ՆՈՐԷՆ ԳԱՐՈՒՆ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ

Չարը կը շարունակէ տիրել Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու վրայ:

Հայաստանի մէջ մարտի մէկը գարնան առաջին օրն է: Այսօր մարտի երեքն է: Գարունը կ՚ուշանայ: Անցեալ տարի աշունը աճապարեց, մինչեւ հիմա ծառերը մերկ են ու տխուր: Հայաստանի օդին մէջ թթուածինին ու ածխածինին միախառնուած է երրորդ տարր մը՝ արիւնը: Ամէնուր կը զգացուի վերջինիս հոտը:

Տարիներ առաջ, երբ ես տակաւին ուսանող էի, երիտասարդ նորաթուխ գործարար մը ինծի ըսաւ, թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող միակ դժոխքը Հայաստանն է: Այն ատեն, երբ երկիրը բռնած էր ծաղկունքի ուղին, Հայաստան կ՚արձանագրէր նորանոր յաջողութիւններ, ան մեր երկիրը նմանցուցած էր դժոխքի մը: Այսօր կարծեմ այդ երիտասարդը մեկնած է տաք երկիրներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուած այնտեղ: Անունը չեմ յիշեր: Հէ՜յ ով ես, եկուր ու տես, թէ դժոխքը որն է: Եկուր եւ երանի տուր մեր անհոգ օրերուն: Երբ չէինք գիտեր, մեզ բնաւ չէր հետաքրքրեր, թէ երկիր մը ինչպէս կը պահուի: Երբ խորիմաստ չէինք ընկալեր «տարածքային ամբողջականութիւն» եզրոյթը: Երբ մեր միտքը կը զբաղեցնէինք առօրեայ հոգերով, գանգատներով, մեծ ու փոքր երազներով, բան մը սորվելով... Երբ «թշնամի, հակառակորդ» բառերը մեզի համար լոկ հականիշներ էին. անոնց շունչը չէինք զգար: Երբ կեանքը լի էր հրաշքներով, մենք ալ որոնողական աշխատանքներու մէջ էինք: Երբ ես բաւական կուշտ էի մեր սարերէն ու կ՚երազէի այդ սարերէն այն կողմ գտնուող աշխարհի, կեանքի մասին:

Իմ ամբողջ կեանքը ապրած եմ բնութեան գիրկին մէջ, չսիրելով ու չգնահատելով զայն: Հողը ձգած, ինքզինքս կը զգայի կպրուղիի բնակիչ: Կ՚երազէի քաղաքի թոհուբոհի մասին: Մեր տան պատուհանէն գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուէր դէպի հեռու սարեր: Ժամերով պատուհանի դիմաց կեցած կ՚երազէի մագլցիլ այդ սարերը եւ բացայայտել աշխարհը: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ սարերէն այն կողմն է աշխարհը: Սարերը անցայ... բացայայտեցի...

Սարերուն ալ կարօտ մնացի: Միայն այսօր կը զգամ, որ ես ոչ թէ կպրուղիի, այլ բնութեան համար լոյս աշխարհ եկած եմ: Շուրթս կը ճաքէ սարերու, բնութեան համար, սակայն ուշ է... մեր տան պատուհանէն կրկին կ՚երեւին սարերը, սակայն սարերը այլես մերը չեն: Այլեւս չեմ կրնար մտքով հանգիստ հասնիլ այնտեղ ու դեգերիլ: Այսօր իմ ուղեղի թաքուն ծալքերու մէջ խնամքով պահած այդ պատկերը դարձած է իմ ալեկոծ մտքի ու հոգիի միակ սփոփանքը:

Հողը իմ ոտքերու տակէն կը սահի: Դաժան պատմութեան ականատեսն եմ ու ենք: Այսօր երկրագունդը կեցած է մեզի համար: Այսօր հայը հազիւ կը շնչէ, աւելի ճիշդ շնչահեղձ կ՚ըլլայ, քանզի մեծն Թումանեանի խօսքերը արդիական դարձած են՝

Բերանն արնոտ մարդակերը էն անբան,
Հազար դարում հազիւ դառաւ մարդասպան,
Ձեռքերն արնոտ գնում է նա դեռ կամկար,
Ու հեռու է մինչեւ մարդը իր ճամբան:

Գառան մորթով գայլը կը շարունակէ յօշոտել երկիրը: Թափած արիւնը բաւ չէ: Նպատակը Հայաստանն է առանց հայերու: Իսկ ո՞վ է հայը: Հայը հայախօս հայրենասէրն է... Հայը Արցախի ցաւով տառապողն է, Արցախը սրբացնողը... Հայը զԱստուած փառաբանողն է, ապաշխարողն ու ճշմարիտ ուղին ընտրողը... Հայը ամէնուր իր հայութիւնը՝ լեզուն, հաւատքը, մշակոյթը պահողն է... Հայը չձուլուողն է... Ազգադաւ անաստուածի պատկերացուցած նոր Հայաստանի մէջ պէտք է ապրին անուղեղ ու անողնաշար արարածներ, որոնց երակներու մէջ կը հոսի հայու արիւն, ազգանունն ալ կը վերջանայ «եան»ով:

Հողատուն որոշած է նոր սահմաններ գծել՝ Հանրապետութեան հրապարակէն մինչեւ կառավարական առանձնատուն: Ամառներն ալ հանգչելու համար քանի մը մեթր Սեւանը կը բաւէ: Հանդերձ ընտանեօք կ՚երթան իրենց մարմնի կեղտը կը լուան Գեղարքունեաց ծովու քաղցրահամ ու զուլալ ջուրերու մէջ: Ապիկար իշխանութեան պատճառով Սեւանը սկսած է ճախճանալ, ջրային կենդանիներու կեանքը վտանգի ենթարկուած է… սակայն սատանայի ծառաները իրենց քիթէն այն կողմ ոչ մէկ բան կ՚ուզեն տեսնել:

Աւա՜ղ, ջանքերդ անտեղի են: Եթէ նոյնիսկ մարդկային դատաստանէն յաջողիս ճողոպրիլ, Տիրոջ դատաստանէն անկարելի է: Կ՚իմանաս դաւաճա՛ն, դուն քու ձեռքով քու ամբողջ սերունդները նզոված ես: Հայաստանի ու Արցախի համար նորէն պայծառ գարուններ կը բացուին, հայու դէմքին նորէն ժպիտ կը ճառագէ եւ մենք գիտենք, թէ ո՛րն է դէպի այդ ուղին տանող ճամբան: Վերջին խօսքը Բարձրեալինն է:

Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագրերու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 3, 2021