ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԷԹԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Իսթանպուլի 11-րդ «Բերա» դաշնակի փառատօնը երէկ սկսաւ՝ արժանանալով երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Մինչեւ Մայիսի 8-ը պիտի շարունակուի այս փառատօնը, որու առաջին իսկ օրուան ծրագրին մաս կազմեց յայտնի դաշնակահարուհի Մարիէթա Խաչատրեանի սաներուն ելոյթը։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանէն քաղաքս հաստատուած է Մարիէթա Խաչատրեան, որ իր փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ՝ դաշնամուրի ուղղութեամբ մարզելու համար պատանիները։ Երէկ, «Բերա» գեղարուեստից կրթահամալիրի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մարիէթա Խաչատրեանի սաներուն նուագահանդէսը։ Այս շրջագծով նուագեցին՝ Առնօ Աքմերճան, Լիլիան Աւիթօղլու, Քրիստինա Նայիրա Սիրոփ եւ Քամի Միքայէլ Սիրոփ։
Մարիէթա Խաչատեանի սաներուն տեսակէտէ քաջալերական առումով մեծ նշանակութիւն ունեցաւ երէկուան այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան նաեւ սաներուն ծնողները։ Մարիէթա Խաչատրեան այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին իր սաներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութեան կապակցութեամբ։ Ան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ նաեւ ծնողներու խրախուսական վերաբերմունքին մասին։