ՏՈՀՄԻԿ ԱՐՑԱԽՑԻՆ

Հայը՝ հայ է: Ըլլայ ան պոլսեցի, սեբաստացի, արցախցի, թէ հայաստանցի: Ես կը սիրեմ նշել իմ բնիկ արցախցի ըլլալը: Այդ փաստը իմ հոգին շատ կը փառաւորէ: Կ՚ուզեմ դիմացինս գիտնայ իմ արմատներու մասին: Կը սիրեմ իմ հայրենիքը, իմ հողն ու ջուրը:

Ես հայ եմ, արցախցի հայ:

Աստուած մարդուն կու տայ այնքան բեռ, հոգ, որքան վերջինս կրնայ կրել: Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր ծննդավայրս կը գտնուի շրջափակումի մէջ: Այսօր պիտի փորձեմ հասկնալ այս ցաւոտ ապտակի դասը: Յիրաւի, չկայ չարիք, առանց բարիքի: Ուրեմն փորձենք քաղել դասը, իրավիճակի քաղցրահամ պտուղները:

Վերջին դասը, վերջին ծանր ապտակը ինծի ընձեռեց հնարաւորութիւն ճանչնալու ինքզինքս՝ արցախցին, վերստին արժեւորելու հայրենիքս: Հասկնալով հայրենիքի իրական գինը. հայրենիքը անգին է եւ ամէն բանէ վեր: Այսօր արցախցիները աշխարհին այդ կ՚ապացուցեն:

Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի վերատեսուչ Ռուբէն Մելիքեան վաղուց սիրահարուած է Արցախին ու արցախցիին: Մելիքեան բազմիցս շեշտած է. «Աւելի տոհմիկ հայ՝ քան արցախցին, ես չեմ գիտեր աշխարհի մէջ: Աւելի մարտնչող հայ՝ քան արցախցիները, ես չեմ գիտեր աշխարհի մէջ»: Իսկ մեծանուն դերասան Սօս Սարգսեան իր կենդանութեան օրօք վկայած էր. «Արցախցին հայու ազնուական տեսակն է»: Շատ ուրախ եմ ու այսօր ես կը համոզուիմ այս տեսակէտներու իսկութեան: Հայոց մեծեր՝ դուք իրաւացի էք: Արցախցին անկոտրուն է, համախմբուած ու միասնական, սիրահարուած իր հայրենիքին, պատրաստ իր կեանքը զոհելու յանուն հայրենիքի:

Լաւ ընկերոջ համար անգամ, կեանքը կու տայ ղարաբաղցին...

Մշակ է ու շինարար, բայց հասարակ մարդ մի կարծեր:

Գիտնական է ու զօրավար, բազմավաստակ ղարաբաղցին...

Այս ալ արցախցի մեծ բանաստեղծ Հրաչեայ Բեգլարեանի նշանաւոր «Ղարաբաղցի» բանաստեղծական տողերն են: Առհասարակ, արցախցիի աւանդապաշտ, հայրենասէր, մարտնչող, մարդկային ու հայրենասէր տեսակի մասին շատեր կարծիք յայտնած են եւ հիացած անոնցմով:

Գտնուելով շրջափակումի մէջ, երբ այլեւս բանջարավաճառ խանութպանները անժամկէտ կղպած են իրենց խանութներու դռները, իսկ ուրիշ խանութներու ցուցափեղկերէն կը բացակային առաջին անհրաժեշտութեան մթերքները, արցախցիները սկսած են ապրումակցելու իրարու հետ:

Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ ականատեսները բազմիցս կը փաստեն, թէ ինչպէս մարդիկ կ՚օգնեն իրարու: Օրինակ՝ մէկը կը մտնէ խանութ մը, կը տեսնէ, թէ ձիթաիւղը սպառած է: Խանութպանին կը հարցնէ, այդ վայրկեանին հերթի մէջ սպասող մէկ ուրիշը իր գնած երկու ձիթաիւղերէն մին կը հանէ, կու տայ այդ մարդուն: Մէկ ուրիշն ալ կը պատմէ, թէ ինչպէս գնորդները ապրումակցելով իրարու հետ, բաժնեցին շաքարաւազը: Այս արժեհամակարգ է, որ կը խօսի արցախցիներու մեծահոգութեան, առատաձեռնութեան, մարդասիրութեան մասին:

Օրեր առաջ յանուն ընդհանուր գաղափարի, յանուն կեանքի ճանապարհի բացման՝ ամբողջ Արցախը բռունցք մը դարձաւ: Տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ դուրս եկան փողոց եւ արտայայտեցին իրենց կամքը: Հետաքրքրականը այն է, որ հանրահաւաքէն վերջ, գլխաւոր հրապարակը մաս-մաքուր էր: Անկարելի էր գետինը աղբ մը գտնել:

Այս բոլորով հանդերձ, հայու չար տեսակը, Հայաստանի մութ ուժերը, որոնք բազմած են հայոց գահին, այսօր եւ տասնամեակներ շարունակ փորձած են ու կը շարունակեն պառակտում մտցնել, թշնամութիւն սերմանել Արցախի ու արցախցիներու նկատմամբ: Ցաւօք, այդ նոյն մութ ուժերու հրահանգով, Հայաստանի Առաջին հեռուստաալիքը չանդրադարձաւ Ստեփանակերտի բազմահազարանոց հանրահաւաքին: Հայաստանի վարչապետի տիկինն ալ անդրադառնալով սրբավայրիս մէջ կազմակերպուող հանրահաւաքներուն՝ փորձեց հերթական անգամ մրոտել արցախցիի անունը: Աննա Յակոբեանի այս անդրադարձը չվրիպեցաւ ատրպէյճանցիներու աչքէն: Ամբողջ ա-տըրպէյճանական մամուլը ողողուեցաւ այս ամօթալի, դաւաճանական գրութեամբ: Վերջինիս վարքագիծը ունի միայն մէկ անուն՝ ատելութիւն, դաւաճանութիւն, արհամարհանք: Տիկին, դուք տեսակով ըլլալով նիւթապաշտ, դժուար թէ կարենաք ապրումակցիլ արցախցիներուն: Ժամանակին, դուք իշխանութեան գլուխ գալու համար մանկասայլակներով գոցեցիք Երեւանի գլխաւոր կեդրոնական ճանապարհները: Իսկ այսօր արցախցին, յանուն Արցախի պահպանութեան, յանուն կեանքի, ապրելու իրաւունքի՝ իրենց զաւակներուն հետ կ՚ելլեն ցոյցի: Այդ երեխաներէն իւրաքանչիւրը քաջ կը գիտակցի իր արարքը: Իսկ դուք էք, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ մանկահասակ երեխաները կը գործածէիք՝ որպէս կենդանի վահան, ժողովուրդէն պաշտպանուելու համար: Արցախցիները՝ մեծէն պզտիկ լաւագոյնս կը տիրապետեն իրավիճակին:

Այլեւս կը բաւէ՛: Հայաստանն ու Արցախը տակաւին պիտի տեսնեն ծաղկած գարուններ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022