ՍԷՐԸ ԱԶԱՏ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ Է, Ո՛Չ՝ ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Սիրահարներէն յաճախ կարելի է լսել․ «Ես չեմ կրնար ապրիլ առանց իրեն»։ Այս խօսքերէն ետք իւրաքանչիւր հոգեբան, իւրաքանչիւր հասուն, յարաբերութիւններու մէջ փորձառու մարդ կը մտածէ ո՛չ թէ սիրոյ, այլ՝ կախուածութեան մասին:

Եթէ մարդ չի կրնար գործել ինքնուրոյն՝ իբրեւ ազատ անհատ, հազիւ թէ հնարաւոր ըլլայ անոր մասին խօսիլ իբրեւ առողջ մարդ: Ան կախուածութիւն ունի, ինչպէս թմրամոլները կամ գինեմոլները:

Արդեօք սիրահարուածը մի՞շտ հիւանդ է: Այս մարդոց մօտ սէր ստանալու պահանջը այնքան ուժգին է, որ անիկա կը կառավարէ անոնց կեանքը, այդ իսկ պատճառով հոգեբանները, նման պարագաներու, կը սահմանեն ամենաիսկական որոշումը՝ «անձի կրաւորական կախուածութիւն»:

Այն յարաբերութիւնները, որու ընթացքին իւրաքանչիւրը ինքզինք կը զգայ լիարժէք անհատականութիւն, աւելի կայուն են։

Ինչո՞ւ կրաւորական: Որովհետեւ ան, որ այդքան հետեւողականօրէն իրեն հանդէպ սէր կը պահանջէ, ամենայն հաւանականութեամբ, զայն ստանալու համար ոչինչ կ՚ընէ: Ասիկա լիովին տրամաբանական է՝ զինք առանց այդ ալ կը սիրեն: Սիրոյ անբաւարարուածութիւնը վրայ կը հասնի միայն այն ժամանակ, երբ ոչինչ կայ, որուն համար սիրես մարդը: Ան պարզապէս ինքզինք այս աշխարհի վրայ չի դրսեւորեր:

Իւրաքանչիւր սիրահար չէ, որ հոգեբանօրէն հիւանդ է: Գեղեցիկ եւ արժանապատիւ միութիւնները կը ստեղծուին այն զոյգերուն մօտ, որոնց իւրաքանչիւրը իր ներդրումը կը բերէ յարաբերութիւններուն մէջ, ամէն մէկը լիարժէք անհատ է, եւ առկայ է իրական սէր: Այն ժամանակ, երբ երկուքն ալ ունակ են յարմարաւէտ ապրիլ առանձին, իրենց ազատ ընտրութիւնը կը կատարեն առանց զոյգի, այդ ընտրութիւնը կը համարուի սէր:

Ուրկէ՞ կու գայ ոչինչ ընելու ցանկութիւնը: Այստեղ ամէն ինչ շատ առօրէական է․ հոգեկան հիւանդութիւններուն մեծ մածը սկիզբ կ՚առնեն մանկութենէն: Ներառեալ՝ սիրոյ համար ոչինչ ընելու ցանկութիւնը: Գրեթէ իւրաքանչիւր մարդ ինքզինք շատ յարմարաւէտ կը զգայ, երբ կը խնամեն զինք, սակայն մարդոց մեծ մասին համար այդ յարմարաւէտութիւնը կեանքի նպատակ չի համարուիր, եւ անոնք յարաբերութիւնները կը կառուցեն առանց մեկնելու նման հաշուարկներէ։

Մեծամասնութեան համար հաճելի է, երբ ուրիշներ հոգ կը տանին իրենց։

Մանկութեան տարիներուն անոնք, որոնք չեն արժանացած բաւարար ծնողական ուշադրութեան, անոնց մօտ յառաջ կու գայ այդպիսի պահանջք՝ շահարկել ուրիշին սէրը: Անոնք ջղաձգօրէն կը կառչին ուշադրութեան եւ հոգատարութեան որեւէ դրսեւորումի, քանի որ ուշադրութենէ զրկուած մարդիկ կը կարծեն, թէ իրենց պէտք է մշտապէս աջակցութիւն ցոյց տալ: Անոնք, որոնք մանկութեան տարիներուն արժանացած են բաւարար ուշադրութեան, այդ պահանջքը այդքան սուր չէ, անոնք մեծցած են սեփական անձի արժանիքներուն նկատմամբ վստահութեամբ:

Ուշադիր եղէք ձեր երեխաներուն նկատմամբ․ հաւանաբար կ՚արժէ անո՞նց քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրել, աւելի շատ ուշադրութեան ու սիրոյ արժանացնել, քան դուք կ՚ընէք: Չէ՞ որ դուք ներկայիս կը ձեւաւորէք անոնց ապագայ յարաբերութիւնները:

Կ՚արժէ՞ յարաբերութիւններուն մէջ պատ կառուցել: Երբեք: Գծել արհեստական սահմաններ միայն այն բանի համար, որպէսզի չափէն դուրս չկապուիք զուգընկերոջ, կարելի է միայն թոյլ մարդոց: Սակայն չկորսնցնել յարաբերութիւնները՝ պահպանելով իր եւ զուգընկերոջ միջեւ տարածութիւնը կը խօսի մարդու հոգեբանական ամրութեան մասին: Ոչ ոք սիրահարներուն խորհուրդ կու տայ շփուիլ ժամանակի որոշակի չափաբաժիններով, հարկ է միայն պահպանել ինքնագնահատականը: Մի՛ մոռնաք՝ կարելի է սիրել միայն այն, որ կ՚ընթանայ հոգեւոր աճի իր ճանապարհով:

Սեփական ինքնագնահատականի պահպանումն ու զարգացումը կրնայ  զուգընկերներէն իւրաքանչիւրին համար դառնալ սիրոյ եւ յարաբերութիւններու արժանի նպատակ։ Աւելի՛ն. այդպիսի զգացմները կարելի է համարել իրական: Պարզապէս օգնեցէք իրարու զարգանալու համար, մի՛ շահարկէք յարաբերութիւնները՝ սպասելով անսահման խնամք եւ հոգատարութիւն: Այդպիսի գործողութիւններով դուք ձեզ եւ ձեր զուգընկերը կը վերածէք կրաւորական կախուածութեամբ անձի, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ձեր յարաբերութիւններուն վրայ:

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018