ԿԱԹԻԼ-ԿԱԹԻԼ

Թերեւս աշխարհի մէջ միակ ազգն ենք, որ վտանգի պահին կը դառնանք բռունցք մը, իսկ խաղաղ ժամանակներուն կը ցրուինք չորս դին:

Յիրաւի, համայն հայութիւնը սա օրհասական օրերուն խուճապահար՝ ինքնակամ կը փախի դէպի Արցախ: Մեծէն պզտիկ կը փորձեն իրենց կրցածին չափ օգտակար ըլլալ վիրաւոր հայրենիքին: Ժրաջան մեղուներու պարսի կամ մրջիւններու կը նմանինք. օրն ի բուն կ՚աշխատինք:

Հայաստանը նիւթապէս հարուստ ու անկախ երկիր մը չէ, սակայն լի է անսահման սիրով ու ջերմութեամբ, որ իւրաքանչիւր հայ կը տածէ իր երկրի նկատմամբ: Այլեւս գոյութիւն չունի սեփական միջոցներ: Իմ շահոյթը, աշխատավարձը իմս չէ՝ մերն է, հայ զինուորինն է, Արցախ աշխարհինն է:

Ազգովի սրբազան աշխատանքի մը լծուած ենք: Մեր մտքի մէջ պահելով «կաթիլ-կաթիլ ծով կ՚ըլլայ» ասածուածքը, կ՚օգնենք մեր հայրենիքին:

Ոմանք կաթիլ մը, ոմանք ալ դոյլով կամ աւելի հսկայ տարրաներով ջուր կ՚աւելցնեն այս ծովուն մէջ: Վերջերս Քարտաշեան քոյրերը երեք միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ այսպէս շատեր...

Մեր պզտիկ ընտանիքը նոյնպէս անմասն չէ մնացած այս հայանպաստ աշխատանքէն. ամէնամսեայ նուիրատուութիւն մը կը կատարենք: Իմ ամէնամսեայ կազի, հոսանքի, ջուրի եւ այլնի վճարումներուն աւելցած է եւս մէկը, զոր ես կոչած եմ՝ յոյսի ու լոյսի արանքին մէջ:

Հայաստանի մէջ մեզի պէս շատեր որոշած են ամէնամսեայ նուիրատուութիւն մը կատարել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Ատկէ զատ սա դժուարին օրերուն ամէն մարդ կը փորձէ ընել առաւելագոյնը:

Զոր օրինակ, հնգամեայ Ֆելիքսը Երեւանի շուկաներէն մէկուն դիմաց մէկ հատ խնձորը երկու հարիւր դրամով վաճառելով 8200 դրամ փոխանցած է հիմնադրամին: Եւ հաշուեկտրօնով կիսուած իր դիմատետրի էջին:

Իսկ վեցամեայ Վահէն հատը հարիւր դրամով ընկոյզ վաճառած է եւ 70 հազար դրամ փոխանցած՝ «մենք ենք մեր սահմանները» հաշիւին:

Մէկ ուրիշն ալ կը պատմէ, թէ տատիկ մը մտաւ դրամատուն, մօտեցաւ աշխատակցուհիին.

-Աղջիկ ճան, թոշակները նստա՞ծ են:

-Այո, տատի ճան, կրնաք ստանալ:

-Դէ եկուր, օգնէ որ հանեմ (ի նկատի ունի՝ քարտէն):

Միասին գացին հանեցին գումարը. 54 հազար դրամ:

Աշխատակցուհին նկատեց, որ տատիկը տեղէն չի շարժիր, լուռ մտքերով ինչ-որ հաշուարկներու մէջ է:

-Տատի ճան, ընելիք ուրիշ գործարք մը ունի՞ք:

-Անշուշտ:

Մօտեցաւ աշխատակցուհիին եւ ըսաւ.

-Աղջիկ ճան, պէտք է, որ դուն գիտնաս՝ ԶԻՆՈՒՈՐԻՍ համար ինչպէ՞ս կրնամ դրամ ուղարկել, դէ որ հեռատեսիլով կ՚ըսեն... այն հաշիւին:

-Գիտեմ տատի ճան, ինչքա՞ն ղրկենք:

-Ինչքան որ կայ աղջիկ ճան, ինչքան որ կայ: Ճիշդ է, ես ամբողջ ամիս սրանով կ՚ապրիմ, բայց ոչինչ՝ ձմրան համար պահածոյացուած ուտելիք ունիմ: Կը բանամ ձեւով մը այս ամիս գոյութիւնս կը պահեմ:

-Տատի ճան, գոնէ հացի փող ունեցիր քովդ: Եկուր կէսը ղրկենք,- կ՚առաջարկէ աշխատակցուհին:

-Իեա՛յ, եթէ հիմա այդ գումարը չղրկեմ ԶԻՆՈՒՈՐԻՍ, կրնայ պատահիլ ձմրանը պահածոներս չբացեմ...

Նմանօրինակ պատմութիւնները բազմաթիւ են...

Ամերիկահայ մըն ալ կը պատմէ.

«Լոս Անճելըսի Կլենտէյլի փողոցներուն մէջ գրեթէ 70-75 տարեկան անտուն խաբշիկ մարդ մը «կ՚ապրի»:

«Մշտապէս սուրճի գաւաթով մը դրամ կը մուրայ, օգնողներուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ:

«Այսօր դուրս եկայ հացի խանութէն, քովս երկու տոլար մանրադրամ ունէի: Մօտեցայ, որպէսզի մէկն իր գաւաթին մէջ նետեմ: Դողացող ձեռքով բարձրացուց գաւաթը, թէ այս անգամ ես կու տամ, ուղարկեցէք Արցախ: Կ՚աղաչեմ, նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ առտուընէ ի վեր որչափ գումար հաւաքուած է:

«Երբ ըսի, որ կարիք չկայ, շնորհակալ եմ, ան ըսաւ. «Ես աւելի քան տասն տարիէ ի վեր փողոցներն եմ, միայն հայերն են, որ ինծի կու տան ծածկոց, գումար եւ սնունդ: Ափսոս է այդ ազգին արիւնը, կ՚աղաչեմ առէք, որպէսզի ես ալ ինքզինքս քիչ մը մարդ զգամ...»:

«Վերցուցի մանրադրամները, առանց հաշուելու նետեցի հայկական նպարատուներու մէջ տեղադրուած «Օգնենք Արցախին» ապակեայ տուփերէն մէկուն մէջ...

«Անհուն հպարտութենէ սիրտս արտասուեց...»:

Այսպէս՝ կաթիլ-կաթիլ ամսուայ մը մէջ ժողվեցինք աւելի քան 150 միլիոն տոլար...

Յաղթանակը անխուսափելի է:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020