ՆՈՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ՝ ԱՆՎՃԱՐ ՈՒ ՀԱՍԱՆԵԼԻ
Ինչպէս արդէն յայտնի դարձաւ անցնող օրերուն՝ թողարկուած են Մխիթարեան միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքէջը: Անոնք կը ներկայացնեն 1794-1920 թուականներու միջեւ տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ՝ թուայնացուած ու անվճար։ Առ այժմ, Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մենաստանի գրադարանին հարուստ հաւաքածոյէն թուայնացուած է աւելի քան 400 հազար էջ։ Թուայնացումի եւ հանրութեան անվճար տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը համագործակցութեան արդիւնքն է՝ Մխիթարեան միաբանութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանին միջեւ։
Թուային գրադարանի կայքէջը կը ներկայացնէ Միաբանութեան գրադարանէն հաւաքածոներ: Անոր նպատակն է մէկ հասցէով կամ յղումով ընթերցողն ու հետազօտողը առաջնորդել դէպի թուային նիւթերը, որոնք ամբարուած են Հիմնարար գիտական գրադարանի շտեմարաններուն մէջ եւ ցանկագրուած Ակադեմիային կողմէ։ Թուայնացումի աշխատանքը շարունակական է, իսկ նիւթերը համապատասխան կայքէջերուն եւ շտեմարաններուն մէջ հասանելի պիտի դառնան իրենց պատրաստութեան կարգով։
ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ
Խօսելով այս համագործակցութեան նպատակներուն մասին՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ քայլ պահելով թուային աշխարհին հետ եւ հաշուի առնելով հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը, համագործակցութեան նպատակն է այս մեծ համահայկական հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը տրամադրելի դարձնել բոլորին՝ անվճար, ապահովելով անոնց մատչելիութիւնը։
Բարձրորակ թուայնացումը (թուային պատճէնումը) կ՚երաշխաւորէ նաեւ որոշ վտանգուած նիւթերու եւ բնօրինակներու երկարաժամկէտ պահպանումը, երբ անոնց ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ է։
Թուայնացումի աշխատանքը յանձն առած է Վիեննայի մէջ գտնուող արհեստավարժ աւստրիական ընկերութիւն մը, որ կը յարգէ թուայնացումի արդի չափանիշները, որդեգրելով աշխատանքային արհեստավարժ մօտեցում, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ գործին որակը։
Ծրագիրը կը հետապնդէ նաեւ այլ նպատակներ՝ բացուածութիւն դէպի միջազգային գիտական աշխարհ, գիտելիքներու հասանելիութիւն համայն հայութեան եւ գիտական ու ակադեմական միջազգային հանրութեան, հայերէնի ամրապնդում, հետազօտական աշխատանքներու խթանում եւ զարգացում, ինչպէս նաեւ միջհայկական եւ տարբեր հայկական եւ միջազգային կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան խթանում։
Այս նոր թուային գրադարանի հաւաքածոյի թերթերն ու հանդէսները զերծ են հեղինակային իրաւունքներէ, տրուած ըլլալով որ աւելի քան հարիւր տարի անցած է հրատարակութեան թուականէն, բայց եւ այնպէս, գրադարանը նախաձեռնողները կը տեղեկացնեն, որ Մխիթարեան միաբանութենէն թոյլտուութիւն պէտք է ստանալ հասութաբեր նպատակներով որեւէ նիւթ գործածելու պարագային: Միաժամանակ նաեւ կ՚առաջարկեն, որ արտատպումի եւ գործածութեան այլ պարագաներու, ինչպէս նաեւ երբ անհրաժեշտ է ունենալ թուայնացուած նիւթին բարձրորակ տարբերակը, հարկ է դիմել Մխիթարեան միաբանութեան՝ ստանալու թոյլտուութիւն եւ ապա բարձրորակ տարբերակներ։ Այս բոլոր հարցերուն համար նշուած են ելեկտրոնային հասցէներ, որպէսզի արագ եւ դիւրին դարձնէ հետազօտողին աշխատանքը:
ԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանը, որուն շտեմարաններուն մէջ ամբարուած են Մխիթարեան միաբանութեան մամուլի անունները եւ էջերը, ստեղծած է նաեւ Համահայկական թուանշային գրադարանը: Անիկա թուանշային հաւաքածոներու կենսունակ հանգոյց մըն է՝ նպաստելու տեղեկատուութեան բաց եւ ճկուն հասանելիութեան ապահովումին եւ բաց գիտելիքի ստեղծումին: Այս պարունակին մէջ է որ «բաց գիտութիւնը» կը վերածուի համընդգրկուն շարժումի։
Համահայկական թուանշային գրադարանը հասանելի է արեւմտահայերէնով, արեւելահայերէնով եւ անգլերէնով։
Գրադարանը կը թուայնացնէ եւ հասանելի կը դարձնէ գիտական բովանդակութեան եւ մշակութային ժառանգութեան եզակի նմոյշներ, կ՚աջակցի հետազօտական տուեալներու կենսաշրջանին՝ յատկապէս կարեւորութիւն տալով տուեալներու երկարաժամկէտ պահպանումին եւ բազմակի գործածութեան, կը խթանէ միջազգային գիտական համագործակցութիւնները եւ կ՚ապահովէ «բաց գիտութեան» մշակոյթի ձեւաւորումը։
ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐ
Թուային գրադարանին համար ստեղծուած է նաեւ զատ կայքէջ մը: Կայքէջին մէջ լրագրերու հաւաքածոները ներկայացուած են այբբենական կարգով: Համակարգիչի պաստառին վրայ կը տեսնենք ու առցանց կը թերթենք հայ մամուլի հարուստ անուններէն անոնք, որոնք կը պահուին Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի գրադարանին մէջ: Հիմնականը հանդէսներն են, որոնք լոյս տեսած են հայ տպագրութեան՝ աշխարհի տարածքին ցրուած կարեւոր կեդրոններուն մէջ:
Ահաւասիկ (այբբենական դասաւորութեամբ) առաջին հանդէսը՝ Կալկաթայի մէջ 1845-1848 թուականներուն լոյս տեսած «Ազգասէր»ը: Գրող, մանկավարժ, հրապարակախօս Մեսրոպ Թաղիաթեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած այս նշանաւոր լրագիրը (որ տեղւոյն Արարատեան ընկերութեան հրատարակչութիւնն էր) անշուշտ, հայ մամուլի պանծալի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի: Ան հայութեան կոչ ըրած է համախմբուիլ մայր հայրենիքի մէջ, զարգացնել անոր տնտեսութիւնն ու մշակոյթը, կարեւորած է հայերէնի պահպանութիւնը՝ որպէս ազգի գոյատեւման եւ յառաջադիմութեան գործօն։ Հանդէսը նաեւ տպագրած է հայ հեղինակներու չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւններ, թարգմանութիւններ: Կարճատեւ դադարէ ետք, հրատարակուած է «Ազգասէր Արարատեան» վերնագրով:
Հաւաքածոյին մէջ փառաւոր կերպով բազմած է հայ տպագիր առաջին թերթը՝ «Ազդարար»ը (Մատրաս, 1794): Այնուհետեւ կը տեսնենք այլ «Ազդարար» մը՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1840-1843 թուականներուն լոյս տեսած «Ազդարար Բիւզանդեան»ը:
Ընթերցողը հնարաւորութիւն ունի, աշխարհի որեւէ ծայրին մէջ նստած, առցանց թերթելու Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանէն ներս պահուող այնպիսի հնագոյն հանդէսներ, ինչպիսիք են Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1855-1856 թուականներուն լոյս տեսած «Աստղիկ Արեւելեան»ը, որ հայ իրականութեան մէջ առաջին հայ ամսաթերթն էր, պարբերաբար անդրադարձած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու: Եղած է բարոյախօսական, բանասիրական, տնտեսագիտական, բնագիտական, առողջապահական ամսաթերթ:
Հրատարակիչը Պոլսոյ Մեսրոպեան ընկերութիւնն էր եւ հրատարակուելէ դադրած է Մեսրոպեան ընկերութեան լուծարումով:
Մեր առջեւ կը բացուին նաեւ էջերը 1850-1851-ին լոյս տեսած «Արարատ»ի (Տփխիս, խմբագիր՝ Տ․ Գաբ․ Պատկանեան), «Արեւելք»ի (Փարիզ, 1855-1856), «Արեւմուտք» հանդէսի (Փարիզ, 1859-1865), Գահիրէ, 1865-ին լոյս տեսած «Արմաւենի» լրագրի եւ Պոլսոյ, Զմիւռնիայի, Կալկաթայի, Թիֆլիզի, Վիեննայի, Փարիզի, Երուսաղէմի, ռուսական քաղաքներու հայ տպագրութեան այլ կեդրոններու մէջ տպուած բազմազան հանդէսները:
Անոնց մէջ կան նաեւ հայատառ թրքերէն հանդէսներ, որոնք նոյնպէս հայ մամուլի պատմութեան անբաժանելի մասը կը կազմեն: «Աւետաբեր չօճուգլար իւչիւն»ը (Կ. Պոլսոյ մէջ 1871-1896 թուականներուն լոյս տեսած), «Թագվիմի Վագայի։ Լրոյ գիր»ը (Կոստանդնուպոլիս, 1832,-1840) Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանին մէջ պահուող այդպիսի հանդէսներէն են, որ նոյնպէս թուայնացուած են այս ծրագրի շրջանակներէն ներս:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին արմատները մինչեւ 1956 թուական կը հասնին, երբ հիմնադրուեցաւ նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, որուն հիմնական նպատակն է արուեստի, բարեգործութեան, գիտութեան եւ կրթութեան միջոցով բարելաւել մարդուն կեանքի որակը։ Բաժանմունքը նոյնպէս, այս արժէքներուն վրայ հիմնուած, բազմատեսակ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ կրթաթոշակներու յատկացումէն մինչեւ մշակութային եւ կրթական ծրագիրներու օժանդակութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդումէն մինչեւ արուեստի եւ համայնքներու զարգացում։
Արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը բաժանմունքին առաջնահերթութիւններէն է. ան կ՚օժանդակէ ծրագիրներու, որոնք կը խթանեն լեզուի եւ թեքնաբանութեան միջեւ կապը, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կենայ հրատարակութիւններու, որոնք այս նպատակը ունին:
Բաժանմունքը օժանդակութիւն կը տրամադրէ նաեւ դպրոցներուն, կը հովանաւորէ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրներ եւ կ՚աջակցի կրթական նորարարութիւններու:
Հայկական բաժանմունքին հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնն է նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդի ներկային եւ ստեղծել անոր կենսունակ ապագայի նախադրեալները՝ աշխատելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՀԱՆԴԷՍԸ
Մխիթարեան միաբանութեան մամուլի հաւաքածոներուն մէջ անշուշտ նաեւ օրաթերթեր կը պահուին, այդ կարգին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը: Բայց քանի որ այս առաջին հանգրուանին կը ներկայացուին հանդէսները, ներկայացնենք նոյն ԺԱՄԱՆԱԿ անունով լոյս տեսած հանդէսը («ԺԱՄԱՆԱԿ Հանդէս Հայրենանուէր»ը):
Հանդէսը հրատարակուած է Կ.Պոլիս, 1863-1869 թուականներուն, Յ. Միւհենտիսեան տպարանին մէջ, ութ էջով: Տնօրէն-խմբագիրը եղած է հայ ուսուցիչ, տնօրէն, Պոլսոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ուսումնական խորհուրդի անդամ Ստեփան Պօղոս Փափազեանցը: Ան ծնած է 1839 թուականին՝ Խասգիւղ: 1840 թուականին Ներսէսեան վարժարանը, իսկ 1850 թուականին Ազգային հիւանդանոցի որբանոցը դրուած է։ Ապա կարճ ժամանակ մը հետեւած՝ Երկրագործական վարժարանի դասերուն, 1854 թուականին Զմիւռնիա կանչուած է իր մօրեղբօր՝ Անդրէաս վարժապետ Փափազեանին քով։ Իր ուսումը աւարտելով օգնական դասատու կարգուած է վարժարանին մէջ։
1858 թուականին՝ Պոլիս վերադարձին, Սուրբ Փրկիչի որբանոցը հայերէնի ուսուցչութեան կը կոչուի եւ այդ պաշտօնը կը պահէ մինչեւ վերջ։ Իր հայ լեզուի հմտութեան եւ ատենախօսութեան կարողոթիւններուն պատճառով «Պերճ» կը մականուանուի։
Ուսուցչական ասպարէզին կը ծառայէ մինչեւ իր մահը, զանազան վարժարաններու մէջ ստանձնելով դասախօսութիւններ, սակայն նշանակելի է իր գործունէութիւնը իբր տնօրէն Ղալաթիոյ Լուսաւորչեան վարժարանին (1851), ուր կը հասցնէ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն ազգային շրջանակին մէջ։
Ինքն է նաեւ գլխաւոր հեղինակը եւ ջանադիրը Ազգային Կեդրոնական վարժարանի հաստատութեան, որուն գաղափարը առաջին անգամ ինք յղացած է՝ 1863 թուականէն սկսեալ՝ գաւառներէն Պոլիս դիմող ուսանողներուն երկրորդական կրթութիւն տալու դիւրութիւն մը ընծայելու համար։
Երկար ժամանակ ազգային երեսփոխան եղած է եւ ընդդիմախօսութեան պետը՝ Ընդհանուր ժողովներու մէջ: Գործնականօրէն ուսումնասիրած էր ազգային խնդիրները, գոց գիտէր Ազգային Սահմանադրութիւնն ու ամէն ազգային կանոնագիրները։
Անոր խմբագրած «Ժամանակ»ը լուսաբանած է Կ.Պոլսոյ եւ այլ վայրերու հայկական կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը, տպագրած թերթերու տեսութիւն, բարոյագիտական յօդուածներ, արժեւորած թատերական արուեստը՝ որպէս լուսաւորութեան եւ յառաջընթացի գործօն։
Անդրադարձած է ընտանիքին մէջ կնոջ դերին, տպագրած է մայրերուն ուղղուած խորհուրդներու յօդուածաշարք։ Հանդէսին մէջ տեղ գտած են Մ. Խրիմեանի, Մ. Պէշիկթաշլեանի բանաստեղծութիւնները եւ մանրապատումներ։ Ահաւասիկ, «Ժամանակ» անունով այս հրատարակութիւնը նոյնպէս գրադարանին մէջ պահուող անգին նիւթերէն է, եւ միւսներուն պէս անոր խունացած էջերը ժամանակակից համակարգիչներու վրայ դիտելու հնարաւորութիւն ունինք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան