ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀՈԼԻՎՈՒՏԵԱՆ ԱՍՏՂԸ
Հոլիվուտի մէջ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած պատուոյ աստղը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Daily Mail-ի կողմէ այս մասին հաղորդուեցաւ հետեւեալը. «Ֆրանսացի երգող առասպել Շարլ Ազնաւուրին՝ 20-րդ դարու ամենայայտնի երաժիշտներէն մէկուն, որ կը շարունակէ աշխոյժ մնալ 92 տարեկանին, Հոկտեմբերի 27-ին պատուեցին հոլիվուտեան աստղով, որ ներկայացուած է Գալիֆորնիոյ հայոց կողմէ»։ Լրատուամիջոցը շեշտած է, որ Շարլ Ազնաւուր յաճախ կ՚անուանուի «Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան»։ Ան խորապէս զգացուած է իրեն համար կատարուած մեծարանքին բերումով։ Ութսուն տարուան ստեղծագործական կեանքին ընթացքին Ազնաւուր գրած է հարիւրաւոր երգեր եւ ամբողջ աշխարհի վրայ ցարդ վաճառուած են իր աւելի քան հարիւր միլիոն ձայնագրութիւնները։ Ան կը շարունակէ մնալ առոյգ ու կը նշէ, որ բազմութեան առջեւ տակաւին յուզմունք կը զգայ։ «Կարծես իմ ընտանիքին հետ հանդիպած ըլլալու նման կը զգամ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ անոնք իտալացի են, սպանացի, թէ այլ որեւէ երկրէ։ Հանդիսատեսը իմ ընտանիքի մասն է։ Բեմը այն վայրն է, ուր ես զիս կը զգամ ամենաերջանիկը», ըսաւ Ազնաւուր եւ ընդգծեց, թէ իր ընելիքները տակաւին աւարտած չեն։ «Ես միշտ իմ առջեւ ունիմ քառասուն երգ։ Ես ամէն օր կը գրեմ», ըսաւ ան։
Հռչակաւոր երգիչը նոյն առթիւ AFP գործակալութեան ալ յայտնեց, թէ ինք տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի Հոլիվուտի, Միացեալ Նահանգներու մէջ։