ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՆԱՐՕՏ ԿԻՒԼԷՉ ԱՄՈԼԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ՊԱՐԵՐԸ ԾՐԱԳԻՐԸ
Մեր համայնքի ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Մենք եւ մեր պարերը» խորագրեալ ծրագրի մը։ Այսպէս, Կիւլէչները կը կազմակերպեն հայկական ժողովրդական պարերու դասընթացքներ։ Անոնք կը փորձեն հայկական ազգագրական պարերու եւ երաժշտութեան խանդավառութեան հաղորդ դարձնել մերօրեայ սերունդները։ Շատ դրական եւ ողջունելի մղումով մը Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլը ձեռնարկած է այս ծրագրին։ Անոնք հաշուի առած են, որ մեր պապերը բնականօրէն, առանց մասնաւորապէս բան մը սորվելու՝ կ՚երգէին ու կը պարէին իրենց միջավայրին մէջ։ Այսօրուան սերունդները զուրկ են այդպիսի հնարաւորութիւններէ։ Հետեւաբար, իրենք ուզած են հնարաւորութիւն ընձեռել բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին սորվիլ հայկական պարերը եւ հաղորդ դառնալ այդ ծով ժառանգութեան։
Կիւլէչ ամոլը ամէն Չորեքշաբթի դասընթացքներ կը կազմակերպէ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ։ Զուգահեռաբար Կիւլէչ ամոլը Պաքըրգիւղի մէջ ալ նման բնոյթով աշխատանք մը կը տանի։ Այդ դասընթացքներն ալ տեղի կ՚ունեան Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս։
Քաղաքիս երկու հիմնական շրջաններէն ներս տարուած այս աշխատանքը կ՚արժանանայ անանտեսելի թիւով արուեստասէրներու ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան, ինչ որ մեծագոյն խրախոյսը կը համարուի Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ պարուսոյց ամոլին։