«ԱՐԱՐԱՏ» ՔՈՆԻԱՔՆ ՈՒ ՈՒԻՍԹԸՆ ՉԸՐՉԻԼ

Լոն­տո­նի «Սոթ­պի՚զ» հան­րա­ծա­նօթ ըն­կե­րու­թիւ­նը Մո­նա­քո­յի ար­քա­յազն Ալ­պէռ իշ­խա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պած էր ա­ճուրդ մը՝ նուի­րուած Ո­ւիս­թըն Չըր­չի­լի մա­հուան 50-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ա­ճուր­դի գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին ար­քա­յազն Ալ­պէռ, Մո­նա­քո­յի մօտ Անգ­լիոյ դես­պան Է­վէ­լին Չեն­թա եւ Լոն­տո­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգ­սեան։ Հան­գա­նա­կուած ամ­բողջ գու­մա­րը յատ­կա­ցուե­ցաւ իշ­խան Ալ­պէ­ռի բա­րե­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն. օ­րի­նակ՝ կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան նուա­զե­ցում, պիօ­բազ­մա­զա­նու­թեան պահ­պա­նում եւ ա­նա­պա­տաց­ման դէմ պայ­քար։

Ա­ճուր­դի հա­նուած էին Չըր­չի­լի սի­րած խմիչք­նե­րը, սի­կառ­նե­րը, յայտ­նի վա­ճա­ռա­նի­շով հա­գուստ­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ այլ ի­րեր։

Ա­ճուր­դի ըն­թաց­քին ա­մե­նէն շատ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան ծա­նօթ քան­դա­կա­գործ Օս­քար Նե­մո­նի քան­դա­կած Չըր­չի­լի կի­սանդ­րին եւ տաս­նա­մեակ­նե­րու հնու­թիւն ու­նե­ցող շիշ մը «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան քո­նիա­քը, ո­րուն պատ­մու­թիւ­նը բա­ւա­կան ու­շագ­րաւ է եւ հե­տաքրք­րա­կան։ Տա­րի­ներ ա­ռաջ, եօ­թա­նա­սուն տա­րուան այդ ե­զա­կի քո­նիա­քը վա­ճառ­քի հա­նուած էր «Քրիս­թի՚զ» ա­ճուր­դա­տան կող­մէ եւ վա­ճա­ռուած՝ ա­ւե­լի քան 15 հա­զար անգ­լիա­կան սթեր­լի­նով։ Ըստ փաս­տա­թուղ­թե­րու, այդ շի­շը լե­ցուած էր նոյն տա­կառ­նե­րէն, ո­րոնց­մէ ժա­մա­նա­կին Սթա­լի­նի կար­գադ­րու­թեամբ կա­նո­նա­ւոր յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ եր­կար տա­րի­ներ քո­նիաք մա­տա­կա­րա­րուած էր Չըր­չի­լին։ Այդ բա­ցա­ռիկ քո­նիա­քը ա­ճուր­դին տրա­մադ­րած էր Ար­մէն Սարգսեան։

Ա­ճուր­դաս­րա­հին մէջ հա­ւա­քուած էին ա­րիս­թոք­րա­սիի վեր­նա­խա­ւի բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այն ինչ որ կա­տարուե­ցաւ ա­ճուր­դի ըն­թաց­քին՝ գե­րա­զան­ցեց բո­լո­րին ակն­կա­լու­թիւ­նը. եօ­թա­նա­սուն տա­րուան կա­խար­դա­կան հե­ղու­կը վա­ճա­ռուե­ցաւ 80 հա­զար անգ­լիա­կան սթեր­լի­նի, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ 120 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի։ Մաս­նա­կից­նե­րը ա­ճուր­դի տե­ւո­ղու­թեան զար­ման­քով եւ հիա­ցու­մով կը խօ­սէին Հա­յաս­տա­նի մա­սին։ Մա­ռախ­լա­պատ Ալ­պիո­նի մէջ հայ­կա­կան քո­նիա­քի այս ան­նա­խըն­թաց յա­ջո­ղու­թիւ­նը, յոյս ու­նինք, կը նպաս­տէ «Ա­րա­րատ» վա­ճա­ռա­նի­շի համ­բա­ւի տա­րած­ման։

ՉԸՐ­ՉԻԼ ԵՒ ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՔՈ­ՆԻԱ­ՔԸ

Տի­կինս, Վի­վիէն եւ ես եր­կար տա­րի­ներ, տա­կա­ւին 70 թուա­կան­նե­րու սկիզ­բէն, վա­յե­լած ենք Չըր­չի­լի դստեր՝ Սա­րա­յի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։ Երբ ան ա­ռա­ջին ան­գամ ընթ­րի­քի հրա­ւի­րուած էր մեր տու­նը, հիւ­րա­սե­նեա­կին մէջ, դաշ­նա­մու­րին վրայ նկա­տեց «Ա­րա­րատ» մակ­նի­շով քո­նիա­քը։ Ապ­շա­հար նա­յե­ցաւ շի­շին եւ ը­սաւ. «1945-էն մին­չեւ իր մա­հը՝ հայրս այս քո­նիա­քը կը խմէր»։

Սա­րան ա­պա պատ­մեց, թէ Չըր­չիլ ե՞րբ եւ ո՞ւր ա­ռա­ջին ան­գամ խմած էր «Ա­րա­րատ» քո­նիա­քը։

1945-ի Փետ­րուա­րին, Եալ­թա­յի խորհր­դա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ, ընթ­րի­քէն յե­տոյ Սթա­լին Չըր­չի­լին կը հարց­նէ, թէ կը փա­փա­քի՞ խմել ո­րե­ւէ ո­գե­լից ըմ­պե­լի։ «Սի­կա­ռի հետ սո­վո­րու­թիւն ու­նիմ քո­նիաք խմե­լու», կը պա­տաս­խա­նէ Անգ­լիոյ վար­չա­պե­տը։ Չըր­չը­լին կը հրամց­նեն լա­ւա­գոյն հայ­կա­կան քո­նիա­քը՝ «Ա­րա­րատ»ը։ Չըր­չիլ կը սի­րա­հա­րի հայ­կա­կան քո­նիա­քին, կը հարց­նէ իր հիւ­րըն­կա­լին. «Ուր­կէ՞ կրնամ քա­նի մը շիշ գնել այս քո­նիա­քէն»։ Մոս­կուա­յի մօտ Անգ­լիոյ դես­պա­նու­թիւ­նը ա­մէն ա­միս արկղ մը (տաս­ներ­կու շիշ) քո­նիաք կը ղրկէ Չըր­չի­լի տու­նը, Սթա­լի­նի կար­գադ­րու­թեամբ։

«Հայրս մա­հա­ցաւ, կ՚ը­սէ Սա­րան, բայց մենք շա­րու­նա­կե­ցինք արկղ մը նոյն հայ­կա­կան քո­նիա­քէն ստա­նալ ա­մէն ա­միս։ Տա­րի­ներ անց՝ պաշ­տօ­նեա­նե­րէն մէ­կը կ՚անդ­րա­դառ­նայ, որ դես­պա­նա­տու­նը ամ­բողջ տաս­նա­մեակ մը քո­նիաք ու­ղար­կած է մա­հա­ցած Չըր­չի­լին… Դժբախ­տա­բար այդ օ­րէն ի վեր մեր հայ­կա­կան քո­նիա­քի աղ­բիւ­րը ցամ­քե­ցաւ։ Ի մի­ջի այ­լոց, ա­ւել­ցուց Սա­րան, ես ալ հօրս չափ կը սի­րէի «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան քո­նիա­քը»։

Յա­ւարտ ընթ­րի­քի, քո­նիա­քէն «Ա­րա­րատ» մակ­նի­շով դա­տարկ շիշ մը միայն մնա­ցած էր սե­ղա­նին վրայ։

​Ա­ՍԱ­ՏՈՒՐ ԿԻՒ­ԶԷ­ԼԵԱՆ

Լոն­տոն

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015