ԱՐԴԵՕՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ «ԳՈՅՈՒԹԻ՞ՒՆ» ՈՒՆԻ

Արդեօք արդարութիւն մնացա՞ծ է։ Արդարութեան մօտեցման եղանակներդ փոխուա՞ծ են, թէ՞ ոչ արդարութեան հաստատման ու պաշտպանման համար ոգի ի բռին կը պայքարիս։ Արդարութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար։ Կը հաւատա՞ս անոր զօրութեան եւ «առկայութեան»։ Եթէ փորձած ես իրաւունքդ պաշտպանել, ապա արդարութիւնը կրցա՞ծ ես երեւան հանել։ Եթէ մարդիկ արդարութիւնը անարդարութեամբ եղափոխած են, կրցա՞ծ ես զանոնք համոզել, որ արդարութեան ճամբան ընտրեն…։ Հարցումեր, որոնց կը կարծեմ, թէ կրնաս պատասխանել, սակայն այդ պատասխաններդ համոզի՞չ են։

Այսօրուան յարափոփոխ աշխարհին մէջ արդարութիւն հասկացողութիւնը դժբախտաբար իր իմաստէն հեռացած է եւ դարձած է մարդոց քմահաճոյքին աղերսուած այցեքարտ մը։ Եթէ նախապէս արդարութիւնը ազնուութիւն կը պահանջէր, այսօր անազնիւներուն մտքին մէջ լղորճուած սովորական գոյական մըն է։ Պատմութիւնը բաց թատերաբեմն է արդարութեան եւ հաւասարութեան որոնման տեւաբար կրկնուած, կրկնուող եւ յամառօրէն վերսկսող փորձերուն: Հատորներ գրուած են, պատերազմներ տեղի ունեցած են, մարդիկ հաւատացած են այդ երազներուն եւ արդարութեան ձեռքբերման համար արիւն թափած են, զոհուած են: Սերունդներ կը փոխուին եւ կը հասնին նոր երազողներ: Բայց բացի ձեւի եւ արտայայտութեան կերպերէ, խնդիրները կը մնան առկախ:

Անարդարութիւնը իրեն հետ գործակից ու «մարտնչող» ընկերներ ունի, որոնք օրն ի բուն կ՚անիրաւեն, կը կեղծեն, կ՚ոտնակոխեն, կը ստեն ու ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրեն՝ արդարութիւնը նսեմացնելով եւ մարդկային արժէքները չարափոխելով։ Երբ կը տեսնես, որ անարդարութեամբ գործողներ մեծ յաջողութեամբ կը յառաջանան, բարձունքներ կը նուաճեն, ղեկավար դիրքեր կը զբաղեցնեն, շքանշաններ կը ստանան, գովեստի խօսքեր կը լսեն, իրենց «գովելի» գործերուն համար ծափողջոյններու կ՚արժանանան, իսկ դուն արդարդ, որ համակ կեանքդ արդարութեամբ ապրած ես եւ արդարութեան պաշտպանը եղած ես, կը տանջուիս, կ՚անտեսուիս, անկարող կը համարուիս եւ մէկդի նետուելով՝ անձայն վիճակի կը մատնուիս։ Աշխարհի օրէնքը արդարութեա՛մբ գրուած է, բայց մարդիկ իրենց անարդարութեամբ, շահախնդրութեամբ, աչառութեամբ զայն աշխարհայնացուցած են եւ իրենց նպատակին ծառայեցուցած։

Արդարութեան ըմբռնումը յարաբերական է։ Ան տարբեր ձեւով կ՚ընկալուի տարբեր անձերու, երկիրներու, մշակոյթներու, դասակարգերու եւ ընկերային բոլոր մակարդակներու կողմէ։ Ֆրանսացիին արդարութիւնը արաբին արդարութեան նման չէ եւ ոչ ալ սեւամորթին արդարութիւնը սպիտակամորթին պէս է։ Եթէ եւրոպական աշխարհին մէջ հաւասարութիւն, իրաւունքներու յարգում կը քարոզուի, սակայն միւս կողմէ այլ ցամաքամասի մը մէջ արդարութեան գաղափարախօսականները արմատապէս կամ երանգներով կը փոխուին։ Յաւելեալ իրաւունքի տիրացման ցանկութիւնը, անոր հետեւանք մրցակցութիւնները եւ բախումները պատճառ կը դառնան անարդարութեան ծնունդին ու յարատեւականացման, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ հասարակութեան փոքր խա՛ւը միայն կը տուժէ, կ՚աղքատանայ եւ խեղճուկ պայմաններու մէջ կ՚ապրի։ Մանկավարժութիւնը կը փորձէ երիտասարդ ծնողները լուսաբանել եւ անոնց խուրհուրդ տալ իրենց մանուկին մտապաստառին, սպիտակ հոգիին վրայ զետեղել բարիին հետամուտ եղող առաքինութիւնները։ Արդարութիւնը այդ առաքինութեանց գլխաւորագոյններէն է։ Երեխադ անմեղութեան տիպարն է եւ յաճախ այդ անմեղութիւնը արդարութեամբ պէտք է պատուաստես, որպէսզի երբ գիտակցութեան գայ՝ անարդարութեան, եսասիրութեան, ուրիշին իրաւունքը խլելու, ստելու մոլութեանց մէջ չմխրճուի։ Տանդ մէջ վստահաբար ականատես դարձած ես, որ երբեմն զաւակդ ակամայ ճշմարտութիւնը կը բացայայտէ եւ արդարութեան կողմնակից կ՚ըլլայ։ Անոր մէջ դրուած ընդոծին արդարութիւնը ճանչնալու առաքինութիւնն է, որ կը մղէ զինք ճշմարտութիւնը խօսելու եւ անմեղաբար խոս-տովանելու։ Իսկ երբ զաւակդ արդարութեան հովանոցով չե՛ս պաշտպաներ, այն ատեն անարդարութեան կարկուտները ո՛չ միայն անոր անմեղութիւնը, արդարութեան ձգտելու, ճշմարտութիւնը ճանչնալու կարողութիւնները կը խարխլեն, այլեւ ստախօսութեան, գողութեան, սուտ վկայութեան եւ ուրիշին իրաւունքը ոտնակոխելու մեղքերը անոր մէջ արմատաւորած կ՚ըլլաս։ Երեխադ արդար ծնած է, փորձէ անոր արդարութիւնը ճիշդ հունի մէջ պահել, որպէսզի անարդարութեան ոլորապտոյտ ճամբաներուն մէջ չկորսուի։

Հոգեբան Նանտօ Պելլուչիի բառերով՝ արդարութեան ձգտումը ազնիւ մարդու գործ է։ Երբ մարդ շարունակ կը փորձէ արդարութիւնը հաստատել, կրնայ ըլլալ հոգեկան ճնշում ունենայ։ Արդարութիւնը հաստատել ուզող մարդը այս պարագային ո՛չ թէ արդարութեան վրայ կեդրոնացած կ՚ըլլայ, այլ՝ անարդարութեան ու անարդար մարդոց արարքին վրայ՝ հեռանալով արդարութիւն հետապնդելու իր բուն նպատակէն։ «Մարդուն մէջ շարք մը ռազմավարութիւններ կան, զորս մարդուն կողմէ գիտակցաբար չեն ծրագրուիր, այլ անոնք ի ներքուստ դրուած զգացումներ են, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ արդարութեան պարտադիր զգացողութիւն։ Սակայն այս զգացողութիւնը պէտք չէ մարդս ջղագրգիռ դարձնէ եւ հիւանդագին վիճակի առաջնորդէ։ Արդարութեան ջատագով մարդը պէտք է հեռուն մտածէ, գիտնայ թէ ինչո՞ւ համար եւ որո՞ւ դէմ կը մաքառի», կ՚ըսէ Պելլուչի։ Իսկ հոգեբան Մելանի Կրինպըրկ կ՚ըսէ. «Երբեմն մեր կեանքին մէջ պատահական տհաճ երեւոյթներու կը հանդիպինք։ Քամին չորս կողմէն կը փչէ, ղեկավարդ արժանիքներդ չի տեսներ ու քեզ չի գնահատեր, ընկերոջդ կողմէ դաւաճանութիւնը եւ նման այլ դժբախտութիւններ քեզ յաճախ կ՚անհանգստացնեն, իսկ միտքդ հասկնալով անարդարութեան «ոտնձգութիւն»ները՝ կը սկսի ապերջանկութեան եւ անարդարութեան ազդանշանները տալ։ Եթէ միտքդ շարունակ այդպիսի բացասական ազդանշաններ տայ, իսկ դուն այդ զոհուողի դերին մէջ մնաս, այդ ժամանակ գանգատը, դժգոհութիւնն ու տրտունջը մնայուն թեւանցուկ ընկերներդ կը դառնան»։ Երկու հոգեբաններն ալ խորհուրդ կու տան արդարութիւն որոնող եւ անարդարութեան դէմ պայքարող մարդոց նախ իրենց անձերուն մասին մտածել եւ զուր տեղ չտառապիլ, որովհետեւ անարդար մարդը կ՚ուզէ իր անարդարութեան պտուղները հանգիստ եւ առանց դժուարութեան քաղել։

Արդարութիւնը քեզի չի՛ պատկանիր, սիրելի՛ բարեկամ, այլ ան աշխարհի Հիմնադիրին կողմէ սահմանուած է եւ դրուած է իւրաքանչիւր մարդու հոգւոյն մէջ։ Սակայն մարդիկ զայն անձնասիրաբար կ՚օգտագործեն՝ իրենց կողմէ անձնակեդրոն սահմանումներ եւ բացատրութիւններ տալով։ Մարդկութիւնը յաճախ անարդարութիւնը եւ անհաւասարութիւնը բնական կարգով ընդունելի կը համարէ, պատճառաբանելով, թէ բնութեան մէջ հաւասարութիւն չկայ. մին զօրաւոր է, միւսը՝ տկար. մին գեղեցիկ է, միւսը՝ տգեղ: Իրաւունք չունիս արդարութիւնը նեղ հայեցակէտովդ, թանգարանացած կարծրատիպերովդ ու անհիմն հաշուարկումներովդ դիտարկել եւ փորձել նոր իմաստ մը տալ, ներմուծել անիրաւ մարդոց պատկանող այդ մթաստեղծ «բառարանին» մէջ, որոնց հոմանիշները, բացատրութիւնները միայն այդպիսի «հեղինակ»ները կրնան հասկնալ։

Եթէ դուն քեզ տգեղ կը համարես, սա չի՛ նշանակեր, որ արդարութեան պէտք չէ ձգտիս եւ անիրաւուած վիճակի մէջ պէտք է ապրիս։ Եթէ անուս ես, սա չի՛ նշանակեր, որ խօսքի ազատութիւն չունիս եւ մարդիկ իրենք կեանքիդ ընթացքը պիտի որոշեն։ Եթէ խոնարհ խաւի կը պատկանիս, սա չի՛ նշանակեր, որ արդարութեան ձայնդ չես կրնար բարձրաձայնել։ Եթէ համեստ ես եւ տարիներու ընկերութեանդ սիրոյն լռութիւնն ես ընտրած, սա չի՛ նշանակեր, որ ի վիճակի չես արդարութեան կրակով անարդարութիւնը հրկիզելու։ Երբեմն սեփական մորթիս վրայ զգացած եմ, որ տարիներու ընկերութիւնը խզուած է անարդար որոշումի եւ հապճեպ դատողութեան մը պատճառաւ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ նմանօրինակ մարդիկ արդարութիւնը լսելու, արդարութեան հետ առերեսուելու քաջութիւնը, պատրաստակամութիւնը եւ ունակութիւնը չունին։ Ականջ ունեցողը թող լսէ, իսկ աչք ունեցողը թող տեսնէ…։

Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղղած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Արդէն մանուկ հասակէդ գիտես Սուրբ գիրքերը, որոնք զօրութիւնը ունին քու միտքդ իմաստութեան բանալու՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի հաւատաս եւ փրկուիս։ Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար» (Բ.Տմ 3.15-16)։ Բայց քրիստոնէութեան ընծայած ճամբան սովորական իմաստով ճամբայ մը չէ, այլ ան միակ ու ճշմարիտ ճամբան է, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճամբան։ Դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբան Քրիստոս Ի՛նքն է, որովհետեւ Ան էր որ յայտարարեց՝ «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14,6): Առաքեալը նաեւ կ՚ըսէ, թէ «Սուրբ գիրքերը օգտակար են արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու» համար: Աստուածաշունչ մատեանը կը սորվեցնէ մեզի, թէ ինչպէ՛ս կարելի է արդար կեանք մը ապրիլ: Ոեւէ անձ, որ ուշադրութիւն եւ հաւատք կ՚ընծայէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած ճշմարտութեանց ու զանոնք իր կեանքին մէջ կը ներմուծէ՝ կը սորվի արդար կեանք ապրելու կենսաձեւը եւ արդարութեան հետեւորդ կը դառնայ։

Քրիտոնէական հասկացողութեամբ արդարութիւնը մեր մտաւոր, զգացական աշխարհի ու խղճի մաքրութիւնն է։ Երբ խիղճդ մաքուր է, ինքնաբերաբար արդարութեան կողմնակից մըն ես։ Երբ ընկերութեան մը մէջ արդարութիւն կայ, այնտեղ ընկերային հաւասարութիւն, ընկերային իրաւունք եւ անաչառութիւն գոյութիւն ունին: Սակայն չի՛ բաւեր միայն արդար ըլլալ։ Արդարութիւնը իր ամբողջացումն ու կատարելութիւնը կը գտնէ անկեղծ ու անխարդախ սիրոյ մէջ։ Զուր տեղ չէ ըսուած, թէ «Արդարութիւնը ողնայարն է ընկերութեան, իսկ սէրը՝ անոր կենսարիւնը։ Արդարութիւնը շանթն է, սէրը՝ արեւը»։ Արդարութեամբ եւ սիրով լեցուն մարդ ըլլալ կը նշանակէ՝ հարուստ ըլլալ, բայց երբեք աղքատութիւնն ու աղքատը չարհամարհել. սուր ունենալ ձեռքին, բայց բնաւ ուրիշները չվիրաւորել. զօրաւոր ըլլալ, սակայն տկարին իրաւունքը չոտնակոխել. մեծ ըլլալ եւ իր նմաններուն սիրոյն մեծութիւնը մոռնալ գիտնալ: Արդար մարդը ազնիւ, բարի, վեհանձն, համեստ եւ ողջմիտ կ՚ըլլայ։ Իսկական ազնուականութիւնը հարստութիւններով օժտուած ըլլալ եւ զրկուածները չքամահրելն է, ազնուութիւնը՝ վիրաւորելու միջոցը ունենալով հանդերձ չվիրաւորելն է, բարութիւնը՝ զօրաւոր ըլլալով հանդերձ խղճով ապրիլն է, վեհանձնութիւնը՝ յաղթական դուրս գալէ ետք, յաղթանակը ուրիշին հետ բաժնել գիտնալն է, եւ խոնարհութիւնը՝ մեծ ըլլալով հանդերձ, աւելի խոնարհ խաւի պատկանող մարդոց հետ հաց կիսելն է։ Ահաւասիկ վերոթուարկեալ առաքինութիւններն են, որ արդարութիւնը իր մէջ կը ներառնէ եւ մարդս ամբողջապէս կը կերպարանափոխէ։

Օր մը արդարութիւնը կ՚անհետանայ։ Քաղաքին մէջ մեծ իրարանցում մը կը ստեղծուի։ Առանց արդարութեան դժուար էր ապրիլ, մանաւանդ անոր անհետանալովը, մարդկութեան մէջ սկսած էին արմատ դնել կեղծաւորութիւնը, անիրաւութիւնը, խաբէութիւնը, արիւնահեղութիւնը…։ Ուստի, պատերազմիկ ազնուական մը արդարութիւնը փնտռելու կ՚ելլէ։ Զօրք կը հաւաքէ, վաշտեր ու գունդ կը կազմէ եւ կ՚երդնու, որ արդարութիւնը պիտի գտնէ եւ անոր ձեռքերն ու ոտքերը կապած՝ քաղաք պիտի բերէ։ Այդ իսկ պատճառով, գիւղ ու քաղաք ոտնակոխ ընելով, արիւն սփռելով՝ կը ջարդէ, սրամաշ կ՚ընէ, բայց արդարութիւնը չի՛ կրնար գտնել։

Ապա հարուստ մարդ մը արդարութիւնը որոնելու համար ճամբայ կ՚իյնայ։ Իր ուղտերուն վրայ ոսկի, արծաթ եւ զարդարանք կը բարձէ՝ ըսելով. «Կը տեսնէք, արդարութիւնը ոսկիովս պիտի գնեմ եւ զայն ոսկիի սնտուկիս մէջ դրած պիտի բերեմ»։ Մեծահարուստը կ՚երթայ, սակայն նոյնպէս արդարութիւնը չի՛ գտներ։

Երրորդ անձը խեղճ ու կրակ, աղքատ մարդ մըն էր, որ կ՚որոշէ ինք եւս արդարութիւնը փնտռել։ Սրուակ մը ձեռքին բռնած, յամառութեամբ կը սկսի քալել։ Սրուակը լեցուն էր աղքատի արցունքով, դժբախտացած մարդու հառաչով եւ աշխատասէր մարդու քրտինքով։ Համոզուած էր, որ արդարութիւնը այս տեսնելով՝ պիտի վերադառնար։ Մեծ քարայրներէ անցնելով, հեռաւոր գիւղեր այցելելով՝ արդարութիւնը կը փնտռէ եւ բարձրաձայն կը գոչէ. «Ո՞ւր ես, արդարութի՛ւն»։ Վերջապէս. երբ յուսաբեկ եւ ուժասպառ լերան կատարին կը հասնի, ժայռի մը վրայ կը նստի, իր ծոցէն սրուակը կը հանէ եւ ժայռին կը խփէ։

-Գնա՛, ոչնչացի՛ր.- բարկանալով կ՚ըսէ.- բոլոր վիշտերն ու արցունքները զուր տեղ են։ Արդարութիւնը թշուառ մարդը չի՛ սիրեր։

Բայց հազիւ սրուակը փշրուած էր, ահեղ որոտում մը կը լսուի, հոսած արցունքներէն ծուխ մը կը բարձրանայ եւ հսկայ ուժ մը կը յայտնուի։ Աղքատը սարսափած երեսի վրայ կ՚իյնայ։

-Ելի՛ր.- կը կանչէ հսկան.- ելի՛ր եւ մի՛ վախնար։

-Ո՞վ ես դուն.- թշուառ մարդը կը հարցնէ։

-Ես բողոքն եմ, որ այդ թափած արցունքներէն ծնունդ առի եւ հիմա անհետացած արդարութիւնը քեզի ցոյց պիտի տամ։ Նայէ՛…։

Արշալոյսի կարմրորակ լոյսին մէջ հսկայի վեհ հասակը կը տեսնուի։ Հսկան ցոյց կու տայ մաքուր ամպերու բացուածքը, որմէ թաքնուած արդարութիւնը խորունկ, տխուր հայեացքով մը կը յայտնուի։

-Եկո՛ւր, արդարութիւն.- կը կանչէ բողոքը.- ես ծնած եմ, իսկ իմ ձայնս քեզի համար սուր եւ կշիռք թող դառնայ։

Սակայն արդարութիւնը անշարժ ու տխուր բողոքին ու թշուառ մարդուն կը նայի եւ կ՚ըսէ.

-Ո՛չ, դեռ դուն փոքր ես։ Գնա՛, քալէ, արցունք ու վիշտեր հաւաքէ, որպէս ովկիանոս մեծցիր, որպէս հեղեղատ կատղէ եւ այդ ժամանակ ես իմ սուրովս ու արդար կշիռքովս կու գամ։

Ապա ամպը կ՚անհետանայ եւ արդարութիւնը դարձեալ իր անմատչելի բարձրութեան մէջ կը կորսուի։ Այդ օրուընէ սկսեալ պատերազմիկ ազնուականը արդարութիւնը արեան մէջ կ՚որոնէ, հարուստը՝ ոսկիի, իսկ թշուառը՝ իր ցաւերուն կողքին նստած, արցունքներով բողոքը կը մեծցնէ, որպէսզի ան ալ իր հերթին կորսուած արդարութիւնը վերագտնէ ու վերակենդանացնէ։ 

Սիրելի՛ ընթերցող, աշխարհի արդարութեան երբեք մի՛ հաւատար, որովհետեւ այսօրեայ աշխարհը դժբախտաբար արդարութիւնը «ցեխոտած» է, իսկ անոր կշիռքը անհաւասար է։ Այդ կշիռքը արագօրէն կը տատանուի, իր հաւասարակշռութիւնը մարդոց քմահաճոյքին հետ կապուած է, օր մը այսպէս, օր մը այնպէս։ Չունի ամուր հիմք եւ կայուն հաւասարութիւն։ Եթէ մարդիկ կշիռքին մէկ կողմը կէս քիլօ ոսկի դնեն, իսկ միւս կողմը՝ 10 քիլօ կշռող արդարութիւն, վստահ կէս քիլօ ոսկին 10 քիլօ կշռող արդարութիւնը կը գերակշռէ։ Ոսկին ու բիրտ ուժը այսօր ամէն տեղ իրենց ճիրանները երկարած են եւ մարդոց արժանապատուութիւնը, հոգին, սիրտը, զգացումները ու միտքը գնած են։ Գնած են «ասպատակել»ով եւ այդ բոլորը իրենց գերին դարձնելով։ Գիտակցաբար անարդարութիւն ջատագովող մարդը ո՛րքան ալ կեղծ համբաւ ունենայ, հարստութիւններ դիզէ, մարդոց յարգանքին արժանանայ, անարդարութեան եւ անիրաւութեան անձնատուր եղած ստրուկ մըն է։ Ստրուկ, որ չունի նկարագիր, կամք, պատիւ, այլ ունի միայն թուլամորթութիւն եւ շողոքորթութին։ «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակտին» (Սիամանթօ)։

Արդարութիւնը երկսայրի սուր մըն է, որ ո՛չ տկարը եւ ոչ ալ հարուստը կը խնայէ։ Արդարութիւնը անկողմնակալ է, մշտահունչ ղօղանջ է եւ ուշ կամ կանուխ ուժգնութեամբ պիտի հարուածէ քեզ՝ եթէ անարդարութեան ցեխին մէջ շարունակես թաւալիլ։ Նկարագիրդ, հոգիդ ու միտքդ արդարութեամբ շաղախէ, որպէսզի շրջապատիդ արդարութեան լուսավառ ճրագը, լուսատու փարոսը դառնաս։ Արդարութիւնը հոգիէդ մի՛ վաներ, ան կենսակերպիդ ու նկարագրիդ կշիռ, արժէք տուուղ դափնեպսակն է…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018