Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄՈՎ, ԱՅԼ ՍՐՏՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ԸԼԼԱԼ…
ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) 1907 թուականին Պոլիս տպուած իր «Տունէն ներս» գիրքին մէջ առօրեայ կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ կենսակերպի մասին հետաքրքրական բազում նիւթեր հեղինակած է: Գիրքին հրատարակիչը՝ Զ. Պէրպէրեան, ընծայաթերթին մէջ օրին գրած է, որ Քասիմ միակ գրողն է, որ ձեռնահասօրէն պրպտած, ուսումնասիրած է ամէն դասակարգի ընտանեկան, առեւտրական, ներքին կեանքը, եւ վէպերու, յօդուածներու, պատմութիւններու ձեւին տակ վերլուծած է բոլոր երեւոյթները կեանքին: Հրատարակիչը խորին շնորհակալութիւններ յայտնած է Քասիմին, ըսելով, որ Քասիմ նիւթական ամենափոքր ակնկալութիւն մը իսկ չի սպասեր ժողովուրդին նուիրած իր գրական արտադրութիւններէն, իր ամբողջ հեղինակային իրաւունքը եւս նուիրուած է ընթերցողներուն, ուստի մասնաւոր շնորհակալութեան պարտք մը կը զգայ հանդէպ հեղինակին: Եւ այդ գիրքը հրատարակիչը այդ օրերուն վաճառքի դրած է անօրինակ նուազ գինով: Նշենք, նաեւ, որ «Տունէն ներս» աշխատութիւնը Քասիմ նուիրած է իր մօրը՝ Մարիամ Գօչունեանին եւ բոլոր հայ մայրերուն: Բոլոր ժամանակներուն համահունչ են գիրքին բացառապէս բոլոր գրութիւնները, ուստի յօդուած մը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ Ո՞ՒՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՒ ՈՒ՜Ր ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ
Երբ դեռ նոր մտած էիք կեանքի ասպարէզը եւ ոսկի մը իսկ չունէիք ձեր տրամադրութեան տակ, երբ կը տեսնայիք հասակակիցներ, ծանօթներ ու անծանօթներ, որոնք օրն ի բուն առուտուրով կը զբաղէին, շարունակ ա՜խ կը քաշէիք օրական ապրուստ հայթայթելու չափ գործ մը ունենալու:
Այդ իղձը առաջդիմութեան նշան էր եւ շատ չանցած՝ ձեր անխոնջ հետապնդումներուն շնորհիւ պսակուած տեսաք ձեր փափաքը: Իբրեւ երրորդական պաշտօնեայ՝ մտաք վաճառատունէ մը ներս եւ ուրիշներու նման դուք ալ սկսաք դրամ ունենալ ձեր գրպանը:
Ի՜նչ մեծ գումար էր, Աստուած իմ, այն երկու ոսկին զոր վաճառատան տէրը ամսագլխուն վճարեց ձեզի իբր թոշակ: Միլիոններու համազօր էին ձեր երկու ոսկիները, զորս գոնէ հարիւր անգամ զննեցիք, հարիւր անգամ համբուրեցիք եւ երբեք չհամարձակեցաք անոնցմէ մէկը աւրելով գէթ անհրաժեշտ գնումներ ընելու:
Տարի մը անցաւ այսպէս եւ երկու ոսկին կորսնցուց իր առջի հմայքը. ձեզմէ վերադասները հինգական վեցական ոսկի կը ստանային, դուք ինչո՞ւ բաւականանայիք երկուքով միայն: Ա՛լ աւելի փութաջանութիւն ցոյց տուիք եւ վաճառատան տէրը ուզելով աստիճան մը եւս գրգռել ձեր մէջ աշխատասիրութեան ոգին, երեք ոսկիի բարձրացուց ձեր ամսաթոշակը: Երրորդ, չորրորդ տարին, երբ արդէն վեց ոսկի կը ստանայիք, շատ ողորմելի կը գտնէիք ձեր կացութիւնը, նկատելով, որ ձեզի վճարած ամսականին քառապատիկը մէկ առեւտուրէն միայն կը շահէր վաճառատան տէրը: Այս մտածումը օր աւուր արմատացաւ ձեր մէջ եւ առանձին գործի մը տիրանալու հեռանկարին նուիրեցիք ձեր ամբողջ էութիւնը:
Դեռ հազիւ հինգ տարի առաջ, երբ երկու ոսկին պաշտելու աստիճան կը յարգէիք, հիմա շատ ճղճիմ կը գտնէիք այդ կարգի գումարները եւ աչք սեւեռած էիք զգալի դրամագլուխի մը վրայ, որպէսզի կարող ըլլայիք ձեր աշխատութիւնն ու կարողութիւնը ձեզի ի նպաստ միայն գործածել:
Գործունէութիւն, աշխատասիրութիւն եւ ուշիմութիւն ունէիք, այս երեք առաքինութիւնները կարեւոր դրամագլուխով ընկեր մը գտան ձեզի, որուն հետ նոր գործ մը հիմնելով, սկսաք տարեկան երկու երեք հարիւրական ոսկի շահ բաժնել: Ասիկա անուշ երազ մըն էր սակայն, զոր իրականացնելու համար ամէն ջանք չխնայեցիք եւ երկու ձեռքով պինդ փարած ձեր գործին՝ սկսաք տարուէ տարի զարգացնել զայն, միշտ դէպի առաջ յառելով ձեր աչքերը:
Վերջապէս քսան տարուայ համեմատաբար կարճ շրջանի մը մէջ դիզեցիք այնչափ հարստութիւն, այնչափ դրամագլուխ, որ կրնար մինչեւ երրորդ սերունդ ապրեցնել ձեր ամբողջ ընտանիքը: Եւ հիմա ըսէ՛ք, կ՚աղաչեմ, հարո՞ւստ էք:
Այո՛, տեարք մեծատունք, ըսէ՛ք, հարո՞ւստ էք, վերջ գտա՞ծ են այլեւս ձեր շահադիտական զգացումները, յագուրդ գտա՞ծ է ձեր մէջ՝ ոսկիի դէզերը ստուարացնելու տենչը: Ըսէ՛ք, մի՛ քաշուիք: Այս կարգի խոստովանութիւն մը աղքատութեան շրջանին մէջ եթէ ամօթ ըլլայ իսկ, հարստութեան դրամարկղին առջեւ նստողի մը համար պարծանք է, քանի որ անիկա բացարձակապէս պիտի փայլեցնէ ձեր անձնական արժանիքը եւ ցոյց պիտի տայ հանրութեան, թէ ինչպէ՞ս երկու ոսկիի իսկ կարօտ վիճակէ մը հարստութեան այս զէնիթին բարձրացաք:
Պատասխանեցէ՛ք այս յոյժ շահեկան հարցումին, ո՜վ հազարաւոր ոսկիներու տիրացողներ, անթիւ անհամար մարդիկ կան այսօր որ ձեր նախկին հաւատքը ունի, թէ եթէ իր ցանկացած գումարը ձեռք անցընէ, բացարձակապէս հարուստ պիտի ըլլայ եւ հետեւապէս գոհ ու երջանիկ: Բախտէն հալածուած, թշուառ ու չքաւոր երիտասարդներ կան, որոնք օրն ի բուն կը տառապին հարիւր ոսկիի կարօտովը:
-Ա՜խ, եթէ հարիւր ոսկի դրամագլուխ ունենայի՜, կը բացագանչեն, ո՛րչափ գոհ, ո՛րչափ հանգիստ, որչափ երջանիկ պիտի ըլլայի: Այդ գումարով գործ մը պիտի բանայի եւ խաղալով խնդալով ամսական չորս հինգ ոսկի պիտի վաստկէի:
Ուրիշներ, նուազ պահանջկոտ, շարունակ քսան ոսկիին վրայ կը խորհին:
-Քսան ոսկի ունեցող մարդը ա՛լ ինչո՞ւ հոգ քաշէ, քանի մը ոսկիի գործիք կը գնէ, մնացածովն ալ դրամագլուխ կը շտկէ, ա՛լ անկէ ետք կեա՜նք իմ ազնաւուր (ազնուական), ֆէսդ ծռէ քէյֆդ նայէ:
Անձնական բնակարան մը ունենալու տենչը գրեթէ համընդհանուր է ամէն անոնց համար, որոնք ամէն ամսագլխու ստիպուած են իրենց բերնի հացէն կտրել ու տան վարձք տալ:
-Ա՜խ, տուն մը, կը բացագանչեն այս կարգի անձինք, անանկ մեծ բաներու աչք չունիմ, սանկ պզտիկ տնակ մը ունենամ, որ իմս ըլլայ, զաւակներս մէջը հանգչեցնեմ, տանտիրոջ բերնի հոտ չքաշեմ, ձեռքովս բանամ գոցեմ, ա՜խ Աստուածս, պիտի ցուցնե՞ս ինծի այդ օրը:
Եւ անոնք, որ այս տառապագին վիճակէն, չքաւորութեան վերջին աստիճանէն ազատելով ոչ թէ տնակի մը այլ տասը քսան տուներու, կալուածներու, խաներու եւ խանութներու տիրացած են, թող հաճին ըսել թէ իրա՛ւ բաւականացա՞ծ են իրենց ունեցածովը, հարստութեան գագաթնակէտը նկատա՞ծ են զիրենք, թէ հարստութիւնը ագահութիւն ծնցուցած է եւ դրամ դիզելու մոլութիւնը անբուժելի ախտի մը նման կրծել սկսած է զիրենք:
Հարուստները, դրամ դիզողները պատասխանեն կամ ոչ, իրողութիւնը բացայայտ է եւ աննշան բացառութիւնները միայն յարգելով՝ չէ տեսնուած մէկը, որ գոհացում գտնէ հարստութեան մէջ եւ անցեալ չքաւորութեան օրերը աչոցը առջեւ պատկերելով մտածէ, թէ ուրկէ՞ ո՜ւր բարձրացաւ:
Ասիկա ըսելով չենք պահանջեր որ սակայն մարդիկ առեւտրական ասպարէզին մէջ քիչ մը առաջդիմելէ ետք, պախարակելի անհոգութեամբ մը ա՛լ բնաւ չաշխատին ու պատրաստ ուտեն: Ասիկա դատապարտելի յետադիմութիւն մըն է որ բնաւ չի համեմատիր տիեզերքի ընդհանուր կանոնին որ շարունակ առաջդիմել կը պահանջէ: Միւս կողմէ սակայն մարդկութիւնը սա կը պահանջէ ընդհանուր հարուստներէն որ երբ աստիճանական բարձրացումով մը իրենց նախնական վիճակէն անհամեմատ վեր ելլեն, հոն կանգ առնեն սանդուխին գլուխը ու շարունակ անկէ վար նային տեսնելու համար թէ դեռ ի՜նչ մարդիկ կան որոնք առաջին սանդխամատին վրայ իսկ ոտք չեն կոխած, ու թեթեւ օգնութեամբ մը կամ աննշան քաջալերութեամբ մը կրնան թօթափել չքաւորութեան լուծն ու հանրութեան օգտակար անդամներ դառնալ:
Այս յետադարձ ակնարկն է որ կը պահանջուի ունեւորներէն եւ հարուստներէն, որոնք չէ թէ մինչեւ վերջը դիզելու, այլ դիզելէ ետքն ալ գէթ անոր տոկոսին տոկոսէն բաշխումներ ընելու են:
Առանց այս բաշխելու հաճոյքին ու առաքինութեան, ի՞նչ կ՚արժէ հարստութիւնը. ինչո՞ւ այդչափ հետամտիլ դրամ դիզելու, երբ անսպառ իղձ մըն է այդ, որ գոհացում չի գտներ երբեք ու ոսկիներուն համեմատութեամբը կ՚աւելնայ մարդուս մէջ:
Ի՞նչ կ՚արժէ հարուստ մը որ թէեւ միլիոններ ունի, բայց աղքատէ մը աւելի խեղճ կ՚ապրի: Ինչո՞ւ կարեւորութիւն տալ այն ունեւորին որ արհեստաւորէ մը գնում ըրած ատեն բնաւ վեհանձնութիւն չի ցուցըներ ու տասը փարա պակաս վճարելու համար սակարկութիւն սակարկութեան վրայ կը տեղացնէ: Որո՞ւ հոգ թէ այս ինչ մարդը տասը քսան հազար ոսկի աւելի կամ պակաս ունի, երբ ոեւէ մէկը հինգ փարա չի շահիր երեսէն ու հարստութիւնը աւելի վնաս մըն է հրապարակին քան թէ օգուտ մը՝ հանրութեան:
Այսպիսի գձուձ, կծծի, անձնասէր, գետնաքարշ հարուստներուն համար դրամ դիզելը անբուժելի ախտ մըն է որ բնաւ չի բուժուիր, մինչեւ իսկ եթէ աշխարհի ոսկիներուն ամէնքն ալ անոնց ձեռք անցնի: Անոնք յաւէտ պիտի տառապին իրեցմէ ա՛լ աւելի հարուստները տեսնելով եւ մինչեւ գերեզման հալ ու մաշ պիտի հասնին թէ ինչո՞ւ փոխանակ յիսուն հազարի, հարիւր հազար ոսկի չկրցան դիզել: Խեղճ մարդիկը աղքատէ մը աւելի արգահատելի կացութեան մէջ կը գտնուին, ո՛չ կրնան հարստութեան համը հանել եւ ո՛չ ալ իրաւունք կ՚ունենան ոսկիներու դէզին ձեռք դպցնելու. իրենց պաշտօնը մեքենաբար դիզել է, մինչեւ որ հասնի չտես ժառանգորդ մը ու սուղ ժամանակի մէջ հալեցնէ այնչափ գուրգուրանքով մթերուած հարստութիւնը:
Հարստացողներու ուրիշ աւելի խեղճ դասակարգ մըն ալ կայ, որ պատանեկութեան աղքատ օրերուն քաշած զրկանքը հիմա կեանքի աշունին մէջ կ՚ուզէ փոխարինել եւ կարծելով որ դրամ ունեցողի մը ամէն անբարոյութիւն ներելի է, կը մղուի այնպիսի քստմնելի գործերու, որոնց անունը լսել իսկ սարսուռ կ՚ազդէ ընտանիքի տէր ու պատուաւոր մարդոց: Ա՛լ անգամ մը անկումի ճամբան ձեռք առնելէ ետք, աստիճանաբար առաջ կը տանի իր մոլութիւնները, զորս հրահրելու համար ստոր միջնորդներ չեն պակսիր երբ դրամի հոտ առնեն մարդուկին վրայէն: Ողորմելին՝ յիսուն տարեկան հասակին մէջ երիտասարդի հով մը կ՚առնէ ու մոռնալով որ երբեմն երկու ոսկիին կարօտը կը քաշէր, հիմա կը սկսի բուռով ոսկի սփռել աջ ու ձախ հաճոյք ու զուարճութիւն միայն փնտռելով: Կին, ընտանիք, զաւակ նշանակութիւն չունին շլմորած հարուստին աչքին որ բնաւ չի մտածեր թէ տան հիմը կը քանդէ իր այս ընթացքովը: Անիկա միշտ արդարացում մը ունի մտքին մէջ, հարուստ է, ունեւոր է, պէտք է որ համը հանէ դրամին ու ըմբոշխնէ վայելքները հարստութեան: Ողորմելի՜ մտածում, արգահատելի՜դատաստան:
Ասանկներուն համար որոնք նիւթը միայն կը պաշտեն, չափ ու սահման չունի հարստութիւնը, քանի որ առանց դրամի բան մը՝ կուտ մը իսկ չեն արժեր իրենք: Այս խղճալիները աղէկ համոզուած ըլլալով, որ եթէ դրամ չունենան, բարեւ տուող իսկ պիտի չգտնուի իրենց, ագահութեան անյագ թափով մը կը հետապնդեն հարստութիւնը եւ մինչեւ գերեզման, օր մը իսկ գոհացում չեն գտներ:
Հարստութիւնը սակայն ճշմարիտ վայելք մըն է այնպիսիններուն, որոնք ո՛չ միայն դրամով, այլեւ սրտով իսկ հարուստ կ՚ապրին: Այս յարգելի անձնաւորութիւնները անհանգիստ կը զգան զիրենք երբ օր մը իսկ առիթ չունենան բարերարելու. աջ ու ձախ ակնարկ կը սեւեռեն տեսնելու համար թէ իրենց երբեմնի գտնուած նախնական վիճակին մէջ կա՞յ արժանաւոր մարդ մը, որուն ձեռքէն բռնելով դէպի վեր, դէպի առաջդիմութիւն բարձրացնեն: Ամէն դիմումի կարեւորութիւն կու տան եւ որովհետեւ անձնական փորձառութեամբ գիտեն թէ ի՛նչ անտանելի բեռ է աղքատութիւնն ու չքաւորութիւնը, արժանաւորներուն ու ճշմարիտ կարօտեալներուն կ՚օգնեն, սակայն անշշուկ:
Ո՜հ, հարստութիւնը երկնատուր շնորհ մըն է այս սիրտը կրող անձանց, որոնք աշխարհի ամենէն մեծ հաճոյքը կը զգան ուրիշներն ալ իրենց ետեւէն հասցնելէ, դրամը չեն պաշտեր ասոնք, այլ իրենց ծառայեցնել կու տան զայն:
Մեր ամենահարուստ գերդաստաններէն երկու հանգուցեալ եղբայրներ օր մը վերջին աստիճան յոգնած տուն վերադարձան: Այս մարդիկը մասնաճիւղեր ունէին Օսմանեան Կայսրութեան բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ եւ ամէն տեղէ գնումներ ընելով, անվերջ անհատնում զբաղման ենթարկուած էին օրն ի բուն:
Ամէն թղթատարով ստիպուած էին երեսուն, քառասուն եւ մինչեւ իսկ ութսուն նամակ կարդալ ու անոնց իւրաքանչիւրին ալ պատասխանել: Այսչափ թղթակցութենէն ետք ալ դժուար չէ երեւակայել թէ ո՛րչափ յոգնութիւն պէտք էր գործը վարելու համար: Այն իրիկուն փոքրիկ եղբայրը յոգնաբեկ ու ուժասպառ ինկաւ բազմոցին վրայ ու բողոքախառն շեշտով մը.
-Ի՞նչ է ա՛ս մեր քաշածը, եղբայր, ըսաւ, ա՛ս ո՞րչափ գլխու ցաւ, ո՞րչափ յոգնութիւն. Մեր դրամին տոկոսը մեզի պէս տասը մարդ կ՚ապրեցնէ, գործերը քաշենք, քիչ մըն ալ շունչ առնենք:
-Իրաւունք պիտի ունենայինք այդպէս խորհելու երբ մինակ մենք ըլլայինք,- պատասխանեց մեծ եղբայրը,- ի՞նչ ընեն այն մարդիկը որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով մեր առեւտրական գործէն կ՚ապրին, անոնք ի՞նչ ուտեն, ո՞ւր դիմեն գործ փնտռելու համար: Աստուած որ մեզի գործիք ըրած է զանոնք ապրեցնելու, պիտի չներէ անշուշտ որ այն խեղճերը լքենք: Փառք տան որ մենք անոնց պաշտպաններն ենք, ասոր հակառակն ալ կրնար պատահիլ:
Ի՞նչ կ՚ըսէք այս սիրտը կրող հարուստին, կը կարծէ՞ք որ ասոնց հարստութիւնը վերջ գտնայ:
Փառք Աստուծոյ, ակնարկուած գերդաստանը ա՛լ աւելի ճոխ, ա՛լ աւելի բեղուն կերպով կը շարունակէ իր առուտուրը, անգամ մըն ալ ապացուցանելով թէ սրտի հարստութիւնը երբ միանայ դրամի հարստութեան, յաւէտ անկորնչելի կը մնայ ան:
Հարստութիւնը չափ չունի, դուք ո՛րչափ ալ առաջ երթաք, միշտ պիտի գտնուին ուրիշներ որ զձեզ գերազանցած ըլլան. հետեւաբար եթէ կը փափաքիք որ հարստութեան գագաթնակէտն հասած տեսնէք զձեզ, սրտով ալ հարուստ եղէք:
Սիրտ եւ դրամ համընթաց թո՛ղ առաջդիմեն, այն ատեն ճշմարտապէս աշխարհի ամենէն մեծ հարուստը պիտի նկատուիք: Իսկ եթէ քա՛նի ոսկին շատցնէք, նոյնքան ալ ձեր շրջակայքը մոռնալով միմիայն հարստութիւն դիզելու տենչով տոչորուիք, բնաւ ձեր նպատակին պիտի չհասնիք եւ միշտ ձենէ աւելի հարուստները տեսնելով հալ ու մաշ պիտի ըլլաք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան