս տարածքին վրայ գտնուող ամենագեղեցիկ Աւետարանն է»։


Օգտագործուած աղբիւրներ.

- «Ղուկասի Աւետարանի Մեկնութիւն», Հայր Թադրոս Մալթի։

- «Քննական Պատմութիւն Սուրբգրական Ժամանակներու», Ներածութիւն Նոր Կտակարանի, Դ. Գիրք, Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 1974։

- «Ներածութիւն Նոր Կտակարանի», Ժիրայր Պզտիկեան, Նիւ Ճըրզի, 1997։

- «Մեկնաբանութեան Տեսութիւն», Անդրանիկ Ստեփանեան, Երեւան, 2000։

- «Ներածութիւն Աստուածաշունչի», Սիոն Արք. Մանուկեան, Լիբբանան, 1984։

- «Աստուածաշունչ Նոր Կտակարանի Յիսուս Քրիստոսի», Անթիլիաս, 2001։

- «St. Luke, T&T Clark», A. Plummer։

- «Exploring The Scriptures», John Philips, New Jersey։

- «Basic Introduction To The New Testament», John R.W. Stott, Eerdmans, Grand Rapids, 1988։

- «Halley’s Bible Hand Book», Henry H. Halley, USA, 1965։

- «Pour Lire Le Nouveau Testament», Etienne Charpentier, Paris, 1997։

- «The Serendipity Bilble Study Book», Zonderan Publishing House։

- «The Interpreter’s Bible», Volume VIII։

- «The New Unger’s Bible Dictionary», R. K. Harrison, Chicago։

- «The Pickering Bible Commentary For Today», USA։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018