ԽԱՒԻԾԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեանն ու հա­մա­նուն միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Մա­տա­կա­րար մարմ­նի աշ­խոյժ ան­դամ­նե­րէն Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճըն։ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հա­մախմ­բուի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րուան առ­թիւ։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­ւա­քին ըն­դա­ռաջ մեր հիւ­րե­րը փափ­կան­կա­տու­թիւ­նը ու­նե­ցած էին այ­ցե­լել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ ան­ձամբ յանձ­նել հրա­ւէ­րը։ 

Ե­ւա Օ­րա­գեան եւ Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճը դի­տել տուին, որ ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րը Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քին հա­մար ու­նի ե­զա­կի նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­նե­րը կը հա­մախմ­բուին դպրո­ցին մէջ, ուր կը ստեղ­ծուի տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Դպրո­ցի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տու­թիւն կը տես­նէ խա­ւի­ծի օ­րուան առ­թիւ՝ որ­պէս­զի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուին ան­թե­րիօ­րէն ու զի­րար վա­յե­լեն վար­ժա­րա­նի հա­րա­զատ եր­դի­քին տակ։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017