ԴՊՐԵՎԱՆՔԵԱՆ ՔԱՐՈԶՆԵՐԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ, ՆՈՐՈՎԻ…

Երեւանի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին տօնական այս օրերուն ընթերցողի սեղանին դրած է ուշագրաւ գիրք մը. վերահրատարակուած է «Դպրեվանքեան քարոզներ»ը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1929 թուականին՝ Փարիզ: Գիրքը հրատարակուած է ի հայրապետութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի, օրհնութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանի եւ նախաձեռնութեամբ Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քահանայ Գրիգորեանի:

Հոգեւոր բովանդակութեամբ այս հատորը վերահրատարակուած է մեկենասութեամբ՝ Մելանիա Ադամեանի, ի յիշատակ իր սիրելի ամուսնուն՝ Լէովա Քալանթարեանի։

«Դպրեվանքեան քարոզներ»ը կը բովանդակէ Արմաշի եւ Երուսաղէմի դպրեվանքերուն մէջ հայ հոգեւորական գործիչ, բանաստեղծ, բանասէր, Պոլսոյ (1909-1910թթ.) եւ Երուսաղէմի (1921-1930թթ.) Հայոց Պատրիարք Գերաշնորհ Տ. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանին աշակերտած հոգեւորականներու հատընտիր քարոզները, որոնք 1929 թուականին համադրած է Մանչեսթրի հայոց հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեան: Այդ քարոզները գիրքի մը մէջ ամփոփուած եւ հրատարակուած ըլլալով՝ իր ժամանակին մեծ տարածում ունեցած են. ընթերցողը անոնց մէջ գտած է հաւատքի ապրեցնող ոգին, որ թեւածած է հայոց այդ երկու նշանաւոր դպրեվանքերուն մէջ, որոնք հայ հոգեւորականութեան կարեւորագոյն դարբնոցներէն եղած են:

Այսօր ալ, ընթերցողին հասցնելով զանոնք, գիրքը հրատարակողները մեծ յոյս կը տածեն, որ գիր դարձած այդ քարոզները, հոգեւոր գրութիւնները կը ծառայեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն: Քարոզները արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէնի փոխադրած է Գէորգ Սարկաւագ Կարապետեան:

Գիրքին յառաջաբանին մէջ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեան կը պատմէ, թէ ինք ի՛նչ ազդումներ եւ տպաւորութիւններ կրած է Եղիշէ Դուրեան Հայր Սուրբէն իր պատանութեան ատեն եւ կը նկարագրէ իր Դպրեվանք մտնելն ու աշակերտիլը Դուրեան Սրբազանին:

«Դպրեվանքեան քարոզներ»ուն մէջ ժամանակագրական կարգով ներառուած են Մկրտիչ Եպսկ. Աղաւնունիի, Բաբգէն Եպսկ. Կիւլէսէրեանի, Զաւէն Արք. Եղիայեանի, Սմբատ Եպսկ. Սաատէթեանի, Խոսրով Եպսկ. Պէհրիկեանի, Թորգոմ Արք. Գուշակեանի, Գնէլ Եպսկ. Գալէմքեարեանի, Մեսրոպ Արք. Նարոյեանի, Ղեւոնդ Եպսկ. Դուրեանի, Երուանդ Եպսկ. Փերտահճեանի, Գարեգին Եպսկ. Տրապիզոնիի, Գրիգորիս Եպսկ. Պալաքեանի, Աղան Ծայրագոյն Վարդապետ Համամճեանի, Տիրայր Ծայրագոյն Վարդապետ Մարգարեանի, Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Գասպարեանի, Արտավազդ Ծայրագոյն Վարդապետ Սիւրմէեանի, Նորայր Աբեղայ Պօղարեանի, Տիրան Աբեղայ Ներսոյեանի, Տ. Ներսէս Աւ. Քհնյ. Թավուգճեանի քարոզները: Դպրեվանքցի այս անունները, ինչպէս ծանօթ է, մեծ աւանդ ներդրած են հայ եկեղեցական, մշակութային, գրական կեանքին մէջ՝ լայնօրէն օգտուելով իրենց ուսուցչի՝ Դուրեան Պատրիարքի հոգեմտաւոր բարիքներէն։

1929 թուականին գիրքը նուիրուեցաւ Ամեն. Տ. Եղիշէ Արք. Դուրեանի յիսնամեայ քահանայութեան (1879-1929թթ.) յոբելեանին: Մէկ տարի յետոյ՝ 1930 թուականին արդէն ան կը վախճանի: Ղեւոնդ Եպսկ. Դուրեանի գրած յառաջաբանը ցոյց կու տայ այն մեծ սէրը եւ ակնածանքը, որ աշակերտներ տածած են իրենց հոգեւոր մեծ ուսուցչին հանդէպ:

ՂԵՒՈՆԴ ԵՊՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆ

Երբ տակաւին շա՜տ փոքր պատանի է, յաճախ մայրս եւ մեծ մայրս կը պատմէին Դուրեան Սրբազանի վարդապետական կեանքէն գրաւիչ ու հետաքրքրական սիրուն դրուագներ: Ես եւ եղբայրս սքանչացմամբ մտիկ կ՚ընէինք եւ ի մասնաւորի ես կը բաղձայի բուռն կերպով անգամ մը տեսնելու զինքը: Օր մը պատահմամբ երբ հօրս երկաթագործի աշխատանոցը կը գտնուէի եւ կը դիտէի անոր քրտնաթոր աշխատութիւնը, յանկարծ դրան առջեւ երեւցաւ պարթեւահասակ, երիտասարդ, ուշագրաւ կրօնաւոր մը, եւ ժպտադէմ ողջոյն տուաւ հօրս: Հայրս զանիկա տեսնելուն պէս՝ թողուց հրաշէկ երկաթը սալին վրայ, եւ ուրախութեամբ անոր մօտ գնաց ողջագուրուելու: Ես մէկ կողմ քաշուած՝ երկիւղածութեամբ կը դիտէի զինքը. կռահած ըլլալով, որ մեր ազգական «Հայր Սուրբն» էր: Ո՜հ աչերն երբ դարձուց իմ վրայ, հայրս իր մօտ կոչեց զիս, որպէս զի համբուրեմ անոր մաքրափայլ սուրբ ձեռքը: Հազիւ տասներկու տարեկան էի. ին՜չ վսեմ վայրկեան: Կարգ մը հարցումներ ըրաւ ինձ շատ մեղմ շեշտով մը, որ չեմ մոռնար: Յաջորդ տարին՝ 1892-ին, իր պաշտպանութեան ներքեւ արդէն սկսած էի յաճախել Պէրպէրեան վարժարան: Ամբողջ աշակերտութեան շրջանին միտքէս չէր հեռանար իր վսեմ երեւոյթը եւ այն հմայքը, զոր թողուցած էր իմ պատանեկան սրտիս եւ մտքիս վրայ: Հակառակ Պէրպէրեան վարժարանի ուղղութիւնը գիտական ըլլալուն, ես նախընտրած էի այն դասերը՝ որոնք աւելի կը խօսէին զգացումի եւ հոգւոյ: Եւ Պէրպէրեան գիտէր միշտ իր դասախօսութեանց մէջ դնել որքան իմաստասիրական՝ նոյնքան եւ ազգային, կրօնական, բարոյական վսեմ շեշտ մը: Իմ փափաքս էր Արմաշի Դպրեվանքը՝ մեր «Հայր Սուրբ»ին մօտ ըլլալ, զինքը ունկնդրել: 1896-ի «Մասիս» կրօնաթերթը ախորժակս կը սրէր. հոն կը կարդայի իր յօդուածները: Իմ բաղձանքս ուրիշ բան չէր, բայց եթէ կուսակրօնութիւնը. այլեւս ընկերներուս իսկ սկսած էի յայտնել մտադրութիւնս: 1897-ին Պէրպէրեանի Ժընեւ մեկնումով՝ մեր վարժարանի աշակերտութիւնը գրեթէ կը ցրուէր եւ ես յաջորդ տարին, 18 տարեկանիս, Արմաշ՝ Դուրեան Սրբազանի մօտ էի արդէն:

Արմա՜շ… կա՞ր աւելի սուրբ եւ խնկելի վայր մը, քան՝ Արմաշը: Արմաշի սրբութիւնը ինքը Դուրեանն էր, Արմաշի հոգին էր ան. ոչ մէկ հմայք ունէր Չարխափանը առանց Դուրեանի: Դուրեանն էր որ կեանք տուած էր Դպրեվանքին, ուխտատեղիին, ուխտին, ամբողջ միաբանութեան:

Երեք տարիներ միայն մնացի Դպրեվանքի մէջ: Առաջին տարին իրմէ կը ստանայի դպրութեան աստիճան, երկրորդ տարին՝ սարկաւագութեան եւ երրորդ տարին՝ 1901-ին, իմ տասը ընկերներով կը ձեռնադրուէի կուսակրօն քահանայ: Այդ երեք տարիները ամենէն նշանակալից տարիները եղան կեանքիս: Այդ երեք տարիներուն մէջ օգտուեցայ իր դասախօսութիւններէն այնքա՛ն որքան պիտի չկարենայի օգտուիլ ուրիշ որեւէ ուսուցիչէ. բառին իսկական առումով Ուսուցանող մըն էր ան, իր զմայլելի վճիտ ոճովը, իր ինքնայատուկ բացատրութեան եղանակովը, ամենէն տաղտկալի աստուածաբանական հարցերն իսկ գիտէր պարզել, լուսաբանել եւ հասկնալի դարձնել: Դասախօսութեան պահուն իր սիրուն ակնարկութիւնները ոգեւորութիւն յառաջ կը բերէին ուսանողներուն մէջ:

Այդ երեք տարիներուն մէջ համոզուած էի որ լուսեղէն սիւնն է անիկա հայ հոգեւորականութեան եւ կը զգայի, թէ գերբնական բան մը կայ իր մէջ, զի ամէն անգամ իր դասախօսութիւններով նոր կեանք մը կու տար, նոր շունչ մը կը ներշնչէր, նոր լոյս մը կը ծագեցնէր, նոր անդիմադրելի ուժ մը կը ստեղծէր մեր մէջ:

Ես համոզուած եմ եւ կը շեշտեմ, թէ ամէն անոնք, որոնք անոր ձեռքին տակ պատրաստուած են, կարելի չէ որ իրմէ ստացած չըլլան իր հզօր շունչը, կարելի չէ որ իր հուրովը բոցավառուած չըլլան: Ամենէն քար սիրտերը անոր ձեռքին տակ կը ճմլուին, ամենէն ամուլ միտքերը կ՚արգասաւորին, ամենէն մեռեալ հոգիները կը կենդանանան: Երբ ան կը խօսի, կը կարծես, թէ երկնային շունչ մը կը հոսի իրմէ. երբ ան կը ժպտի, կը զգաս, որ երկինք կը ճառագայթէ. երբ ան կը գովէ զքեզ, յաւիտենական ժառանգութիւն մը կը կարծես ստացած ըլլալ, երբ ան կը դիտէ իր հրեղէն աչքերով, քեզ կը զգացնէ, թէ թերութեան մը մէջ ես, եւ իր դիտողութիւնը կը նշմարես իր լուռ հայեացքին մէջ:

1902-ին բաժնուած էի Արմաշու Դպրեվանքէն եւ Օրմանեան Պատրիարքի անձնական քարտուղարութեան պաշտօնին կոչուած, ու վեց տարիներ վերջ Ազգային Կեդրոնական խառն ժողովէն կ՚ընտրուէի Պոլսոյ Պատրիարքական Փոխանորդ, երբ Դուրեան Սրբազանն ալ Պատրիարք կ՚ընտրուէր: Ի՜նչ դժուարին շրջան քան 1908-1911-ի շրջանը: Ստուգիւ ազատութեան շրջանն էր, փոխանցմա՛ն շրջան. ալ գերութեան շղթան խորտակուած՝ հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, արդարութիւն կը հնչէր Թուրքիոյ ամէն կողմը: Միւս կողմէ անզուսպ կիրքեր, անհաշտ տրամադրութիւններ, խօլական շարժումներ երեւան կու գային ամէն կողմ: Դուրեան Սրբազանի վրայ ինչպէս սքանչացած էի Դպրեվանքի մէջ անոր իմացական արժանեաց եւ առաւելութեանց վրայ, այժմ ալ տեսնելով մօտէն իր խանդաղատանքը եւ սէրը ազգին դժբախտ եւ բազմաչարչար զաւակաց վրայ, հիացումս կը կրկնապատկուէր: Դուրեան ամէն բանէ առաջ ապագան տեսնող մըն էր, իր վարչական գործոց մէջ որքա՜ն անհրաժեշտ բան է գալիքը տեսնելը. Անիկա ներկայի հետեւանքները կը տեսնէր: Այդ հեռատես ուղղութիւնը միշտ պահեց իր Պոլսոյ Պատրիարքութեան շրջանին, երբ ժողովուրդը տակաւին ի վիճակի չէր ըմբռնելու զինքը: Ան ունէր աւելի գերընտիր գործ մը իր աշակերտներով իրագործելու, եւ ան չէ դադրած տակաւին հրաշքներ գործելու ազգին մէջ:

Երբ աչքի առջեւ ունենանք իր 50-ամեայ անաղմուկ նուիրումը, իր խօսքերուն եւ իր գրածներուն մէջ երկնային բարութիւն մը, հանդարտ հեզութիւն մը եւ իր բազմափայլ ձիրքերն օծումի դրոշմը կը կրեն:

Այն անձերը, զորս Նախախնամութիւնը դարէ ի դար կը ղրկէ աշխարհ իր տանը մէջ մեծ նշան մը ցոյց տալու համար, անոնք կ՚ըլլան բազմաց փրկութեան պատճառ, եւ ահա այդպիսիներէն է Դուրեան, զոր Նախախնամութիւնը պարգեւած է ազգին:

Հարկ է անգամ մը մօտենալ իրեն, լսել զինքը, հպիլ իրեն փրկուելու համար: Երբ մարդ կը լսէ զինք, կը զգայ անոր մտածման մաքրութիւնը, բացատրութեան ազնուութիւնը, լեզուի յստակութիւնը, խօսուածքի վայելչութիւնը, մտաց նրբութիւնը, բարուց ազնուականութիւնը, որոնք ի մի խառնեալ կը կազմեն անոր անմահ բանաստեղծական լուսեղէն հոգին:

Յիսնամեակի առթիւ այս գրած քանի մը տողերս չեն կրնար տարփողել Դուրեանի արժանիքները, երբ իր արժանիքները արդէն կը տարփողեն զինքը: Ինչպէ՞ս բարձրացնել մեր գովանքներով այնպիսի մեծ մարդ մը որ արդէն իր միշտ կենսունակ եւ աճեցուն գործերով կազմած է իր բարձրութիւնը:

Յիսնամեայ իր հրապարակային կեանքին մէջ յայտնութիւն մըն է ան սրբութեան: Եթէ ԺԹ. դարուն ազգը ունեցաւ իր Հայրիկը յանձին Խրիմեանի, ազգը կը պարծի Ի. դարու մէջ Դուրեանով՝ իբր իրեն ՍՈՒՐԲԸ, ո՛չ թէ վիպական կամ ո՛չ թէ անձնասիրական ճգնութեամբ հոգիացած, այլ սուրբ մը իրական եւ իսկական զոհողութեամբ իր մտքին, մարտիրոսութեամբ իր սրտին, պատարագումով իր հոգւոյն: Անիկա իրեններով լուսասփիւռ Սուրբն է. անոր սուրբ կեանքը սքանչելիք մըն է, հրաշալիքներու հրաշալիքն է, զի այն ներշնչող է իսկապէս իր կեանքովը:

Ո՞ւր է պէտք փնտռել իր արժանեաց բարձրութեան շարժառիթը, ո՞ւր կրնանք գտնել այն զսպանակը, որ զինք բարձրացուցած է մտաւորապէս, հոգեպէս եւ զգացմամբ: Անշուշտ, իր նշանակալի խոնարհութեան մէջ, իր խոհեմութեան մէջ, որ ան կը դնէ իր խօսքերուն եւ իր գործքերուն մէջ, եւ չէ՞ մի որ ճշմարիտ Սուրբերու գիտութիւնը խոնարհութիւնն է:

Պատի՜ւ ուրեմն իր անձին, որ կը կանգնի լուսասփիւռ փարոսի մը պէս Ի. դարու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:

Պատի՜ւ այն ծնողքին, որ ծնած է այսպիսի սուրբ հոգի մը:

Պատի՜ւ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն ցոլացնել անոր մաքրափայլ հոգին եւ վսեմ սկզբունքները իրենց կեանքին մէջ:

Պատի՜ւ եւ այն պատուական ցեղին, որ գիտէ գնահատել այսպիսի բարձր արժանիքները եւ հպարտ կը զգայ պանծացնելու այսպիսեաց անունը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023