ԵՍ ԱԼ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՔԱՐՈԶԵՄ…

2007-ին հօրս խանութը ձեռային աշխատանքներուս վաճառք-ցուցասրահի վերածեցի։ Բայց… Ես ի ծնէ ուսուցիչ եմ, այստեղ ալ չդադրեցայ ուսուցիչ ըլլալէ։ Նախ ունէի անձնական դասերս ու աշակերտներս եւ ցուցասրահը վերածուած էր Հայոց պատմութեան եւ Հայ գրականութեան կեդրոնի։ Շատ յաճախ ոչ միայն ես, այլեւ յաճախորդն ալ կը մոռնար, որ ինչ նպատակով մտած էր եւ գաւաթ մը սուրճի շուրջ Հայկ Նահապետէն մինչեւ մեր օրերը կը խօսէինք։ Հայ գրողներու թարգմանութիւններուն պատճէնահանումները միշտ պատրաստ ունէի եւ սիրով կը տրամադրէի։ Իսկ երբ գիտնային, որ ես ալ հրատարակութիւններ ունիմ, մանաւանդ բանաստեղծութիւններս անգլերէնի թարգմանուած են, ալ չէին ուզեր հեռանալ, զրոյցի նոր էջ կը բացուէր… Նոյնիսկ եղած են յաճախորդներ, որոնք գրութիւններս ու ձեռային աշխատանքներս նմանցուցած են ինծի, ըսելով՝ «Երկուքին մէջ ալ հոգիդ կը տեսնենք»։

Ճիշդ էին, որովհետեւ ես առանց հոգիի գործ չեմ կրնար ընել, մանաւանդ՝ ստեղծագործել։

Այո՛, հետաքրքրական տարիներ էին։ Իրականութեան մէջ դպրոցին մէջ «Դէպի կեանք կը պատրստես», իսկ «խանութին մէջ կեանքը կը սորվիս»։

Մայրս ալ արդէն ութսունը անցած, դադրած էր դասաւանդելէ եւ մայր ու աղջիկ թեւ-թեւի ամէն օր հաճոյքով եւ ուրախութեամբ հագուած-շքուած ցուցասրահ կ՚երթայինք։

Շատ վայելուչ միջին տարիքի եւրոպացի տղամարդ մը ներս մտաւ, քաղաքավար, շատ ձեւաւոր հագուած։ Կրնամ ըսել ինձմէ տասը տարի մեծ, մօրմէս քսան տարի պզտիկ պէտք է ըլլար։

-Մամ, նայէ ինչ անուշիկ մարդ մը մտաւ։

-Այո՜, կարծես ժողովէ մը կու գայ, ձեռքի թղթապանակը այդպէս ցոյց կու տայ։

Լաւ մը զննելէ ետք մարդուն մայրս շարունակեց.

-Ասանկ մէկը պէտք է կողքիդ, աղջիկս, թէ՛ զարգացած եւ թէ վայելուչ։

Մայրս շատ ժամանակակից կին էր, բայց որպէս մայր մտահոգ էր, որ իր մահէն ետք ես առանձին պիտի մնամ։ Իսկ վերջին երկու տարին մահէն առաջ երբ ճկունութիւնը կորսնցուցած էր այլեւս եւ ամէն առտու հագուստները, գուլպաները ես կը հագցնէի, կ՚ըսէր.

-Շատ կը մեղքնամ քեզի Անուշ։

-Ինչո՞ւ մամա։

-Աղջիկ չունիս…

-Մի՛ մտածեր, Արփիակը ինծի աղուոր հարս մը կը բերէ եւ ինծի աղջիկ կ՚ըլլայ…

-Բոլորն ալ լաւ են, բայց դուն աննման ես։

-Աստուած մեծ է մամ, մի՛ մտածեր։

Մեր յաճախորդը երկու մոմակալ ընտրեց եւ մօրս դառնալով հարցուց.

-Տիկին ձեր ճաշակով կ՚ուզեմ առնել, ո՞ր մէկը կ՚առաջարկէք։

-Ինծի համար բոլորն ալ գեղեցիկ են, ըսաւ մայրս, աղջկանս ձեռքի աշխատանքներն են, դժուար թէ մէկը միւսէն աւելի հաւնիմ։

-Ուրեմն այս անունը վրան «Anoush» ձեր աղջի՞կն է։ Դարձաւ ինծի եւ ժպտաց։

-Երկուքը առէք, երրորդ մըն ալ նուէր թող տայ աղջիկս, քանի որ այնքան սիրեցիք։

Ա՜խ այս մայրս, ի ծնէ Կաղանդ մամա մըն էր։ Ձեռքէն գար խանութը ամբողջութեամբ նուէր կու տար, կը բաժնէր։

-Մամ, ձգէ ես խօսիմ յաճախորդին հետ… Ես որոշեմ։

-Աղջիկս տուր, որ տեղ բացուի եւ Աստուած լեցնէ։ Մարդը մէկ խօսքովս երկու հատ առաւ։

Եւ մեր երեւելի յաճախորդը արդէն կէս ժամ է, որ աս կը նայի, ան կը նայի, մօրս կարծիքը կը հարցնէ, կը հիանայ, յետոյ սուրճ մըն ալ կը խմէ, ապա զովացուցիչ մը։ Ցուցասրահս «Cafe՛ Gallery» էր։ Հետաքրքրուեցաւ թէ ինչ լեզու կը խօսինք… Մայր ու աղջիկ ինկանք մեր տարերքին մէջ, թէ ինչ հարուստ լեզու է հայերէնը եւ ինչ ընտանիքի կը պատկանի, թէ հայերէնը ունի 38 տառ եւ անոր համար շատ դիւրութեամբ որեւէ լեզու կը խօսին հայերը, թէ 5-րդ դարը մեր Ոսկեդարը եղած է։ Առաջին ժողովուրդն ենք, որ պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունած ենք։ Հասանք մինչեւ հայոց եղեռնը, Կոմիտասէն երգեր լսել տուինք… Արամ Խաչատուրեանին ծանօթ էր… Մարդը հայուն ու Հայաստանին սիրահարեցուցինք, հայ մկրտեցինք, բողոքական էր՝ առաքելական դարձուցինք, պէտք է անպայման Հայաստան այցելես ըսինք, մենք շատ ծանօթ ունինք, անոնք կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ Հայաստանը տեսնելու մէջ։ Քանի մը հայերէն բառ ալ սորվեցուցինք… Մէկ խօսքով մարդուն հայութեամբ բռնաբարեցինք…

Այդ օրերուն քաղաքական վիճակին պատճառով զբօսաշրջութիւնը շատ դանդաղած էր։ Վաճառականներ չէին հաւատար մէկը խանութ մտնէ եւ իրաւունք ունէին, պիտի ապրին… Մենք ալ չէինք հաւատար մէկը խանութ մտնէր՝ հայութիւն սրսկէինք…

-Մամ, ալ չերկարենք, ես յոգնեցայ, կէս ժամ առաջ պէտք էր գոցած ըլլայինք խանութը։

-Անուշ, չես տեսներ այս մարդը ինչ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէ հայութեան մասին։ Հեռու չէ որ հայկական արմատմեր ալ ունի, շատ հետաքրքրուած է… Կարծես քեզի ալ շատ հաւնած է…

Մարդը այնքան սիրեց հայն ու Հայաստանը, հետաքրքրուեցաւ հայով ու հայութեամբ, որ մայրս ըսաւ.

-Յանկարծ դրամ չառնես, ամօթ է, մարդը պիտի խենթենայ Հայաստանի վրայ, եղած-չեղածը երկու մոմակալ է, նուէր տուր։

-Մամ խենթացուցիր, կը բաւէ…

-Ոչ աղջիկս, դուն ուր ալ ըլլաս, ինչ գործ ալ ընես կարեւոր չէ, քու աշխարհ գալու առաքելութիւնդ Հայ գրականութիւնն ու Հայոց պատմութիւնը սորվեցնելն է, տարածելն է, դուն անով կը ներշնչուիս ու կ՚ապրիս։ Մարդը հիացած մտիկ կ՚ընէ։ Ո՞ւր պիտի լսէր այսպիսի դասախօսութիւն։

«Բանաստեղծութիւնը կ՚ուտուի՞» հարց տուեր էր Թէքէեան… Մենք ալ վաճառք-ցուցասրահ բացեր ենք եւ բանաստեղծութիւն ուտելով կ՚ապրինք…

Ալ իսկապէս յոգնած համակարգիչս պայուսակիս մէջ դրի, հասկցնելու համար, որ երթալու ժամանակն է։ Օդորակիչը մարեցի։ Նուէրները փաթթեցի ձեռքը տուի։ Այս բացառիկ մեծ առեւտուրէն յագեցած օրուան հաշիւները գոցեցի։

Եւ անշուշտ այս ամբողջ ընթացքին մարդը երեք սուրճ եւ երեք հատ ալ զովացուցիչ խմած էր, հայկական քաթան շատ սիրեց, բայց աւելի սիրեց մօրս պատրաստած ստեպղինով կարկանդակը։ Մայրս ուզեց, որ անպայման հայկական «լէհմէճիւն»ն ալ փորձէ… Եւ մարդուն հայութեամբ գինովցուցած ուզեցինք ճամբու դնել։ Բայց… դեռ կը տնտընար։

Ինչ որ է, վերջապէս ոտքի ելաւ հրաժեշտ տուաւ ինծի, աշխատանքներս գովեց ու գնահատեց. «Այս մոմակալները իրենց յատուկ տեղը պիտի ունենան, շատ իւրայատուկ է ձեր գործը», ըսաւ եւ մօտեցաւ մօրս.

-Տիկին ես ձեզի շատ հաւնեցայ, դուք շատ «classy» կին էք, դուք ուղղակի «lady» էք… Այնքան բարի են ձեր աչքերը եւ ձեր կեցուածքը այնքան գեղեցիկ… Դուք զգլխիչ ժպիտ ունիք… Մեծ հաճոյքով կ՚ուզեմ ձեզի ընթրիքի հրաւիրել, կրնա՞յ ըլլալ, այս իրիկուն ազատ էք…

Դեռ մօրս հոգին չէր ճանչցած՝ բարութեան չաստուածուհի…

Երբ տուն եկանք հեռաձայնեցի եղբօրս.

-Սար, շատ վայելուչ եւրոպացի տղամարդ մը մամային շատ հաւնեցաւ, կ՚ուզէ ընթրիքի հրաւիրել, կերցուցինք, խմցուցինք հայացուցինք… Եթէ հարուստ ըլլայ՝ ես ալ խանութը կը գոցեմ՝ հայութիւն կը քարոզեմ։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, 27 յունիս, 2024

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024