«ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ» ՄԸ ԳՐԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ

Յոյժ զարմանալի է, որ մենք՝ գիր ու գրականութեան մարդիկս, բոլորովին կ՚անգիտանանք, թէ այսօր ստեղծագործող գրողներէն ո՛վ որու մասին ինչ կարծիք ունի: Անշուշտ բնական է, որ անոնք սա կամ նա առիթով ունեցած ըլլան բերանացի հպանցիկ ակնարկներ, որոնք, սակայն, փաստաթուղթի ոչ մէկ արժէք կամ վաւերականութիւն ունին, այնքան ատեն որ գրի առնուած ու տպուած չեն: Բոլորիս քաջածանօթ է, թէ ատենին ովքե՛ր էին Մեծարենցի գրականութիւնը գնահատողներն ու դատափետողները, Ինտրայի հանդէպ մեծ համակրանք տածողներն ու զայն գետին զգետնողները եւ,- եթէ քիչ մը ետ երթանք,-  Եղիա Տէմիրճիպաշեանը «աշխարհաբարի Նարեկացին» յորջորջողներն ու, միւս կողմէ, անոր լեզուական յանդգնութիւնները կշտամբողները: Իսկ այսօ՞ր, որեւէ բան գիտե՞նք,- ո՛չ դժբախտաբար:

Ի՞նչ կրնայ ըլլալ մեր «անգիտանալուն» պատճառը, եթէ ոչ գրաքննադատութեան բացակայութիւնը՝ թէ՛ ի Հայաստան ու թէ՛ ի սփիւռս: Իրողութիւնը այն է, որ դեռ երկար ժամանակ ալ բացակայ պիտի ըլլայ ան: Թէ «արձակուրդէն» ե՛րբ կը վերադառնայ, յայտնի չէ: Պարզ չէ՞, թէ ինչո՛ւ. «Գրաքննադատութիւնը շատ դիւրին բնագաւառ մը չէ: Կարելի է առանց մասնաւոր պատրաստութեան փորձել բանաստեղծութիւն, պատմուածք կամ նոյնիսկ վէպ գրել. կրնաս նոյնիսկ մէկ երկու յաջող գործ արտադրել, բայց մուսաներու օգնութեամբ վերլուծական յօդուած մը չես գրեր. յատուկ պատրաստութիւն պէտք է, մանաւանդ ծանօթութիւն արդի գրականագիտութեան ու գրադատութեան գործիքներուն ու մեթոտներուն... սակայն հայկական համալսարանները պատրաստութեան նման մակարդակ չունին, պէտք է եւրոպական կամ ամերիկեան համալսարաններէ անցնիս, ու դժուար չէ ենթադրել որ քիչեր միայն վկայւելէն ետք հայերէնի կը վերադառնան ու կը փորձեն իրենց հմտութիւնները հայ գրականութեան բնագաւառէն ներս զարգացնել» (Բատիկեան Քրիստիան, «Քրիստիան Բատիկեան. «Մեր դպրոցներուն մէջ չի քաջալերուիր տարբեր ըլլալը, տարբեր մտածելը, մանաւանդ քննադատ միտք ունենալը», (ԺԱՄԱՆԱԿ, 16 Նոյեմբեր 2020): Կարծեմ Բատիկեան շատ ճշգրիտ ու դիպուկ բացատրած է հայ գրաքննադատութեան այժմու բացակայութեան կարեւորագոյն պատճառը (կամ պատճառներէն մէկը): Իսկապէս որ մուսաները բաւարար չեն գրադատական լուրջ յօդուածի մը համար: Սակայն հայ գրաքննադատութեան «վերայայտնումը» յուսալը, ի՜նչ խօսք, մօտալուտ պատրանաթափութիւն կը նշանակէ  առնուազն, գոնէ առայժմ: Պէտք է գտնել այլընտրանք մը, եւ սա դժուար չէ: Արդ, ի՞նչ նկատի ունիմ «այլընտրանք» ըսելով, արդեօք ինչի՞ պիտի նպաստէ վերջինս:

Պատասխանեմ:

Եթէ ներկայիս գրաքննադատական-վերլուծական լուրջ յօդուածներ չեն գրուիր նոր լոյս տեսնող գեղարուեստական գիրքերու մասին, սա չի նշանակեր, որ գրախօսականներ ու ակնարկներ ալ չեն գրուիր: Ի հարկէ կը գրուին: Եւ ճիշդ այս կալուածին մէջ է մեր ընելիքը, որ է՝ «փոխել» անոնց մաշած-հիւծած ձեւաչափը: Ընդհանրապէս բոլոր գրախօսականները միեւնոյն սկիզբն ու վերջը ունին. այսինքն՝ նախ կը ներկայացուին գիրքերը՝ հրատարակութեան վայր, հրատարակչատան անուն, բովանդակութիւն, այնուհետեւ սկիզբ կ՚առնեն աւանդական դարձած անվերջանալի դրուատանքները, կարծես որեւէ թերութիւն չունենան անոնք: Կա՞յ աշխարհիս վրայ գիրք մը, որ խոցելի կողմեր չունենայ: Նոյնիսկ գլուխ գործոց մը, ինչպիսին է՝ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» նշանաւոր դիւցազնավէպը, լի է բազմապիսի թերութիւններով: Ուստի գրախօսը պարտի, թէկուզ հպանցիկ, անդրադառնալ այդ թերութիւններուն՝ հիմնաւորելով իր հաստատումները: Ճիշդ է, որ «հապճեպով» կամ պարզապէս առ ի արձագանգ գրուած գրախօսական մը պիտի չկրնայ փոխարինել գրադատական լուրջ յօդուած մը: Յամենայն դէպս պէտք է ըսել, որ, մանաւանդ ներկայ պայմաններուն, ան ինքնին մեծ բան մըն է: Այսպիսով գրախօսը ոչ միայն անաչառ կեցուածք մը որդեգրած կ՚ըլլայ, այլ նաեւ ուղղակի թէ անուղղակիօրէն կը նպաստէ գրական մթնոլորտի մը,- չեմ ըսեր՝ շարժումի մը,- ձեւաւորումին: Թէ ստոյգ ի՛նչ տեսք պիտի ունենայ առաջարկածս, ապա թոյլ տուէք բերել օրինակ մը. բանաստեղծ, արձակագիր ու հրապարակագիր Համբիկ Մարտիրոսեանի «Ես ու դուն» (1981) խորագրեալ քերթողագիրքին մասին Յակոբ Մանուկեան՝ նոյնպէս բանաստեղծ, բանաստեղծական երկու ժողովածուներու՝ «Լուսնային ճանապարհով»ի (1971) եւ «Անրջական վաղորդայն»ի (1979) հեղինակ, «Բագին» գրական պարբերաթերթի Սեպտեմբեր 1981-ի թիւին մէջ (էջ 75-76) ունի գրախօսական մը, ուր գիրքը համառօտ ներկայացնելէ ետք ան իսկոյն կը սկսի վեր հանել անոր թերութիւնները: Պարզ է, որ պիտի հարցնէք՝ իսկ արժանիքնե՞րը: Ինչպէ՞ս արտայայտուիլ երեւոյթի մը մասին, որ անգոյ է. ինչպէ՞ս գոյութեան անձնագիր շնորհել անոր, կարելի՞ է,- ո՛չ: Եւ Մանուկեան ճիշդ ուղին կ՚ընտրէ. ան քերթողագիրքին թերութիւնները որպէս արժանիքներ չի հրամցներ ընթերցողներուն, այլ մէկ-մէկ կը մատնանշէ զանոնք՝ առանց վարանումի. «Զգացական լարը, որ կը հանդիսանայ էատարրը քնարական կալուածին՝ Մարտիրոսեանի գրչին տակ չէ կրցած զարգանալ հաղորդական ջերմութեան մը նուազագոյն նպաստովն իսկ...»: Ան որոշ հատուածներ կը մէջբերէ Մարտիրոսեանի ոտանաւորներէն ու այնուհետեւ կը շարունակէ. «Ի՞նչ նորութիւն կարելի է գտնել մէջբերուած այս տողերուն մէջ, լեզուական ի՞նչ առանձնայատկութիւն, գաղափարի ի՞նչ պատկերաւոր հնարք կամ փոխաբերական իմաստի մը հետ զուգորդուած յղացքային ի՞նչ նորակերպ ըմբռնում: Յիշեալ ոտանաւորին միապաղաղ բնոյթը հասարակաց գիծը կը հանդիսանայ Համբիկ Մարտիրոսեանի մնացեալ բոլոր գրութիւններուն, ուր փոխանցուած զգացումները կը ներկայացուին պատմողական պարզունակ ձեւերով»: Եւ այսպիսով շահած կ՚ըլլայ նախ ճշմարտութիւնը, ապա ի՛նքը՝ գրականութիւնը, որ հետամուտ է ճշմարտութեան ամբողջական բացայայտումին: Թէեւ Մանուկեան չէ կրցած աւելի խորանալ իր դատումներուն մէջ,- արդէն գրախօսական մը ենթակայ չէ ծաւալումի ու խորացումի,- բայց գէթ յաջողած է կատարել ընդհանուր նկատողութիւններ, որոնք կը վերաբերին խնդրոյ առարկայ գիրքին մէջ տեղ գտած բոլոր ոտանաւորներուն անխտիր: Եւ մեր պահանջածը ի՞նչ է, եթէ ոչ այս. ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս: Բերեմ օրինակ մը եւս. այս անգամ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան՝ հեղինակ մի քանի քերթողական ժողովածուներու՝ «Այս է արիւն իմ» (1973), «Այս է մարմին իմ» (2004), «Ականեալ ձայներ» (2015), եւ քնարավէպի մը՝ «Կարծես երազ մը ըլլար» (2016), կը գրախօսէ նոյնինքն Յակոբ Մանուկեանի «Անրջական վաղորդայն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Բագին»ի Ապրիլ 1980-ի թիւին մէջ (էջ 78–80): Անշուշտ սա բոլորովին ուրիշ մակարդակի հրատարակութիւն մըն է, եւ Կիրակոսեան գիրքի ներկայացումէն ետք կ՚անցնի ընդհանուր գնահատականի՝ տատանելով անոր արժանիքներուն ու թերութիւններուն միջեւ: Չմոռնանք, որ այս երկու բանաստեղծներն ալ լիբանանահայեր են: Սակայն Կիրակոսեանի գրութիւնը բարեկամական ոչինչ ունի իր մէջ: Ան ճամբայ ելած է՝ մէկդի դնելով բարեկամ-սրտակից- ծանօթ ու նման այլ հասկացութիւններ: Ան կը գրէ. «Մանուկեանի երկրորդ հանգրուանի հատորին անցնելէ առաջ, պիտի ուզէինք դիտել տալ, որ լեզուական չորութեան, կառոյցի անաւարտութեան, խորհրդանշաններու աղօտութեան եւ չափազանցուած խորհրդապաշտութեան տուրք տալով հանդերձ, «Անրջական վաղորդայն»ը նկատելի յառաջդիմութիւն մըն է՝ բաղդատած «Լուսնային ճանապարհով» (1971) խորագրեալ իր առաջին գրքոյկին հետ» (էջ 78): Ընդամէնը մի քանի տողերու մէջ Կիրակոսեան կու տայ Մանուկեանի քերթողութեան ընդհանուր նկարագիրը՝ առանց որեւէ մանրամասնումի: Վերլուծական լուրջ յօդուա՞ծ մը,- ո՛չ, սակայն առնուազն ճշմարտութիւնը արձանագրող խելքը գլուխը գրութիւն մը, ուր արտայայտուած միտքերն ու կատարուած նկատողութիւնները լիովին համոզիչ են:

Նման «ձեւաչափով» գրուած գրախօսականները, որոնց նշոյլն անգամ չկայ այսօր մեր գրական մամուլին մէջ, կրնան գէթ առժամապէս տեղակալել գրադատական ծանրակշիռ յօդուածները՝ որո՛շ չափով նպաստելով, որ մեր գրական անդաստանը վերստին ստանայ իր երբեմնի կանաչագեղ տեսքը։

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021