ԽԱՂԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ
Մօտաւոր անցեալին՝ գրեթէ 10-15 տարի առաջ, ծնողներ իրենց երեխաները կը զգուշացնէին, ըսելով՝ «Առտուընէ ի վեր փողոցն ես, կը բաւէ, այլեւս տուն վերադաձի՛ր»։ Այսօր ամէն ինչ շրջուած է եւ ծնողներ կ՚ըսեն. «Ժամերով համակարգիչին դիմացն ես, տունէն դուրս եկուր, քիչ մը հովահարուէ՛, աշխարհ փոխուի»։
Այժմ մեզմէ իւրաքանչիւրը անպայման կը հետաքրքրուի համակարգչային խաղերով ու զանոնք կը համարէ ժամանցի լաւագոյն միջոցներէն մին։ Այդ խաղերը օր ըստ օրէ աւելի մեծ տարածում կը գտնեն եւ շատերու համար նոյնիսկ դարձած են ապրուստի միջոց։ Համակարգչային խաղերու անկանխատեսելի արագութեամբ թափ ստանալուն զուգահեռ, շարք մը մասնագէտներ, փորձագէտներ եւ մտահոգուած ծնողներ կը փորձեն ուշադրութիւն դարձնել անոնց բացասական ու, ծայրագոյն պարագային, սարսափելի ազդեցութիւններուն վրայ։
Ներկայիս, մանաւանդ երիտասարդ սերունդի համար գրեթէ անհնար է խուսափիլ համակարգչային խաղերու անհուն աշխարհին ներգրաւուելէ։ Մինչ օրս, այդ խաղերու դրական երեսակներու մասին շատ քիչ խօսուած է, որովհետեւ «յեղափոխական» նշանակութեամբ գրեթէ իւրաքանչիւր երեւոյթ կամ իրադարձութիւն անխուսափելիօրէն վախազդեցիկ է մարդոց համար։ Անշուշտ, մարդ արարածին բնորոշ է վախնալ անծանօթէն, անորոշէն, նորէն, այսինքն ինչ որ իրենց «բնական» պատկերացումներէն հեռու է։
Վերջերս ուսուցիչ մը մտահոգութեամբ արձագանգեց, թէ երեխաները ամբողջ գիշեր տեսախաղեր խաղալէ յետոյ դասընթացներու ընթացքին կը քնանան։ 24 տարեկան նախկին խաղամոլ Թոմ կը պատմէ, թէ ան օրական 15 ժամ կը խաղար համակարգչային խաղեր։ Դպրոց երթալէ չէր ախորժեր, ուստի, երբ ան 16 տարեկան էր, գիշերուայ ժամը 2-ին մօրը համակարգիչով մինչեւ առաւօտեան ժամը 8-ը արթուն կը մնար, իսկ աւելի վերջ վարժարան չերթալու եւ քնանալու համար կը գտնէր զանազան պատրուակներ։ Տանիէլի պատմութիւնն ալ նոյնպէս է։ Երկուքն ալ պատանեկութեան ընթացքին դէմ յանդիման եկած էին զանազան խոչընդոտներու եւ նեղութիւններու, երկուքն ալ կը հրաժարէին դպրոց երթալէ՝ սուզուելու համար խաղերու անսահման աշխարհին մէջ, երկուքն ալ շաբաթը նուազագոյնը օր մը կը բացակայէին դպրոցէն եւ երկուքն ալ այդ օրը կը «յատկացնէին» համակարգչային խաղերու։
Անգլիոյ հարաւային ափի Փլայմութ քաղաքի Ուայտի Քորթ վարժարանի ուսուցիչներէն Ռիչըրտ Կրիպըլ իր աշակերտներու խաղի սովորութիւններու մասին կատարած ուսումնասիրութեամբ յայտնաբերած է, որ 10-11 տարեկաններու միջեւ 26 երեխաներու աւելի քան երեք քառորդը ամէն օր կը խաղայ համակարգչային խաղեր։ Անոնցմէ ոմանք չեն քնանար մինչեւ ժամը 4-ը, իսկ ոմանք ալ ժամը 5-ին կ՚արթննան՝ դպրոց երթալէ առաջ խաղալու համար։ Կրիպըլի խօսքով, անոնք այնքան յոգնած կ՚ըլլան, որ չեն կրնար ուշադրութիւն դարձնել դասընթացներուն, իսկ անոնցմէ մի քանին կը քնանան դասի ընթացքին։ Կրիպըլ աշակերտներու կացութենէ անտեղեակ ծնողներուն նամակ մը գրեց, որպէսզի անոնք վերահսկեն կամ սանձեն իրենց զաւակներու ժամանցը։ Համակարգչային խաղերու անծանօթներուն կրնայ նման պարագաներ արտասովոր, այլանդակ, տարօրինակ, նոյնիսկ ծիծաղելի թուիլ։
Խաղի միակ դադարը խաղացողի ուտելու, քնանալու նման կենսական կարիքները դիմագրաւած պահերն են, ծայրայեղութեան պարագային՝ նոյնիսկ անոնք ալ կ՚անտեսուին։ Վերջերս 30 տարեկան չինացի մը մահացաւ քառօրեայ անդադար խաղէն յետոյ՝ անքնութեան եւ ուժասպառութեան հետեւանքով։
Տեսախաղերը՝ յատկապէս առցանց խաղերը, չափազանց գրաւիչ, գրգռիչ են, բայց սա իրողութիւն է, թէ անոնք ժամանցի ամենաազդեցիկ միջոցներէն են։ Մարդիկ խաղ մը կրնան շարունակել օրեր, ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ… Խաղերը՝ խաղացողի «գլխաւոր հերոս» դարձած անսահման աշխարհ մըն է, բայց փոխադարձաբար, իրական կեանքը եւ երջանկութիւնը անսահման չեն։ Երբ խաղերը ամենակարեւորը դարձած է մարդու կեանքին մէջ, չի կրնար թողել խաղալը նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պարտաւորուած է, այս երեւոյթը կը յանգեցնէ «հարուածային ազդեցութիւններու»՝ իր աշխատանքային կամ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ։ Պարզապէս ազատ ժամանակներուն խաղալը կախուածութիւն չի համարուիր եւ որոշ մարդիկ, օրինակ՝ դեռահասներ, պատանիներ, կ՚ունենան օրական շուրջ 14 ժամ ազատ ժամանակ։
Վերջերս «կէյմըր» հասկացութիւնը սկսաւ նոյնանալ անհաղորդ, մարդախոյս, երազանքներու մէջ ապրող, իրականութենէ հեռացած մարդոց հետ։ Այս արտայայտութեան արագ տարածման հիմնական պատճառներէն մին ալ այն է, որ տեսախաղերը կրնան միանգամայն ազդել քանի մը զգայարաններու վրայ։ Համակարգչային սարքերու դիմաց անցուած ժամերը, ի հարկէ, բացասաբար կ՚ազդեն առողջութեան վրայ, սակայն խաղամոլութեան հարցը պէտք է դիտարկել զանազան տեսանկիւններէ։ Խնդիրը կրնայ աւելի խոր ըլլալ եւ յանգիլ անդառնալի հետեւանքներու։
Դպրոցի, աշխատանքի, սնունդի, ընկերներու, ընտանիքի անդամներու համար եթէ կրնաք դադրիլ խաղալէ, ապա սա կախուածութիւն չի համարուիր։ Ոմանց համար խաղալու կախուածութիւնը լուրջ խնդիր է։ Եթէ մարդոց ինքնավստահութեան կամ ծնողներու հետ յարաբերութիւններու մէջ կան խնդիրներ, անոնք կրնան խաղերը օգտագործել՝ որպէս փախուստի միջոց՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս մարդիկ կը «դիմեն» ոգելից ըմպելիներու կամ թմրանիւթերու։ Անոնց համար խաղը առօրեայի հեւքէն հեռանալու, խաղերու աշխարհին մէջ իրենց փափաքած կերպարները մարմնաւորելու, կեանքեր փրկելու, թշնամիներու յաղթելու, մէկ խօսքով՝ պահ մը իրենք զիրենք «հերոս» զգալու ամենալաւ միջոցն է։ Աւելին՝ խաղերու աշխարհը անվտանգ է անոնց համար. տեղ մը, ուր ոչ ոք կրնայ այլ մէկը ֆիզիքապէս վնասել. տեղ մը, որ ամէն ինչ անոնց վերահսկողութեան տակ է։
Չեմ ըսեր, որ համակարգչային խաղերը վատ են, չեմ ըսեր, որ խաղալը հարց մըն է, բայց հազուագիւտ են այն մոլիները, որոնք տեղեակ են իրենց կացութենէն եւ օգնութեան կը դիմեն… Իսկ անտեղեակնե՞րը… Ահա՛, ամենավտանգաւորը…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024