45 ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔ ՄԸ...

45 տարիներ անցած են այս պատմութենէն..

45 երկար տարիներ...

45 տարիներու գաղտնիք մըն է անուշիկ սիրոյ այս անուշիկ պատմութիւնը...

Սէ՞ր... Այդ շատ մեծ բառ է...

Կատա՞կ... Բայց կատակ ալ չէր...

Անկեղծո՞ւթիւն... Չափազանց...

Համարձակութի՞ւն... Անկեղծութեան չափով...

Ես շատ գաղտնապահ եմ, բայց քանի մը տարի առաջ ժամանակն էր, որ ես գաղտնիքս պատմէի պատմուածքիս հերոսին։

Չնայած ճիշդը ըսելու համար՝ այս երեք հոգիներու գաղտնիք էր, հերոսիս մօրը, մօրս եւ իմ... Բայց ամենաշատը իմս էր...։

Այդ տարին 12 տարեկան էի... Եւ այդ տարին Ապրիլ 24-ի միասնական սգահանդէսը Հայ երիտասարդաց միութեան սրահին մէջ պիտի նշուէր։ Երուսաղէմի երեք միութիւններէն ներկայացուցիչներ խօսք պիտի առնէին եւ ելոյթներ ունենային։ Թէեւ տարիքով փոքր էի ես, բայց առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցէի ո՛չ թէ մանկական կամ դպրոցական հանդէսի մը, այլ մեծերու հետ եւ այդ ալ Ապրիլ 24-ի սգահանդէսին։ Մայրս կը հետեւէր փորձերուս, իսկ հայրս՝ Վահան Թէքէեանի աշակերտ, կատարելութիւն կը պահանջէր։ Պիտի ասմունքէի Վահան Թէքէեանէն։ Բայց ինչ ըսեմ, չար բախտէս, քանի մը օր առաջ խաբուելով Երուսաղէմի ապրիլեան մէկ ցուրտ ու մէկ տաք եղանակէն, լաւ մրսած էի եւ տաքութիւնով պառկած։

Ապրիլ 24-ին թէեւ ալ տաքութիւն չունէի, սակայն բեմ բարձրանալ կարելի չէր, դեռ տկար էի եւ ձայնս՝ քաշուած։ Շատ տխուր էի, մայրս իբրեւ մխիթարութիւն, հանդէսին զիս կողքին նստեցուց, մեծերուն մէջ՝ երրորդ շարք։

Ձախիս նստած էր տիկին Վարդուհի Յովհաննէսեանը՝ պատմուածքիս հերոսին մայրը, որ զարմացած հարցուց. «Դուն ինչու բեմին ետեւը չես, չէ՞ որ պիտի արտասանես»։ Այստեղ Երուսաղէմ է, Հայոց վանք, ամէն մարդ ամէն բան գիտէ, անակնկալներու քիչ կը հանդիպիս։ Բայց տիկին Վարդուհին գործունեայ անդամ էր ՀՕՄ-ին մէջ եւ անպայման յայտագիրէն տեղեակ պէտք է ըլլար։ Մայրս բացատրեց, որ շատ հիւանդ էի անցնող շաբթուն, որովհետեւ խօսք մտիկ չենք ըներ եւ թեթեւ կը հագուինք։ Առաջին օրն է, որ ոտքի ելած եմ եւ դժուար թէ կարենամ բեմ բարձրանալ։ Տիկին Վարդուհին տեսնելով արցունքոտած աչքերս նիւթը փոխեց. «Այս ինչ գեղեցիկ հագուստ է»։ Լաւ կը յիշեմ ինչ հագուած էի, լազուարթ թաւշեայ հագուստ մը կուրծքին՝ ձեռագործ գունաւոր մանր ծաղիկներ։ Այո, պատասխանեցի, մամաս ըսաւ, որ պզտիկ եմ սեւ հագուելու համար, բայց հագուստս մութ է եւ այս գունաւոր մանր ծաղիկները մենք ենք, որ պիտի ծլինք ու ծաղկինք։

Սրահը լեցուն էր, աղմուկը դադրեցաւ, բոլորս ոտքի կանգնեցանք, միաբանութիւնը եկած էր առաջնորդութեամբ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի, որ բնականաբար կը հովանաւորէր ու կը նախագահէր ապրիլեան սգատօնը։ Աղօթքէ մը ետք հանդէսը բացուած յայտարարուեցաւ։ Ծափելը արգիլուած էր։ Կանայք բոլոր սեւազգեստ էին, իսկ տղամարդիկ լուրջ հագուած, նոյնիսկ փողկապով։ Այդ օրերուն ճինզով, այդ ալ Ապրիլ 24-ի հանդէսին, կարելի չէր երթալ։

Մեծ եղեռնի ամբողջ ծանրութիւնը փոքրիկ ու նեղ ուսերուս վրայ էր կարծես, իսկական ողբի մէջ էի, ինչպէս կրնար այսպիսի բան պատահիլ... Ես բեմի սիրահար էի, առիթ կը սպասէի բարձրանալու եւ առաջին անգամ ըլլալով մեծերու հետ պիտի բարձրանայի... Այս ինչ անարդարութիւն էր ճիշդ այդ շաբաթը հիւանդանալս... Ահա հիմա կարգս էր... Ահա բարձրախօսը առի... Արդէն պիտի ասմունքեմ... Յետոյ բոլորը պիտի շնորհաւորեն... Յետոյ պէտք է մտածել յաջորդ տարուան ասմունքիս մասին... Յետոյ... Յետոյ... Յետոյ...

Եղիշէ Պատրիարքը փոքր տարիքէս ասմունքիս մեծ գնահատողը եղած է եւ երբ հիւրեր, բարերարներ այցելէին Երուսաղէմ, անպայման զիս կանչել կու տար, որպէսզի ասմունքեմ, իսկ ես որպէս պատասխան իր գնահատանքին կը սկսէի իր բանաստեղծութեամբ. «Օրերն անդարձ խոստմնադրուժ ճամբորդներ են»։

Եւ ահա այս մեծ սուգիս մէջ, երեք միութիւններուն երկար բանախօսութիւններէն յոգնած, չմոռնամ նաեւ, որ դեռ կատարեալ ապաքինած ալ չէի, յանկարծ շատ անուշիկ երիտասարդ մը կիթառով բեմ կը բարձրանայ եւ կ՚երգէ իր հեղինակած երգը։ Հագուածքն անգամ տարբեր էր, շապիկը օձիք չունէր...

Աւելի տխրեցայ, ինչպէս կրնար այսպիսի բան պատահիլ, չէ՞ որ ես ալ բեմին ետեւը պիտի ըլլայի... Եւ անպայման առիթը պիտի ըլլար ծանօթանալու...

Շնչառութիւնս ծանրացաւ, տիկին Վարդուհիին օգնութեանը դիմեցի.

-Տիկին Վարդուհի, ո՞վ է այս։

-Ինչո՞ւ...

-Շատ անուշիկ է չէ՞, չեմ գիտեր, բայց ասանկ սիրտս մէկէն բան մը եղաւ... Աստուած իմ, երգած ձեւը նայէ... Երգն ալ ինքը գրեր է...

-Հահահա, տղաս է, Սերոբը։

-Քու իրական տղա՞դ, (սուտականը ո՞րն էր չեմ գիտեր, երբեք չեմ հանդիպած)։ Իրա՞ւ կ՚ըսես, իրաւ կ՚ըսես տիկին Վարդուհի... Ախ, գիտես, շատ յարմար ենք իրարու, եթէ ձեռքը խնդրեմ ինծի հարս կ՚առնե՞ս։ Ինք կ՚երգէ ես կ՚արտասանեմ, Աստուած իմ, ինչ անուշիկ ենք միասին... Չեմ կարծեր պապաս արգելք կ՚ըլլայ, հաճիս տիկին Վարդուհի, հիմա հանդէսէն ետք պապայիս, մամայիս հետ անպայման խօսէ...

Վայրկեանի մէջ աշխուժացեր էի, միայն հարսնիքին թուականը չհասայ որոշելու։

Ո՞վ կը համարձակէր ժպտիլ եղեռնեան սգահանդէսին ընթացքին, նոյնիսկ այդ ամբողջ օրը մենք լուրջ պէտք էր ըլլայինք։ Կը յիշեմ ինչ մեծ աղմուկ բարձրացած էր, երբ տարի մը Արա Ոսկեանը, որ ապրիլ 23-ին ծնած էր, այդ օրը տարեդարձը տօնած էր։ Ինչպէս կ՚ըլլայ, յաջորդ օրը Ապրիլ 24 է եւ օր մը առաջ երիտասարդները կը համարձակին տարեդարձ տօնել, երգել, պարել, ուրախանալ...

Յամենայնդէպս, տիկին Վարդուհին չդիմացաւ եւ խնդաց։ Խնդաց՝ ուրեմն համաձայն է...

Մայրս ձեռքս սեղմեց. «Ի՛նչ ըսիր»։

-Բան մը չըսի, միայն ըսի, որ տղուն շատ սիրեցի եւ դուք արգելք չէք ըլլար որ ամուսնանամ։

-Արփինէ, ըսաւ տիկին Վարդուհին, ասանկ աղուոր աղջիկ ով չ՚ուզեր, բայց Սերոբս ամուսնացած է։

Ջարդ, կոտորած, անմեղներու արիւն, Զօհրապ, Վարուժան, Սեւակ, Սիամանթօ եւ... Ամուսնացած է...

Նոյնիսկ թաւշեայ հագուստիս ծլող-ծաղկող ծաղիկները թառամեցան...

Սերոբին ձեռքը խնդրելս՝ տիկին Վարդուհիին, մօրս եւ իմ անուշիկ գաղտնիքը մնաց...

Արդէն 35 տարիներ է, որ Զատիկէն օր մը առաջ՝ Լուսահանումի աւետումին զանգերը Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս ամմօ Յովհաննէսը (Յովհաննէս Պետրոսեան), որ Սերոբին մօրեղբայրն է եւ Սերոբը կը հնչեցնեն: Սերոբը Անգլիայէն մասնաւոր կու գայ ասոր համար։ Կրնանք ըսել, որ արդէն աւանդութիւն դարձած է...

Քանի մը տարի առաջ, առիթով մը, Սերոբին պատմեցի իր ձեռքը խնդրելս։ Բնականաբար խնդալուն չափ ալ զարմացաւ։ Նախ շատ համով պատմութիւն է եւ յետոյ բաւական համարձակ։ Անցեալ տարի տաճարէն միասին դուրս եկանք.

-Գիտես Սերոբ, շատ կ՚ուզեմ գրել ձեռքդ խնդրելուս մասին, բայց անկեղծ ըլլամ, հետաքրքրական պիտի չըլլայ եթէ պարզապէս որեւէ անուն տամ։

-Գրէ Անուշ, անունով գրէ, ծօ ասանկ պատմութիւն, վանքը մեծցած պզտիկ աղջիկ մը, Ապրիլ 24-ի հանդէսին տղու մը ձեռքը ուզէ... Ուրիշ ով ասանկ բան կ՚ընէ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024