ՑԱՒԸ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱԿՈՒՆՔ
Բոլոր օրկաններն ալ կարեւոր են: Սակայն ապրելու համար առաւել կարեւոր է սիրտը: Դէպի սիրտ շտապող կան բազում երակներ, որոնցմէ մէկուն մէջէն կը հոսի յիշողութիւնը:
Յիշողութիւնը միշտ պէտք է վառ պահել: Պէտք չէ փախչիլ անկէ, մասնաւորապէս այնպիսիներէ, որոնք մեզի կը պատճառեն դառնագին ցաւ: Այո՛, այդ ցաւն է ապրեցնողն ու պարտաւորեցնողը:
Պատերազմը իր հետ տկարացում բերաւ իմ հոգիին ու սրտին: Անասելի ցաւը ներսէն կը կրծէր զիս: Այլեւս անկարող էի դիմանալու, զսպելու ըմբոստ արցունքներս, որոնք ամէն պատեհ առիթի կը գլորուէին աչքերէս: Կը ջանայի հնարաւորինս զիս պաշտպանել ցաւէ:
Աւելի քան տարի մը ես չկրցայ լսել հայրենասիրական երգեր, ուր կը հնչէր Արցախ, զինուոր, հայրենիք, Հայաստան, յաղթանակ բառերը: Ինչպէս նաեւ չէի կրնար դիտել նմանօրինակ շարժանկարներ: Փողոցի մէջ զինուորական համազգեստով մէկը տեսնելը նոյնպէս մեծ ցաւ կը պատճառէր իմ խաթարուած ներաշխարհին: Մինչեւ այսօր Եռաբլուր չայցելեցի:
Այսօր պատրաստ եմ Եռաբլուր այցելելու: Եւ ոչ մինակ՝ զաւակներուս, ընտանիքիս հետ: Արտասահմանէն ժամանած իմ հիւրերու ճանաչողական զբօսանքներն ալ պիտի սկսին Եռաբլուրէն, Ծիծեռնակաբերդէն, Սարդարա-պատի յուշահամալիրէն: Որոշած եմ:
Հիմա պիտի ըսէք Եռաբլուրը երեխայի այցելելու տեղ մը չէ: Կը սխալիք: Այն դարձած է անթիւ ու անհամար մեծիկ երեխաներու ննջարան, որոնց կեանքի գարունները չբացուեցան տասնութ, տասինն տարեկանէն վերջ: Քաղաք դարձած այդ գերեզմանատունը մշտական հասցէ մը դարձած է շատ ու շատ մանուկներու, երեխաներու, պատանիներու համար, որոնք յաճախ՝ շաբաթը անգամ մը, նոյնիսկ օրումէջ կ՚այցելեն իրենց սիրասուն հայրերուն, եղբայրներուն: Իսկ որոշ ծնողներու համար այն վերածուած է մշտական բնակավայրի. շշուկներ կը պտտին, թէ ոմանք օրերով տուն չեն երթար, փարած կը մնան իրենց որդիներու պաղ գերեզմանաքարերուն: Ցա՜ւ, ցաւ ու կրկին ցաւ:
Ցաւը պէտք չէ մոռանալ: Այն պահուն, երբ փորձենք զայն մատնել մոռացութեան, պիտի իջնենք գերեզմանի յատակը: Եթէ մոռանանք ցաւը, պիտի մոռնանք նաեւ տեղի ունեցածը: Իսկ մոռանալ տեղի ունեցածը, ոչ այլ ինչ է, քան դաւաճանութիւն:
Հայաստանի այսօրուայ ապիկար ու ազգադաւ իշխանութեան նպատակն ալ վերոնշեալն է. հայոց ուղեղէն սրբել չարաբաստիկ պատերազմը իւր բոլոր հետեւանքներով հանդերձ: Ինչ-որ տեղ անոնք կը յաջողին իրենց սատանայական ծրագրի ընթացքին:
Փորձելով ցաւը իմ մէջ անզգայացնել, սպաննել կամ քնացնել՝ ես զգացի, որ այն դանդաղօրէն կը մատնուի համակերպման, հնարաւորինս անհետեւանք ջնջումի: Եւ հենց այդ պահին ես զգալով ոչնչութեան վերածուող իմ տկարութիւնը սթափեցայ, ինքզինքիս եկայ: Որոշեցի ապրիլ ցաւով: Որքան ալ դժուար ըլլայ՝ անցնիլ անոր միջով եւ չմոռանալ զայն: Օրեր առաջ լսեցի ինծի այնքան մեծ ցաւ պատճառող հայրենասիրական երգեր, դիտեցի շարժանկար մը: Ու զգացի՝ ցաւը կամաց-կամաց կը վերաճի սթափութեան: Ցաւը, տառապանքը, կսկիծը, հիւանդութիւնները բուժիչ են: Եւ անոնք մեծաւ մասամբ կը կատարուին հետեւեալ պատճառներով՝ մենք մեր կեանքի մէջ գործած ենք սխալներ եւ այժմ կը կրենք հետեւանքները: Այդ փոթորիկները կ՚ամրապնդեն մեր դիմացկունութիւնը եւ համբերութիւնը: Ամենակարեւորը՝ մեզի կը սորվեցնեն սուզուիլ մեր հոգիի յատակը, առերեսուիլ մեր սեփական սխալներու հետ, փնտռել զԱստուած, ինչպէս նաեւ սերտել Տիրոջ կամքը եւ փորձել զայն կատարել, պահել: Ցաւը, փոթորիկը կը սորվեցնէ մեզի Աստուծոյ հետ շփուիլ նորովի, ինքնամաքրուիլ: Այսինքն ցաւը, տառապանքը բուժիչ է: Եւ շատ յաճախ այն իր հետ իմաստութիւն կը բերէ մեր մտքին, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն՝ մեր հոգիին ու սիրոյ ճայթքում՝ մեր սրտերուն:
Ինչ կը վերաբերի մեզի՝ հայուն, մենք իրաւունք չունինք մոռացութեան մատնելու մեր ցաւը: Մենք պարտաւոր ենք մեր խաչը մինչեւ վերջ կրելու, որքան ալ այն ըլլայ ծանր ու անտանելի: Այդ վերջը մշտապէս կը քայլէ մեր քովէն, բայց մենք կ՚անտեսենք զա՛յն, չենք ցանկար տեսնել զայն: Իսկ օր մը անպայման վերջը պիտի գայ…
Սեփականաշնորհելով ազգային ցաւը, մենք անով պիտի ապրինք մինչեւ յաղթանակ: Միայն յաղթանակի պարագային իրաւունք ունինք մոռացութեան մատնելու ցաւը, իսկ մինչեւ այդ օրը, պէտք է ամուր փարինք անոր եւ թոյլ չտանք, որպէսզի հանգստութիւնը թմրեցնէ մեր պահանջատիրութեան ջիղը:
Ցաւով պիտի շնչենք մինչեւ վերջ: Վերջը յաղթանակն է, մեր արժանապատուութեան, մեր անկեղծ ու լիաթոք ժպիտներու, մեր անհոգ ու ապահով կեանքի վերականգնումը: Իսկ այս ամէնը հնարաւոր է՝ պայքարով, խաչով ու գրիչով:
Ես կը հաւատամ հայոց ուժին ու զօրութեան:
Աստուած օրհնէ ամէնքս:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան