ՈԳԵՇՆՉՈՒՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Այս տարի աշխարհը կը նշէ Անն Ֆրանքի 90-ամեակը: Կիսամութ ապաստարանին մէջ քսանհինգ ամիս իր եւ բարեկամի մը ընտանիքին հետ անցուցած այս աղջիկը անցեալ դարու կէսերուն յայտնի դարձաւ ողջ աշխարհին: Ան զրկանքներու եւ հալածանքներու մասին գրեց օրագիր մը, որ կարողացաւ մարդիկը յուզել այնպէս, ինչպէս տաղանդաւոր գրող մը կը յուզէ, բայց Անն Ֆրանք գրող չէր եւ իր կարճ կեանքին ընթացքին չտեսաւ այն փառքը, որ ունեցաւ աշխարհով մէկ եւ իր օրագիրը դարձաւ ամբողջ աշխարհի գրականութեան ամենէն նշանաւոր գիրքերէն մէկը:

Օրագիրը իր մահէն ետք հրատարակուեցաւ եւ տարածուեցաւ: Աղջիկը մահացաւ 16 տարեկանին, բայց մինչ այդ, 13 տարեկանին, գրած էր օրագիրը:

Անն Ֆրանքին եւ ընտանիքին երկու տարուան թաքնուած կեանքին եւ Աննի գրառումներուն հիման վրայ նկարահանուած են բազմաթիւ շարժանկարներ եւ բեմադրուած են թատերական ներկայացումներ: Խորհրդային Միութեան տարիներուն հայ ընթերցողը ծանօթացաւ Անն Ֆրանքի օրագրին՝ ռուսերէնէ հայերէն թարգմանութեան միջոցով. ահաւասիկ այս տարի բնագիրէն՝ հոլանտերէնէն հայերէնի թարգմանուեցաւ օրագիրը եւ դրուեցաւ հայ ընթերցողի սեղանին:

Հրեայ ծագումով գերմանացի աղջնակ Անն Ֆրանքին շարադրած օրագիրը իրական եւ յուզիչ պատմութիւն մըն է՝ իրական մարդոց մասին. ոչինչ յօրինուած է այդ գրուածքին մէջ: Գեղարուեստական արժէք ունենալէն զատ, գիրքը փաստագրական հսկայ աղբիւր է անցեալ դարու նշանաւոր ողբերգութիւններէն մէկը ուսումնասիրելու համար: Հոլոքոսթի մասին ամենաազդեցիկ գիրքերէն մէկն է՝ գրուած անչափահաս աղջկայ մը գրիչով:

Ֆրանքի օրագիրը երազանքներու եւ անոնց հասնելու ճանապարհին մասին է, ցաւի եւ աւերի մէջ գտած փոքրիկ ու անցողիկ երջանկութեան, առհասարակ՝ պարզ մարդուն ու անոր բնական պայքարին մասին:

Անկեղծ ու մանկական անմիջականութեամբ գրուած եւ միլիոնաւոր մարդոցմէ արցունքներ կորզած այս օրագիրը ֆաշականութեան գործած դաժանութիւններուն պատկերը մէջտեղ կը հանէ: Անցնող դարու կէսերուն Հիթլերի գլխաւորութեամբ ֆաշականները հետապնդեցին եւ սպաննեցին միլիոնաւոր հրեաներ. այդ բոլորը միշտ կը մնայ պատմութեան ամօթներէն մէկը:

1947-ին առաջին անգամ հրատարակուլէ ետք գիրքը կարդացած են միլիոնաւոր մարդիկ եւ հասկցած, թէ որքան անխորտակելի կրնայ ըլլալ մարդկային կամքը:

Անն Ֆրանք ծնած է Գերմանիոյ մէջ, սակայն գրեթէ ամբողջ կեանքը ապրած է Ամսթերտամ, որովհետեւ իր ընտանիքը հոն տեղափոխուած է պատերազմի պատճառով, երբ ինք պզտիկ էր: Այդ է պատճառը, որ իր օրագիրը գրած է հոլանտերէնով: Գրառումները կատարած է այն երկու տարիներուն, երբ ինք եւ իր ընտանիքը կը պահուըտէին թաքստոցին մէջ, որպէսզի փրկուին ֆաշական ուժերէն: Երկու տարի ետք՝ 1944 թուականի օգոստոսին, անոնք ձերբակալուեցան: Կարմիր գոյնով, վանդակաւոր հաստ տետրը, զոր օրագիր դարձուցած էր, նուէր ստացած էր ծնըն-դեան օրը՝ տասներեք տարեկանին առթիւ, բայց մէկ օր առաջ հօր հետ գրախանութ գացած ժամանակ հաւնած էր զայն: Նուէր ստանալէն ետք կատարած է առաջին գրառումը՝ իր ծննդեան երջանիկ օրուան ստացած նուէրներուն եւ ընտանեկան ու ընկերային ջերմ միջավայրին մասին: Շաբաթներ անց՝ 5 յուլիս 1942 թուականին ընտանիքը պաշտօնական ծանուցագիր մը կը ստանայ, որով կը կանչուի ֆաշական ճամբար: Ֆրանքները կանգնած էին ընտրութեան առջեւ՝ կամ ներկայանալ ճամբար եւ աքսորուիլ, կամ՝ թաքնուիլ: 6 յուլիսի առաւօտեան Ֆրանքներու ընտանիքը կը տեղափոխուի ապաստարան՝ թաքնուելու: Ապաստարանին մէջ կը թաքնուէին Անն Ֆրանքը, իր հայրը՝ Օթթօ Ֆրանքը, մայրը՝ Էտիթ Ֆրանքը եւ քոյրը՝ Մարքոթ Ֆրանքը: Անոնց հետ կը պատսպարուէր նաեւ Օթթօ Ֆրանքին գործընկերոջ ընտանիքը՝ պարոն վան Տաանը, տիկին Ֆրու վան Տաանը եւ անոնց դեռահաս որդին՝ Փեթէր վան Տաանը եւ ատամնաբոյժ մը: Ապաստարանը թաքնուած էր փաստաթուղթերով լեցուն գրապահարանի մը ետեւը՝ Օթթօ Ֆրանքի աշխատավայրը եղած գաղտնի բաժնի մը մէջ:

Օթթօ Ֆրանքի հաւատարիմ եւ վստահելի ընկերներուն՝ խիզախ հոլանտացիներուն շնորհիւ, երկու հրեայ ընտանիքները թաքստոցին մէջ կ՚ապրին երկու տարի եւ մէկ ամիս: Անն Ֆրանք այդ ընթացքին իր ձեռագրով կը կատարէ մեծ ծաւալով գրառումներ, որոնք երեք մեծ հատոր կը կազմեն: Առաջին հատորը (կարմիր շապիկով տետրը) կ'ընդգրկէ 12 յունիս 1942-էն 5 դեկտեմբեր1942 տարիներուն պատահած դէպքերը: Երկրորդ հատորին մէջ Անն նկարագրած է 22 դեկտեմբեր 1943-էն 17 ապրիլ 1944-ի դէպքերը: Ենթադրութիւններ կան, որ 1942-ի դեկտեմբերէն 1943-ի դեկտեմբեր ամիսներուն գրառումները անհետացած են այն ժամանակ, երբ ֆաշականները գտած են անոնց թաքստոցը: Երրորդ հատորին մէջ պահպանուած են 17 ապրիլ 1944-էն 1 օգոստոս 1944-ին համընկած դէպքերը: 1 օգոստոսին Անն կատարած է իր վերջին նօթը: Այդ օրը ֆաշականները գտած են ընտանիքը եւ ճամբար տարած, իսկ անոնց ապաստան տուած հոլանտացիները՝ բանտ:

Աղջիկը գեղարուեստական անուն մը տուած էր իր օրագրին՝ Քիթթի: Քանի որ անոնք թաքնուած էին ապաստարանին մէջ, իսկ Անն չունէր ընկերներ, իրեն համար ստեղծած էր երեւակայական ընկերուհի մը, որ օրագիրն էր:

Օրագիրի ընթերցանութիւնը կ՚ընթանայ հետաքրքրութեամբ: Հոլանտէրէն հայերէնի թարգմանչուհին հոլանտացի Աննա Մարիա Մաթաարն է, որ ինքնուրոյն սորված է հայերէնը եւ շատ սիրած զայն: Ան նաեւ Ամսթերտամի հայկական տպարաններու եւ Ամսթերտամի համալսարանի գրադարանի հայկական հնատիպ գիրքերու մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած է, յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան: Անն Ֆրանքի օրագիրի իր թարգմանութեան շնորհանդէսին ալ ներկայ էր: Բնիկ հոլանտացի հայագէտ-թարգմանչուհին կարդացած է օրագրի՝ խորհրդային տարիներուն եղած թարգմանութիւնը եւ վերջերս ալ անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւն մը եւ հասկցած է, որ այդ երկու գիրքերուն լեզուն քիչ կապ ունի այն լեզուին հետ, որ իր գրառումներուն ժամանակ գործածած է տասներեք տարեկան աղջիկը՝ տակաւին 1940-ականներուն: Ճիշդ է, որ Անն Ֆրանքը խելացի եւ գրագէտ աղջիկ մըն էր, բայց Աննա Մարիա Մաթաարի բնորոշմամբ՝ այդքան բարդ լեզու չէ գործածած:

Ութ մարդ քսանհինգ ամիս ապրած են սահմանափակ տարածքի մը մէջ եւ անձայն շարժած, շշուկով խօսած, իրարու հետ կիսած են ապրելու եւ գոյատեւելու դժուարութիւնները՝ օգնած իրարու, քաջալերած զիրար, երբեմն նաեւ՝ վիճած են: Անոնք հերոսներ չէին, սովորական մարդիկ էին, եւ Անն Ֆրանք օրը օրին կը պատմէ հանգամանքներու բերումով մէկ դարձած այդ ընտանիքին կեանքը, որ բանտարկեալի կեանք էր:

Անն Ֆրանք շատ սերտ յարաբերութիւններու մէջ էր իր հօրը՝ Օթթօ Ֆրանքին հետ, իսկ մօր հետ այնքան ալ ջերմ չէ եղած, տեսակ մը լարուած եղած են իր եւ մօրը յարաբերութիւնները: Կը հպարտանար իր քոյրով՝ Մարքոթով, իբրեւ խելացի քոյր մը: Օրագրին մէջ գրառումներ կան, թէ Անն ինչքան կը սիրէ բնութիւնը, կեանքը, ուսումը, ընկերները, որոնցմէ բաժնուած էր: Ապաստարանին մէջ իրենց հետ ապրող բարեկամ ընտանիքին որդին՝ Փեթէրը, գրեթէ տարեկից էր Աննին եւ Անն կը ձեւացնէ, թէ կը սիրէ զայն, հաւատալով, որ սէրը անհրաժեշտ է իր տարիքին եղող պատանիի մը համար: Բայց անոնց յարաբերութիւնները անորոշ էին, քանի որ Փեթէրը, հակառակ Աննին հետ մտերիմ ըլլալուն, սակաւախօս էր: Կիսալոյս ապաստարանի դժուար պայմաններուն մէջ գոյատեւած մարդիկ յետագայ տարիներուն կը մահանան, ողջ կը մնայ միայն Աննի հայրը:

Անն Ֆրանքը մահացաւ 1945-ի մարտին՝ տիփակերպ հիւանդութենէ, քոյրը կը մահանայ ճամբարէ ճամբար տեղահանութեան ճամբուն, իսկ մայրը սովամահ կ՚ըլլայ: Աննի մահէն երկու ամիս անց Հոլանտան կ՚ազատագրուի: Բնակավայրէ բնակավայր քալելու ճամբուն Աննի հայրը կը բաժնեն անոնցմէ եւ ողջ մնալով, հայրը ամէն ինչ կ՚ընէ, որ աղջկան օրագիրը տպուի:

Առաջին թարգմանութիւնը հայրն ու իր ընկերները կը կատարեն գերմաներէն եւ առաջին տպագրութիւնը կ՚ըլլայ գերմաներէն, 1947 թուականին:

Անն Ֆրանքի գրառումներէն զատ, գիրքին մէջ աւելցուցին նաեւ, թէ ինչ ճակատագրի արժանացան ընտանիքին եւ Վան Տաաններու ընտանիքին անդամները: Այնուհետեւ գիրքը թարգմանուեցաւ ուրիշ լեզուներու, հրատարակուեցաւ նաեւ բնագրով՝ հոլանտերէնով:

1951-ին գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը Անգլիոյ մէջ հանրութեան ներկայացուեցաւ, բայց թարգմանիչը որոշ էջեր կրճատած էր: 1952-ին գիրքը տարածուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն դարձաւ: Օթթօ Ֆրանքը իր զգացմունքները արտայայտելով՝ ըսած է.

«Այս մէկը ինծի համար յայտնութիւն էր: Օրագրին մէջ ես գտայ նոր Անն մը՝ իմ աղջնակը, որ այսօր չկայ: Ես փոքրիկ պատկերացում իսկ չէի կարող ունենալ Աննի խոր միտքերուն ու զգացումներուն մասին»:

Գիրքին յաջողութենէն ետք շատ մարդիկ եղան, որ պնդեցին, թէ այս օրագիրը իրական չէ եւ քաղաքական նպատակներով յօրինուած է: Այդ մարդոց մէջ էին հրեաներուն ողջակիզումը մերժողները: Դատական գործ մը սկսաւ, որ պիտի հետաքննէր Անն Ֆրանքի եւ անոր օրագրին իսկութիւնը: Դատական քննութիւնը պարզեց, որ անիկա կեղծ չէ, Աննի կատարած ամէն մէկ գրառում կը համապատասխանէ իրականութեան:

Օթթօ Ֆրանքը օրագիրը կտակեց Հոլանտայի Պատմութեան վաւերագրութեան հիմնարկին: Օթթօ Ֆրանքի մահէն ետք՝ 1980 թուականին հիմնարկը իր կարգին դատա-բժշկական ուսումնասիրութիւն կատարեց՝ Աննի ձեռագիրը ստուգելու համար: Տետրին կողքի նիւթը, թուղթը, մելանը, Աննի ձեռագիրը եւ ամէն ինչը, որ կապուած էր այդ օրագրին հետ, մանրամասնօրէն ուսումնասիրուեցաւ: 1986-ին հրապարակուած արդիւնքները հաստատեցին, որ Աննի ձեռագիրը իրական էր, թուղթին որակը, գրիչը, սոսինձը, որով Անն որոշ էջեր եւ իր նկարները փակցուցած էր, կը համապատասխանէին իրականութեան: Այս փորձաքննութենէն ետք օրագիրը կրկին հրատարակուեցաւ անգլերէնով:

2014-ին «Անն Ֆրանքի օրագիրը» գիրքին 265 օրինակ եւ ողջակիզման առընչուող ուրիշ նիւթեր յայտնուած են Թոքիոյի 31 հանրային գրադարաններուն մէջ: 300 օրինակ «Անն Ֆրանքի օրագիրը» գիրքէն նուիրաբերուած է Իսրայէլին:

Հետաքրքրական ճակատագիր ունեցաւ նաեւ Ֆրանքներու եւ բարեկամ ընտանիքին թաքստոցը. Ամսթերտամի մէջ գտնուող շէնքը, որուն մէջ էր անոնց ապաստարանը, 1960 թուականին դարձաւ թանգարան՝ «Անն Ֆրանքի տունը» անունով:

Պատմական այս շէնքը կառուցուած է 1635-ին: Նախ առանձնատուն եղած է, ապա ծառայած է իբրեւ պահեստ: 20-րդ դարու սկիզբը հոս կենցաղային սարքեր արտադրուած են, իսկ 1940-ին հոն փոխադրուած է պտուղի խիւս արտադրող «Օփեքթա» ընկերութիւնը, ուր կ՚աշխատէր Աննի հայրը՝ Օթթօ Ֆրանքը: Երբ անոր եւ բարեկամին ընտանիքը հոս փոխադրուած են՝ անոնք յետնասենեակին մուտքը գոցած են ընկերութեան փաստաթուղթերուն պահարանով: Թաքստոցը դատարկ է, քանի որ նացականները գտած են թաքնուողները, տարած են նաեւ իրերը:

Անն Ֆրանքի նկարագրածն ու յետոյ՝ անոր հօր պատմածները հիմք ծառայած են, որ այս տարի՝ Անն Ֆրանքի 90-ամեակին առթիւ, թանգարանը թուային պատկերներու միջոցով վերականգնէ թաքստոցին իրական տեսքը: Թանգարանի այցելուները կրնան տեսողական եւ լսողական սարքերու միջոցով տեսնել այն պատկերը, որ ունեցած է թաքստոցը Աննի ապրած տարիներուն, մինչ այդ՝ պատերուն միայն նկարներ եւ գրութիւններ կային:

Թուային այս շրջայցը հասանելի է եօթ լեզուներով: Թանգարանը Ամսթերտամի զբօսաշրջութեան կեդրոններէն մէկն է, որ տարեկան միլիոնաւոր այցելուներ կ՚ընդունի, ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ եւ անսովոր պայմաններու մէջ ապրած մարդոց կեանքը կը ներկայացնէ հանրութեան:

Անն Ֆրանքի օրագիրը յայտնի է նաեւ «Երիտասարդ աղջկայ օրագիրը», «Թաքստոց» եւ «Յետնատուն» անուններով: Հոլանտերէնէ հայերէնի թարգմանութիւնը նոյնպէս ունի «Յետնատուն» խորագիրը:

1959-ին բեմադրիչ Ճորճ Սթիւընս նկարահանեց «Անն Ֆրանքի օրագիրը» ժապաւէնը, որ յաջորդ տարին՝ 1960-ին, արժանացաւ երեք «Օսքար»ի: 2006-ին ամերիկեան այս ժապաւէնը զբաղեցուց 18-րդ տեղը՝ վերջին հարիւր տարուան ամերիկեան հարիւր ամենոգեշնչող ժապաւէններու ցանկին մէջ: Իսկ Անն Ֆրանքի պատմութիւնը, իրաւ, ոգեշնչող է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019