ՕՀԱՆԸ

Նայեցաւ սեղանին դրուած մոմակալին։ Ժառանգած էր զայն փոքր մօրեղբօրմէն. բարեձեւ, ազնիւ, եւ խիստ ժուժկալ, իրեն պէս նաւավար էր ան ալ։ Երեք փայտէ ոտիկ, յղկուած, տակաւին սահուն եւ փայլուն նոյնիսկ. ետքը բարակ, քիչ մը վեր հաստցող, ապա դարձեալ բարակցող մարմին մը, որ կը հասնէր գլխուն, քիչ մը մաշած, քիչ մը սեւցած, բայց դեռ աւելի քան պիտանի. անհրաժեշտ՝ երբ գիշեր կամ խիտ մշուշ էր դուրսը։

-Օհա՛ն, ասիկա Միջերկրականը ծայրէ ծայր կտրած է...

Ըսած էր քեռին, եւ նուիրած իրեն ներքին փարոսիկն այդ, այն օրը, երբ ծերութեան պատճառով զրկած էին զինք իր ամենաթանկ հաճոյքէն, հեռացուցած էին կապոյտէն, զորս այնքան ջերմօրէն կը սիրէր։

-Դուն կաս, մխիթարանքս ես։ Աս ալ անտէր չի մնար...

Եւ այդ օր երեկոյ, տասնօրեայ իր ճամբորդութենէն առաջ, Օհան բերած տեղադրած էր մոմակալը խուցին մէջ իր նաւավարի։

Եւ այդ օրուընէ սկսեալ կարծես փոխուած էր ամէն ինչ իրեն համար։ Փոխուած էր խուցը, փոխուած էր ծովը, նոյնը չէր կեանքը արդէն։ Կը գիտակցէր ահա, որ անվերջ չէր կեանքն այս ծովային, անվերջ չէին յաղթապսակ արկածները, անվերջ չէր նոյնինքն ծովը՝ իրեն համար, որպէս հասարակ մահկանացուի։

Տասն տարի փոքր էր ընդամէնը քեռիէն, եւ ի՞նչ էր տասն տարին։

Ի՞նչ էր տասնամեակ մը ծովուն համար։ Օհան ինչպէ՞ս կշտանար անկէ, ինչպէ՞ս հասցնէր ընկալել, ներծծել զայն, ու սնուիլ անկէ այնքան մը, որ պատրաստ ըլլար լքելու, բաժնուելու պայծառ կապոյտէն անոր, մանիշակագոյնէն կախարդ, ու վառող կարմիրէն՝ մայրամուտին։

Եւ ծովուն մէջ, անշուշտ, կեանքը կը տեսնէր։ Ծովուն հետ անցնող գացող էին կարծես ալիքները կեանքի՛ն։ Ամիս առ ամիս. տարի առ տարի։ Կը նաւավարէր մօրեղբօր ճամբով, կ՚երթար անոր ետեւէն, դէպի քարափ մը եւ նաւամատոյց մը վերջին. եւ առանձնութիւն։

Ու կը նայէր մոմակալին, տեսնելով այնտեղ մօրեղբայրն ու ինքզինք։ Կանգուն, երբեմն վառ, երբեմն քնած, մաշող. եւ մեն մինակ։

Բայց ո՞ւր փախչէր։

Ալիքներն էին դէմը. հուժկու, անզիջող։ Կու գային հեռուէն, երկու հրաշք զոյգ քոյրեր՝ երկինքն ու ծովը բաժնող գրեթէ աներեւոյթ հորիզոնէն. հաւաքուելով, ուռճանալով, գրեթէ նաւուն քթին հասնելով կու գային սթափեցնելու զինք. եւ մոմակալը ոտիկներուն վրայ կը խաղար։

Յառաջանալ էր պէտք։ Չխորտակուելու պայմանն էր։

Փախչելու տեղ չկար։

Կեանքն էր, որ կու գար դիմացէն, ինչպէս ինք եւ քեռին եւ բոլո՛ր մարդիկն այս աշխարհի եկած են ու կու գան տարբեր հորիզոններէ, փոքր, մեծցող, ալեկոծուող, հասնելու համար բարձրակէտի մը, որմէ ետք էջքն արագ է, անկումային, մինչեւ մարում ու հանգում վերջնական։

Եւ կը խաղար մոմի բոցիկը ահա։

Եւ կը մնար կարճ ժամանակ։

Իսկ ալիքներն անվերջ էին, ծնող, ապրող ու մեռնող, մէկը միւսին ետեւէն...

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2020