«ՍԹԱԼՀԱՅՄԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ»

Մարդու ստեղծագործ աշխատանքի, տաղանդի եւ գեղարուեստական ուրոյն ոճի համադրումէն յառաջ կու գան անզուգական, սքանչելի ու անհամեմատելի գործեր, որոնք որպէս ժառանգութիւն, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին ու կ՚ուսումնասիրուին իրենց բովանդակութեամբ։ Արուեստական այդ ժառանգութիւններուն մէջ կ՚արտացոլեն արուեստագէտներու մտածումները, ապրումները, նաեւ աշխարհի թէ՛ սեւ եւ թէ սպիտակ երեսակները, որոնց միջոցաւ առիթն կ՚ունենանք վերապրիլ այդ երեւոյթները։ 

Նկարչութիւնը՝ որպէս արուեստի ճիւղ, դարեր շարունակ եղած է մարդոց կարծիքներու, կեանքի պայմաններու եւ անոնց պարգեւուած գեղեցկութիւններու արտայայտման ու ներկայացման մէկ ձեւը։ Մարդը շրջապատող ֆիզիքական միջավայրի՝ բնութեան գեղանկարչական ստեղծագործութիւններու արտացոլումն է բնանկարչութիւնը, որ յաճախ պայմանաւորուած է նկարչի աշխարհայեացքով, զգացումներով, արուեստական յատուկ ոճով, փորձառութեամբ…

Աշխարհի գեղեցկութիւնները իւրայատուկ ոճով նկարած սակաւաթիւ նկարիչներէն մին է Եոհան Քրիստիան Տալ, որ ծնած է 1788 թուականին, Նորվեկիոյ մէջ։ Ան եղած է համեստ ընտանիքի մը զաւակը եւ նիւթական նեղութիւններու պատճառով բախտը չէ ունեցած դպրոց յաճախելու։ Այս մասին յայտնած է, թէ աւելի յաջող կրնար ըլլալ, եթէ ունենար «իսկական ուսուցիչ» մը։ 1808 թուականին նկարչութեան դասերու մասնակցած է։ 1811 թուականին ուղեւորուած է դէպի Դանիա, ուր ընդունուած է Քոփենհակի Գեղարուեստի ակադեման։ 1817 թուականին Տալ այդտեղ սկսած է նկարչութեան ուսուցչութեամբ զբաղիլ։ 1818-ին հաստատուած է Տրեստեն, Գերմանիա, ուր ծանօթացած է Կասպըր Տէյվիտ Ֆրետրիխի հետ, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Տալի ստեղծագործական կեանքին վրայ։ 

Եոհան Քրիստիան Տալ ամառնային ամիսներուն կ՚այցելէր իր սիրելի հայրենիքը։ Տալ, հայրենասիրութիւնը զգալի դարձուցած է իր ստեղծագործութիւններով, որոնց մէջ յաճախ պատկերուած են Նորվեկիոյ գեղատեսիլ բնութիւնը, ժողովուրդն ու պատմական վայրերը։ Ան ընդունուած է՝ որպէս «Նորվեկական բնանկարչութեան հայրը» եւ կը համարուի Նորվեկիոյ ազգային գեղանկարչութեան հիմնադիրներէն մին։ Իր ստեղծագործութիւնները ո՛չ միայն Նորվեկիոյ, այլ բազմաթիւ երկիրներու մէջ վայելած են մեծ համբաւ՝, ինչպէս նաեւ արժանացած են յարգանքի ու գնահատանքի։ Այժմ ալ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան Տալի կտաւները, որոնց իւրաքանչիւր մանրամասնութեան վրայ նկարչական կատարեալ հմտութեամբ ու զգուշութեամբ աշխատուած է։ Իր անսահման երեւակայութեան եւ ատակութեան ներդաշնակութեամբ օժտուած կախարդիչ կտաւները նկարուած են արդիւնաւէտ գործունէութեան ակնկալութեամբ։

Նկարչութեան մէջ կարեւոր է ո՛չ միայն գեղեցկութիւնը, այլ նաեւ միտքը։ Որոշ գաղտնիքներով ու պատրանքներով ողողուած են աշխարհահռչակ կտաւներու մեծ մասը, որոնց մէջ թաքցուած են պատմութիւններ։ Արուեստաբաններ երկար տարիներ աշխատանք կը տանին այդ գլուխգործոցներու մէջ թաքցուած գաղտնիքներու վերլուծման ու բացայայտման համար։

Բացայայտուած է նաեւ Եոհան Քրիստիան Տալի կտաւներէն մէկուն գաղտնիքները։ Թէեւ Տալի իւրաքանչիւր գործը կը ներկայացնէ անփոխարինելի արժէք, սակայն անոնց մէջէն կ՚առանձնանայ «Սթալհայմի տեսարանը» կտաւը։ Այս վերջինը կը համարուի Տալի ամենայաջող ու ամենայայտնի ստեղծագործութիւնը եւ այդ մէկը դարձած է Նորվեկիոյ ազգային խորհրդանիշներէն մին։ 1926 թուականին Տալ ճանապարհորդութիւններ կատարեց դէպի Նորվեկիոյ բարձր լեռները եւ այդ ընթացքին նկարեց իր շատ սիրելի վայրերը՝ որոնցմէ մին էր նաեւ Սթալհայմ գիւղը։ 1936-1942 թուականներու միջեւ ստեղծագործեց «Սթալհայմի տեսարանը», որու մէջ պատկերուած են Եորտալսնութեն լեռը. անոր գեղեցիկ բնութիւնը եւ ստորոտին գտնուող գիւղ մը։ Թէեւ առաջին հայեացքով երեւելի չեն կտաւի գաղտնիքները, սակայն եթէ կեդրոնանանք մանրամասնութիւններուն վրայ, դուռ մը կը բացուի տարբեր աշխարհի մը։ Կտաւի մի քանի հատուածին մէջ թաքցուած այս փոքր աշխարհի շեմէն ներս երեւան կու գայ Նորվեկիոյ մշակոյթն ու բնութիւնը։ Կտաւի միջին հատուածին մէջ թաքցուած է գիւղ մը, ուր պատկերուած են նաեւ այդ գիւղի մի քանի բնակիչ եւ ձի մը։ Իսկ ձախ հատուածին մէջ կ՚երեւի մարդ մը, որ բեռը շալակած կ՚ուղեւորուի դէպի լերան գագաթը։ Ձախ կողմի վերեւը գտնուող մանրամասնութեան մէջ ալ կ՚երեւի հովիւ մը եւ ճարակող նախիրը։

Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշեցինք, «Սթալհայմի տեսարանը»ն Նորվեկիոյ ազգային խորհրդանիշներէն մին եղած է եւ կտաւի մեծ համբաւին շնորհիւ, Նորվեկիա այցելող զբօսաշրջիկներու առաջնակարգ հանգրուանը կը հանդիսանայ Սթալհայմը։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020