ՊԱՆԱՆԻ ԱՌԹԱԾ ՏԱՔՈՒԿ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ

Այսօր ժամանակները շատ փոխուած են։ 21-րդ դարը՝ գիւտարարութեան ժամանակաշրջանը, սրընթաց գնացքի մը պէս կ՚ընթանայ։ Մարդկութիւնը անդադար զարգացում ու յառաջընթաց կ՚ապրի, որու հետ միասին օր ըստ օրէ աշխարհի բնական պաշարները կաթիլ առ կաթիլ կը սպառին։ Մարդկութիւնը թիւով կը շատնայ։ Մեր երկիր մոլորակին վրայ առատութիւն կը տիրէ, ամէնուր բազմապիսի ապրանքներով լեցուն հանրախանութներ, ճաշարաններ եւ այլն։ Ապրիլը, կեանքի պայմանները ներկայիս բաւականին դիւրին են մարդոց համար։ Այլեւս շատ յոգնելու պէտք չունիս, սեղմէ կոճակը եւ մեր օրերուն ստրուկները՝ թէքնիկ սարքերը պատրաստ են քեզ փոխարինելու իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ։

Շատ հետաքրքրական է, տակաւին կէս դար առաջ ԽՍՀՄ-ի (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութիւն) մէջ ուտելիքը, ապրանքը քիչ էր, իսկ դրամը շատ։ Մարդիկ դրամ ունէին, սակայն ապրանքներու առատութիւն չկար, որպէսզի կարողանային ձեռք բերել։ Խանութները ուտելիքներով ու զանազան ապրանքներով լեցուն չէին, բոլոր վաճառակէտերը իրենց համեստութեամբ աչք կը շոյէին։ Ի տարբերութիւն ԽՍՀՄ-ի ժամանակաշրջանին՝ ճակատագրի հեգնանքով, մեր օրերուն մարդոց գրպաններն է, որ դատարկ են՝ իսկ խանութները լեցուն։

Ինչեւէ, խմբագրատունէն տունդարձի ճանապարհիս կը հանդիպիմ, քով քովի շարուած, կարծես իրարու հետ մրցավազքի մէջ գտնուող պէս-պէս ուտելիքներով, խայտաբղէտ ապրանքներու տեսականիով հարուստ ու առատ վաճառակէտերու։ Անոնց կողքին է նաեւ ոչ պակաս հարուստ պտղավաճառներու խանութները, ուր ամէն տեսակ պտուղ ու բանջարեղէն կրնաս գտնել։

Անցեալ շաբաթ տունդարձի ճանապարհիս վրայ գտնուող պտղավաճառներէն մէկուն խանութի դիմաց, գրեթէ մայթը հետիոտնի համար անանցանելի դարձնելով, պանանով լեցուն բեռնատար մը կանգնած արկղերով պանան կը փոխանցէր պտղավաճառին։ Այդ գեղեցիկ տեսարանը ակամայ զիս բազում տաքուկ ու անջնջելի յիշատակներով լեցուն՝ անհոգ ու քաղցր մանկութիւնս փոխադրեց։ Վերյիշեցի մեծ մօրս պատմածները, եւ այն անմոռանալի օրը, երբ պապիկս մեզի համար շատ-շատ բանան գնեց։ Սիրելի ընթերցող, կը փափաքիմ ձեզի հետ կիսուիլ ինձ համար շատ թանկ յիշատակներս։

Պզտիկութենէ ի վեր ես ու եղբայրս պանան շատ կը սիրենք։ Սակայն մեր մանկութեան տարիներուն միշտ եւ ամէնուր չէր, որ կրնայիր գտնել այդ յագեցնող ու անմահական համ ունեցող պտուղը, բաց աստի՝ բաւական սուղ էր։ Զաւէն մեծ հայրս գիտէր պանանի նկատմամբ մեր թուլութունը եւ թոռնիկները երջանկացնելու, մեր մանկական հոգիները խանդավառելու նպատակաւ, չնայած սղութեանն ու հազուագիւտ գտնուելուն, երբ աշխատավարձը ստանար, անմիջապէս կը ջանար պանանով ուրախացնել մեզ։ Կ՚ըսէր՝ «Պատկառելի տարիքիս կ՚աշխատիմ, որպէսզի թոռնիկներս ոչ մէկ բանի կարօտ մնան։ Այլեւս անոնց համար կ՚ապրիմ, անոնք են իմ կեանքի իմաստն ու ուրախութիւնը»։ Ամէն անգամ, երբ որ մեծ հայրս քանի մը հատ պանան կը բերէր, մեծ մայրս կը խնդար ու կ՚ըսէր. «Տղաք, կապիկի ճաշը եկաւ, հրամեցէ՛ք»։ Իմ քնքոյշ ու բարի տատը խորասուզուելով իր յիշատակներուն մէջ պատմած էր.

«Մեր երիտասարդութեան տարիներուն մենք չէինք գիտեր, թէ պանանը ինչ է, նոյնիսկ պանան չէինք տեսած։ Օր մը եղբայրս՝ Շահէնը, որ Մոսկուա կ՚ուսանէր, արձակուրդին մեզի համար Ռուսաստանէն պանան բերաւ։ Մայրս շատ սիրեց, մէկ հատ մը կերաւ ու հիացական ժպիտով մը հարցուց. «Շահէնս, այս որչափ համով պտուղ մըն է, անունը ի՞նչ է»։ Փոքր եղբայրս Արեգը առանց հետեւանքներու մասին խորհելու շտապեց միջամտել ու կատակով ըսաւ. «Կապիկի ճաշ։ Մայրիկ, գիտե՞ս այս պտուղը կապիկները կ՚ուտեն»։ Մայրս սրդողած ու հիասթափուած պատասխանեց. «Ուրեմն ես կապի՞կ եմ, որ ինծի կապիկի ճաշ կը բերես։ Անծայրածիր Ռուսաստանէն ուրիշ բան չկրցա՞ր գտնել, որ մայրդ կապիկի ճաշին կ՚արժանացնես։ Շահէ՛ն քեզմէ բնաւ նման վերաբերմունք չէի սպասեր»։ Այդ օրուընէ ետք այլեւս երբեք պանան չկերաւ, երկար ժամանակ Շահէնին ու Արեգին հետ գժտուած մնաց»։

Մեծ հօրս բերած քանի մը հատ պանանով չէինք յագենար։ Օր մը ես ու Արայիկը խնդրեցինք, որպէսզի յաջորդ անգամ պապիկս շատ պանան բերէ, այնքան շատ, որ ուտելէն կշտանանք ու երկար ատեն պանանի անունն անգամ իմանալ չուզենք։ Ահաւասիկ, պապիկս շուտով մեր փափաքը ի կատար ածեց։ Մեր փոքրիկ թաթիկները բռնած շուկայ տարաւ ու ըսաւ.

-Զաւակներս, քանի՞ պանան կրնաք ուտել։

-Շա՜տ,- անակնկալի գալով խենթացած պատասխանեցինք մենք։

-Ինչքա՞ն շատ։

-Շա՜տ, շա՜տ։

Մեր գթասիրտ պապիկը քանի մը քիլօ պանան գնեց, կերպասէ տոպրակը լեցուց ու գոհունակութեամբ ըսաւ. «Ամէնը ձեզի համար գնեցի, նայիմ քանի հատ պիտի կրնաք ուտել»։

Ի հարկէ, մենք մինչեւ տուն չէինք կրնար համբերել, ուստի շուկայէն սկսեալ փորձեցինք մեր ստամոքսներուն մէջ տեղաւորել տոպրակներու պարունակութիւնը։ Մինչեւ տուն մեր սիրելի պտուղը ըմբոշխնելով եկանք։ Գրեթէ երեքական հատ կերանք, ո՛չ միայն մեր փորիկները կշտացան, այլեւ մեր աչքերը, չէ՞ որ աչքը տեսածէն կը կշտանայ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019