ԾՆՆԴԿԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԸ - 1

Երկու հարիւր եօթանասուն եւ աւելի գեղեցիկ ու սրտատրոփ օրեր՝ ըսել է, թէ ինն ամիս...

Ինն ամիս սրտիդ տակ կը կրես Աստուծոյ հրաշքը: Անհամբեր կը սպասես վերջինիս լոյս աշխարհ գալուն: Այդ հոլովոյթին մտովի կը պատկերացնես քու մէջ կեանք առնողի դիմագիծերը, տեսքը, բնաւորութիւնը: Կ՚երազես ձեր առաջին հանդիպումի մասին եւ ինքզինքդ կը զգաս երջանիկ, քանզի մօտ է ժամը:

Դեկտեմբերի մէկ:

Ուշացող մարդը անկարելի է ճիշդ ժամանակին հասնի տեղ, նոյնիսկ եթէ խօսքը ծննդաբերութեան մասին է: Աւելի քան ժամ մը ուշացումով հասայ հիւանդանոց: Այլեւս փորձառու եմ: Առաջին ծնունդէն գիտեմ, որ բժիշկներն ալ ինծի պէս կը սիրեն ուշանալ ու քանի մը ժամ սպասցնել: Կանխազգացումս արդարացուած էր: Ճիշդ երկու ժամ սպասեցի, մինչեւ հնչեց իմ անունը:

Ուշանալ կը սիրեմ, սպասել՝ ոչ: Որքան ալ աճապարեմ, միշտ կ՚ուշանամ: Սպասումին վայրկեանները կը կենան, սլաքները կը ծանրանան եւ դժուարութեամբ իրենց տեղէն կը շարժին: Սակայն այդ վայրկեաններուն կում մը ջուրի դիմաց ես պատրաստ էի սպասել ամբողջ յաւերժութիւն մը: Նախորդ գիշեր՝ ժամը տասներկուքէն վերջ, արգիլեցին հեղուկի գործածումը: Իսկ գիշերը ջուր չխմել՝ ինծի համար հաւասար է դժոխքի տանջանքներուն: Քանի մը անգամ արթնցայ ծարաւի տապէն, սակայն յանուն զաւակիս կրցայ ինքզինքս զսպել: Աւելին, մինչեւ անկողին մտնելը, ապահովութեան համար խնդրած էի մայրիկէս իմ մահճակալի քովի պզտիկ պահարանի վրայէն վերցնել ջրամանս: Սեւ ու ճերմակ փիսիկներով իմ յայտնի ջրամանը Զաւէնիկի սիրելին է: Իմ փոքրիկ տղան շատ կը սիրէ այդ ջրամանէն ջուր խմել. «Մամա, կատու ջուր տո՛ւր»:

Ինչեւէ դժուարութեամբ գիշերը յաղթահարեցի: Առաջին փորձութիւնը բարեյաջող անցայ: Երբ խօսքը կը վերաբերի զաւակներուս, ես պատրաստ եմ ամէն դժուարութեան: Դժուարութիւններ, որոնք կը վերածուին քաղցր ծանրութեան, ցաւի... Չարչարանքս փորձ ունի:

Այլեւս մնացած են վայրկեաններ: Քիչ վերջ պիտի հանդիպինք: Երբ զիս տեղափոխեցին վիրահատական սեղանի վրայ, ես սկսայ նուալու: Իմ նուոցը չդադրեցաւ, մինչեւ բժիշկի սաստումը. «Ձայնդ կտրէ՛»: Այդ երկվայրկեանին իմ ձայնը կտրուեցաւ ու այլեւս չլսուեցաւ: Քանի մը վայրկեան վերջ լսուեցաւ երեխայի ճիչը: Ուրախութենէն արտասուելու սկսայ: Սակայն, այս անգամ բարեհամբոյր ու հոգատար կերպով, բժիշկները արգիլեցին արտասուել: Իսկ զիս սաստող բժիշկը հարցուց.

-Վշտացա՞ր ինձմէ:

-Ամենեւին: Ձեր երկաթէ խօսքը սթափեցուց զիս: Այժմ աւելի հանգիստ եմ:

Իմ երկու զաւակները իրենց ծնունդով ինձ թիզ մը անգամ ցաւ չպատճառեցին: Խօսքը ֆիզիքական ցաւի մասին է, բաց աստի, բժշկութիւնն ալ այս հարցին մէջ բաւական յառաջադիմած է:

Ինչ-որ տեղ ծնունդ տալը կը նմանի ինքնաթիռ նըս-տելուն: Ինչպէս օդանաւի ուղեւորները՝ ծննդաբերող մայրերը նոյնպէս, պահ մը կը վախնան. «Իսկ եթէ ծննդաբերութեան ընթացքին կտրուի իմ կեանքի թելը...»: Այդժամ քու միակ փափաքը կը դառնայ՝ գէթ պահ մը տեսնել մանուկդ, ըսել՝ բարի եկար լոյս աշխարհ, այնուհետեւ աչքերդ գոցել կեանքին: Սա բնական վախ մըն է, որ զիս չշրջանցեց: Այս վախը երկու անգամ ապրեցայ:

Փառք Աստուծոյ, իմ բոլոր վախերն ու անհանգստութիւնները այլեւս անցեալին են: Շուտով պիտի լրանայ Դանիէլի ծնունդի ամիսը: Իմ միակ վախը այսօր մանուկիս լացի ձայնն է, երբ անօթի քունէն կ՚արթննայ եւ կը պահանջէ կաթիկ: Տակաւին չեմ վայելեր կերակրելու բերկրանքը. իմ անուշադրութեան պատճառաւ, սխալ կերակրումի պարագային, ամէն անգամ երբ Դանիէլը կը կշտացնէ իր փորիկը, ես կ՚ունենամ անասելի ցաւեր: Իմ վէրքերը տակաւին չեն սպիացած, իսկ ան ամէն անգամ իր ամուր լինտերով կը սեղմէ, կը տրորէ զանոնք:

Չեմ տրտնջար, այս փուլն ալ պիտի յաղթահարենք: Իւրաքանչիւր դժուարութիւն ունի իր քաղցրութիւնը: Իսկ նոր կեանքի մը, փխրուն, անօգնական, հրեշտակային կերպարանքի մը համար անքուն մնալը, անտանելի ցաւէն ակռաներդ սեղմելը երանութիւն է: Չէ՞ որ այս ամէնը ժամանակաւոր է:

Քառասուն օր:

Քառասունքին բան մը պիտի չմնայ: Ֆիզիքական ցաւերը, հոգիի ցաւերը այլեւս պիտի մնան անցեալի մէջ: Ընդամէնը ամիսներ անց ժպիտով պիտի յիշենք սա մեղրով շաղախած ծանր օրերը: Իսկ մինչ այդ, երթամ պատ-րաստուիմ: Շուտով մանուկս քունէն պիտի արթննայ:

Շնորհակալ եմ Տէր Աստուած, զիս կրկնակի անգամ մայրութեան բերկրանքին արժանացնելու համար: Շնորհակալ եմ ինծի առողջութիւն, առողջ բալիկներ պարգեւելու համար:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի… 

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021