ՄԱՐԴՈՒ ԿԵԱՆՔԻ ԵՕԹՆԱՄԵԱՅ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ

Մարդու կեանքը կը բաղկանայ եօթնամեայ շրջաններէ: Մենք երբեք տեւական ժամանակ նոյն շրջանին մէջ չենք մնար եւ մշատպէս կը փոխուինք: Իւրաքանչիւր 7 տարին անգամ մը կը սկսի կեանքի նոր շրջան:

0-7 տարեկան՝ Աշխարհը ճանչնալու շրջան, ուր փոքրիկը մեծապէս կապուած է իր մօհ հետ: Շրջանը կ՚աւարտի, երբ փոքրիկը դուրս կու գայ մօր պաշտպանութենէն եւ կը մտնէ իրական աշխարհ:

7-14 տարեկան՝ Սեփական «ես»ն ու աշխարհը ճանչնալու շրջան:

14-21 տարեկան՝ Այս շրջանին մարդ ունի աւելի ըմբոստ հոգի եւ կը փափաքի փոխել աշխարհը:

21-28 տարեկան՝ Կայունացում, վերադարձ դէպի հասարակութիւն, արժէքային համակարգի ձեւաւորում: Աւելիին ձգտելու, ընտանիք կազմելու, համապատասխան աշխատանք գտնելու մեծ ցանկութիւն:

28-35 տարեկան՝ Աշխատանք սեփական ընտանիքի մէջ: Եթէ նախորդող շրջաններուն ամէն ինչ ճիշդ եղած է, ուրեմն այս շրջանին խնդիրներ չեն յառաջանար: Իսկ եթէ նախորդող շրջանները ունեցած են սխալ ընթացք, ուրեմն 28-35 տարեկան շրջանին հաւանաբար ըլլան բաժանումներ, աշխատանքէն հեռացում, ճնշախտ եւ այլն:

35-42 տարեկան՝ Տպաւորութիւն է, որ ամէն ինչի կրկին կը սկսի: Ընտանիքի, աշխատանքի, մարդոց, կեանքի մասին ունեցած ձեր պատկերացումները լիովին կը փոխուին: Ամէն ինչի կրկին սկսելու եւ աւելի ճիշդ ընելու ցանկութիւն կը յառաջանայ․ չէ՞ որ այս տարիքին մարդ արդէն ունի մեծ կենսափորձ:

42-49 տարեկան՝ Լիարժէքութեան զգացում: Մարդ արդէն գրաւած է իրեն համար անհասանելի թուացող բոլոր բարձունքները եւ կը սկսի մտածել, թէ ո՛րն է իր գոյութեան իմաստը:

49-56 տարեկան՝ Հոգեւոր յեղափոխութիւն․ հոգիիդ մէջ տանջող հարցերու պատասխաններու փնտռտուք:

Յաջորդող եօթ տարիներուն ընթացքին մարդ մշտապէս նոր հարցեր կը դնէ ինքն իր առջեւ եւ տարիներու ընթացքին կը ստանայ աւելի շատ պատասխաններ:

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018