ՄԻՇՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒ ԱՆԿՈՏՐՈՒՆ՝ ԱՐԻ ՉՈԼԱՔ

«Կ՚ուզէի մեծահարուստ ըլլալ։ Այնքան հարուստ, որ աշխարհի վտանգաւոր կիզակէտերուն, զոր օրինակ՝ պատերազմական գօտիներու, ծայրայեղ աղքատ երկիրներու եւ կամ բնական արհաւիրքներէ տուժած գօտիներու մէջ, ուր դրամատուները ինչ-ինչ պատճառներով հասանելի չեն՝ մարդոց նիւթական, ինչո՞ւ չէ, նաեւ բարոյահոգեբանական օգնութիւն ցուցաբերէի։

«Երկրորդ փափաքս է, որ իմ ընտանեկան պարագաները՝ մասնաւորապէս իմ փոքրիկ աղջնակները շրջապատուած ըլլան բարեխիղճ եւ ուշիմ մարդոցմով։

«Հուսկ՝ իմ երրորդ մեծագոյն փափաքը յայտնի պիտի ըլլայ մի միայն ոսկէ ձկնիկին։ Ահաւասիկ Արի Չոլաք այսպէս պատասխանած է իմ հետեւեալ հարցումին՝ «Եթէ օր մը ոսկէ ձկնիկ մը բռնէիք, եւ ան պատրաստակամ ըլլար ձեզի համար իրականացնելու երեք անհաս երազ, որո՞նք կ՚ըլլային անոնք»։

Շարունակելով բացայայտել պոլսահայերը, այս անգամ պատիւն ունեցայ զրուցելու Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ, ինչպէս նաեւ՝ վերջերս Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետի պաշտօնը ստանձնած՝ Արի Չոլաքին հետ։ Աշխատասէր, արդարամիտ ու բանիմաց, միշտ հոգիով երիտասարդ Պրն. Արին ամէնուր կը տարածէ սէր, խինդ եւ ուրախութիւն։ Ան կը նմանի խաւարի մէջ լուսնկայի։

1977 թուականի 7-րդ ամսուան՝ յուլիսի 7-ին Պոլիս ծնած Արի Չոլաք ինքզինք կը համարէ բախտաւոր աստղի մը տակ լոյս աշխարհ եկած։ Մեր հաճելի զրոյցի ընթացքին, ան ուրախութեամբ նշեց, թէ քով քովի շարուած այդ չորս 7 թիւերը կեանքի տեւողութեան, իրեն միշտ յաջողութիւն բերած են։ Պրն. Արի՝ Անի եւ Խաչատուր Չոլաք ամոլի երկու զաւակներէն մին է։ Ունի փոքր եղբայր մը՝ Ալէն։

Տարի մը հայկական մանկապարտէզ յաճախելէ ետք, Արի Չոլաք նախնական կրթութիւնը ստացած է մասնաւոր «Էվրիմ» լիսէին մէջ։ Աւարտած է «Անատոլու» համալսարանի՝ հասարակական կառավարում (Kamu Yönetimi) բաժինը։ Իր արմատներուն կառչած ազնիւ հայորդին նշեց. «Թէպէտ օտար վարժարան յաճախած եմ, սակայն հայեցի դաստիարակութիւն ստացած եւ հայ մնացած եմ, որու համար շատ երջանիկ ու հպարտ եմ։ Արդարեւ, մեր ընտանիքի մէջ հայերէն կը խօսուէր, սակայն իմ մայրենին յառաջացած է շնորհիւ Հայաստանի հետ ունեցած իմ անքակտելի կապին։ Այսօր ես անսահման երջանիկ ու հպարտ եմ, որ առաջին անգամ՝ երկու ժամ տեւողութեամբ, բացառիկ հարցազրոյց կու տամ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Սա ինծի համար մեծ ուրախութիւն է»։

Արի Չոլաք համալսարանը աւարտելէ ետք՝ իր կեանքը դասաւորելու, մագիստրոսական կրթութիւն ստանալու նպատակով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Քանի մը ամիս Նիւ Եորքի մէջ բնակելէ ետք, ան չկրցած յարմարիլ Նոր աշխարհի պայմաններուն, նիստուկացին եւ շուտով վերադարձած է իր ծննդավայրը։ «Ամերիկայի մէջ կեանքը սեւ ու ճերմակ գոյներէ բաղկացեալ է։ Իսկ այստեղ՝ Իսթանպուլի մէջ մեր կեանքը երփներանգ է», յաւելեց ան։

Արի Չոլաքի ընտանիքը Գոց շուկայի մէջ հիմնադիր-սեփականատէրն է շուրջ 90-ամեայ «Artek» ընկերութեան, որ կը զբաղի զարդատուփերու արտադրութեամբ։ Վեց տարեկանէն սկսեալ ան ներգրաւուած էր ընտանեկան աշխատանքին մէջ։ Յաճախ հայրիկին ու մեծ հայրիկին օգնելու նպատակաւ՝ արձակուրդներուն ու շաբաթավերջերուն Պրն. Արի կ՚երթար Գոց շուկայ։ Տարիներու ընթացքին ոսկերչութեան ոլորտը լաւագոյնս ուսումնասիրելէ վերջ, Ամերիկայէն վերադառնալէ կարճ ժամանակ անց, ան 2003 թուականին հիմնեց միջազգային շուկայի մէջ իր տեղն ու դիրքը ունեցող «Artek՚s» ընկերութիւնը։ Գերմանիայէն, Իտալիայէն Թուրքիա եւ այլ երկիրներ ոսկերչական գործիքներ ու սարքաւորումներ ներմուծող ընկերութիւն մըն է այս մէկը։ Այդ թուականներուն Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան կը փափաքէր, որ երիտասարդները ներգրաւուէին թաղային խորհուրդներու մէջ։ Աշխատանքային գործունէութեան զուգահեռ՝ Արի Չոլաք միացաւ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին։

Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հիմնած երիտասարդաց յանձնախումբին մէջ ծանօթացած է իր կողակցին՝ Միրնային։ Սիրահար զոյգը պսակ-ւած է ձեռամբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի։ Արի-Միրնա Չոլաք ամոլը Բարձրեալի կողմէ պարգեւատրուած է երկու չքնաղագեղ դստրիկներով՝ Ռինա եւ Ալվինա։ Այժմու երջանիկ ընտանիքը կը բնակի Եշիլգիւղ։

Այժմ անցնինք մեր զրոյցին։

-Պրն. Արի, յայտնի է, թէ դուք Եշիլգիւղի մէջ ձեր թաղական եղած տարիներուն՝ թերթ կը հրատարակէիք։ Կը պատմէ՞ք այդ մասին։

-Ձեր թոյլտուութեամբ, այժմ կարգով պիտի ներկայացնեմ լրագրութեան ու կրթութեան ասպարէզներուն մէջ իմ ունեցած փորձառութիւնները։

Եւ այսպէս, տակաւին 18-19 տարեկան էի, երբ ինծի վստահուեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան ատենապետի պաշտօնը։ Այդ շրջանին, քանի մը ընկերներով հիմնեցինք թրքալեզու «Մեղու» ամսագիրը, որ հրատարակուեցաւ չորս տարի։ «Մեղու» ամսագրին մէջ տեղ գտած էին լուրեր՝ Մխիթարեան սանուց միութենէն, դպրոցէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններ։ Ահաւասիկ, սա եղաւ լրագրութեան մէջ իմ առաջին փորձառութիւնը։

Իմ զինուորական պարտականութիւնը կատարեցի Արտահանի մէջ։ Այն թուականներուն, ի փոխարէն 18 ամսեայ զինուորութեան շրջանի, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողները ինն ամիս կը ծառայէին։ Որպէս համալսարանաւարտ, ես զէնք չբռնեցի, փոխարէնը՝ ուսուցչագործութեամբ զբաղեցայ։ Համալսարանական քննութիւններուն նախապատրաստող դասարան մը բացինք՝ «Mehmetçik dershanesi», ուր ես կը դասաւանդէի պատմութիւն եւ հոգեբանութիւն։

Զինուորութիւնս աւարտելէ վերջ, Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին հետ հիմնեցինք «Երիտ» յանձնախումբը։

Երբ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին կ՚անդամակցէի, քանի մը ընկերներրով հիմնեցինք «Դալարգիւղ» ամսաթերթը։ Նշեմ, որ Եշիլգիւղի հայերէն տարբերակը՝ Դալարգիւղ է։ Աւելի քան երկու տարի կեանք ունեցած ամսաթերթը անվճար կը բաժնուէր եշիլգիւղցիներուն։ Հայերէն-թրքերէն լեզուներով լոյս տեսնող «Դալարգիւղ» ամսաթերթին մէջ տեղ կը գտնէր տեղւոյն հայերու ընկերային ու մշակութային առօրեան։

-Ի՞նչ էր «Երիտ» յանձնախումբի առաքելութիւնը։

-«Երիտ» յանձնախումբի մէջ ընդգրկուած էին 18-27 տարեկան հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։ Ղեկավար կազմը բաղկացած էր 12 անձերէ, որոնցմէ մին էի ես։ Պատրիարք հօր անմիջական գլխաւորութեամբ՝ ամէն շաբաթ երեք ժողով կը գումարէինք։ Մեր ժողովները տարբեր լեզուներով կ՚ընթանային։ Երանաշնորհ պատրիարք հայրը մեզի հետ օր մը հայերէն, օր մը թրքերէն կամ անգլերէն կը հաղորդակցէր։ Ամէն բանէ առաջ ան մեզի մարդ ըլլալը կը սորվեցնէր, այնուհետեւ կ՚անդրադառնար մեր ինքնութեան ու կրօնին։ Բաց աստի, մեզ կը ծանօթացնէր որպէս վաղուան ժառանգորդներ, տեղեկութիւններ կը տրամադրէր մեր համայնքային կեանքէն։ Կը յորդորէր տէր կանգնիլ մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, համայնքային հաստատութիւններուն։ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հետ շրջագայեցանք գրեթէ բոլոր Թուրքիոյ տարածքը։ «Երիտ»ի բուն նպատակն էր մէկտեղել պոլսահայ երիտասարդները. զերծ մնալ ձուլումէ, խառն ամուսնութիւններէ։

Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հետ մեր ծանօթութիւնը ունի շատ խոր արմատներ։ Վեց տարեկան երեխայ էի, երբ սկսայ հետեւիլ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասու կողմէ կազմակերպուող դասընթացքներուն, որոնց ընթացքին կը դասաւանդէր Մեսրոպ Սրբազան։ Երբ երանաշնորհ պատրիարք հայրը հիւանդացաւ, ես շատ յուզուեցայ։ Տարի մը առաջ համախմբելով մեր համայնքի երիտասարդներն ու աշակերտները, միասնաբար, տիրամայր Մարի Մութաֆեանի անմիջական մասնակցութեամբ, Սուրբ Փրիկիչ Ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ տօնեցինք պատրիարք հօր 62-ամեակը. աւա՜ղ վերջին տարեդարձը։ 12 տարի տեւած այս անողոք հիւանդութեան ընթացքին ես միշտ պատրիարք հօր ու տիրամօր կողքին էի։ Յաճախ կ՚այցելէի անոնց։

Ինչեւէ, տարեդարձը տօնելէ ետք, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ինծի առաջարկեց ստանձնել Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը։

-Պրն. Արի, երիտասարդները ինչպէ՞ս կը մէկտեղէք։

-Համացանցի միջոցաւ։ Ելեկտրոնային կայքէջի մը օժանդակութեամբ ստեղծեցինք խումբ մը, որ ունէր աւելի քան 4 հազար հետեւորդ։ Մեր առաջին ծրագիրի միջոցաւ՝ 2001 թուականին, «Տիվան» պանդոկի մէջ, 350 համալսարանականներ համախմբեցինք։ Այս ծրագրին պատրաստուեցանք երկար ամիսներ։ Հաճելի երեկոյթի ընթացքին կը հնչէր հայկական երգ ու երաժշտութիւն։ Միասնաբար կը պարէինք հայկական պարեր։ Քանի մը ժամ շարունակ երիտասարդները իրենց ինքնութեան կը վերադառնային։

-Տարի մը առաջ դուք ստանձնեցիք Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը, կը պատմէ՞ք այդ նշանակումի մասին։

-Վերը նշածիս համաձայն, անցեալ տարի իմ նախաձեռնութեամբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի տարեդարձը նշելէ վերջ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան զիս կոչեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնին։ Ես ալ սիրով ընդունեցի։ Այս տարի ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բարի կամօք ու ազգային բարերար՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեամբ, 650 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ մէկտեղուեցան «Մարիոթ» պանդոկէն ներս։ Այս անգամ եւս նպատակը եւ ծրագիրները նոյնն են՝ յագեցած նորանոր մտայղացումներով։

-Պրն. Արի, քանի մը խօսքով կրնա՞ք պատմել ձեր նոր պաշտօնին մասին։

-Սիրով։ Քանի մը ամիս առաջ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի փափաքին ընդառաջ ես նշանակուեցայ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի ատենապետի պաշտօնին։ Շատ երջանիկ ու հպարտ եմ մեր համայնքի համար մեծ նշանակութիւն ունեցող կառոյցի մը ղեկը ստանձնած ըլլալուս համար։

Նշեմ, որ Կազդուրման կայանը միմիայն Գարակէօզեան վարժարանի սաներուն չի պատկանիր։ Ան ընդհանուր է, մեր համայնքի բոլոր վարժարաններէն սաներ իրենց ամառնային արձակուրդները կ՚անցընեն այս ճամբարի երդիքին տակ։ Կազդուրման կայանի դռները բաց են մեր բոլոր մանուկներուն առջեւ։ Ուստի՝ միասնաբար, ազգովին պէտք է փորձենք դիմագրաւել Կազդուրման կայանի փոքրիկ բնակիչներու կարիքները։

-Կազդուրման կայանը քանի՞ ամիս կը գործէ։

-Երեխաները Կազդուրման կայան կը յաճախեն երկու ամիս։ Քանզի դպրոցները այս տարի շաբաթ մը կանուխ պիտի բացուին, հետեւաբար ճամբարը քանի մը օր առաջ պիտի գոցուի։ Կազդուրման կայանի դռները բաց պիտի ըլլան յունիսի 30-էն մինչեւ օգոստոսի 25 կամ 27-ը։ Իսկ անձնակազմի համար ան կը գործէ երեք ամիս։ Շուրշ 300 աշակերտ իր ամառնային արձակուրդը կ՚անցընէ մեր ճամբարին մէջ։

-Պրն. Արի, ովքե՞ր են Կազդուրման կայանի աշխատակազմի անդամները։

-Կազդուրման կայանէն ներս՝ յանձինս տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի 24 ժամ ծառայութիւն կը մատուցուի։ Լիզա Չոլաքօղլուն ունի երկու խորհրդական. համալսարանի դասախօս Լենա Ենիեորկանն ու անգլերէնի ուսուցչուհի Տենչա Չընարը։ Լենա Ենիեորկանի հայրը՝ Տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան երկար տարիներ իր անձնուէր ծառայութիւնը բերած է Կազդուրման կայանէն ներս։ Ունինք մանուկներու համար յատուկ հոգեբան մը՝ Էննա Էօքքէն։ Ան մեզի միացած է Գալֆաեան վարժարանէն։ Իմ տիկինը՝ Միրնան, որ այս տարի ճամբարականներուն իտալերէնի ուսուցչուհին պիտի ըլլայ, մեզի միացած է Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն։

Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի բոլոր անդամները համալսարանաւարտ են։ Կայանը ունի նաեւ զանազան շրջաններէ մեզի միացած, մանուկներու հոգատար պարոններ եւ տիկիններ։

Ինչպէս կը տեսնէք, մեր բոլոր մասնագէտները մեզի միացած են իսթանպուլահայ վարժարաններէ։ Զանազան դպրոցներէ, շրջաններէ ի մի եկած մեր մասնագէտներու եւ օգնականներու ներկայութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ ու ի չիք կը դարձնէ այն կարծրատիպը, թէ ճամբարը կը պատկանի միմիայն գարակէօզեանցիներուն։ Ուստի, նիւթապէս ապահով վարժարաններու ղեկավարները պէտք է առանձնակի հոգան Կազդուրման կայանը։

-Ինչպէ՞ս կ՚անցնի տղոց առօրեան։

-Անձնակազմը՝ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուի, ուսուցիչներու, հոգեբանի եւ միւս անդամներուն հետ միասին, 24 ժամ կը ծառայեն մեր փոքրիկներուն։

Երեխաները առաւօտուն ժամը ութին կ՚արթննան։ Տէրունական աղօթքը արտասանելէ վերջ կը նախաճաշեն։ Այնուհետեւ, մինչեւ կէսօր տղաքը հաճելի մթնոլորտի մէջ լեզուներ, երաժշտութիւն, մշակութային ու մարզական դասաժամեր կ՚ունենան։ Շաբաթը քանի մը օր լողաւազան կամ ծով կ՚երթան։ Ճաշէն ետք զանազան մրցումներ կ՚ըլլան՝ ոտնագնդակ, պասքեթպոլ եւ այլն։ Շաբաթը անգամ մը համերգներ, զուարճանքի երեկոներ տեղի կ՚ունենան վարժարանի եւ կղզեբնակ փոքրիկներու համար։ Այս միջոցառումներու շնորհիւ երեխաները երկուստեք մէկ յարկի տակ կը համախմբուին։ Երեկոյեան պտոյտներու ընթացքին տղաքը կ՚ըմբոշխնեն պաղպաղակ։

-Որո՞նք են ատենապետի պաշտօնի առանձնայատկութիւնները։

-Իմ գործի հիմնական բնոյթն է՝ կապ հաստատել համայնքային զանազան շրջանակներու հետ։ Զոր օրինակ՝ յուլիսի 7-ին Կազդուրման կայանի համար սիրոյ սեղան պիտի սարքուի։ Անոր բարեյաջող կազմակերպումը ինծի կը պատկանի։ Կազդուրման կայանի պիւտճէի կառավարումը եւ վերահսկումը ատենապետին գործն է։ Զանազան երաժշտական ու մշակութային ծրագրեր կը կազմակերպէ։ Շաբաթը անգամ մը ժողով կը գումարէ իր գործակից ընկերներուն հետ։

-Պրն. Արի, ի՞նչ բան կը կարեւորէք երեխայի դաստիարակութեան կապակցութեամբ։

-Երեխայի դաստիարակութեան գծով շատ կարեւոր է ծնողի, այնուհետեւ ուսուցչի գործը։ Ծնողը տեւական հետեւողական պիտի ըլլայ իր զաւկին նկատմամբ։ Երեխան դպրոց ուղարկելով գործը պէտք չէ որ վերջանայ։ Ուսուցիչն ալ ամենայն պատասխանատուութեամբ ու սիրով պիտի կատարէ իր աշխատանքը։ Երեխաները կարիք ունին ուշադրութեան, սիրոյ եւ զբաղումի, զորս պէտք է ստանան իրենց երկու տուներէն։

-Ի՞նչ կարծիք ունիք մեր այսօրուան երիտասարդութեան մասին։

-Ներկայիս մեր երիտասարդութեան վիճակը գոհացուցիչ չէ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ, մենք մեր նախնիներէն հոգեւոր ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւն ունինք ստացած։ Սակայն մեր հաստատութիւններով չենք հետաքրքրուիր, եկեղեցի տարին քանի մը անգամ կ՚այցելենք։ Երիտասարդները իրենց ունեցածը գնահատել եւ անկէ օգտուիլ չեն գիտեր։ Գրեթէ բոլորը հայկական վարժարաններ կը յաճախեն, հայեցի կրթութիւն կը ստանան՝ սակայն հայերէն չեն գիտեր։ Մինչդեռ տասնամեակներ, դարեր առաջ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ հայերը Պոլիս կու գային հայ մնալու, հայերէն սորվելու համար։

-Ո՞րն է ձեր մեծագոյն երազը։

-Իմ բոլոր երազները դստրերուս շուրջ կը դառնան։ Իմ մեծագոյն փափաքն է, որ անոնք իրենց կեանքի ընթացքին ունենան լաւ ընկերներ ու բարեկամներ։ Օրինակելի ընտանիքներ ունենան։

-Հայաստան այցելա՞ծ էք։

-2001 թուականէն սկսեալ, տարին քանի մը անգամ կ՚այցելեմ Հայաստան։

-Ո՞վ է հայը։

-Հայը ուժեղ ածու մըն է, բանիմաց արհեստաւոր ու արուեստագէտ։ Կանգուն մնալու համար միշտ պայքարած, բազմաչարչար զրկանքներու ենթարկուած ափ մը ժողովուրդ։

-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծ հայը։

-Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Պատրիարքը, Արամ Խաչատուրեանը։ Վերջինիս կերտած երաժշտական գլուխ գործոցները ինծի մեծ ուժ կու տան։

-Պոլսոյ մէջ սիրելի վայր ունի՞ք։

-Անշուշտ, Գնալը կղզին։

-Իսկ Հայաստանի մէջ ո՞րն է ձեր նախընտրելի վայրը։

-Հրազդանի կիրճը։

-Պոլիսէն զատ ո՞ւր կը փափաքէիք ապրիլ։

-Ի հարկէ՝ Հայաստան։

-Պրն. Արի, ո՞ր երաժշտութիւնը կամ երգը կրնաք անդադար լսել։

-«Հօ՜յ Նազան» երգը։ Այս երգը զիս շատ կը հիացնէ։

-Գիրք կարդալ կը սիրէ՞ք։ Ինչպիսի՞ գիրքեր կը սիրէք կարդալ։

-Ես կը նախընտրեմ կարդալ ուսուցողական, պատմական գիրքեր։ Առաջին հայերէն գիրքը՝ զոր կարդացած եմ՝ Մկրտիչ Մարկոսեանի «Կեավուր թաղ»ն էր։ Այս գիրքը կարդալէ վերջ սկսայ հայերէն գիրքեր կարդալ, հայ գրականութեամբ հետաքրքրուիլ։

-Ո՞րն է ձեր կեանքի կարգախօսը։

-Պահէ՛ յարդը, կու գայ անո՛ր ժամանակը։

-Կրնա՞ք շարահարել այն երեք գոյները, որոնք այս պահուն ձեր միտքը եկան։

-Մանիշակագոյն, կապոյտ եւ ճերմակ։

-Եթէ գիտնայիք, որ ձեր կեանքը պիտի վերջանայ 90 վայրկեան վերջ, ի՞նչ կ՚ընէիք։

-Բոլոր ստացուածքս՝ դրամ կամ կալուածներ, պաշտօնապէս կը փոխանցէի տիկնոջս ու դստրերուս, որպէսզի ինձմէ ետք անհոգ ապրին։

-Պրն. Արի, կրնա՞ք շարունակել հետեւեալ միտքը. «կեանքը ինծի համար անիմաստ կ՚ըլլար, եթէ…»։

-Կեանքը ինծի համար անիմաստ կ՚ըլլար, եթէ Գնալը կղզի չգայի։

-Արդեօք կրնա՞ք համեմատել երիտասարդ ու հասուն Արի Չոլաքները։

-Երիտասարդ Արի Չոլաքը շատ զուսպ ու ամչկոտ էր։ Հասուն Արի Չոլաքը բաւական ինքնավստահ ու համարձակ է։

-Այսօր զո՞վ շատ կը կարօտնաք։

-Մարիամ մեծ մայրիկս կը կարօտնամ։ Վեց տարեկան էի, երբ ան ձեռքէս բռնած զիս եկեղեցի տարաւ, վարժեցուց հայկական միջավայրին։ Անոր բացակայութիւնը այսօր շատ կը զգամ։

Ահաւասիկ այսքանը։ Հուսկ կը մաղթեմ, որ Արի Չոլաքի կերպարը, ծաւալած գործունէութիւնը վարակիչ ըլլայ շատերու համար։

Այս գեղեցիկ ժողովրդական ասոյթը լաւագոյնս կը բնորոշէ Արի Չոլաքը՝

Աշխատանքը կը գեղեցկացնէ, կ՚երիտասարդացնէ մարդը։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ստեփանակերտ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019