Մոսկուայի ՄԷջ ՍԿՍԱՒ Առնօ Բաբաջանեանի 95-Ամեակին Նուիրուած Համերգաշարը

Մոս­կուա­յի մէջ սկսաւ հայ մե­ծա­նուն եր­գա­հան եւ դաշ­նա­կա­հար, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուեստա­գէտ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ծննդեան 95-ա­մեա­կին նուի­րուած «Քա­նի դեռ կը յի­շեմ, կ՚ապ­րիմ» խո­րագ­րեալ հա­մեր­գա­շա­րը:

Ձեռ­նար­կին հնչած են Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի յայտ­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մե­ներ­գիչ­նե­րու եւ ե­րաժշ­տա­կան խում­բե­րու կա­տար­մամբ:

Հա­մեր­գի բաց­ման իր խօս­քին մէջ Ռու­սաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Օ­լէկ Ե­սա­յեան նշեց, որ մե­ծա­նուն հայ եր­գա­հա­նի ձգած ե­րաժշ­տա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի, այն­պէս ալ ողջ յետ­խոր-հըր­դա­յին տա­րած­քին մէջ առ այ­սօր ան­տար­բեր չէ ձգած ոչ մէ­կը: «Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան այն մե­ծու­թիւնն է, զոր կը գնա­հա­տեն եւ կը սի­րեն հա­ւա­սա­րա­չափ թէ՛ իր հայ­րե­նի­քին մէջ եւ թէ՛ ա­նոր սահ­ման­նե­րէն դուրս, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր ա­րուես­տը, ար­տա­ցո­լե­լով հայ­կա­կան ո­գին եւ շուն­չը, ե­ղած է եւ կը մնայ հա­մա­մարդ­կա­յին», ը­սած է դես­պան Ե­սա­յեան: Ան նաեւ խորհր­դան­շա­կան ա­նուա­նեց հա­մեր­գա­շա­րի մեկ­նար­կի հա­մընկ­նու­մը Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րուան հետ, քա­նի որ պե­տու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն է ազ­գի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւնն ու նե­րու­ժը տնօ­րի­նե­լու եւ միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն զայն մա­տու­ցե­լու հա­մար:

Ըստ Օ­լէկ Ե­սա­յեա­նի, որ­պէս բա­ցա­ռիկ ե­րա­ժիշտ եւ իր գոր­ծին մեծ նուի­րեալ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ յա­ջո­ղած է միա­ւո­րել տար­բեր սե­րունդ­ներ եւ ժո­ղո­վուրդ­ներ՝ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ, յատ­կա­պէս, խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան գա­ղա­փա­րի շուրջ, ինչ որ մեր օ­րե­րուն ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կէն ա­ռա­ւել քան ար­դիա­կան է:

Մոս­կո­վեան հա­մեր­գը կազ­մա­կեր­պը-ւած էր Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի յի­շա­տա­կի հիմ­նադ­րա­մի եւ «Ռու­սաս­տա­նի մէջ հա­յե­րու միու­թեան» կող­մէ՝ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Հա­յոց Թե­մի հո­վա­նաւորութեան ներ­քոյ եւ «Հա­մա­ձայ­նու­թիւն» ըն­կե­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Մե­ծա­նուն հայ եր­գա­հա­նի 95-ա­մեա­կին նուի­րուած հա­մեր­գա­շա­րը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ տա­րե­վերջ Ռու­սաս­տա­նի  եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ, նե­րա­ռեալ նաեւ Հա­յաս­տա­նի, եւ կ՚եզ­րա­փա­կուի յա­ռա­ջի­կայ Դեկ­տեմ­բե­րի 11-ին՝ Մոս­կուա­յի Քրեմ­լի­նի Մեծ դահ­լի­ճին մէջ կա­յա­նա­լիք կա­լա-հա­մեր­գով:

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016