ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Նոր տա­րի, նոր սպա­սում­ներ... Ա­մէ­նուր կը հնչեն Նոր տա­րուան եւ Սուրբ Ծննդեան բա­րե­մաղ­թանք­ներ, ցան­կու­թիւն­ներ, ա­մէն մարդ նո­րո­վի յոյ­սե­րով եւ սպա­սում­նե­րով կը լե­ցուի Նոր տա­րուան լու­սա­ւոր օ­րե­րու առ­թիւ: Նոր տա­րուան բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը, խօս­քե­րը, ցան­կու­թիւն­ներն ու պատ­գամ­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի հնչեղ են հա­յոց մե­ծե­րու շուր­թե­րով, ա­նոնց գրի­չի ու տա­ղան­դի զօ­րու­թեամբ: Ա­մա­նո­րը հայ մշա­կոյ­թի, ա­րուես­տի, գրա­կա­նու­թեան գործ­ի­չի, հայ հա­գե­ւո­րա­կա­նի, իշ­խա­նա­ւո­րի հա­մար ան­գամ մըն ալ ա­ռիթ ե­ղած է կրկին խօ­սիլ իր ժո­ղո­վուր­դի հետ: Հայ մե­ծե­րու, ա­նուա­նի­նե­րու տօ­նա­կան խօս­քե­րը միշտ ալ տար­բեր հնչե­րանգ մը ու­նե­ցած են պարզ պատ­ճա­ռով մը, որ ժո­ղո­վուր­դը միշտ սպա­սած է այդ խօս­քե­րուն, ո­րոնք ձե­ւով մը յոյս տուող են եւ լա­ւա­տե­սու­թիւն նե­րար­կող:

Ա­հա­ւա­սիկ, փոր­ձե­ցինք ի մի բե­րել հա­յոց մե­ծե­րու Ա­մա­նո­րի խօս­քե­րը, ո­րոնց մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դի հոգ­ի, ցա­ւի հետ միա­սին նաեւ լաւ օ­րե­րու եւ պայ­ծառ ա­պա­գա­յի սպա­սում կայ:

ՊԱ­ՐՈՅՐ ՍԵ­ՒԱԿ

Սի­րե­լի՛ ազ­գա­կից­ներ,

Երկ­րագն­դի բո­լոր մի­ջօ­րէա­կան­ներն ու հո­րի­զո­նա­կան­նե­րը ան­հայ­րե­նիք հա­յի ոտ­քե­րով հա­տած հե­ռա­ւոր հա­րա­զատ­ներ:

Կը մօ­տե­նայ Նոր տա­րին, Կա­ղան­դը, Ա­մա­նո­րը:

Կ­­ու գայ նաեւ մե­զի հա­մար, որ ժո­ղո­վուրդ ենք, բայց ժո­ղո­վուած չենք: Ու­րեմն թող ան գայ նախ եւ ա­ռաջ իբ­րեւ մէջ­քապն­դող գօ­տի բո­լո­րիդ հա­մար՝ աշ­խար­հագ­րա­կան որ գօ­տի­նե­րում ալ ըլ­լանք:

Ե­թէ համ­բե­րու­թիւ­նը թել է, մե­րը պի­տի պա­րան կո­չուի եւ հիւ­սուած ըլ­լայ ոչ թէ թե­լե­րէ, այլ ջի­ղե­րէն մեր սե­փա­կան, մեր մկան­նե­րէն ու նեար­դե­րէն:

Թող Նոր տա­րին նո­րո­գէ ձեր ջի­ղե­րը, ամ­րապն­դէ ձեր մկան­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դաց­նէ ձեր նեար­դե­րը: Աչ­քե­րը տես­նե­լու հա­մար են եւ ոչ թէ՝ միայն ճա­նա­պարհ պա­հե­լու: Բո­լո­րիս աչ­քերն ալ ճա­նա­պարհ կը պա­հեն. մենք՝ ձեր ճա­նա­պար­հը, դուք՝ մեր ու ձեր հայ­րե­նի­քի:

Թող բո­լո­րիս աչ­քերն ալ պայ­ծա­ռա­նան Նոր տա­րուն, եւ ճա­նա­պարհ­նե­րը կրճա­տ-ւին, եւ սպա­սե­լիք­նե­րը մօ­տե­նան:

Բա­րին ա­ռաջ­նոր­դած է մեզ հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ: Մեր տուա­ծի գէթ մէկ մա­սը պի­տի որ մեզ վե­րա­դարձ­նէ բախտ կո­չուա­ծը, որ­քան ալ յու­լա­բար ու ծու­լա­բար քա­լէ:

Թող գա­լիք տա­րին ա­րա­գաց­նէ այդ քայլ­քը, ու բա­րին հաս­նի բո­լո­րիդ ու բո­լո­րիս: Թող հայ մա­նուկ­ներ շատ ծնուին Նոր տարուն եւ ծնուին ճակ­տի այլ գի­րով. կնուն­քը՝ որ­տեղ կ­­՚ու­զէ, բայց ա­նոնց հար­սա­նեաց հան­դէ­սը կա­տա­րուի մեր Մայր Հայ­րե­նի­քին մէջ, ստո­րոտ­նե­րուն վրայ այն լեռ­նե­րու, ա­փունք­նե­րուն այն լի­ճե­րու եւ գե­տե­րու, ո­րոնց ա­նունն ար­տա­սա­նե­լիս կը դո­ղան մեր շուր­թե­րը եւ կը փշա­քա­ղուի մեր մաշ­կը…

1963 Դեկ­տեմ­բեր 31

Ա­ՒԵ­ՏԻՔ Ի­ՍԱ­ՀԱ­ԿԵԱՆ

…Ժա­մը 12-ին։ Հնչեց 12 ժա­մը։ Հին տա­րին գնաց, մե­ռաւ ան­հու­նի մէջ, նորն սկսաւ։

Լու­սա­մու­տը բա­ցած կը նա­յիմ: Լուս­նեակ գի­շեր, լիա­լու­սին, թե­թեւ, կա­պոյտ ամ­պեր։ Կը լսեմ՝ գնաց­քը կը գնայ սու­լե­լով… Յան­կարծ նա­ւե­րու շչակ­նե­րը կը սու­լեն, կը սու­լեն, կը սու­լեն… Հրա­ցան­ներ կ՚ար­ձա­կեն, ան­թիւ… Հե­ռուէն՝ մար­դոց ձայ­ներ, եր­գեր, ծի­ծաղ­ներ…

15 վայր­կեան…

Պառ­կած կը վեր­յի­շեմ բո­լոր Նոր տա­րի­նե­րը, որ դի­մա­ւո­րած եմ, ի՞նչ կերպ, ի՞նչ սրտով, ո՞ւր, ինչ­պէ՞ս…

Կը սու­լեն նա­ւե­րը, մէ­կը՝ կը կտրէ, միւ­սը կը սկսէ…

Մարդ­կու­թիւ­նը կ­­՚ու­րա­խա­նայ՝ ին­չո՞ւ հա­մար, ի՞նչ յոյ­սեր կը սպա­սէ, երբ դժգոհ հի­նէն կը դի­մէ ան­ծա­նօ­թին, մա­հին, վեր­ջին, ա­պա­գա­յին, ո­րու ծո­ցու մէջ ո՜վ գի­տէ ինչ դա­շոյն­ներ կան… Գու­ցէ մեզ­մէ ո­մանք չեն հաս­նիր միւս տա­րուն, եւ շա­տերս չենք հաս­նիր ան­շուշտ, բայց կ­­՚ու­րա­խա­նանք… Ի՜նչ բնազդ է…

1926 Դեկ­տեմ­բե­ր 31
Վե­նե­տիկ («Յի­շա­տա­կա­րա­ն­»էն)

*

«Նոր տա­րուան ա­ռի­թով ցան­կա­նում եմ, որ մեր զո­հուած մար­տիկ­նե­րի եւ կեն­դա­նի մնա­ցած­նե­րի ար­դար փա­փաք­նե­րը՝ թշնա­մու ոչն­չա­ցու­մը, ա­րագ կա­տա­րուի:

Ցան­կա­նում եմ մեր քա­ջա­րի զի­նուոր­նե­րի անն­կուն հա­ւատ եւ հա­մոզ­մունք՝ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հան­դէպ:

Բա­րե­մաղ­թում եմ ա­ւե­լի տո­կու­նու­թիւն, կո­րով եւ խի­զա­խու­թիւն:

Հա­մո­զուած ենք, որ շու­տով մեր հե­րո­սա­կան եղ­բայր­նե­րի ա­րիւ­նով ա­զա­տագ­րուած հո­ղե­րի վրայ նո­րից կը ծա­ւա­լուի ընդ­հա­տուած խա­ղաղ եւ ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տան­քը»:

1942 Յու­նուար 1, Ե­րե­ւան

ՍԵ­ՐՕ ԽԱՆ­ԶԱ­ՏԵԱՆ

Նոր տա­րուայ առ­թիւ կը ցան­կա­նամ, որ մեր զո­հուած մար­տիկ­նե­րու եւ կեն­դա­նի մնա­ցած­նե­րու ար­դար փա­փաք­նե­րը՝ թշնա­մու ոչն­չա­ցու­մը, ա­րագ կա­տա­րուի։

Կը ցան­կամ մեր քա­ջա­րի զի­նուոր­նե­րուն անն­կուն հա­ւատ եւ հա­մո­զում՝ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հան­դէպ։

Կը բա­րե­մաղ­թեմ ա­ւե­լի տո­կու­նու­թիւն, կո­րով եւ խի­զա­խու­թիւն։

Հա­մո­զուած ենք, որ շու­տով մեր հե­րո­սա­կան եղ­բայր­նե­րու ա­րիւ­նով ա­զա­տագ­րուած հո­ղե­րուն վրայ նո­րէն կը ծա­ւա­լուի ընդ­հա­տուած խա­ղաղ եւ ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տան­քը։

1942 Յուն­ուա­ր 1, Ե­րե­ւան

ՀԱ­ՄՕ ՍԱ­ՀԵԱՆ

Նոր տա­րուայ ա­ռի­թով ը­սեմ. ես պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցած եմ զէն­քը ձեռ­քիս, խրա­մա­տի մէջ, ան­թիւ մա­հեր եւ կոր­ծա­նում­ներ տե­սած եմ ու ա­տոնք յի­շե­լիս՝ միշտ կը սար­սա­փիմ։ Շատ բախ­տա­ւոր ենք, որ հի­մա կ­­՚ապ­րինք խա­ղաղ։ Շատ կ՚ու­զէի, որ այս ե­կող տա­րին եւ ա­ռա­ւել շատ տա­րի­ներ կ­­՚անց­ը­նենք ա­ռանց կռիւ-կո­տո­րա­ծի, խա­ղաղ, ա­ռանց պա­տե­րազ­մի։

1968 Յուն­ուա­ր 1

*

Նոր տա­րի կ­­ու գայ: Կ­­՚ու­զեմ շնոր­հա­ւո­րան­քի խօս­քեր գտնել իմ տոհմ ու տա­կի ա­ւագ­նե­րու եւ կրտսեր­նե­րու հա­մար, իմ ազ­գի բո­լոր մե­ծե­րու ու փոք­րե­րու հա­մար։

Կ­­՚ու­զեմ ետ նա­յիլ, ետ եր­թալ, վե­րապ­րիլ ան­ցա­ծը, մէկ տա­րուայ ան­ցա­ծը։ Կ­­՚ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թեան ու շնոր­հա­ւո­րան­քի խօս­քեր գտնել իմ ժո­ղո­վուր­դի փետ­րուա­րեան խիստ ու խե­լօք ընդվ­զում­նե­րու հա­մար, դա­րա­ւոր ստրկու­թեան վա­խէն ձեր­բա­զա­տուե­լու ա­նոր աս­տե­ղա­յին ժա­մի հա­մար, ազ­գա­յին զար­թօն­քի, միա­հա­մուռ կամ­քի, միաս­նու­թեան եւ միա­բա­նու­թեան ա­նոր աս­տե­ղա­յին ժա­մի հա­մար, իր ինք­նա­ճա­նաչ­ման գի­տակ­ցու­թիւ­նը դա­րի ճա­կա­տին ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար, իր եր­դա­շէն վաս­տա­կի եւ եր­դա­նուէր ո­գիի հա­մար, կորսն­ցու­ցա­ծը ետ բե­րե­լու իր ա­ռա­ջին յան­դուգն փոր­ձի հա­մար։

Մենք տո­կա­լու եւ ապ­րե­լու ենք, քա­նի աշ­խար­հը կայ, քա­նի աշ­խար­հի վրայ մարդ­կու­թիւն կայ եւ մարդ­կու­թեան մէջ՝ մարդ­կայ­նու­թիւն։

Այս հա­ւա­տով ալ ոտք դնենք Նոր տա­րուայ սե­մին եւ բո­լոր սրտով բո­լո­րին մաղ­թենք՝ շնոր­հա­ւո՜ր Նոր տա­րի։

1988 Դեկ­տեմ­բե­ր 31

*

Նոր տա­րի կ­­ու գայ։ Դառ­նանք ու մաղ­թենք, որ այս տա­րին ի­րենց տուն ու տե­ղէ քշուած հա­յե­րու հա­մար գաղ­թա­կա­նու­թեան վեր­ջին տա­րին ըլ­լայ, որ ա­նոնք ի­րենց հող դար­ձած պա­պե­րու հո­ղի վրայ տի­րա­բար քա­լեն, ծաղ­կեց­նեն այդ հո­ղը եւ ա­պա­հո­վեն ի­րենց սե­րունդ­նե­րուն ծաղ­կու­մը։ Նոր տա­րի կը բա­ցուի, բա­րով կը բա­ց-ւի ու կը բա­ցուի բա­րի…

1989 Դեկ­տեմ­բե­ր 31

*

Նոր տա­րի կ­­ու­գ այ: Ոչ մէկ օր­հաս, ոչ մէկ հո­գե­վարք, ոչ մէկ կոր­ծա­նում, մենք նոր կը կա­յա­նանք որ­պէս ազգ ու պե­տու­թիւն, այդ կա­յա­նա­լու կե­նա­ցը մաղ­թենք։

1992 Դեկ­տեմ­բե­ր 30

ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈՍ ՍԱ­ՐԵԱՆ

Մեր ժա­մա­նա­կի փա­ռա­պանծ հե­րոս­նե­րը, պաշտ­պա­նե­լով ի­րենց հայ­րե­նի­քը, կա­տա­րած են եւ կը կա­տա­րեն այն­պի­սի մեծ սխրա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք դա­րեր շա­րու­նակ կը հան­դի­սա­նան գա­լիք ա­րուես­տը սնող եւ ո­գե­կո­չող ա­մե­նահս­կա­յա­կան զի­նա­րա­նը։

Եւ գա­լի­քը, փա­ռա­բա­նե­լով մեր ժա­մա­նա­կի հե­րոս­նե­րը, թող մե­ծա­րէ 1942 թի­ւը որ­պէս ֆա­շա­կա­նու­թեան բնաջնջ­ման եւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան ա­զա­տագր­ման ան­մահ տա­րե­թիւ։

Ա­հա իմ լա­ւա­գոյն ցան­կու­թիւն­նե­րը՝ Նոր տա­րուայ առ­թիւ անձ­նուէր կար­միր մար­տիկ­նե­րուն եւ ա­նոնց շար­քե­րուն պայ­քա­րող իմ զա­ւա­կին։

1942 Յուն­ուա­ր 1

ԳԵ­ՂԱՄ ՍԱ­ՐԵԱՆ

Կը պո­կեմ ես այ­սօ­րուայ քո թեր­թի­կը, օ­րա­ցոյց,
Խին­դա­շա­ղախ թա­խի­ծով, հա­ճոյ­քով կը պո­կեմ ես,
Ինչ­պէս աշ­նան մէկ տե­րեւ ու վար­դի թու­փը ինչ­պէս
Կը պո­կեմ ես այ­սօ­րուայ քո թեր­թի­կը, օ­րա­ցոյց։
Ես կը տես­նեմ ա­նոր մէջ ժա­մե­րու վազ­քը վսեմ,
Մա­հա­ցում­ներ կը տես­նեմ ու ծնունդ­նե­րը բա­զում,
Ես կ՚օրհ­նեմ ա­նոնց մէջ գա­լիք մեր կեան­քը լու­սէ,
Այն­քան վստահ, այն­քան ջինջ, ինչ­պէս վճիտ ե­րա­զի մէջ։

ՌԱ­ՖԱ­ՅԷԼ ՊԱՏ­ԿԱ­ՆԵԱՆ

Նոր տա­րի
Եր­նե՜կ, թէ այս Նոր տա­րին
Վերջ տար հա­յի ցա­ւե­րուն.
Չա­րը կոր­չեր, ու բա­րին
Բուն դնէր մեր սրտե­րուն։
Եր­նե՜կ, թէ այս Նոր տա­րին
Ա­զատ շնչէր Հա­յաս­տան,
Եւ շուրջ Մա­սիս մեր սա­րին
Փայ­լէին արտ-ան­դաս­տան…

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՇԻ­ՐԱԶ

Այս տօ­նը Նոր տա­րուայ դու­ռը կը բա­նայ, ող­ջու­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է բիւր հա­զա­րա­ւոր բե­րան ու­նե­նալ. ի՞նչ բիւր­հա­զար, երբ հա­մա­մարդ­կա­յին է Ա­մա­նո­րը, երբ աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն՝ խրճի­թէն մին­չեւ պա­լատ­նե­րը, կը լե­ցուին բա­ժակ­նե­րը ե՛ւ գի­նով, ե՛ւ… յոյ­սե­րով։ Եւ ինձ կը թուի՝ աշ­խար­հի դաշ­տերն ու լեռ­նե­րը ծած­կող այժ­մեան ձիւ­նի տակ բո­լոր ազգ ու ցե­ղե­րու իղ­ձերն ու յոյ­սե­րը քնա­ցած, տա­կա­ւին սեր­մի մէջ՝ վա­ղուայ ծա­ղիկ­նե­րու կը նմա­նին: Եւ երբ այս Նոր տա­րուայ ձիւ­նը գա­լիք գար­նան ա­րե­ւով հա­լի, եւ երբ ձիւ­նի վեր­ջին թա­գը մնայ Մա­սի­սի գլխուն, պաղ ձիւ­նե­րու տա­կէն ել­նող ծա­ղիկ­նե­րու նման պի­տի կեանք առ­նեն ամ­բողջ մարդ­կու­թեան յոյ­սերն ու իղ­ձե­րը, ո­րոնք, ծա­ղիկ­նե­րու փո­խուած, պի­տի քաղցր բուր­մուն­քով լեց­նեն աշ­խար­հը։

Այս միտ­քէն ա­կունք ա­ռած՝ կը շնոր­հա­ւո­րեմ իմ հա­յոց եւ աշ­խար­հի բո­լոր ազ­գե­րու Նոր տա­րին։ Ե­թէ այժմ ձեռ­քիս տակ ըլ­լա­յին իմ հա­յոց եր­կու աչ­քե­րուն պէս ա­նոր եր­կու ծո­վակ­նե­րը, ես, խղճիս հրա­մա­նով, գի­նիի կը փո­խէի ա­նոնց ջու­րե­րը եւ կը լեց­նէի բո­լոր ազ­գե­րու բա­ժակ­նե­րը, ինչ­պէս ծո­վակ­նե­րէս մէ­կը լույ­սով ու յոյ­սով կը լե­ցուի: Ու­րեմն՝ Սե­ւա­նի բիւ­րե­ղեայ լոյ­սի բա­ժա­կով Յոյ­սի կե­նա­ցը կը խմեմ այ­սօր. թող ա­մէն ազ­գի բա­ժակ, ե­թէ դա­տարկ է կամ կի­սատ, իմ հա­յոց սփիւռ­քի բա­ժա­կի նման լե­ցուի։

Այ­սօր ազ­գա­յին համ­բու­րե­լի հպար­տու­թեամբ կը լե­ցուի իմ սիր­տը, երբ կը լսեմ, որ հա­յոց հին, բազ­մա­դա­րեայ եւ նոր ծա­գած աստ­ղե­րը մրցու­մի կ՚ել­լեն ու­րիշ ազ­գե­րու ան­մահ աստ­ղե­րուն հետ, երբ հա­յոց նա­րե­կա­նե­րը կը բարձ­րա­նան ի­րենց իս­կա­կան գա­հին՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման։

Եւ եր­նէկ այն ազ­գին, որ սիր­տեր կը գրա­ւէ եւ ոչ թէ… հո­ղեր, որ լե­զու կու տայ եւ ոչ թէ… լե­զու կը պո­կէ…

Բայց ազ­գը պա­հո­ղը կամ վերս­տեղ­ծո­ղը մայ­րե­նի լե­զուն է։

Այդ իսկ պատ­ճա­ռով տագ­նա­պա­լից սրտով այս Նոր տա­րուան ալ կը յի­շեմ հա­յոց սփիւռ­քը։ Այն­տեղ կեան­քի եւ մահ­ուան կրա­կի մէջ է հա­յոց լե­զուն։ Ու­րեմն՝ հար­կա­ւոր է հա­յոց լե­զուի պաշտ­պա­նու­թիւնն ա­մե­նօ­րեայ դարձ­նել ա­մէ­նու­րեք։

Այ­սօր, շնոր­հա­ւո­րե­լով ա­մեն­քիդ Նոր տա­րին, կ՚ու­զեմ ա­հա­զան­գել, որ ա­մէն մէկ ազ­գի զա­ւակ պի­տի պաշ­տէ իր մայ­րե­նին։ Այն պա­տա­նին, ո­ր գի­տէ եօ­թը լե­զու, եօ­թը ան­գամ համ­բու­րե­լի է, բայց այդ նոյն պա­տա­նին, ե­թէ կը մեր­ժէ իր մայ­րե­նի լե­զուն, ե­թէ ա­մե­նօ­րեայ օդ չէ ա­նոր բեր­նին մէջ իր մայ­րե­նին, ան եօ­թը հա­զար ան­գամ նզո­վե­լի է։

Ինչ­պէս որ սուրբ է ցո­րե­նի ար­տի հա­մար մէկ հաս­կը, այն­պէս ալ սուրբ է ա­մէն մէկ մայ­րե­նի լե­զու։ Ազ­գե­րը նման են դաշ­տին մէջ սփռուած ծա­ղիկ­նե­րու, իսկ ա­նոնց մշա­կոյ­թը ծաղ­կանց բուր­մունքն ու գոյ­ներն են։ Ե­թէ ո­րե­ւէ ծա­ղիկ պակ­սի, մի՞­թէ դաշ­տի քաղց­րու­թիւ­նը չի պակ­սիր։

Նոր տա­րուան յոյ­սե­րը նման են Նոր տա­րուայ տօ­նա­ծա­ռին, ո­րոնք այս գի­շեր կը լու­սա­զար­դուեն աշ­խար­հի բո­լոր տա­նիք­նե­րուն տակ։ Կ՚ու­զեմ հա­զար սրտով ցան­կալ, որ այդ յոյ­սե­րը Նոր տա­րուայ տօ­նա­ծա­ռի նման մէկ եր­կու օր լոյս տա­լով՝ դուրս չնե­տուին կմախ­քա­ցած։

Շնոր­հա­ւոր ա­մէն­քին։                                     

Ա­մէն մէկ նոր բան հին կը դառ­նայ, բայց ա­մէն հին չէ, որ կը մեռ­նի։ Անց­նող տա­րի­նե­րը նման են բեռ­նա­թա­փուող քա­րա­ւան­նե­րու։ Բեռ­նե­րը կը մնան, քա­րա­ւան­նե­րը կ՚անց­նի­ն։

ՆԻ­ԿՈ­ՂՈՍ ՍԱ­ՐԱ­ՖԵԱՆ

Նոր ե­րազ­ներ կան, սա­կայն ես ե­րա­զել չեմ կր­­նար, ես չեմ կր­­նար ա­ռա­ջուան պէս ե­րա­զել, մինչ միշտ հին ­լու­սի­նն է, լուռ եր­կին­քն է նման ներ­քին աշ­խար­հին, ան­ցեալ, գա­լիք կ՚ը­նեն դառն, ան­բաղ­ձա­լի՝ հոս ի­րար։

Գի­շեր­ներն՝ հոս կը յի­շեմ թէ հին աշ­խար­հը՝ հե­ռուն՝ կը կոր­ծա­նէր։ Կռիւ էր ճամ­բուս վրայ, սար­սափ, սով։ Հի­նն էր փտած, նորն էր բիրտ՝ իր հա­ւատ­քով եւ յոյ­սով։ Հե­ղեղն էր մեծ՝ իր խլած եւ իր տուած զո­հե­րուն։

Մեր դարն ո­մանք կը տես­նեն մեծ, հան­ճա­րեղ, վեր­ջ­­նա­կան, եւ չէ, ճամ­բայ կայ դեռ մեծ եւ ան­հու­նն է ան­սպառ­ հո­գին ան­հուն, մարդ­կա­յին ըլ­լա­լն է դեռ ան­հ­­նար­։ Ե­կող յոյ­սե­րը վսեմ՝ միշտ չա­րի­քի պէս կու գան։

Եւ անձ­կու­թիւն, քայ­քա­յում, ցաւ է միշտ՝ մինչ կը շր­­ջին մո­լո­րակ­ներ մե­տա­ղէ եւ պող­պատ­ներ կը սու­րա­նան հու­նէն վեր, կը թռ­­չին մե­քե­նա­ներ մո­գա­կան, ան­ջր­­պետ­ներ կը կտ­­րեն ու­ղե­ւոր­ներն ա­ռա­ջին։

«Մի­ջ­­եր­կ­­րա­կա­ն»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015